ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ՉԱԽՄԱԽՃԵԱՆ). ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀՆՉԵՂՈՒԹԻՒՆԸ

2000 թուականի այս օրը՝ յունիսի 21-ին, Սիեթըլի մէջ, Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ, ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։

Հայ երաժշտական հանճարի մեծատաղանդ ներկայացուցիչներէն է Ալան Յովհաննէս, որ չորս տարեկանէն գտաւ ինքնադրսեւորման իր հնչեղէն ուղին եւ ամբողջ կեանք մը լեցուց արտասովոր երաժշտականութեամբ, աւանդականն ու արդիականը, հայկականն ու ամերիկեանը, արեւելեանն ու արեւմտեանը իւրայատուկ յուզականութեամբ, խոհականութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ համադրող բարձրարժէք արուեստով։

Միայն ծագումով հայ մը չեղաւ ան, այլ թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ աւելի քան 70 սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններով՝ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան։

Եղաւ, մանաւա՛նդ, հաւասարապէս թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի՝ սփիւռքահայու կրկնակ պատկանելութեան դրօշակիրներէն դառնալով։

«Ամերիկահայ»ու կրկնակ պատկանելութեան իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ՝ Ալան Յովհաննէս բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ աշխարհի ճակատագրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներուն հանդէպ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի իր մնայուն տեղը 20-րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ «Արարատ» հանդէսին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, տակաւին 1971 թուականին, մեծանուն երաժիշտը կատարեց մերկացումը ամերիկեան մեծապետական մոլորանքին՝ ինչպէս այդ օրերուն, նաեւ մեր ժամանականերուն համար ուղի լուսաւորող հետեւեալ պատգամը փոխանցելով.

«Թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր հանգրուան մը։ Ինքնակործանման վտանգին առջեւ ենք, ինչ որ մեծ վախով կը համակէ զիս։ Հին սերունդը անխղճօրէն կը կառավարէ ու կ՚իշխէ։ Եւ ունիմ այն զգացումը, որ ատիկա մեծ սպառնալիք մըն է մեր քաղաքակրթութեան համար։ Հսկայական ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց ագահութիւնը կը հակակշռէ կեանքը տեսակ մը վայրագութեամբ։ Կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւ աւելի վատթարացած է, որոշ իմաստով, որովհետեւ բնական գիտութիւնը մեզ տուած է աւելի ու աւելի մահացու զէնքեր եւ մարդկային ոգին կործանած է շատ մը պարագաներու… Ուստի՝ ի՜նչ օգուտ, որ ունինք աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրը, երբ կործանած է հոգին։ Անօգո՜ւտ է»։

Այս յօդուածը շատ սեղմ է՝ այսպիսի՛ տարողութեամբ մեծութիւնը իր կեանքով, ստեղծագործական ժառանգութեամբ եւ գաղափարական պատգամով մանրամասնօրէն ներկայացնելու համար։

Ալան Յովհաննէս ծնած է 1911 թուականի մարտի 8-ին, Մասաշուսեթց, Միացեալ Նահանգներ։ Զաւակն է Ատանա քաղաքէն եկած յայտնի քիմիագէտ Յարութիւն Վաննէս (Յովհաննէսի) Չախմախճեանի, որ դասախօս էր մեծահռչակ Թաֆթս համալսարանին մէջ։ Հայրը Թաֆթսի մէջ ծանօթացած ու ամուսնացած էր սկովտացի Մատլէն Սքաթի հետ, որ մինչեւ 1931 թուականի իր մահը ընդդիմացաւ զաւակը հայ մեծցնելու Վաննէս Չախմախճեանի հետեւողական ճիգերուն։

Կենսագիրները կը վկայեն, որ չորս տարեկանէն երաժշտութեան նուիրուած Ալանը, մօր ճնշումին եւ ազդեցութեան տակ, վաղ տարիքի իր ստեղծագործութիւնները կը ստորագրէր Ալան Սքաթ Վաննէս։

Ալան եօթ տարեկանին ի վիճակի եղաւ երաժշտութիւնը կարդալու եւ տասնչորս տարեկանին արդէն սիմֆոնիք գործեր կը յօրինէր։ Բայց ինչպէս որ յետագային ի՛նք վկայած է, ծնողքը դէմ էին երաժշտութիւն յօրինելու իր բուռն ցանկութեան։ «Հետեւաբար ստիպուած էի երաժշտական իմ յօրինումներս գրելու գիշերները, գաղտնի, բաղնիքի մէջ, եւ յետոյ զանոնք պահելու, որպէսզի ծնողքս չտեսնեն», խոստովանած է մեծ երաժիշտը։

Արլինկթըն քոլէճի աշակերտ էր, երբ արդէն գրեց իր առաջին երկու օփերաները, որոնք ներկայացուեցան քոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ։ Երգահանութեան նուիրուելու իր որոշումին մէջ, այդ տարիներուն, մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ իր ծանօթացումին։ 1929 թուականին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ան ուսումը շարունակեց Նիու Ինկլընտի երաժշտանոցին մէջ։ Այդ շրջանին գրեց «Արեւածագ» սիմֆոնին, որուն համար արժանացաւ «Samuel Endicott»ի մրցանակին:

Մինչեւ 1930-ականները եւ մօր մահը ստեղծած իր գործերը Ալան Սքաթ Վաննէս որոշեց փճացնել եւ կը պատմէ, որ օրերով իր նոթաները այրեց։ Որոշեց իր հայկական պատկանելութեան լիարժէք տէր կանգնիլ՝ առաջին հերթին մեծ հօր Յովհաննէս անունը ընտրելով իբրեւ ազգանուն։ Այդ մասին նաեւ առիթով մը խոստովանած է, որ ընտանեկան «Չախմախճեան» ազգանունը չընտրեց, որովհետեւ շրջապատին մէջ ոչ ոք ի վիճակի էր ճիշդ արտասանելու «զինագործ» բառին թրքացումով կնքուած իր հարազատ ազգանունը։

Այդ շրջանին սկսաւ իբրեւ երգեհոնահար նուագել Ուոթըրթաունի հայ առաքելական Ս. Ճէյմս եկեղեցւոյ մէջ, միաժամանակ թափով ստեղծագործական աշխատանքի նուիրուելով եւ «Tanglewood» երաժշտանոցին մէջ երգահանի մասնագիտական պատրաստութեան հետեւելով՝ 1942 թուականին արժանանալով գիտական կոչումի։ Ամերիկահայութիւնը անմիջապէս փարեցաւ իր երիտասարդ երգահանին եւ նիւթական անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցոյց տուաւ անոր, որպէսզի ամերիկեան մեծազդեցիկ «Mercury» ձայնասկաւառակի արձանագրութեան ընկերութիւնը իրարու ետեւէ հրապարակ հանէ Ալան Յովհաննէսի գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն ապահովեցին հայ երաժիշտին։

Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւորագոյն դարձակէտ մը եղաւ անոր ծանօթացումը հայ երաժիշտ Ենովք Տէր-Յակոբեանի հետ, որ հայկական եւ արեւելեան նուագարաններու օգտագործման հմուտ էր եւ Ալանի առջեւ լայն բացաւ ոչ միայն հայկական, քրտական, պարսկական ու արաբական, այլեւ՝ հնդկական, չինական եւ ճաբոնական աւանդական նուագարաններու եւ ազգային երաժշտութեանց անեզր աշխարհը։

Այդ ուղիով ալ ընթացաւ Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական բեղուն կեանքը։

1946 թուականին, երբ Պոսթընի երաժշտանոցին դասախօս էր, տեղւոյն հայ համայնքի մղումով ստեղծեց իր «Էջմիածին» օփերան։ 1952 թուականին ան փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր միացաւ «Ամերիկայի Ձայն»ի խմբագրութեան, երաժշտական բաժնի պատասխանատուութեամբ։ Շարունակեց ստեղծագործել եւ շուրջ կէս դար իր տիրական դրոշմը դրաւ ամերիկեան երաժշտական կեանքին վրայ՝ յատկապէս արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութիւնները ինքնուրոյն համադրութեամբ մշակելու իր մեծ տաղանդով։

Ալան Յովհաննէս, իր հօր օրինակին հետեւելով, իր կարգին ամուսնացաւ օտարի հետ՝ ծանօթ սոփրանօ Հինաքօ Ֆուճիարայի հետ։ Ունեցան դուստր մը, որ իր մօր հետ միասին հպարտութեամբ տէր կանգնեցան հայ մեծ երաժիշտի ազգային պատկանելութեան եւ երաժշտութեան՝ 2004-ին ձեռնամուխ ըլլալով Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսի տուն-թանգարանի ստեղծումին։

Ա՛յդ էր կտակը Ալան Յովհաննէսի, որ իր կենդանութեան միայն մէկ անգամ՝ 1965-ին բախտը ունեցաւ Հայաստան այցելելու եւ «իր սիրտը լեռներում թողնելու»…

Վկայութեանց համաձայն՝
«Ալան Յովհաննէս Հայաստան եկաւ 1965 թուվականին: Հայրենիքի մասին առասպելները յօդս ցնդեցան այն պահին, երբ Երեւանի մէջ տեսաւ Լենինի արձանը: Իր հայաստանեան շրջագայութեան մասին Վարպետը քիչ կը պատմէր: Միայն կը կրկնէր, որ այնտեղ Քրիստոսը դարձեած է սատանայ, իսկ Լենինը՝ աստուած: Խորհրդային Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսն կ՚անկեղծանար միայն այն ժամանակ, երբ հեռու կը յայտնուէր մայրաքաղաքէն, կարմիր դրօշներէն ու կուսակցական «ընկերներէն»…

«Ալան Յովհաննէս հայրենիքի մէջ երկար չմնաց. ծանօթացաւ գործընկերներուն, նուիրեց իր ստեղծագործութիւնները Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին ու հեռացաւ: Անոր հայաստանեան շրջագայութեան մասին պետական արխիւներու մէջ քիչ բան կայ:

«Երբ Խորհրդային Միութիւնը տապալեցաւ, եւ սկսաւ Արցախի ազատամարտը, Վարպետը արդէն ծեր էր ու, չնայած իր ցանկութեան, չէր կրնար գալ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ան հայրենիք վերադառնալու այլ ճանապարհ գտաւ. գրեց «Արցախ» սիմֆոնին՝ նուիրուած Արցախի հերոսամարտի քաջերուն»։

Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան) մահացաւ 21 յունիս 2000 թուականին եւ իր յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ սիւնակը կ՚արժէ եզրափակել «Ազգ» թերթի էջերուն Սառա Գասպարեանի հրատարակած հետեւեալ վկայութեամբ.

«Նիւ Եորքի դասական երաժշտութիւն սփռող ռատիօալիքներով յաճախակի կը հնչէ Ալան Յովհաննէս անունը: Աշխարհի մէջ թերեւս ոչ մէկ յօրինող այդքան խոր ու նրբօրէն զգացած է արեւելեան ժողովուրդներու ազգային նուագարաններու արժէքը եւ վարպետօրէն հնչեցնել զանոնք սիմֆոնիկ երաժշտութեան մէջ, որքան՝ Ալան Յովհաննէսը: Իր երկար, բեղուն ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ան խորապէս ուսումնասիրած է հնդկական ազգային երաժշտական գործիքները, քորէական Ah-Ak ոճը, ճաբոնական Պունրակու եւ Կակաքու երաժշտական ոճերը: Սիմֆոնիի եւ արեւելեան մեղեդիներու հետաքրքրական համադրութեան միջոցով յօրինողը արտայայտած է փիլիսոփայական խոհեր՝ բնութեան, տիեզերքի, աշխարհարարման մասին: Ծառի ու սարի նկատմամբ տածած իր յատուկ պաշտամունքը ծնունդ տուած է համանուն բազմաթիւ սիմֆոնիներու:

«Պատահական չէ, որ զայն համարած են դասական երաժշտութեան «Սոկրատէս»ը»:

Մինչ այդ, 1991 թուականին՝ երբ Ամերիկայի հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի յօրինողներու նուագախումբը համատեղ, «Քարնեկի Հոլ»ի մէջ մեծ շուքով նշեց Ալան Յովհաննէսի ծննդեան 80-եակը, կալա-համերգին 80-ամեայ մաէսթրոն ղեկավարեց իր նոր՝ «Արցախ» սիմֆոնիի համաշխարհային առաջին ներկայացումը։

Ալան Յովհաննէս կը համարուի 20-րդ դարու ամենաբեղուն յօրինողներէն մէկը, անոր պաշտօնական ստեղծագործական ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 67 համարակալուած սիմֆոնիներ (պահպանուած ձեռագրերուն մէջ սիմֆոնիներու թիւը աւելի քան 70 է) եւ 434 համարակալած գործ։

Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Անտրէ Քոստելիանեց գրած է. «Յովհաննէսը երաժշտութիւն գրող մեքենայ է... Անոր ստեղծագործութիւնները վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին երաժշտական աւանդութիւններով ստեղծուած լաւագոյն գործերն են ողջ աշխարհի մէջ»։

Մամուլը Յովհաննէսի երաժշտութեան հետեւեալ գնահատականները տուած է. «Երաժշտութիւն՝ բացառիկ տաղանդաւոր, ինքնատիպ, զօրեղ ու առնական», «Յովհաննէսը կը փնտռէ մեղեդիի ազատագրումը», «Ի՜նչ ուրախալի թեթեւացում է լսել ժամանակակից երգահանի մը, որ ըսելիք ունի եւ գեղեցիկ կ՚արտայայտէ այդ ըսելիքը»։

Ամերիկայի մէջ զայն կ՚անուանեն «յօրինող, որ առաջ կանգնած է միւսներէն», Ճաբոնի եւ Հնդկաստանի մէջ՝ «որոնող հայ», Անգլիոյ մէջ՝ «խաղաղ ամերիկացի»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021