ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ՍՈՒՐՃԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱ՞Ն…
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Իտալիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող՝ ծովեզերեայ Թրիէսթէ քաղաքէն, ուր կը գտնուի սուրճի համալսարանը։ Այդ համալսարանը կը կոչուի Իլայ (Illy), որ հիմուած է այդ անունը կրող սուրճի արտադրութեան հռչակաւոր ընկերութեան կողմէ։
Կրնա՞ք երեւակայել որ կան մարդիկ, որոնք համալսարան կը յաճախեն որպէսզի սուրճ պատրաստել սորվին… Չէի գիտեր, որ սուրճ եփելն ալ գիտութիւն է! Ինչ որ է, անցնինք մեր բուն նիւթին։
Մենք բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ Իտալիոյ մէջ՝ սուրճը կը կոչուի espresso, որ լատիներէնէ թարգմանուելով կը նշանակէ «ճնշումի տակ», այսինքն՝ ճնշումի տակ պատրաստուած։ Ըստ իտալացիներուն ուրեմն, սուրճը իրենց «կրօնքն» է։ Մէկ խօսքով, իտալացիները շատ լուրջի կ՚առնեն իրենց սուրճը, որ պէտք է ըլլայ թէ՛ լաւ որակի եւ թէ լաւ պատրաստուած։
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերոյիշեալ համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Պարիսթա Սթեֆանօ Չիաննինի դիտել տուած է, որ 140 օրէնք կայ՝ գաւաթ մը լաւագոյն սուրճը պատրաստելու համար։ Իսկ այդ համալսարանը հովանաւորող վերոյիշեալ ընկերութիւնը՝ իր սուրճը կը ներածէ աւելի քան երկու երկվեցեակ (քսանչորս) տարբեր երկիրներէ։
Գալով Իտալիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Նափոլի քաղաքին՝ որ Թրիէսթէէն մօտաւորապէս 900 քիլօմեթր (600 մղոն) հեռու է եւ նշանաւոր է իր անունը կրող pizza-ով։ Հոն կը գտնուի սրճարան մը՝ Caffe Gambrinus անունով, որ աւելի հին է քան Իտալիան՝ որպէս հաստատուած երկիր։ Արդարեւ՝ այդ սրճարանը հիմնուած է երբ Նափոլին թագաւորութիւն էր։
Մարչելլօ Ուզի՝ որ Նափոլիի զբօսաշրջիկութեան նշանաւոր առաջնորդներէն է, կը հաստատէ, թէ սուրճը իսկապէս «կրօնք» է Իտալիոյ մէջ, իսկ՝ վերոյիշեալ սրճարանը, այդ կրօնքին «տաճար»ն է…
Մարչելլօ Ուզի հպարտութեամբ կ՚աւելցնէ, թէ «Ինչպէ՞ս կրնաք մրցիլ մեր անուանի սուրճին հետ, սա անկարելիութիւն մըն է եւ վերջ»։
ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՚ՈՒՏԵՍ՝ ՏԱՊԿՈՒԱԾ ՀԱՒԸ…
Այս դէպքը պատահած է Լուիզիանա նահանգին մէջ, ուր Սամիր Ճաֆրի անունով մէկը հետեւեալ անմեղ հարցումը զետեղած է իր դիմատետրի (Facebook) էջին վրայ։ Տապկուած հաւի կտորները (nuggets) կերած ժամանակդ՝ նախ կը կեղուե՞ս զանոնք։
Եւ ահա ամէն կողմէ աղմուկ բարձրացած է, թէ ինչպէ՞ս կը յանդգնի ան՝ նման հարցով մը հրապարակ իջնել։ Կարծես քրէական յանցանք մը գործած է Սամիր, որ դիմատետրի իր հետեւորդները սկսած են այպանել զինք եւ յանդիմանական պատասխաններով դաատապարտած են զինք։
Հիմա կ՚ուզեմ պարզաբանել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կեղուել՝ տապկուած հաւի կտորները, եթէ թոյլ տաք ինծի։ Արդարեւ հաւ սպասարկող Kentucky Fried Chicken ամերիկեան հռչակաւոր ընկերութիւնը, հաւի կտորները չտապկած՝ նախ զանոնք կը համեմէ եւ ալիւրի մէջ կը թաթխէ։
Ուրեմն կան մարդիկ, որոնք այդ տապկուած հաւի կտորները նախ կը կեղուեն եւ ապա կ՚ուտեն զանոնք, որպէսզի իւղոտ եւ ալիւրոտ մասերը՝ որոնք վնասակար են մեզի, զանց առնեն։ To each, his own՝ պիտի ըսէր ամերիկեան ասացուածքը։ Այսինքն՝ ամէն մարդ ազատ է նախընտրելու, իր ուտելու ձեւը՝ չէ՞ք խորհիր…
Բայց զարմանալին այն է, որ մարդիկ իրապէս վիրաւորուած են Սամիրի հարցադրումէն եւ հետեւեալ ձեւով պատասխանած են անոր՝ դիմատետրի միջոցաւ. «Սամիրը իսկական վտանգ մըն է մարդկային մեր ընկերութեան համար»։
Առ քեզի ազատութեան ռահվիրայ երկիր մը, ուր մարդիկ չեն կրնար իրենց ուզած ձեւով հաւ ուտել! Աւելի՛ն. ընտանիքներու մէջ կռիւ ծագած է այս հարցին շուրջ եւ այդ ընտանիքներու անդամները լարուած են իրարու դէմ, թեր ու դէմ կարծիքներով՝ հաւ ուտելու եղանակին շուրջ, կրնա՞ք հաւատալ։ Սա անհաւատալի կը թուի, բայց իրաւ է։
Եզրականացնելու համար ըսեմ, որ չէի խորհեր, որ սուրճ եփելու եւ կամ հաւ ուտելու եղանակները կրնային նիւթ դառնալ իմ յօդուածներուս, սակայն այս դարուս մէջ՝ ամէն ինչ կալելի է չէ՞…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ