ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ
Հայոց տօներէն ամենէն ժողովրդական եւ կրօնա-ազգային բնոյթ ունեցողը Վարդանանց տօնը ըլլալով հանդերձ, ուշագրաւ եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տօն մըն է նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանցը, որ կը նշուի Վարդանանց տօնը կանխող Երեքշաբթին։ Հաւաքական Ղեւոնդեանք անունը խորհրդանիշ է բազմաթիւ արժանաւորներու, որոնք իրենց կեանքը զոհած են յանուն կրօնի եւ ազգութեան։ Ղեւոնդեանքի վրայ կ՚անձնաւորուի հայրենիքի եւ հաւատքի նուիրումին գաղափարը։ Վարդանանքի ընկեր եւ քաջալերող, հայ ազգութիւնը ապրեցնելու եւ պահպանելու սկզբունքին ականաւոր գործիչներ, անոնք եղած են ո՛չ միայն հակաբռնութեանց անձնուրաց քարոզիչներ, այլեւ մարտիկներ թէ՛ Վարդանանց պատերազմին, թէ՛ զայն կանխող եւ թէ այնուհետեւ շարունակուող ժողովրդային ընդդիմութեան։ Անոնց ցուցաբերած ամուր հաւատքը, ժողովուրդին հետ ունեցած անկեղծ գործակցութիւնը, Աւարայրի ճակատամարտի առաջին գիծերուն վրայ կռուողները իրենց կենդանի օրինակով առաջնորդելն ու սուրով կռուիլը, իրենց անսահման նուիրումը, ընդհանուր կերպով հիմնական տուեալներ են, որով անոնք նուիրագործուած եւ որակաւորուած են տիպար յատկանիշներով։
Վարդանանց ազատութեան շարժումին առաջնորդները, հրահրիչները, ոգին՝ Վարդանանքի օրինակով Ղեւոնդեանք խորհրդանիշ անունը եւս առնուած է բազմաթիւ արժանաւորներու մէջէն մէկուն, Ղեւոնդ Երէցի անունէն, պարզ այն պատճառով, որ ան եղած է ամենէն յախուռն ու քաջ տիպարը, փայլուն միտքը, որուն մասին համեմատաբար աւելի լայն կերպով անդրադարձ եղած է։ Ժամանակակից պատմիչներ Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի յիշատակած են հետեւեալ նահատակ կրօնաւորները, որոնք միասնաբար առնուած են Սրբոց Ղեւոնդեանց անունին տակ.
- Յովսէփ Հողոցմեցի Կաթողիկոս (440-452), Սահակ Եպսկ. Ռշտունեաց, Թաթիկ Եպսկ. Բասէնի, Ղեւոնդ Երէց, Մուշէ կամ Մուշեղ Քահանայ, Արշէն Երէց, Սամուէլ Քահանայ, Աբրահամ Սարկաւագ, Քաջաջն Սարկաւագ։ Բացի մէկէն, բոլորն ալ աշակերտներն էին Սահակ-Մերսոպեան դպրոցին, որ գիտցած էր անոնց մէջ կերտել եւ զօրացնել որչափ ուսման եւ զարգացումի, նոյնքան՝ սրտի եւ նուիրումի մարդը։
ՅՈՎՍԷՓ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ- Ծնունդով Սիւնեաց նահանգին Վայոց Ձոր գաւառի Խողոցիմ կամ Հողոցիմ գիւղէն։ Ս. Մեսրոպի հաւատարմագոյն եւ ձեռներէց աշակերտներէն մին, որ օգնական նշանակուած էր իր վարդապետին եւ գործնականին մէջ անոր տեղակալն էր։ Յովսէփ եղաւ առաջինը մեր այն կաթողիկոսներէն, որոնք ժողովրդային խոնարհ խաւերէն բարձրացած են այդ դիրքին։ Իրմէ առաջուան կաթողիկոսները առհասարակ եկած էին Ս. Լուսաւորչի տունէն։ Իբրեւ կաթողիկոս Յովսէփի կարեւորագոյն գործերէն մէկը եղաւ գումարել Շահապիվանի ժողովը (444), որ մեր առաջին ազգային-եկեղեցական ժողովն է եւ որուն կանոնները լրիւ պահուած են։
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՌՇՏՈՒՆԵԱՑ- Ամենայն հաւանականութեամբ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն, գլխաւոր արժանիքներէն մէկը եղած է պարսկերէնի հմտութիւնը, որով դատարանական հարցուփորձերու ընթացքին թարգ-մանի դեր կատարած է։
ԹԱԹԻԿ ԵՊՍԿ. ԲԱՍԷՆԻ- Ս. Մեսրոպի աշակերտներէն, հաւանաբար դասընկեր Յովսէփին։ Արտաշատի ժողովին մասնակցած եպիսկոպոսներէն մէկն է, որոնք ժխտական պատասխան տուին պարսից շահի հրովարտակին եւ կրակապաշտ դառնալու հրաւէրին։ Ատրուշան մըն ալ ինք կործանած ըլլալով՝ կրօնական պայքարին ամենէն բուռն գործողներէն մին եղած եւ այդ պատճառաւ առանց Տիզպոնի մէջ դատուելու հեռաւոր Խուժաստան բանտարկութեան ղրկուած էր։
ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ- Գործնական գլուխը եւ ամենէն հեղինակաւոր անդամը նահատակներու խումբին, նաեւ առաջնորդը դիմադրական շարժումին։ Ծննդեամբ Վանանդ գաւառի Իջեւան (այսօրուան Կարսի շրջան) գիւղէն էր։ Ղեւոնդ Ս. Սահակի ամենէն հին աշակերտներէն է, եւ կաթողիկոսի վերջին տարիներուն, Բագրեւանդի մէջ, իբրեւ փոխանորդը միշտ անոր քով գտնուած է։ Անգղ գիւղին մէջ, մազդէական կրակապաշտութիւնը հաստատելու մոգերու փորձին դէմ ելլողներուն առաջինը եւ պարագլուխը եղաւ։ Հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան Ղեւոնդին դերը՝ «Շնորհիւ իր զարգացման եւ ատենաբանելու յաջողութեան՝ թէ՛ Աւարայրի բանակին մէջ, թէ՛ Տիզպոնի ատեանին առջեւ եւ թէ Ռեւանի դատական հարցուփորձի առթիւ, միշտ գլխաւոր խօսողը եղած էր։ Մէկ խօսքով, Ղեւոնդ կրնայ բոլոր այդ կրօնական շարժման հոգին ըսուիլ, եւ այդ պատճառով է, որ իւր անունով կոչուած են իր գործակիցները» (Ազգապատում)։
ՄՈՒՇԷ կամ ՄՈՒՇԵՂ ՔԱՀԱՆԱՅ- Աղբակեցի. դրան երէց Արծրունեաց նախարարութեան, որ կարեւոր դեր կատարեց Վարդանանց շարժումի ընթացքին։ Հաւանաբար ինք ալ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն էր, քանզի առանց զարգացման նման մեծ նախարարութեան մը հոգեւոր վարիչը չէր կրնար ըլլալ։
ԱՐՇԷՆ ԵՐԷՑ- Ծննդավայրն է Բագրեւանդ գաւառի Եղեգիկ գիւղը։ Միակն է, որ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն չէ։ Ճակատամարտէն յետոյ ամրացած էր բերդի մը մէջ. Վասակի խոստումներէն խաբուելով դուրս ելաւ, սակայն շղթայի զարնուելով պահուեցաւ դատուելու համար։
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԱՀԱՆԱՅ եւ ԱԲՐԱՀԱՄ ՍԱՐԿԱՒԱԳ- Իրարմէ անբաժան Արտաշատի քահանան ու սարկաւագը, որոնք ատրուշան մը քանդած ու արգիլած էին կրակապաշտութեան մուտքը Վարդանանց դիմադրութեան օրրան եղած այս քաղաքը։ Ճակատամարտէն վերջ միասնաբար ձերբակալուած ու միւս եկեղեցականներէն զատուելով պարսկական բանակին մէջ բանտարկեալ կը մնային։
ՔԱՋԱՋՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳ- Ռշտունեաց գաւառէն, փոքրաւորը Սահակ Ռշտունի Եպիսկոպոսին։ Իր այդ հանգամանքով կարեւոր դեր կատարած էր դիմադրական շարժումին մէջ, կալանաւորուած ու դատապարտուելու արժանի նկատուած էր։
Աւարայրի ճակատամարտէն յետոյ, Յովսէփ եւ Ղեւոնդ բերդի մը մէջ ապաստան գտած էին. ասոնք ալ Վասակի նենգ խոստումներուն վստահելով անձնատուր եղան եւ անմիջապէս բանտարկուեցան։ Իսկ Սահակ Եպիսկոպոս, իր սարկաւագը Քաջաջն ու Մուշէ Քահանան յատկապէս հրաւիրուեցան Հայաստանի նոր պարսիկ մարզպանին կողմէ։ Քննութիւն բացուեցաւ ասոնց դէմ, եւ որովհետեւ չուրացան ամբաստանութիւնը, ասոնք ալ միացան միւս ձերբակալեալ եկեղեցականներուն։ Այսպէս կազմուեցաւ (բացի Թաթիկ Եպիսկոպոսէ) խումբ մը ութ հոգեւորականներու, որոնք իբրեւ գլխաւորները եւ հրահրիչները ապստամբութեան, պարսից մայրաքաղաքը՝ Տիզպոն ղրկուեցան՝ դատուելու համար։ Հոն ձեռնարկուեցաւ հարցաքննութիւններու, որոնք ընդարձակօրէն կը տրուին Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի կողմէ։ Գլխաւոր յանցանք նկատուեցան, անոնց ատրուշան քանդած եւ «կրակը սպաննած» ըլլալը, զորս չուրացան, եւ Միհրներսեհ, որ իբր դատաւոր բազմած էր, դատապարտեց զանոնք ու ծանր շղթաներով բանտարկել տուաւ մինչեւ որ արքայական վճիռով որոշուի անոնց վերջնական ճակատագիրը։ Ապա բանտարկեալները աքսորուեցան Պարսկաստանի հիւսիսային կողմը՝ Վրկան, այժմեան Մազանդարան գաւառը։ Խումբը Տիզպոն ղրկուած էր 451-ին վերջերը, Վրկան աքսորուեցաւ 452-ի սկիզբները եւ այնտեղ բանտարկուած մնաց մինչեւ 454-ի ամառը։ Յազկերտ երբ քուշանաց դէմ պատերազմի կ՚երթար եւ կ՚անցնէր Վրկանէն՝ հրամայեց, որ կալանաւորներն ալ ետեւէն բերեն, եւ անոնք տարուեցան Ապար, այժմու Խորասան գաւառը ու փակուեցան Նեւշապուհ բերդին մէջ, սակայն անոնցմէ Սամուէլ Երէցը եւ Աբրահամ Սարկաւագը զատեցին եւ բանակին հետ տարին։
Քուշանաց պատերազմին մէջ պարսիկներու ձախողութիւնը մոգերը վերագրեցին «կրակ սպաննողներ»ուն դեռ ողջ մնալուն։ Ուստի Յազկերտ որոշեց վերջ տալ անոնց կեանքին։ Առաջին հերթին հրամայեց բանակին մէջ գտնուող կապեալները գլխատել։ Նախապէս կտրեցին երկուքին ալ աջ ձեռքը, որոնցմով յանդգնած էին ատրուշան կործանել, ապա գլխատեցին Սամուէլ Քահանան եւ Աբրահամ Սարկաւագը, որոնք եղան առաջին նահատակները Ղեւոնդեանց Քահանայից։ Նոյն օրերուն, 454-ի Յուլիսի սկիզբները, սուրհանդակ ղրկուեցաւ Խուժաստանի կուսակալին, որպէսզի գլխատել տայ այնտեղ բանտարկուած Թաթիկ Եպիսկոպոսը։ Մնացեալ վեցը տարուեցան Ռեւան քաղաքը, ուր դատաւոր նշանակուած Դենշապուհ անուն իշխանաւոր մը դատաստանական ատեան մը կազմեց եւ վերջին անգամ ըլլալով ուրացութեան հրաւիրեց զանոնք։ Պատասխանը բնականաբար եղաւ մերժողական, ուստի անլուր եւ վայրագ չարչարանքէ ետք գլխատուեցան երանելիները։
Այսպէս վերջ կը գտնէ կեանքը Ոսկեդարու հոյակապ սերունդէն խումբ մը եւս արժանաւորներու։ Նահատակութեան մանրամասնութիւնը ժամանակակից սերունդին եւ անոնց միջոցաւ մեզի հասած է Խուժիկ անուն պարսիկ գաղտնի քրիստոնեայի մը վկայութեամբ, որ ծպտեալ իբրեւ վաճառական վստահութիւնը շահելով Դենշապուհին, ականատես եղած է սպանդին եւ ականջալուր՝ մարտիրոսներու վերջին խօսքերուն. «Եւ այսպէս Յազկերտի թագաւորութեան 16-րդ տարին, հրոտից ամսի 27-ին, պսակուեցան սուրբ վեցերը… Ապար աշխարհին մէջ, մօտ Ռեւան կոչուած գիւղին։ Ու Արշաւիր Կամսարական հարցուփորձելով երանելի Խուժիկը, եւ լսելով անկէ՝ պատմեց մեզի իւրաքանչիւրին խօսքը եւ սուրբերուն վախճանը եւ մենք ալ գրեցինք ստուգութիւնը» (Ղազար Փարպեցի)։
ՊԵՐՃ ՄԱՍԼԱՔ