ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Բ.)

Առաջին Տիեզերական Ժողովը գումարուեցաւ Նիկիա քաղաքին մէջ, 325 թուին, Յունիս 19-ին։ Ժողովը գումարուեցաւ Բիւզանդիոնի կայսեր Կոստանդիանոս մեծի հրամանով, որուն մասնակցեցան բոլոր Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրապետները՝ թիւով 318 հոգի։ Ժողովին հիմնական նպատակն էր Աղեքսանդրիայի երէց՝ Արիոսի ուսուցումներուն քննութիւնն ու դատապարտութիւնը, ապա՝ նզովումը։

Ո՞վ էր Արիոս եւ ի՞նչ էր անոր ուսուցումը

Արիոս (250-336) Լիբանանէն էր։ 300 թուին Մելիտոսի հերձուածողական «ակումբին» անդամ դառնալէ դադրելով, կը դիմէ Աղեքսանդրիայի Պետրոս Եպիսկոպոսին՝ զղջալով իր ըրածին, ներողութիւն խնդրելով, եւ փափաք յայտնելով վերստին միանալու հաւատացեալներու կարգին։ Պետրոս Եպիսկոպոս նկատի կ՚առնէ Արիոսի մտաւոր ընդունակութիւնը եւ անոր ընդարձակ հմտութիւնը, կ՚ընդունի զայն եւ սարկաւագ կը ձեռնադրէ։ Բայց Պետրոս Եպիսկոպոսը երբ կ՚իմանայ, թէ Արիոս դարձեալ ծածուկ կերպով յարաբերութեան մէջ մտած էր մելիտոսականներու հետ, կը բանադրէ զայն՝ Եկեղեցւոյ ծոցէն հեռացնելով։ Արիոս իր ըրածին կը զղջայ եւ դարձեալ ներողութիւն կը խնդրէ այս անգամ Պետրոս Եպիսկոպոսի յաջորդ՝ Աքիլլէէն եւ կ՚աղաչէ, որ իր բանադրանքը զերծ համարէ։

Տարիներ ետք, 313-ին, երբ Աքիլլէ կղերը կը վախճանի, Արիոս կը փափաքի որ ինք իր յաջորդը ըլլայ, սակայն հաւատացեալները կը մերժեն եւ անոր փոխարէն կ՚ընտրեն Աղեքսանդր Քահանան իբրեւ եպիսկոպոս Աղեքսանդրիայի։ Ասկէ ետք է, որ գժտութիւններ կը յառաջանան Արիոսի եւ Աղեքսանդր Եպիսկոպոսի միջեւ, նոյնիսկ հաւատացեալները կը սկսին զիրար աղանդաւորականներ կոչել։ Արիոս Աղեքսանդրը կը մեղադրէ, իբրեւ թէ Սաբեղղեան աղանդաւորներու «միտք» կը քարոզէր։ Երբ Արիոս եւ Աղեքսանդր իրարու դէմ յանդիման կու գան, կը սկսին վիճաբանիլ։ Արիոս կը փորձէր ցոյց տալ Աղեքսանդրի սխալ ըլլալը։ Արիոս խելացի, ճարտարախօս ըլլալով, նրբամիտ խօսքերով կը կարողանայ իր յետին միտքերը առաջ տանիլ եւ նոյնիսկ ժողովրդականութիւն շահիլ ու իր կողմը քաշել 70 կոյսեր, 12 սարկաւագներ, 7 քահանաներ եւ քանի մը եպիսկոպոսներ։ Անոր քարոզութիւնը շուտով կը տարածուի Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ այլ շրջաններու մէջ։ 320 թուին, Աղեքսանդր Եպիսկոպոս ապագայ վտանգին առաջքը առնելով՝ 100 եպիսկոպոսներով ժողով մը կը գումարէ, որուն ընթացքին հերետիկոսներու քարոզած միտքերը կը քննէ եւ կը նզովէ զանոնք եւ Աղեքսանդրիայէն կ՚աքսորէ, որոնցմէ էին Սոկրատ ու Սողոմէ անունով նշանաւոր աղանդաւորները։

Արիոս այս տեսնելով, Նիկոմիդիայի եպիսկոպոս՝ Եւսեպիոսին կը դիմէ, ցոյց տալով թէ Աղեքսանդր Եպիսկոպոսը անարդարօրէն կը հալածէ զինք ու իր հետեւորդները եւ անոր հովանաւորութիւնը կը խնդրէ, ապա Պաղեստին կը փոխադրուի, ուր մեծ յաջողութիւն կը գտնէ եւ կը սկսի իր քարոզչութիւնը տարածել։ Աղեքսանդր Եպիսկոպոս այս տեսնելով՝ շրջաբերական նամակներով բոլոր Եկեղեցիներուն Արիոսի աղանդաւոր եւ բանադրեալ ըլլալը կը յայտնէ, որպէսզի հաւատացեալները չգայթակղին։ Արիոս ճարահատ իր կոմնակից եպիսկոպոսներուն կը դիմէ՝ բարեխօսելու համար Աղեքսանդր Եպիսկոպոսին, որպէսզի ներէ իրեն։ Արիոս ինքզինք կ՚արդարացնէր ըսելով, թէ այլեւս դադրած էր նոր քարոզութիւններ կատարելէ։ Բայց Աղեքսանդր Եպիսկոպոս անոնց բարեխօսութիւնը չ՚ընդունիր ու Արիոսի նզովքը իր վրայէն չի վերցներ։ Արիոս զայրացած՝ Բեթանիայի մէջ իր կողմնակիցներով ժողով մը կը գումարէ, ուր կ՚արդարանայ եւ այսպիսով իր վրայէն բանադրանքը չեղեալ կը նկատուի եւ ուղղափառ կը յայտարարուի։

Աղեքսանդր Եպիսկոպոս շատ կը վշտանայ ի տես այս արարքին, անմիջապէս Կոստանդին կայսրին կը դիմէ՝ այս խայտաբղէտ երեւոյթին առաջքը առնելու համար։ Կոստանդին կայսրը երբ կը լսէ, թէ Եկեղեցւոյ մէջ այսպիսի պառակտումներ տեղի կ՚ունենան, իսկոյն կը վրդովի։ Նամակ կ՚ուղարկէ թէ՛ Արիոսին եւ թէ Աղեքսանդր Եպիսկոպոսին, որպէսզի հաշտուին։ Կայսրը տեսնելով, որ իր նամակը ոչ մէկ արդիւնքի կը ծառայէ, Աղեքսանդրիա կը ղրկէ Սպանիոյ Քորտոպա քաղաքի Որիոս Եպիսկոպոսը, որ իր անձնական խորհրդատուն էր, որպէսզի հարցը քննէ։ Որիոս Եպիսկոպոս նոյնպէս ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի, ընդհակառակը վէճերը աւելի կը սաստկանան ու կը սրուին, մանաւանդ հարց կը ծագի, թէ այդ տարուան Զատիկը ե՛րբ պէտք է տօնել։

Կը յիշուի, թէ այդ շրջանին Մելիտոս անունով եպիսկոպոս մը կար, որ կուռքերուն զոհ մատուցած ըլլալուն համար՝ կարգալոյծ եղած էր եւ ապա բռնի ուժով դարձեալ եպիսկոպոսութեան բարձրացած էր, սակայն անհնազանդ գտնուած էր Աղեքսանդր Եպիսկոպոսին նկատմամբ, անկարգութիւններ կատարած էր եւ իր կողմնակիցներով Արիոսի կողմը անցած էր։

Այս բոլորը նկատի առնելով, ուղղափառ բոլոր եպիսկոպոսները կը դիմեն կայսրին, որպէսզի ընդհանուր ժողով մը գումարէ, բոլոր եպիսկոպոսները կանչէ եւ կարգ ու կանոն հաստատէ։ Կայսրը սիրով կ՚ընդունի ու կը հրամայէ, որ աշխարհի բոլոր յայտնի եպիսկոպոսներուն հրաւիրագիր ղրկուի եւ զանոնք Նիկիա կանչել կու տայ։

Հայ Եկեղեցիէն հրաւիրուած էին Տրդատ թագաւոր եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ, որոնք ծերութեան պատճառով իրենց փոխարէն Լուսաւորիչի կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը կը ղրկեն։

325 թուին, բոլոր եպիսկոպոսները Նիկիոյ մէջ կը հաւաքուին՝ թիւով 318 հոգի, որոնցմէ մին էր Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէսը։ Ժողովը Կոստանդիանոս կայսեր նախագահութեամբ կը գումարուի։

Արիոսականութեան գաղափարական ակունքները խորքին մէջ հրէական միաստուածութիւնը եւ միջինպղատոնականութիւններն էին, որոնցմէ Արիոս Աստուծոյ կատարեալ միակութեան եւ ինքնափակ եզակիութեան գաղափարը առած էր։ Ըստ Արիոսի՝ կայ մէկ եւ միակ Աստուած, այդ Հայր Աստուածն է։ Մնացած ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, իր էութեամբ Աստուծոյ խորթ է եւ ոչ յարիր։ Աստուածային գոյութեան կատարելութիւնը կը բացառէ այն բանի հնարաւորութիւնը, որ Աստուած Իր էութիւնը ուրիշի մը կը հաղորդէ կամ կը յատկացնէ։ Ըստ այդմ, Բանը՝ Աստուծոյ Որդին, որպէս անձ, որպէս գոյաւոր էակ, խորթ է եւ Հօրը նման չէ։ Ան իր գոյութիւնը Հօրմէն կը ստանայ, ինչպէս միւս արարածները, եւ արարչութեան մէջ որպէս միջնորդ հանդէս եկած է՝ աշխարհի տնօրինութեան համար։ Հօր եւ Որդիին միջեւ գոյութիւն ունի ժամանակային տարածք, եւ Որդին Հայր Աստուծոյ պէս համայաւերժ չէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, ըստ Արիոսի, երկու «անսկիզբներ» կ՚ըլլային, այսինքն՝ երկու «սկիզբ», եւ միաստուածութեան ճշմարտութիւնը կը ժխտուէր։ Այլ խօսքով՝ Որդին չէ եղած եւ ապա յառաջացած է, այսինքն՝ արարած է։ Այդ պատճառով Որդին «փոփոխական» բնութիւն ունի, ինչպէս այլ յառաջացած բաները, իսկ աստուածային փառքը Անոր դուրսէն կը հաղորդուի՝ «ըստ շնորհքի»։

Ծանօթ ըլլալով Եկեղեցւոյ վարդապետութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մասին, Արիոս զուգահեռներ կը կատարէ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ միջինպղատոնականներու տիեզերաբանական պատկերացումներու միջեւ եւ կ՚եզրակացնէ, որ Որդին (նաեւ Սուրբ Հոգին) պէտք է դուրս հանուի աստուածային ոլորտէն եւ վերագրուի Արարիչին եւ արարուած աշխարհին (հիւլէ) միջեւ գտնուող «միջանկեալ» ոլորտին, զոր, ըստ անոր, նոյնպէս ստեղծուած է, թէեւ գերակայ է միւս արարածներու նկատմամբ։ 

Նիկիոյ Ժողովը խստիւ կը դատապարտէ ու կը նզովէ Արիոսը իր 20 ժողովական եպիսկոպոսներուն եւ բոլոր կողմնակիցներուն հետ։ 20 կանոններ կը հաստատէ եւ «Հաւատոյ Հանգանակ»ը կը կազմէ։ Այստեղ պէտք է ընդգծել, թէ ներկայիս Պատարագի մէջ արտասանուած «Հաւատամք»ը տարբեր է Նիկիոյ Ժողովին պարունակած հանգանակէն։ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարք կը լուսաբանէ ըսելով, թէ՝ «Մեր գործածած հանգանակը Աթանասեան խմբագրութիւն մըն է, Նիկիականին վրայ ձեւուած, բայց քիչ մը աւելի ճոխացած, ժողովէն ետքը յարուցուած խծբծանքներն ալ հերքող»։

Արիստակէս Եպիսկոպոս Ժողովին կանոններն ու «Հաւատոյ Հանգանակ»ը իր հետ Հայաստան կը բերէ։ Իսկ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր կարգին «Իսկ մեք փառաւորեսցուք»ը կը յաւելու, որ ձեւով մը Նիկիական Հանգանակին ամփոփումն է։

Այսօրուան Սուրբ Պատարագին ընթացքին մեր գործածած «Հաւատոյ Հանգանակ»ն է.

«Հաւատամք ի մի Աստուած.

ի Հայրն ամենակալ.

Յարարիչն երկնի եւ երկրի.

երեւելեաց եւ աներեւութից:

Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս. յՈրդին Աստուծոյ.

ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ. Միածին.

այսինքն՝ յէութենէ Հօր:

Աստուած՝ յԱստուծոյ. լոյս՝ ի լուսոյ.

Աստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ.

ծնունդ եւ ո՛չ արարած:

Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր.

որով ամենայն ինչ եղեւ յերկինս եւ ի վերայ երկրի.

երեւելիք եւ աներեւոյթք:

Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան

իջեալ յերկնից՝ մարմնացաւ. մարդացաւ.

ծնաւ կատարելապէս

ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով,

որով էառ մարմին. հոգի եւ միտ.

եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ.

ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք:

Չարչարեալ. խաչեալ. թաղեալ,

յերրորդ աւուր յարուցեալ,

ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն.

նստաւ ընդ աջմէ Հօր,

գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր՝

ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս,

որոյ թագաւորութեանն ո՛չ գոյ վախճան:

Հաւատամք եւ ի Սուրբ Հոգին.

յանեղն եւ ի կատարեալն.

որ խօսեցաւ յօրէնս եւ ի մարգարէս եւ յաւետարանս,

որ էջն ի Յորդանան.

քարոզեաց յառաքեալսն

եւ բնակեցաւ ի սուրբսն:

Հաւատամք եւ ի մի միայն

Ընդհանրական եւ Առաքելական (Սուրբ) Եկեղեցի:

Ի մի մկրտութիւն. յապաշխարութիւն.

ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց:

Ի յարութիւն մեռելոց.

ի դատաստանն յաւիտենից՝ հոգւոց եւ մարմնոց.

յարքայութիւնն երկնից եւ ի կեանսն յաւիտենականս»:

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018