ՄԵՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ (ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ)
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐԸ ԵՐԿՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Հարցում.- Սուրբ Գիրքին ըսածը, թէ Աստուած տիեզերքը վեց օրերու ընթացքին ստեղծեց, ինչպէ՞ս կը համաձայնի երկրաբաններու կարծիքներուն հետ, որոնք տիեզերքի ստեղծագործութիւնը հազարաւոր տարիներու կը վերագրեն։
Պատասխան.- Իմացիր, թէ ստեղծագործութեան օրերը, մեր օրերու նման արեգակնային չեն…
Ստեղծագործութեան մէկ օրը որոշ ժամանակահատուած մըն է, որու տեւողութիւնը չենք գիտեր։ Կրնայ ըլլալ հազարաւոր կամ միլիոնաւոր տարիներ, որոնց սկիզբին ու աւարտին համար գործածուած է «իրիկուն ու առտու ըլլալով…»։
Այս մասին փաստերը բազմաթիւ են, որոնցմէ կը յիշենք.
1) Արեգակնային օրը սահմանափակուած միջոց մըն է արեւի ծագելուն եւ դարձեալ ծագելուն մէջ, եւ կամ արեւնամուտին եւ դարձեալ արեւնամուտին միջեւ։
Եւ երբ տակաւին արեւը չէր ստեղծուած մինչեւ չորրորդ օրը (Ծն 1.16-19)…, հետեւաբար առաջին չորս օրերը արեգակնային չէին, որովհետեւ արեւը տակաւին չէր ստեղ-ծըւած, որպէսզի անով չափուէր ժամանակը։
2) Եօթներորդ օրը, Սուրբ Գիրքը տակաւին չէ ըսած, թէ աւարտած է…
Սուրբ Գիրքը չըսաւ «իրիկուն եւ առտու ըլլալով եօթներորդ օր եղաւ»։ Ադամէն հազարաւոր տարիներ անցած են մինչեւ հիմա, առանց այդ եօթներորդ օրը անցնելու։ Այս չափաւորումով, ստեղծագործութեան օրերը արեգակնային չեն ըլլար, այլ՝ ժամանակահատուած մը անյայտ տեւողութեամբ։
3) Ընդհանուր առումով, Սուրբ Գիրքը ամբողջ ստեղծագործութեան համար՝ վեց օր ըսած է. «Ասոնք են երկինքի ու երկիրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։ (Այն օրը) Երբ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ» (Ծն 2.4-5)։
Այսպիսով, (օր) բառին մէջ ներառեց ստեղծագործութեան վեց օրերը։
Հետեւաբար, երկրաբանները թող ըսեն ինչ որ կ՚ըսեն երկրի տարիքին մասին, որով Ս. Գիրքը երկրին յստակ տարիք մը չէ ճշդած՝ որ գիտնականներու ըսածներուն կը հակառակի։
Տակաւին, Աստուծոյ համար ժամանակի չափերը, Առաքեալը կը բացատրէ, ըսելով. «Տիրոջ քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է եւ հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս» (Բ.Պտ 3.8)։
ԵՐԿԻՐԸ, ԱՐԵՒԷՆ ՄԱՍՆԻ՞Կ ՄԸՆ Է
Հ.- Գիրքի մը մէջ ստեղծագործութեան մասին քննադատութիւն մը կարդացի, այն բանի մասին, որու մասին պատմուած է Ծննդոցի առաջին գլուխին մէջ։ Գիտնականներու ըսածին համաձայն, երկիրը ինչպէ՞ս կրնայ արեւէն մասնիկ մը ըլլալ, երբ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, թէ արեւը չորրորդ օրը ստեղծուեցաւ, այսինքն՝ երկրի ստեղծուելէն ետք։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մասնիկ մը ըլլայ բանի մը, որ իրմէ ետք ստեղծուած է։
Պ.- Գիտնականները չեն ըսեր, թէ երկիրը արեւէն մասնիկ մըն էր, որմէ բաժնուեցաւ, այլապէս հիմա արեւը այդ մասնիկէն նուազած կ՚ըլլար։ Այլ՝ գիտնականները կ՚ըսեն, թէ երկիրը արեգակնային դրութեան մասնիկ մըն էր եւ ոչ թէ արեւէն։ Կրակով այրուող գունդէն մասնիկ մըն էր, որ լուսաւորող էր առանց կասկածի։ Այս այրուող գունդին մասին է, որ Սուրբ Գիրքը խօսեցաւ առաջին օրը, Տիրոջ ըսելով՝ «լոյս ըլլայ ու լոյս եղաւ» (Ծն 1.3)…
Այս գունդէն է, որ երկիրը բաժնուեցաւ։ Ապա սկսաւ աստիճանաբար պաղիլ, մինչեւ որ իր մակերեսը ամբողջութեամբ պաղեցաւ եւ այլեւս կարելի էր անոր վրայ երրորդ օրը բոյսեր աճէին՝ օգտուելով լոյսէն։
Չորրորդ օրը Տէրը այդ գունդէն՝ արեւը, լուսինը, աստղերը, մոլորակներն ու ասուպները եւ երկնային բոլոր մարմինները ու բոլորին գործունէութիւնը կարգաւորեց…
Արեւը չորրորդ օրը իր վիճակին մէջ մնաց ամբողջական եւ երկիրը անկէ չբաժնուեցաւ. այլ՝ Տէրը կարգաւորեց երկրին կապը արեւին, լուսինին, աստղերուն եւ միւս մոլորակներուն հետ, աստղաբանութեան օրէնքներուն մէջ, զորս Տէրը չորրորդ օրուան ընթացքին դրաւ…
ՄԱՐԴՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ
Հ.- Ծննդոց Գիրքին մէջ մարդու ստեղծումի մասին երկու պատմութիւն կայ։ Առաջինը՝ առաջին գլուխին մէջ, ուր Աստուած մարդը արու եւ էգ ստեղծեց։ Երկրորդը՝ երկրորդ գլուխին մէջ, ուր Աստուած նախ Ադամը ստեղծեց եւ ապա Եւան։ Ինչպէ՞ս համաձայնեցնել այս երկու պատմութիւնները։
Պ.- Մարդու ստեղծումի պատմութիւնը՝ մէկ պատմութիւն է, մէկ մարդու…։
Առաջինին մէջ ամփոփուած տրուած է, իսկ երկրորդին մէջ մանրամասնութիւններով։
Առաջինին մէջ Աստուած մարդը ստեղծեց որպէս մէկ մասնիկը ընդհանուր ստեղծագործութեան։ Ապա, երկրորդ գլուխին մէջ մանրամասնութիւնները երեւացին, ուր նշուած է Ադամին հողէն ստեղծուիլը, ապա ինչպէս Աստուած անոր վրայ կեանքի շունչ փչեց, ապա Եւայի ստեղծումը Ադամի կողերէն կողէ մը։ Ադամին զգացողութիւնը նախքան Եւայի ստեղծումը եւ ստեղծումէն ետք, ինչպէս նաեւ այս գլուխին մէջ է, որ Ադամի եւ Եւայի անուանակոչումը կայ։
Երկու պատմութիւններն ալ ամբողջական են։ Առաջինին մէջ տրուած օրհնութիւնը կը տեսնես եւ արտօնուած ուտելիքները. իսկ երկրորդին մէջ՝ ստեղծումի կերպը, անուանակոչումը եւ դրախտի յիշատակումը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԴԱՄԷՆ ԿԸ ՎԱԽՆԱ՞Ր
Հ.- Աստուած կը վախնա՞ր կարծելով, թէ Ադամը կեանքի ծառէն ուտելով Իրեն հակառակորդ կ՚ըլլայ եւ այդ պատճառով արգիլեց անոր ուտել անկէ եւ հրեշտակ մը պահակ դրաւ (Ծն 3.24)։
Պ.- Վստահաբար Աստուած չի վախնար, թէ այդ հողեղէն արարածը կրնայ Իրեն հակառակորդ ըլլալ, որովհետեւ Աստուած անսահման է Իր բոլոր կատարելութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, ինչո՞ւ արգիլեց մարդուն կեանքի ծառէն ուտել։
Արգիլեց զինք կեանքի ծառէն, որովհետեւ կեանքը մեղքի վիճակին հետ չի՛ համաձայնիր՝ որու մէջ կը գտնուէր մարդը։
Մեղքը՝ հոգեւոր մահ է եւ պատիժը՝ յաւիտենական մահ։ Նախ եւ առաջ պէտք է ձերբազատիլ մեղքի վիճակէն եւ մեղքի պատիժէն, որպէսզի մարդ կարենայ ճշմարիտ կեանքը ապրիլ առ յաւէտ։ Փաստը, որովհետեւ Աստուած հոգեւոր պատերազմի մէջ յաղթողներուն խոստացած է կեանքի ծառէն ուտել։ Տակաւին, Յայտնութեան Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ ճաշակելու կեանքի ծառէն, որ կը գտնուի Աստուծոյ դրախտին մէջ» (Յյտ 2.7)։
Եւ ինչքան շատ են յաւիտենական կեանքի մասին տրուած խոստումները Սուրբ Գիրքին մէջ։ Սակայն, խոստումներ են՝ զղջացողներուն եւ հոգեւոր կեանքի մէջ յաղթանակողներուն, եւ ոչ թէ մարդոց՝ որոնք մեղքի մէջ են, ինչպէս որ մեր հայրը՝ Ադամ այն ժամանակ եւ կարծես Աստուած կ՚ըսէ Ադամին. այնքան ատեն որ մեղքի վիճակի մէջ ես, այդպիսով արգիլուած ես կեանքէն, որովհետեւ՝ «մեղքին վարձատրութիւնը մահ է» (Հռ 6.23). դուն այդ վիճակին մէջ կեանք չե՛ս արժեր եւ քեզի համար լաւ չէ այսպէս շարունակել… այլ՝ սպասէ զղջումին ու զոհագործումին, որոնցմէ ետք յաւիտեան պիտի ապրիս։
Ան արգիլեց կեանքը անոր՝ որ դատապարտուած էր մահուան։
Եւ յաւիտենական կեանքը չկապել մեղքին հետ։
ԱԴԱՄԻՆ ԵՒ ԿԱՅԷՆԻՆ ԱՆԷԾՔԸ
Հ.- Ինչո՞ւ համար երբ Կայէնը մեղանչեց, Աստուած անիծեց զայն ըսելով. «Դուն անիծեալ ես երկրէն» (Ծն 4.11)։ Մինչ, երբ Ադամը մեղանչեց, չանիծեց զայն, այլ ըսաւ. «Երկիրը քու պատճառովդ անիծեա՛լ ըլլայ» (Ծն 3.17)։
Պ.- Եթէ անէծքը Ադամին ու Եւային վրայ գար, այդ պարագային անէծքը բոլոր մարդկութեան վրայ կու գար։ Այս մէկը Աստուծոյ կամքին հակառակ է, որովհետեւ անոնցմէ պիտի ելլէին օրհնուած մարդիկ, ինչպէս Աբրահամը՝ մեր հայրը, որ Տէրը օրհնեց զայն, եւ ըսաւ անոր. «…քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ …երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծն 12.2-3)։ Տակաւին, Աստուած չանիծեց Ադամն ու Եւան, որովհետեւ նախապէս օրհնած էր զանոնք (Ծն 1.28)։ Աստուած իր շնորհածէն ետ չի՛ դառնար։
Տակաւին, որովհետեւ իրենց սերունդէն պիտի գար Յիսուսը՝ ըստ մարմինի, որ պիտի ջախջախէ օձին գլուխը (Ծն 3.15)։ Եւ Անով բոլոր ժողովուրդը կ՚օրհնուի։
Իսկ Կայէնը, մարդկութենէն ճիւղ մըն է պարզապէս եւ ոչ թէ՝ ամբողջը։ Գիտելի է նաեւ, որ անոր սերունդը ջրհեղեղի ժամանակ խեղդուեցաւ՝ միւս մեղաւորներուն հետ։
Ուրիշ կէտ մը եւս, որ է, թէ Կայէնը արիւն թափեց եւ կեանքի մը վերջ տուաւ։
Աստուած յանդիմանեց զայն այս բանին համար ու ըսաւ. «…եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն 4.10)։ Մեղանչած ժամանակ նկատի չառաւ, թէ Աբէլը իր եղբայրն է, որմէ ոչինչ իրեն հակառակ դուրս եկաւ։ Այլ՝ մեղքը իրմէ՝ Կայէնի մէջէն բխեցաւ։
Արիւնը զոր թափեց, կեանք է։ Զայն թափելը կը նշանակէ կեանքէ զրկել։
Աւելի ուշ Աստուած Իր օրէնքին մէջ ըսաւ. «…որեւէ մարմինի կենդանութիւնը իր արիւնն է» (Ղւ 14.14)։ Եւ հրամայեց արիւն չուտել եւ ոչնչացնել ոեւէ մէկը, որ արիւն կ՚ուտէ (Հմմտ. Ղւ 14.10,14)։ Այս հրամանը մեր հօր՝ Նոյի ժամանակէն արձակեց, տապանին հանգչելէն ետք, երբ թոյլատրեց միս ուտել, ըսաւ. «Ամէն շարժուն կենդանի ձեզի կերակուր թող ըլլայ։ …Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն արիւնովը մի՛ ուտէք» (Ծն 9.3-4)։
Աստուած հրամայեց մեռցնել արիւն թափողը (մեռցնողը), ըսելով. «Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի» (Ծն 9.6)։ Օրէնքին մէջ յստակեցուց, թէ՝ «անձի տեղ՝ անձ» (Բ.Օր 19.21)։ Ան որ անձ մը կը սպաննէ, իր անձն ալ կ՚առնուի անոր փոխարէն։ Կայէնը անձ մը սպաննեց, մարդու մը արիւնը թափեց եւ անոր կեանքին վերջ տուաւ։ Երկրի վրայ առաջին ոճրագործն էր։ Պատիժը, որ կրեց, իրմէ ետք եկող բոլոր մարդկութեան համար դաս էր։
Ադամին եւ Կայէնին բաղդատութեան մասին կ՚ըսենք, թէ Ադամը ուրիշէ մը խաբուեցաւ, ինչպէս նաեւ Եւան։ Իսկ Կայէնը ո՛չ ոք խաբեց, այլ՝ ընդհակառակը, Աստուած զգուշացուց զայն երբ այդ միտքը յղացաւ եւ նախքան սպանութիւն գործադրելը՝ ըսաւ անոր. «…մեղքը դրան քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես» (Ծն 4.7)։
Կը նկատենք նաեւ Նոյի որդիի՝ Քամի մեղքին մէջ, ան չանիծուեցաւ. նախ եւ առաջ, որովհետեւ նախապէս օրհնուած էր (Ծն 9.1), եւ երկրորդ, որպէսզի իր ամբողջ սերունդը չանիծուի իր անիծումով, այլ՝ անոր սերունդէն մէկ մասը միայն անիծուեցաւ՝ Քանանը (Ծն 9.25)։ Այդ անէծքը մինչեւ Յիսուսի օրերը մնաց, քանանացի կնոջ վրայ (Մտ 15.26)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ