ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 1
Ակադեմական, նաեւ պարզ ընկերային մակարդակով յաճախ կրկնուող արտայայտութիւն մըն է պատմական արդարութիւնը եւ ունի հասկացողական լայն ենթաբաժանումներ, որոնց մէջ հիմնականն են՝ քաղաքականը, ընկերայինը եւ տնտեսականը:
Պատմական արդարութիւնը ունի երկու ընկալում՝ իր իրաւագիտական ու իրաւական պատմական գործակատարումներու առընթեր, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ ստացած են զանազան տարազներ եւ ունեցած են բազմաթիւ քաղաքական ու տնտեսական դրսեւորումներ: Առաջինը՝ պատմական արդարութիւնը պատկերացնելը կամ անոր իրագործումը սերտողութեան առարկայ դարձնելը համամարդկայինն է եւ ամբողջ մարդկութեան գիտակցութեան եւ ձգտումին մէջ կայ: Միեւնոյն ժամանակ պէտք է նշել, որ համամարդկայինը, իր ամէն մարմնաւորումներով, չի կրնար դրսեւորուիլ՝ առանց ազգայինի կամ ինքնութեան մը արմատով, որ կը ծլի, կը մեծնայ, կը կայանայ եւ յետոյ կը վերածուի համամարդկայինի:
Բոլոր կայսրութիւնները, որոնք նուաճման ու եղափոխութեան բնական ուղեգիծով մը համամարդկայնութեան մեքանիզմը որդեգրած են իրենց նուաճումներէն վերջ, սկսած են ազգայինէ մը: Հռոմէականը, անգլիականը, սպանականը եւ այլն վառ օրինակներ են համամարդկայնութեան կազմումի այսպէս ըսած՝ վազքին եւ հասանումին: Քաղաքակրթականը համամարդկային երանգաւորում ունի, իսկ քաղաքակրթութիւն կերտելը
կ՚ենթադրէ համամարդկային արժէքաբանութիւն: Նոյնիսկ կրօնական կայսրութիւնները. օրինակ՝ արաբներու ու խաչակիրներու հիմնածները ունին ինքնութեան յատկանիշներ՝ ճիւղաւորուած նոյն տեղածին ժողովուրդէ մը, որուն մէջ երբ յայտնուած է մարգարէ կամ քարոզիչ մը, ան եղած է նախասկզբունքով ազգ կամ մշակոյթի մը ներկայացուցիչը: Հաւանաբար, միակ բացառութիւնը ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է, որ ինչքան ալ հիմնուած ըլլայ առաւելապէս անկլոսաքսոն կամ իրլանտական նկարագրականութեան ու մշակութաբանութեան վրայ, միեւնոյն ժամանակ եւ միախառնօրէն կազմաւորուած է տարբեր ազգերու միաձոյլ ջանքերով եւ շատ իւրայատուկ տիպարով ներկայացած է աշխարհին՝ նոր սահմանում մը յառաջ բերելով կայսրութեան մը յաջողութեան վերաբերեալ:
Արդարութեան համամարդկային իղձը կայ իւրաքանչիւր մարդ արարածի մէջ՝ իբրեւ պատկերացում եւ տեսակ մըն ալ նպատակ, ինչքան ալ ենթակայական ըլլան այդ պատկերացումներն ու նպատակը՝ կախեալ տուեալ անձի կրօնական, ազգային, տեղային կամ մշակութային գիծերէն: Մարդը՝ իբրեւ անհատ ընկերային ու քաղաքական էակ ըլլալու առընթեր, տեղ մը վեր է նաեւ անոնցմէ ալ: Անհատը իր գերանձնականացմամբ, տեղաւորուած մտապատկերմամբ, հոգեկառոյցով եւ նկարագիրով կը մնայ միակ արարած եւ անձ:
Իւրաքանչիւր ազգակերտման, գաղափարախօսութիւններու, կրօններու եւ վարչակարգերու նպատակայնութիւնը նախ անհատ-անձերուն այսպէս ըսած՝ գրաւումն ու սիրաշահումն է։ Իսկ ինչքան ալ մեծ, ձուլող եւ տիրական ըլլայ անհատի ենթարկուածութիւնը կամ մեղմ ըսած՝ ընդելուզումը մեծ ժողովրդային-ազգային համակարգերու, տեղ մը նոյնիսկ ամենաչնչին ձեւով ունի անհատականութեան հասկացողութիւն տուեալ համակարգին մէջ: Այս առիթով, ինչքան ալ «արդարօրէն» գանգատին ազգայնականները ներկայ ժամանակներէն, դրական կարելի է համարել 21-րդ դարու համաշխարհայնացման մէջ մարդոց աւելի ներանձնական ու ազատ անհատական կերտուածքը իրագործելու առիթի ընծայումն է՝ ինչքան ալ յարաբերաբար խիտ ու մութ համարուին արդի աշխարհի ղեկավարումները կամ ուղղորդումները:
Ուրեմն, մարդ անհատը մշտապէս կամ յարափոփոխօրէն ունեցած է եւ ունի իր ըմբռնումը՝ պատմական եւ այդ բանէն բխած քաղաքական ու տնտեսական համամարդկային արդարութեան շուրջ (այդ մէկը ազատօրէն արտայայտելու միջոցը չէ ունեցած հարկաւ), յետոյ բնականաբար կու գան հաւաքականութիւններն ու ժողովուրդները, որոնք գծագրուած են կամ ոչ պետութիւններով: Ասոնք ալ ունին իրենց մշտական ու յարափոփոխ պատկերացումները համամարդկային արդարութեան շուրջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024