ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ-ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՆՈՐ «ԱՅՖՈՆ»Ը ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՄԵՆԷՆ ԱՐԱԳ «ՈՒԱՅ-ՖԱՅ»Ը

«Էփըլ» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են 2019 թուականին նոր «ԱյՖոն» սմարթֆոնի հրապարակման մասին: Գործիքին արհեստագիտական կարելիութիւնները կ՚ընդարձակուին ի հաշիւ «Ուայ-Ֆայ»ի նոր սերունդի աջակցութեան, որ անլար ցանցի ամենէն արագ տեսակն է աշխարհի մէջ:

Բացի ատկէ՝ նոյնպէս կը սպասուի «Ֆէյս ԱյՏ»ի ինտիքէյտըրի բարելաւուած տեսակի:

«Ուայ-Ֆայ 5» հաղորդակցութիւնը գրեթէ երկու անգամ դանդաղ է նորէն. բացի ատկէ՝ ընկերութիւնը կը խոստանայ աւելցնել ինքնավար դրութեան մէջ աշխատանքի ժամանակը, որ սմարթֆոնի աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ:

Ընկերութեան մասնագէտները կը տեղեկացնեն, որ հաղորդումին արագութիւնը պիտի քառապատկուի: Նոր արհեստագիտութեան անունն է՝ «Ուայ-Ֆայ 6802. 11 էյէքս»: Ցարդ ընկերութեան բոլոր կաճեթները օգտագործած են «Ուայ-Ֆայ 5 802.11էյսի», իսկ ատոր նախորդը մինչեւ 2011 թուական եղած է «Ուայ-Ֆայ 4:802.11»ը:

Արդիականացած «ՖէյսԱյՏի»ն ունի փրոյէքթըրի աշխատանքի աւելի բարձր արդիւնաւէտութիւն եւ աւելի զգայուն սքենըր, որ կը բացառէ խանգարումի կարելիութիւնը: Անիկա նոյնպէս ունի եռեակ խցիկ, որ կրնայ էապէս ազդել գործիքի արտաքին տեսքը վերատեսութեան ենթարկելու հարցին վրայ:

Նոր սմարթֆոնը դիւրին կը մտնէ առօրեային մէջ այն գործածողներուն, որոնց բնակարանը յագեցած է «խելացի տուն» շարքի գործիքներով, որոնք կը գործածուին համացանցին միանալու համար:

ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ԽԵԼԱՑԻ ՍԱՌՆԱՐԱՆԸ ԳԱՐԵՋՈՒՐ ԿԸ ԳՆԷ

Ճաբոնի մէջ ընդունուած է շատ աշխատիլ եւ նոյնքան շատ հանգստանալ:

Տեղական «ՏրինքՇիֆտ» ընկերութեան ներկայացուցիչները խմել սիրողներու համար նորարարական գործիք մը արտադրած են: Խելացի սառնարանը ինքն իրեն գարեջուր կը պատուիրէ:

Սառնարանին տէրը կրնայ բջիջային յաւելուածի միջոցով ընտրել, թէ յատկապէս ի՛նչ տեսակի գարեջուր կ՚ուզէ իր տան մէջ տեսնել: Բացի ատկէ՝ սառնարանը կ՚արձանագրէ, որ տէրը ե՛րբ եւ որքա՛ն շատ կը խմէ:

«Այն պահուն, երբ մտածէք գարեջուրի շիշը բանալ, ան արդէն ձեզի կը սպասէ», կը նշեն արտադրողները:

Խելացի սառնարանը ներկայացուցած են Լաս Վեկասի մէջ «Սպառողական էլեկտրոնիք»ի միջազգային ցուցահանդէսին (CES): Առայժմ յայտնի չէ, թէ սառնարանը ե՛րբ կը սկսին վաճառել:

«ԷՓԸԼ ՓԱՈՒՐ» ԱՆԼԱՐ ԼԻՑՔԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԻՔ

«Էփըլ» ընկերութիւնը 2017 թուականին հրապարակած է «ԷրՓաուր» անլար լիցքաւորման գործիքիՆ նմոյշը: Սակայն երկու տարուան ընթացքին նոր գործիքի վաճառքին մասին լուրերը չեն թարմացած: Լիցքաւորման սարքի արտադրութեան սկսելու մասին թուիթըրեան արձանագրութիւն կատարուած էր արդէն անցեալ տարի՝ յղում կատարելով ընկերութեան պաշտօնական մատակարարներէն մէկուն:

Առայժմ «ԷրՓաուր» լիցքաւորման գործիքի արտադրութիւնը կը յետաձգուի զանազան պատճառներով:

Կարճ ժամանակ «Էփըլ»ի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած էր տեղեկութիւն «ԷրՓաուըր»ի արտադրութեան մասին, սակայն որոշ ժամանակ ետք զայն վերցուցած են:

Ըստ վերջին լուրերու, բոլոր խոչընդոտները արդէն հարթուած են եւ մարտկոցներու լիցքաւորման գործիքի արտադրութիւնը շուտով կը սկսի:

Նորոյթի արտադրութեամբ կը զբաղի «Լաքշէյր փրէսիշըն» ընկերութիւնը, որ արտադրած էր «ԷրՓոտս» ականջակալներն ու «ԵուԷսՊի»ները:

Այսօրուան դրութեամբ չկան հաւաստի տուեալներ լիցքաւորման գործիքի վաճառքի թուականներուն եւ արժէքին մասին: Կ՚ենթադրուի, որ ընկերութիւնը շուտով կը հրապարակէ այդ մասին ճշգրիտ տեղեկութիւնը: Նախապէս հրապարակումը կը խոչընդոտէր ծրագրային ապահովման խանգարումներն ու գործիքին չափազանց տաքնալը:

ԱՆԼԱՐ ԱԿԱՆՋԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ

«Ռոսքաչեսթվօ» ընկերութիւնը Սպառողական փորձարկումներու կազմակերպութիւններու միջազգային խորհուրդին հետ զանազան տեսակի եւ սակերու ականջակալներու ուսումնասիրութիւն կատարած է: Առաջինը փորձարկուած է «Պլութութ» անլար ականջակալներու 84 զոյգ: Յառաջիկային կը հրապարակուի ուսումնասիրութեան երկրորդ մասը, որ յատկացուած կ՚ըլլայ լարով տեսակներուն», կը նշուի «Ռոսքաչեսթվօ» ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ուսումնասիրութեան ժամանակ գնահատուած են՝ ձայնի որակը, անոր փոխանցման որակը, ականջակալներու կարողականութիւնը, անոնց յարմարաւէտութիւնը եւ ամրութիւնը, նոյնպէս՝ մարտկոցին որակը:

Տասնեակին մէջ ներառուած են՝ են Sony WH-1000XM2, Sony WH-H900N h.ear on 2 Wireless NC, Sony MDR-100ABN, Sennheiser RS175, Sennheiser RS 165, AKG N60NC Wireless, Sony WI-1000X, AKG K845BT, Sennheiser CX 7.00BT ? Sennheiser PXC 550:

Փորձարկումները կատարուած են Լոնտոնի որակաւոր գիտական աշխատանոցին մէջ, որ կը գործէ ԻՍՕ 17025 չափանիշով (միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշ):

ՏԻԹՐՈՅԻԹԻ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇՈՈՒ

14 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ Տիթրոյիթի ինքնաշարժներու միջազգային շոուն, որուն ծիրին մէջ ինքնաշարժ արտադրող բազմաթիւ յայտնի ընկերութիւններ ներկայացուցին իրենց տպաւորիչ նորոյթները:

Միջազգային հեղինակաւոր լրատու կայքէջերը նկարներու շարքով անդրադարձան բացայայտուած ամենէն ուշագրաւ մոտելներուն, որոնց շարքին են՝ «Ֆորտ», «Լեքսուս», «Թոյոթա», «Հիւնտայ» ընկերութիւններու ստեղծած նորութիւնները:

Ինքնաշարժներու միջազգային շոուն պիտի տեւէ մինչեւ 27 յունուար:

«ՔԱՏԻԼԱՔ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

Ամերիկեան «Քատիլաք» ինքնաշարժի ընկերութիւնը վերջերս հրապարակեց իր առաջին ելեկտրոնային ինքնաշարժին լուսանկարը:

Նոր ինքնաշարժը ստեղծուած է Tesla Model X-ի եւ Audi e-tron-ի հետ մրցակցութիւն ապահովելու համար:

Ինքնաշարժը ապագայապաշտական տեսքով մեծ քրոսովըր մըն է, որ ունի նստարաններու երեք շարք:

Մոտելին անունն ու հրապարակման թուականը ընկերութիւնը տակաւին չէ յայտարարած:

«Քատիլաք» ընկերութեան նոր նախագահ Սթիվըն Քարլայլ կը մտադրէ բարձրացնել մակնիշին վարկը աշխարհի մէջ եւ նոր ելեկտրոնային ինքնաշարժը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ այս հարցին մէջ:

ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ ԽՏՐԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԶՐԿՈՒԵՑԱՒ ԿՈՉՈՒՄՆԵՐԷՆ

Ամերիկեան «Քոլտ սփրինկ կարպըր» գիտական աշխատանոցը Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ճէյմս Ուոթսընը զրկեց պատուոյ կոչումներէն:

Պատճառը այն է, որ գիտնականը զանազան ցեղերու ներկայացուցիչներու անհաւասար մտային կարողութիւններու մասին արտայայտութիւններ ըրած է:

90-ամեայ Ուոթսըն խտրական արտայայտութիւններ ունեցած է «Փի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանի պատրաստած եւ սփռած վաւերագրական շարժապատկերներէն մէկուն մէջ:

«Տքթ. Ուոթսընի արտայայտութիւնները քննադատութեան արժանի են, հաստատուած չեն գիտութեան կողմէ եւ ոչ մէկ ձեւով կ՚արտայայտեն գիտական աշխատանոցին, անոր հոգաբարձուներուն, դասախօսներուն, աշխատակիցներուն եւ ուսանողներուն հայեացքները», յայտարարած է «Քոլտ սփրինկ կարպըր» գիտական աշխատանոցը:

Այժմ գիտնականը զրկուած է պատուոյ հոգաբարձուի, Օլիվըր Կրէյսի անուան վաստակաւոր փրոֆեսէօրի կոչումներէն:

Կը նշուի, որ 2007 թուականին Ուոթսըն նոյնպէս խնդիրներ ունեցած էր գիտական աշխատանոցին հետ՝ յայտարարելով, որ Ափրիկէի բնակիչներու մտային կարողութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց մտային կարողութիւններուն:

Ճէյմս Ուոթսըն կը նկատուի ժամանակակից կենսաբանութեան եւ ծննդաբանութեան հիմնադիրներէն: 1962 թուականին Ուոթսըն իր գործընկերներուն հետ Նոպէլեան մրցանակի արժանացած էր ՏՆԹ մասնիկի կառոյցի բացայայտման համար:

ՊԱՌՆԱՐՏ Բ. ՄՈԼՈՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԿՐՆԱՐ ԿԵԱՆՔ ԸԼԼԱԼ

Համեմատաբար վերջերս յայտնաբերուած հսկայ «Գերերկիր»՝ Պառնարտ Բ. կամ GJ 699 b մոլորակը կրնար ըլլալ Երկրէն դուրս կեանքի օրրանը՝ 6 լուսային տարի առաջ:

Այս մոլորակը կը մտնէ Երկրին դրացի աստղային համակարգին մէջ:

Մոլորակին մէջ կը տիրէ ցուրտը, օդի ջերմաստիճանը շուրջ -150՛C (-238՛F) է:

Այդուհանդերձ, հետազօտողները կը կարծեն, որ ժամանակին «Գերերկիր»ի բաղադրիչ մասերէն մէկը եղած է տաք մետաղական կեղեւը, որ ապահոված է նախնական կեանք մոլորակին վրայ:

Վիլանովայիի համալսարանի աստղագէտ Էտուըրտ Կինանի ըսած է, որ մոլորակին երկրաջերմական (ժէոթերմալ) տաքացումը կրնար յանգեցնել անոր մակերեսին «կենդանի գօտիներու» յառաջացման, որոնք նման եղած են հիւսիսային բեւեռի սառոյցներուն տակ յայտնաբերուած լիճերուն:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ


Օգտագործուած կայքեր՝

«Նիւզ Տէյ», «Փլանեթ Թուտէյ», «Տէյլի Մէյլ» «Լայֆ»

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019