ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ե.

ՀՕՐ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք է որ Իմ մասիս կը վկայէ» (Յհ 5.37):

Մեկնութիւն. Ասիկա ըստ կարգի երրորդ վկայութիւնն է, եւ երկրորդ՝ ըստ աստուածային գործերուն: Պատգամը [յայտարարութիւնը] վկայութիւն կը լսուի, իսկ գունակը՝ նման:

Հարցում. Հայրը ինչո՞ւ համար երկինքէն վկայեց:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ վկան երկնաւոր է: Երկրորդ՝ թէ վկայուածը երկինքէն է: Երրորդ՝ հաւատքով լսողները երկինք կը հանէ: Չորրորդ՝ որպէսզի շատերը Աստուծոյ ձայնը լսեն:

Ի՞նչ էր ձայնը, այսինքն՝ «Սա՛ է Իմ սիրելի Որդիս» (Մտ 3.17: Մր 9.6): Սա ըսելով կը ցուցնէ, թէ բնութեամբ միաւորուած է, որովհետեւ չըսաւ, որ ատոր մէջ է: Դարձեալ, կը ցուցնէ մէ՛կ անձնաւորութիւնը եւ մէ՛կ դէմքը մարդացեալ Բանին, քանի որ չըսաւ՝ ատոնք են Իմ Որդիս, որովհետեւ բնութեամբ Որդի է եւ ո՛չ՝ շնորհքով, այդ պատճառով սիրելի կ՚ըսէ, այսինքն՝ Իմ էութենէս ծնած ու փառակից Որդի: Այս վկայութիւնը Թաբօր լերան վրայ ու Խաչին մօտ եւս վկայեց փառքին համար, սակայն տակաւին միայն մկրտութեանը սորված էին:

Խօսք. «Դուք երբեք չէք լսած Անոր ձայնը եւ ոչ ալ տեսած Անոր դէմքը. Ոչ իսկ Իր խօսքը տեղ գտած է ձեր սիրտերուն մէջ» (Յհ 5.37-38):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ այդպիսի ձայն երբեք չէին լսած, քանի որ թէեւ Աբրահամին ու Մովսէսին ձայն լսուեցաւ, սակայն ո՛չ թէ Իմ Որդիս, եւ թէ օրինակը տեսան՝ աղաւնին Նոյի ժամանակ, եւ այլն, սակայն ճշմարիտ աղաւնակերպ Հոգին այնտեղ տեսան,  եւ թէեւ Բանն Աստուածը Գիրքին մէջ ունէին, սակայն՝ արդիւնքն ու կատարումը, որ մարմնացեալ Բանն էր, այժմ իրենց մէջ տեսան՝ մարմինով բնակած: Տե՛ս այնտեղ, ուր ըսաւ. «Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» (Յհ 1.14), այստեղ տարակոյսը կը վերցնէ, որովհետեւ բնակիլը այն է, որ մարմինով մարդոց մէջ բնակեցաւ, ապա թէ բնակութեամբ է մարմինին մէջ, ինչպէս երկաբնակը կ՚ըսէ, եւ մեր մէջ՝ բնակութեամբ, առաւել բան մը չէ քան մերինը եւ այլ սուրբերունը: Եւ դարձեալ, բնակարանը մեր մէջ կը բնակի եւ ոչ՝ բնակիչը, եւ դարձեալ՝ մենք տաճարին տաճար կ՚ըլլանք ու ո՛չ թէ Աստուծոյ:

Խօսք. «Դուք երբեք չէք լսած Անոր ձայնը» (Յհ 5.37):

Մեկնութիւն. Դարձեալ, ոմանք այսպէս կը մեկնեն, թէ աստուածային բան մը երեք կերպով ցոյց կը տրուի.

Նախ՝ զգալի նշանով, ինչպէս մկրտութեան եւ Թաբօր լերան վրայ եղաւ զգալի ձայնով, եւ այնպէս չյայտնուեցաւ անոնց,  որովհետեւ ըստ ոմանց հրեաները մօտիկ չէին՝ Քրիստոսի հալածիչները, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Անոր ձայնը չլսեցիք»:

Երկրորդ. բան մը ցոյց կը տրուի Աստուծմէ աստուածային էութեան տեսութեամբ, ինչպէս որ երանելիներուն յայտնի է, եւ այս բանը Քրիստոս հրեաներուն համար կը բացառէ՝ ըսելով. «Անոր դէմքն ալ չէք տեսած», այսինքն՝ էութիւնը:

Երրորդ. բան մը ցոյց կը տրուի աստուածային ազդումով միտքերուն, եւ այս ալ կը վերցնէ անոնցմէ՝ ըսելով. «Ոչ իսկ Իր խօսքը տեղ գտած է ձեր սիրտերուն մէջ» (Յհ 5.38), եւ ապա Քրիստոս ցոյց կու տայ պատճառը:

Խօսք. «Քանի դուք չէք հաւատար Անոր՝ որ Ինք ղրկեց» (Յհ 5.38):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել, ասիկա եղաւ ո՛չ թէ Հօր Աստուծմէ բան մը պակաս ըլլալուն համար, այլ՝ ձեր անհաւատութեան պատճառով, եւ ասոր մօտիկ Քրիստոս Աստուածաշունչ Գիրքերու վկայութիւնը կը դնէ:

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսք. «Քննեցէ՛ք Սուրբ Գիրքերը» (Յհ 5.39):

Մեկնութիւն. Ասիկա չորրորդ վկայութիւններն են, եւ որովհետեւ ըստ Օրէնքին մարդու մը խօսքը երեք վկաներով կը հաստատուի, եւ քանի որ Քրիստոս Աստուած մարդացած էր, պէտք է չորս վկայ ըլլան, այդ պատճառով եւ չորս աւետարանիչները Քրիստոսի վկաները եղան:

Ու տես վկաներուն գեղեցիկ կարգը՝ վարէն դէպի վեր. նախ՝ Յոհաննէսինը դրաւ, որովհետեւ մարդ էր, ապա գործերունը, որովհետեւ մարդացած Աստուած էր, եւ ապա բարձրագոյնը՝ Հօրն ու Սուրբ Հոգիինը:

Եւ Սուրբ Գիրքերուն վկայութիւնը հաւասար է երեքին ալ. նախ՝ որովհետեւ Սուրբ Հոգիէն է, երկրորդ՝ նոյն վկայուածին մասին է: Իսկ չորսով ալ աւելի. նախ՝ որովհետեւ վկաներէն բացակայ է, երկրորդ՝ որովհետեւ բազմաթիւ էին, երրորդ՝ որովհետեւ բազմաթիւ խօսքեր, չորրորդ՝ որովհետեւ բամաթիւ անգամներ միտքերուն մէջ կը վկայեն:

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իսկ որ կ՚ըսէ՝ «քննեցէ՛ք Սուրբ Գիրքերը», բազմաթիւ տեսութիւններ ունի, ու վեց միտքով կ՚ըսեմ.

Նախ՝ Գիրք ըսելով Մովսէսին Օրէնքն ու բոլոր մարգարէները կը նշանակէ, ու քննեցէ՛ք կ՚ըսէ եւ ո՛չ թէ կարդացէք. նախ՝ որովհետեւ ընթերցելը զգայութիւններուն յատուկ է, իսկ քննելը՝ միտքերուն: Եւ դարձեալ՝ Գիրքը կ՚ընթերցենք իսկ միտք բանին կը քննենք:

Երկրորդ՝ քննեցէ՛ք կ՚ըսէ, որովհետեւ խօսքերը, որոնք Քրիստոսի մասին են Սուրբ Գիրքերուն մէջ շատ ծածուկ են ու յայտնի չեն, այլ՝ գանձերու պէս պահուած են, ըստ այնմ. «Խորերը կը դնէ իր գանձը» (հմմտ. Սղ 33.7): Եւ այս է քննել, ինչպէս աղբիւր, որովհետեւ երկիրէն կը պեղենք եւ որպէս ոսկեայ գոհար հողէն կը սրբացնենք, ըստ այնմ. «Տիրոջ խօսքերը մաքուր խօսքեր են. հողէ բովքի մէջ զտուած, եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են» (Սղ 12.6):

Երրորդ՝ քննեցէ՛ք կ՚ըսէ, այն է, երբ վարդապետները դասը կ՚ըսեն քննութեամբ եւ աշակերտները վերստին կը քննեն՝ խօսքը յիշելով միտքին ու լեզուին մէջ, ինչպէս որ մաքուր կենդանիները կերակուրները կ՚որոճան:

Չորրորդ՝ օտար գրութիւնները կը քննենք, ինչպէս արօտականները իրենց հոտով վնասակարէն կը փախչին ու շահեկանները կը ճարակեն, այդպէս ալ մեր մէջ հերձուածողներու գրութիւններէն պէտք է փախչիլ ու ուղղափառներէն սորվիլ, եւ ինչպէս որ դրամը երեք կերպով կ՚որոշեն. նախ՝ ծածկեալ պղինձը, երկրորդ՝ գրութեան պատկերը, երրորդ՝ թեթեւը կ՚որոշեն, այդպէս ալ վարդապետները պէտք է խօսքերը ճանչնան, սխալն ու ճշմարիտը որոշեն, եւ այլն:

Հինգերորդ՝ «Քննեցէ՛ք Սուրբ Գիրքերը»: Գիրքը օրինակ է նոյնինքն մեր Տիրոջ, որովհետեւ Աստուծոյ Բանը գրուեցաւ, այսինքն՝ մարմինին միացաւ, առաւ մելանը՝ կուսական սուրբ արիւնը, եւ գրիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ Հօր կամքով գործակից եղաւ: Եւ դարձեալ՝ ինչպէս որ գիրքը տեսանելի է իսկ խօսքը՝ անտես կերպով ծածկուած, այդպէս ալ Քրիստոսի մարմինը տեսանելի է, իսկ Բանը՝ ծածկուած: Եւ դարձեալ՝ ինչպէս որ գիրքը երեք մասերը միացած է, այսինքն՝ գիրք, խօսք եւ միտք, այդպէս ալ երեքէ միացած է մէ՛կ Քրիստոսը, այսինքն՝ մարմին, հոգի եւ Բանն Աստուած միաւորուած մ՚է Քրիստոս եւ մէկ Որդի խոստովանուած:

Վեցերորդ՝ քննեցէ՛ք Սուրբ Գիրքերը սոյնպէս, որովհետեւ արտաքինները, ինչպէս որ ալֆաբետով Արարածոցին մէջ զԱստուած իմացան, իսկ Գիրքը՝ Մովսէսին, իբրեւ գիր ու հեգ: Եւ ուրիշ մարգարէներ եւս իբրեւ հեգ կ՚ընթերցէին եւ նոր օրէնքի միտք բանին ինչպէս վարդապետները կը սորվեցնեն Սուրբ Հոգիէն սորված ըլլալով, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին՝ կ՚ապրեցնէ:

Այս վեց միտքով կ՚իմացուի «քննեցէ՛ք Սուրբ Գիրքերը» ըսելը:

Խօսք. «Քանի կը կարծէք թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք« (Յհ 5.39):

Մեկնութիւն. Իրաւացի կերպով կ՚ըսէ «քանի կը կարծէք», եւ չ՚ըսեր՝ ունիք. նախ՝ ըստ Ոսկեբերանին, որովհետեւ Գիրքին արդիւնքն ու պտուղը չունէին, այսինքն՝ հաւատքն ու իմացումը, այլ՝ միայն Գիրքերը կ՚ընթերցէին եւ ատով կը կարծէին թէ փրկութեան կը հասնին: Եւ սոյնպէս մեկնելով Քրիստոս այս մէկը ըսաւ նախատելու համար հրեաները: Դարձեալ, կարելի է եւ այսպէս մեկնել խօսքերը՝ ի գովութիւն Սուրբ Գիրքերուն, որոհետեւ անոնցմով կը կարծէք, այսինքն՝ անոնց հաւատքով ու պահապանութեամբ մարդ կեանքի փրկութեան կը հասնի: Եւ սոյնպէս է Սուրբ Գիրքը, որովհետեւ անոնք որոնք կը գրեն, անոնք որոնք կ՚ընթերցեն, անոնք որոնք կը մեկնեն ու անոնք որոնք կը լսեն, հաւատքով կը պահեն, եւ պատճառ է յաւիտենական կեանքի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 49

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2020