ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Ա.)

Ի՞ՆՉ Է ՈՒԽՏԸ

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ընդհանուր իմաստով՝ կը նշանակէ դաշինք, համաձայնութիւն, պարտաւորութիւն։ Մասնաւոր իմաստով կը գործածուի՝ նշելու համար այն կապը, որ Աստուած կը հաստատէ.

1.- Ըլլա՛յ համայն մարդկութեան հետ, Նոյի անձին ընդմէջէն (Հմմտ. Ծն 9.9-17)։

2.- Ըլլա՛յ անձի մը հետ, ինչպէս Աբրահամի (Հմմտ. Ծն 15.18) կամ Դաւիթի հետ (Հմմտ. Սղ 89.4-5)։

3.- Ըլլա՛յ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ (Ելք 19.5-6)։

4.- Ըլլա՛յ ի վերջոյ բոլոր անոնց հետ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատան (Հմմտ. Մր 14.24։ Ղկ 22.20։ Ա.Կր 11.25)։

Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի։ Քրիստոս Խաչին վրայ Իր զոհագործական մահովը եւ յարութեամբը Նոր Ուխտ մը կնքեց մարդոց հետ, այն Նոր Ուխտը, որ Աստուած մարգարէներուն միջոցաւ դարեր առաջ խոստացած էր (Հմմտ. Եր 31.31-34)»։

Հետեւաբար, Աստուածաշունչին մէջ հիմնական հինգ ուխտեր կան։ Այդ ուխտերը երբեմն միակողմանի եւ երբեմն երկկողմանի են։ Երբեմն պայմանական եւ երբեմն անպայմանական։ Այսինքն՝ ուխտերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք խոստումի մը, որ պայմանաւորուած չէ մարդուն արարքով, այլ անիկա Աստուծոյ նախաձեռնութիւնն է եւ խոստումներուն հաստատումը կախում չունի մարդոց գործերէն։ Մովսիսական Ուխտը օրինակ պայմանական ուխտ է, իսկ միւսները՝ անպայմանական։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ՆՈՅԻ ՀԵՏ

Աստուածաշունչին մէջ «Ուխտ» բառի գործածութեան առաջին անգամ կը հանդիպինք Ծննդոց գիրքի 6.18-ին մէջ։ Այնտեղ Աստուած կը խօսի Նոյ անունով արդար մարդու մը հետ եւ կ՚ըսէ. «Քեզի հետ Իմ ուխտս պիտի հաստատեմ եւ դուն տապան պիտի մտնես»։ Նոյին արդարութիւնը իր գործերուն արդիւնքը չէր, այլ իր գործերը արդարութեան պտուղն էին։

Աստուած Նոյի կը յայտնէ, թէ Ինք որոշած է մեծ հեղեղով մը կործանել մարդկային քաղաքակրթութիւնը։ Ան նաեւ Նոյի կը պատուիրէ կառուցել տապան մը, քանի որ վերահաս աղէտով մարդկային եւ կենդանական կեանքը պիտի բնաջնջուէր։

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԸ

Աստուած Իր առաջին յանձնառութիւնը կ՚ընէ Նոյին, զոր մեկնիչներ որակած են «Ազատագրութեան ուխտ»։ «Քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ ու տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ ու կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ։ Ամէն տեսակ անասուններէ, ամէն մարմինէ, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ տապանը բեր, որպէսզի քեզի հետ ողջ մնան. արու եւ էգ ըլլան անոնք» (Ծն 6.18-19)։

Թէեւ երկիրը պիտի մաքրուի եւ «Ամէն մարմին որուն մէջ կեանքի շունչ կայ» պիտի մեռնի, բայց Նոյ եւ իր ընտանիքը զոյգ անասուններով, երկիրը վերաբազմացնելու համար՝ ապահով կերպով պիտի ծփան դատաստանի ջուրերուն վրայ։ Այսինքն՝ պիտի ազատագրուին ջրհեղեղէն։

ՆՈՅԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ԲՆԱԳԻՐԸ (ՀՄՄՏ. ԾՆ 6.1-6)

Ծննդոց 6-րդ գլխու մէջ կը հանդիպինք սոսկալի պատկերացումներու, որոնք կը բնութագրեն մարդկային ընկերութեան ամբողջական եղծումը մեղքին իբրեւ հետեւանք։ Մեղքի հունտը սերմանուած էր մարդկային կեանքին մէջ եւ զայն առաջնորդած՝ դէպի անկում։ Մարդուն մեղանչականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Աստուած Իր ուխտի խոստումները տայ։

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՆԿՈՒՄԸ (ՀՄՄՏ. ԾՆ 3.1-24)

Ծննդոց գիրքին երրորդ գլուխը կը նկարագրէ մարդուն ունեցած մտերիմ յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, առաւել՝ Ադամի եւ Եւայի մեղքը։ Աստուած առաջին զոյգը անմեղ ստեղծեց, եւ սկիզբը անոնք վայելեցին մտերիմ եւ սիրոյ յարաբերութիւն մը Արարչին հետ։ Անոնք հաստատուած էին գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ, որ «Եդեմ» կը կոչուէր։ Աստուած Ադամին ու Եւային միայն մէկ թելադրութիւն տուաւ. «Չուտել պարտէզին կեդրոնը տնկուած ծառէն»։

Ի՞նչու Աստուած տնկեց այդ ծառը։ Մենք գիտենք, որ Ադամն ու Եւան ստեղծուեցան Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Ուստի, Աստուած, այն վայրը, ուր անոնք ապրեցան՝ այդ ծառը տնկեց, որպէսզի անոնց առիթը ընծայէ ամէն կարողութիւն մարզելու համար։ Արգիլեալ ծառը զետեղուած էր Եդեմի մէջ ոչ որպէս թակարդ, այլ՝ որպէս պարգեւ։ Անիկա Ադամի եւ Եւայի կարողութիւն կու տար ըլլալու Աստուծոյ նման, որպէս բարոյական արարածներ, աւելի քան պարզապէս՝ որպէս բնազդի արարածներ։ Ողբերգութիւնը այն եղաւ, որ Ադամն ու Եւան սխալ ընտրութիւն կատարեցին։ Անոնք անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ, որուն հետեւանքով կորսնցուցին իրենց անմեղութիւնը։ Անոնց իսկական բնութիւնը խեղաթիւրեցաւ եւ եղծուեցաւ։

Աստուած զգուշացուց Ադամը. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն 2.17)։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Աստուածաշնչական լեզուին մէջ, այդ օրը պիտի մեռնիս բացատրութիւնը ականարկութիւն է հոգեւոր մահուան»։ Եփեսացիներուն նամակը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ հոգեւոր մահը. «Անցեալին դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր յանցանքներուն եւ մեղքերուն հետեւանքով։ Այդ մեղքերով կ՚ապրէիք, այս աշխարհի սովորութեան համաձայն, ենթարկուելով Սատանային, որ մթնոլորտին մէջ գործող ուժերուն իշխանն է, եւ ներկայիս կը գործէ Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց մէջ։ Ժամանակ մը մենք բոլորս ալ նոյնպէս անհնազանդ էինք եւ մարդկային բնութեան յատուկ ցանկութիւններով կ՚ապրէինք՝ մեր մարմնին ու մտքին բոլոր փափաքները կատարելով, եւ իրապէս Աստուծոյ պատիժին արժանի էինք, միւսներուն պէս» (Եփ 2.1-3)։

Ծննդոց գիրքը մեր ուշադրութիւնը կ՚ուղղէ Ադամին եւ Եւային, յիշեցնելով մեզի որ ոճիրը, անգթութիւնը, վայրագութիւնը եւ թշնամութիւնը, զորս այսօր կը տեսնենք մարդկային ընկերութեան մէջ՝ ունին իրենց արմատները։ Այսօրուան ողբերգական թերութիւնները մարդկային ընկերութան մէջ թերութիւններ են, որոնք Աստուծաշնչական լեզուով կը կոչուին «մեղք» կամ «հոգեւոր մահ»։     

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՆԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ (ՀՄՄՏ. ԾՆ 4)

Աստուած կանխազգուշացուց Ադամը, թէ այն օրը որ արգիլեալ ծառէն ճաշակէ՝ պիտի մեռնի։ Այն օրը, երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին՝ հոգեւորապէս մեռան, իսկ այդ պտուղի ճաշակումով ֆիզիքական մահը նաեւ աշխարհ մտաւ։ Անմեղութիւնը կորսուեցաւ առյաւէտ եւ բարոյական ապականութիւնը Ադամէն ու Եւայէն փոխանցուեցաւ իրենց բոլոր սերունդներուն։

Այս իրողութիւնը յստակօրէն նկարագրուած է Ծննդոց 4-րդ գլխուն մէջ, ուր կը պատմուի Ադամի եւ Եւայի որդիներէն մէկուն՝ Աբէլի ոճիրը՝ իր եղբօր Կայէնին կողմէն։ Նախանձն ու բարկութիւնը տեղ գտած էր մարդկային սրտին մէջ, զայն առաջնորդելով եղբայրասպանութեան։ Ծննդոց 4-րդ գլուխը մարդկային արարածներուն հոգեւոր մահը բարացուցող վկայութիւն մը կու տայ։ Ան կը պատմէ Ղամէքի կողմէ կատարուած դէպք մը։ Առաջին՝ ան կը խափանէ Աստուծոյ հաստատած օրինական ամուսնութիւնը երկու կին առնելով, երկրորդ՝ կը սպաննէ երիտասարդ մը, պատճառաբանելով՝ թէ վիրաւորած էր զինք (Հմմտ. Ծն 4.23)։ Մեղքի հունտը խորապէս արմատաւորուած էր մարդ անհատին մէջ, որոնց արդիւնքն ալ ցաւագին էր։

ԱՊԱԿԱՆԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ (ՀՄՄՏ. ԾՆ 6)

Ծննդոց 5-րդ գլուխը կը պարունակէ երկար սերըն-դաբանութիւն մը։ Առաջին հերթին ան կ՚ուրուագծէ Նոյի ընտանեկան ծառը, որուն պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ Ծննդոց 6-րդ գլխուն մէջ։ Երկրորդ՝ սերնդաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ բազմաթիւ դարեր անցած էին ստեղծագործական ժամանակէն մինչեւ Նոյի օրերը։ Մարդկութիւնը աճեցաւ եւ ընդարձակ ու տարածուն քաղաքակրթութիւն մը հաստատուեցաւ, որ ապականած էր՝ արտացոլացնելով մարդկային բնութեան եղծումը։ Աստուած ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէ նախաջրհեղեղեան ժողովուրդը։ Անոնց համար կ՚ըսէ «չար» եւ «անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր» (Ծն 6.5)։ Ի վերջոյ, երկրին վրայ տիրող պայմանները վշտացուցին զԱստուած եւ Ան որոշեց. «Երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ անասունններ եւ սողունները եւ երկնքի թռչունները, վասն զի անոնք ստեղծելուս կը զղջամ» (Ծն 6.7)։

Մարդկային մեղանչականութեան եւ Աստուծոյ դատաստանին դիմաց Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ Աստուծոյ կողմէ առաջին ուխտը հաստատուած ոեւէ մարդ արարածի հետ։ Հակառակ մարդկային ցեղին ամբողջական ապականութեան, Աստուած Նոյին կ՚ըսէ. «Քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ» (Ծն 6.18)։

Տեսնելով Աստուծոյ արժեւորումը մարդկային ընկերութեան, կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Աստուած, որ նաեւ բարոյական դատաւոր է՝ հարկադրուած զգաց մաքրել եւ սրբել աշխարհը։ «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր» (Ծն 6.11-12)։ Հակառակ այս բոլորին, Աստուած Նոյին ըսաւ. «Քեզի հետ իմ ուխտս պիտի կնքեմ»։

Ուստի, ուխտը Աստուծոյ շնորհքին արտայայտութիւնն է, որ տրուած է ի դիմաց մարդկային մեղքին եւ դատաստանին։ Աստուած պիտի դատէ մեղքը, սակայն միաժամանակ, Աստուծոյ ուխտը կը խոստանայ յայտնել Իր շնորհքը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018