ԱՀԱ, ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՀԱՍԱՒ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակին նուիրուած առաջին տօնը հասաւ այս տարի՝ նուիրուած Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի։ Ամէն տարի երբ այս տօնակատարութեան օրը կը հասնի, բազում յիշատակներով օծուն 2006-ի Ս. Թարգմանչացը կը յիշեմ։

Աթոռանիստ Մայր տաճարի հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեան նախագահն էր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտ ունենալով եպիսկոպոսաց, վարդապետաց եւ քահանայից դասը։ Տեսարանը շատ օտար չէր անցեալի Թարգմանչաց վարդապետաց տօներէն, քանի Պատրիարք Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ բազում կրթական մշակներ, մտաւորականներ ամէն տարի այս տօնին կը միանային Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի յիշատակութեան։ Աւանդութիւն մը հաստատուած էր պատրիարքական օրհնութեամբ կը շարունակէր տարիներ շարունակ, որով կրթական մշակներ կը զգային, թէ կրթական մշակը արժէքաւոր է, նոյնքան հոգեւորականը։ Աւանդութիւն մը ունէինք, որով գեղեցիկ առիթը կ՚ունենայինք միասնաբար նշելու Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր անուան տօնախըմ-բութիւնը։ Բայց ի՞նչ պատահեցաւ այդ օր, ի տարբերութիւն անցեալի հանդիսաւոր օրերէն։

Այս բոլորին առընթեր, այնպիսի գեղեցիկ անակնկալներ վայելեցինք, որով 2006-ի Թարգմանչացը դարձաւ անմոռանալի երջանկութեան եւ արդար հպարտութեան յուշակոթող։ Այդ տարին Ազգային Կեդրոնական վարժարանը, իր հիմնադրութեան 120-ամեակը կը բոլորէր, ինչպէս նաեւ վարժարանի վաստակաւոր տնօրէն Տիկին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանն ալ, որպէս տնօրէն պաշտօնավարութեան 25-ամեակը կ՚ողջունէր։ Ես ալ՝ աւազանի անունով Արթուն Կարապետ, տակաւին նոր շրջանաւարտ եղած էի այս պատմական վարժարանէն, որուն շրջանաւարտութեան հանդիսութեան եւս իր բարձր օրհնութիւնը բերած էր Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ս. Պատարագին երբ քարոզի պահը հասաւ, Պատրիարք Սրբազան Հայրը բեմ բարձրացաւ ու իր ոգեշունչ քարոզներէն մին խօսեցաւ ու Թարգմանչաց տօնի առթիւ՝ պատրիարքական պատգամը փոխանցեց ներկայ հոգեւորականներուն ու կրթական մշակներուն։ Երբ ամէն ինչ բնական հունով կ՚ընթանար, Մեսրոպ Պատրիարք կատարեց իր առաջին անակնկալը, որ դարձաւ կեանքիս ամենամեծ անակնկալն ու անմոռանալի յիշատակը։ Պատրիարք Սրբազանը իր քարոզի աւարտին յայտարարեց, թէ երիտասարդ Արթուն Տամատեանին պիտի շնորհէր «ուրարակրութեան մասնաւոր արտօնութիւն», նկատի ունենալով իր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանէ ներս որպէս եկեղեցւոյ սպասաւոր իր շահած համակրանքը։ Այդ պահուն բոլոր եկեղեցին շուարած էր այս հիանալի անակնկալով եւ ա՛լ աւելին ես անգամ տակաւին կը շարունակէի մտիկ ընել Պատրիարք Սրբազան Հայրը՝ կարծէք, թէ իմ անունը չէր յայտարարած։ Պատրիարք Հայրը իր մօտ կանչեց զիս, հրաւիրեց որ ծունկի գամ, որպէսզի ձախ ուսիս վրայ զետեղէ ծառայութեան խորհրդանիշ ուրարը։ Այդ օր, այդ պահուն, ուրարի ներկայութեամբ զգացի, թէ դժուար էր Քրիստոսի լուծը կրելը, բայց միեւնոյն ժամանակ աշխարհի ամենաքաղցր լուծն էր ան։ Որքա՜ն խորհրդաւոր անակնկալ մը, որուն մասին ընդմիշտ կրնամ խօսիլ ամէնուրեք։ Նոյն օրը, Պատրիարք Հայրը իր երկրորդ անակնկալով շուարեցուց այս անգամ Տիկին Սիլվան։ Նկատի ունենալով իր 25-ամեակը եւ որպէս մշակոյթի գործիչ տնօրէն, իրեն շնորհեց Պատրիարքական օրհնութեան կոնդակ։ Ահա, այսպէս դարձաւ 2006-ի Թարգմանչացը «Կեդրոնական»ի թարգմանչաց։ Ահա, այսպէս դարձաւ 2006-ը, անձնական յիշատակութիւններուս մէջ ծառայութեան գաղափարը շեշտող թարգմանչաց։

Պատրիարք Սրբազան Հայր, ձեր թողած ուրարը այսօր վերածուեցաւ փորուրարի։ Այսօր, մենք Ս. Թարգմանչացին չունինք ձեզ մեր մօտ, բայց ունինք ձեր թողած ուրարի նախապայմանը. ծառայութիւն, հաւատքով ծառայութիւն, Աստուծոյ սիրոյն ժողովուրդի ծառայութիւն։ Ամէն տարի երբ այս տօնին կը վերյիշեմ 2006-ի թարգմանչացի նկարը, փառք կու տամ 21-րդ դարու նախասեմին եկեղեցւոյ ծառայութեամբ անմահացած Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռամբ, որպէս իր աշակերտը ստացած եմ ծառայութեան առաջին լուծս։ Այսօր, քաջատեղեակ են ձեր բոլոր զաւակները, թէ այդ ուրարին մէջ խառնած էք նաեւ ձեր հաւատքն ու աղօթքը։

Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը շնորհաւոր ըլլայ նախ ձեզի՝ Պատրիարք Հայր։ Օրհեալ է ձեր թողած անակնկալը եւ օրհնեալ ըլլայ ձեր անցեալի բազմաբեղուն աշխատութիւնը։ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ բարեխօս ըլլան, իրենց անուանակից վարդապետին, ինչպէս նաեւ ծառայութեան լուծը միշտ բարձր պահէ Թագուհի թարգմանութեանց անուանեալ Ս. Գիրքի սպասաւորներուս մէջ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018