ԾԱՆՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՆՑ, ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻ՞Ք

Բազմաթիւ լրատուական աղբիւրներ վերջերս գրեցին Հայաստանը եւ նոյնիսկ տարածաշրջանը ցնցած իրադարձութիւններուն մասին։ Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի անցեալ չորեքշաբթի տեղի ունեցած բաւականին բարդ եւ մտահոգիչ դէպքերուն, որոնց հետեւանքով երկու կողմերը՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տուին բազմաթիւ զոհեր։ Մինչ Ատրպէյճան յայտարարեց դէպքերուն հետեւանքով ինկած զոհերուն մասին, անդին Հայաստան բաւարարուեցաւ նշելով, որ ցարդ յայտնի է մէկ զոհուածի անուն, կան քսանչորս անհետ կորսուածներ, իսկ տասներեք ուրիշներ ալ գերի ինկած են։

Եթէ ընդհանուր հայեացք մը նետենք ստեղծուած իրավիճակին վրայ, ապա արագօրէն պիտի ընկալենք ու հասկնանք, որ Սիւնիքի շուրջ եւ աւելի վաղ երեւելի դարձած հետաքրքրութիւնը սկսած է իր «պտուղները տալ»։ Այս մէկը երեւելի դարձած է այն պարագային, երբ շրջանային, եւրոպական եւ նոյնիսկ ամերիկեան շրջանակներ մինչեւ երէկ առկայ հարցերը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու մասին կոչեր կ՚ընէին, իսկ այսօր յանկարծ բոլորը միասին համրացած են...։ Անշուշտ, այս կէտին վրայ կայ անհասկնալի եւ նոյնիսկ անընկալելի դրոյթ մը։ Այսքա՛ն մեծ եւ այսքան տարողունակ ռազմական գործողութիւն մը, որ մեծ հաւանականութեամբ նպատակ ունէր շատ աւելի խորունկ գիծ մը բանալ Սիւնիքի այն հատուածին վրայ, որ ցամաքային ճանապարհ պիտի բանար դէպի Նախիջեւան, ինչպէ՞ս պիտի դադրէր ընդամէնը Ռուսաստանի կողմէ արագ միջամտութեամբ մը եւ իրադարձութիւնները դարձեալ փոխադրէր այլ՝ ոչ թէ ռազմական հարթակ։ Սա շատ հաւանաբար կը խօսի ներքին ինչ-որ պայմանաւորուածութիւններու մասին, որոնց եզրակացութիւնները կա՛մ ընդհանուր գիծը կրնայ երեւիլ աւելի ուշ, կամ ալ ըստ Մոսկուայի նախընտրած ձեւին՝ մնալ քօղարկուած ու թաքուն...։

Բաց աստի, անհասկնալի կը մնայ Հայաստանի բազմակողմանիօրէն սպառած եւ ինքզինք հատցուցած անհասկնալի վարչապետին, անհասկնալի պնդագլխութիւնը, որ ամէն ինչ կը փորձէ ընել պարզապէս իր մաշած աթոռը պահելու եւ իր անունը ջուրի երես պահելու համար։ Փաշինեան իրադարձութիւններէն օր մը ետք յայտարարութիւններ ըրաւ Ազգային ժողովի ամպիոնէն։ Ան գիւտ մը ընելու մտօք յայտարարեց, որ Ատրպէյճան խրուած է Հայաստանի հողերուն մէջ, կարծես մոռնալով կամ մոռնալու տալով, որ բոլորս շատ լաւ գիտենք այդ մէկը ու գիտենք նաեւ, թէ իր իշխանութիւնը անզօր է այդ առումով որեւէ քայլի ձեռնարկելու...։ Տակաւին այդ ալ մէկդի դնելով՝ հարկ է շեշտադրել, որ նոյն Փաշինեանը այս անգամ նոր գերիներու հարցով որեւէ զարգացումէ կամ լարումէ վախնալով՝ կատարեց աւելի անհասկնալի յայտարարութիւններ ու բաց բերանով ըսաւ, որ ոեւէ գերի, որ բախտը կ՚ունենայ դարձեալ ազատ արեւու տակ քալելու, պէտք է դատուի եւ քննուին այն հանգամանքները, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ ան գերի ինկաւ։ Նոր չեն այս անձին խելապատիկ խօսքերը, սակայն, վերջին ժամանակներուն ինչ-ինչ պայմաններու տակ ըլլալով՝ ան սկսած է ինքզինք գերազանցել։

Այս նիւթէն ալ անցնինք ու տեսնենք, թէ առհասարակ ինչ կը կատարուի Հայաստանի շուրջ։ Նախ հարկ է նշել, որ այս իշխանութիւնները «շնորհիւ» իրենց ղեկավարին ու անոր նեղ շրջանակներուն մէջ աճած անուններուն՝ կորսնցուցած են վստահութիւնը ո՛չ միայն Հայաստանի մօտիկ համարուած եւ ռազմավարական դաշնակից անուանուած Ռուսաստանի, այլեւ՝ Եւրոպական համայնքին եւ ընդհուպ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Այդ անվստահութիւնը գերակայելիօրէն դուրս կու գայ Փաշինեանի բերնէն սպրդած անոպայ բառերով, երբ ինքն է, որ կ՚ըսէ, թէ միջազգային հանրութիւնը յոգնած է Հարաւային Կովկասի խնդիրներէն։ Այստեղ քիչ մը ետ երթալով հարկ է հաշուի նստիլ այն խնդրին հետ, որ կապ ունի անցեալ տարի գրեթէ այս ժամանակներուն (նոյեմբերի 9-ին) երեք կողմերու ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթին հետ, որուն երեւցող՝ հրապարակուած բաժիններուն մասին է, որ մենք տեղեկութիւններ ունինք։ Անշուշտ, կայ նաեւ չերեւցող հատուած մը, որուն տակ ստորագրած է նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեան։ Այդ օրերուն ալ ան խնդրած էր ժամանակ՝ պարզապէս գործադրելու համար այն կարեւոր հարցերը, որոնց մէջ կան բազմակողմանիօրէն «գերհարուստ» բովանդակութեամբ կէտեր։ Այդ կէտերը կապ ունին սահմանագծում եւ սահմանազատում կոչուած դրոյթներուն հետ, որոնց գործադրումին այդ օրերուն այո ըսած էր Փաշինեան եւ այսօր կը դրժէ այդ բոլորը։

Բացի վերոնշեալները վերլուծել փորձելէ, հետաքրքրական կը համարեմ Հայաստանի «Հրապարակ» թերթին կողմէ կատարուած հրապարակումը, ուր ներկայացուած են այն հաւանական հանգամանքները, որոնց հետեւանքով ալ ռազմական լարումը իր գագաթնակէտին հասաւ վերջին օրերուն՝ պատճառելով արիւն, կորուստներ ու յատկապէս մեծ անորոշութիւն։

«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ...

«Ինչո՞ւ աշխուժացած է Ատրպէյճանի բանակը. ռուսական կողմը կը համոզէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որպէսզի դադրեցնէ ճնշումները» խորագրին տակ կը կարդանք.

Ռուսական բարձրաստիճան շրջանակներուն յարած մեր աղբիւրը յայտնեց, որ 9 նոյեմբերի հանդիպումէն կամ տեսակապով համաժողովէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարիլը Ատրպէյճանը մղած է ռազմական ճանապարհով հարցի լուծման: Իսկ Փաշինեան հրաժարած է այդ հանդիպումէն պարզ պատճառով մը, Հայաստանի հանրութեան մեծ ճնշման ներքեւ:

Որպէս կանոն՝ ան կը նահանջէ, երբ վտանգ կը տեսնէ, իսկ մեր հանրային շրջանակները՝ Դիմատետրը, լրատուամիջոցները, ընդդիմութիւնը, այնպիսի մեծ աղմուկ բարձրացուցին, որ տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, թէ ինչ-որ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը կրնայ իշխանափոխութեան պատճառ դառնալ: Եւ ան նախընտրեց հրաժարիլ հանդիպումէն ու թոյլ տալ, որ Իլհամ Ալիեւ զինուած ուժով լուծէ հարցերը, որպէսզի իրեն յետոյ դաւաճան չըսեն։ Ամենաուշագրաւն է, որ ռուսական զանազան խողովակներով կը փորձեն համոզել Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որպէսզի դադրեցնէ ճնշումները, եթէ չուզէր առանց սահմանազատման, ռազմական ուժով եւ զոհերու գնով տարածքներ տալ: Ռուսական գաղտնի պատուիրակութիւններ, ներառեալ՝ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանը, հանդիպումներ կ՚ունենան տարբեր շրջանակներու հետ եւ կը յորդորեն չխանգարել իրաւական գործընթացները եւ թոյլ տալ, որ սահմանազատում իրականացուի փաստաթուղթով, որպէսզի Ռուսաստանն ալ կարողանայ ձեւով մը աջակցիլ: Եւ ամենակարեւորը՝ պատերազմ, զոհեր եւ տարածքներու անօրինական գրաւում տեղի չունենայ: Հարցը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան թոյլ պիտի չտայ զինուած դիմադրութիւն ցուցաբերել, անոր համար ալ Սուրէն Պապիկեանը նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար։ Իսկ Ատրպէյճան ուրկէ որ կարողանայ՝ պիտի ներխուժէ եւ տիրանայ Հայաստանի հողին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄԵՐԺԷ

Ինչպէս վերը նշեցի, հարկ կը համարեմ կրկնել, որ այսօր ստեղծուած ընդհանուր դրութիւնը անմիջական կապ ունի տարի մը առաջուան մեծագոյն իրադարձութիւններուն ու յատկապէս՝ անցեալ նոյեմբերի 9-ին «խմբագրուած» ու շրջանը դէպի նոր փուլ տանող փաստաթուղթին հետ։ Այդ փաստաթուղթը կը խօսի գերիներու խնդրին, սահմանազատման եւ սահմանագծման, ճանապարհներու վերաբացման եւ երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու ճանաչման եւ ընդհանրական խաղաղութեան վերաբերեալ վերջնական համաձայնագիր մը կնքելու մասին։

Այդ ծանր օրերուն էր շատ հաւանաբար, որ Փաշինեան մէկդի դնելով ամէն հաշուարկ՝ իր ստորագրութիւնը նետեց այդ թուղթին տակ, մտածելով, որ «վաղուան օրը աւելի լաւ կ՚ըլլայ ու ես ալ այդ բեռան տակէն ձեւով մը դուրս կու գամ...»։ Սակայն այդպէս չեղաւ ու այդպէս պիտի չըլլար ո՛չ միայն անոր համար, որ Հայաստան ծանրօրէն վիրաւոր է ու վշտահար, այլ մանաւանդ անոր համար, որ այդ «եռաչափ խաղին» մէջ եղողներուն երկուքը՝ Մոսկուան եւ Պաքուն կը շարժին մէկ գիծի վրայ ու փոխհասկացութեանց անոնց գիծը կ՚անցնի նաեւ Անգարայէն։ Այս փաստը եթէ Փաշինեան եւ անոր նման մտածողները փորձեն ուրանալ կամ անտեսել, ապա այդ չի նշանակեր, որ այդ փոխհասկացութիւնները կրնան փոխուիլ կամ նոյնիսկ տապալիլ։ Աւելի՛ն, եթէ նոյն Փաշինեանը հասկցած ըլլար, որ ինչպիսի պատուհասի մը առջեւ կանգնեցուցած է Հայաստանն ու հայութիւնը, ապա իրապէս կը հրաժարէր ու տեղ կու տար, ճանապարհ կը բանար նոր ընթացքներու։

Պատերազմի ծանր ընթացքին ու աւելի ահաւոր հետեւանքներուն մասին բազում անգամներ արտայայտուած եմ, խնդիրը միայն այն չէ։ Բուն հարցը այն է, որ այսօր Փաշինեան իր այս վարքով կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ կը խաբէ ո՛չ միայն հայրենի հասարակութիւնն ու ժողովուրդը, այլեւ՝ Հայաստանի գլխաւոր դաշնակից Ռուսաստանը։ Վերջին դէպքերը այլ բացատրութիւն չունին, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան հարցը, ռուս-թրքական մերձեցումն ու ամենաբարձր մակարդակի համագործակցութիւնը կու գան համոզիչ ձեւով դնելու այն կէտը, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ Փաշինեանի կողմէ առնուած քայլերը եւ համատարած դրժումն ու կեղեքիչ սուտերու շարադրումը ուղղուած են ո՛չ միայն տարի մը առաջ խմբագրուած փաստաթուղթին ու հետեւաբար նաեւ ողջ Հայաստանին ու հայութեան դէմ, այլեւ կրակոց են մեր սեփական ժողովուրդին ու անոր ճակատագրին դէմ։

Ու այդ առումով ալ եթէ Փաշինեան համոզուած է, թէ իր «կերած ապուր»ները արդէն հինցած ու վնասաբեր են, ապա ան պարտաւոր է րոպէ առաջ հեռանալ ու թոյլ տալ, որ նոր ընթացքներու շնորհիւ Հայաստան կարողանայ ինքզինք գտնել, կամ առնուազն նուազագոյն վնասներով մտնել Հարաւային Կովկասին համար նախատեսուած նոր վիճակին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021