ՍՈՒՐՃԻ ԲԱԺԱԿԻՆ ԴԻՐՏԸ
Ո՞վ չի փափաքիր ապագայի մասին բան մը տեղեկանալ: Յիրաւի բոլորս ալ, մանաւանդ կանայք, հետաքրքրուած ենք այս հարցով, հարկաւ տարբեր չափանիշերով: Ոմանք ուղղակի կը հետեւին կանխագուշակութեանց, աստղագիտութեան, գումարներ կը ծախսեն, մանաւանդ երբ տեղեկանան տեղ մը աստղագուշակի, թղթագուշակի, կամ նոյնիսկ սուրճի բաժակներ մեկնաբանողի մը գոյութեան մասին ու անմիջապէս կը փութան այդ վայրը, գալիքի մասին բան մը լսելու, բայց մանաւանդ այդ լսուելիքը կ՚ուզեն ,որ ըլլայ դրական, ու գոհացում մը տայ իրենց հեռանկարներուն․ ուրիշներ սակայն ականջ սրած մտիկ կ՚ընեն ու այնպէս մը կը ձեւացնեն, որ երբեք չեն հետաքրքրուած, որ սնահաւատութիւններ են ասոնք, բայց իրենք եւս չեն զլանար սուրճ խմելէ ետք բաժակ դարձնելէ, երբ ներկաներէն մին հմուտ բաժակ մեկնաբանող մը ըլլայ: Ու զարմանալիօրէն ալ կը մտապահեն կարդացուած բաժակին մանրամասնութիւնները, ու վա՜յ եկեր է այդ անձին, եթէ հաղորդած տեղեկութիւնները ճիշդ ելլեն: Բայց գիտէ՞ք, այս զրոյցները աւելի լաւ են քան ուրիշներու վրայ բամբասելը:
Բարեկամներով հաւաքուած ենք ու այս նիւթն է, որ կ՚արծարծուի: Բոլորը մի առ մի անձնական փորձառութենէ դրուագներ կը պատմեն, բայց յատկանշական է, մանաւանդ, բարեկամուհիիս՝ լիբանահայ Տիկին Սեդային պատումը, որ կը մտաբերէ իր իսկ նայած բաժակին մասին դէպք մը, ու.
-Երեւանի վարձած բնակարաններէս մէկուն դրացուհին՝ տեղացի, նորահարս Տիկին Սուսաննան յաճախ կու գար քովս ու շատ կը հետաքրքրուէր բաժակի մեկնաբանութիւններովս, որքան ալ պնդէի, որ բան չեմ հասկնար, ան ամէն առաւօտ սուրճը խմելէ ետք կ՚երկարէր բաժակը ու ինչպէ՜ս կը հաւատար ու միտքը կը պահէր իմ իսկ մոռցած խօսքերս, ու յաճախ ալ կու գար ու անոնց ճշդութիւնը կը հաստատէր. «Տեսա՞ր, բոլոր ըսածներդ տեղի ունեցան...»։ Ու ահա օր մը ան պիտի ճամբորդէր Ռուսաստան. բարի ճանապարհի սուրճէն ետք նորէն մեկնաբանեցի բաժակը ու գծագրուած սուրճի դիրտին նայելով. «Աղջի՛կ, դուն յղի՞ ես, զգոյշ եղի՛ր հա, բան մը չըլլայ»,- ըսի,- բացասական պատասխաններով հաստատեց, որ յղի չէ ու այս անգամուան ըսածներս անիմաստ թուեցան իրեն: Յաջորդ օրն իսկ հեռաձայնեց ու. «Դուն մարգարէ՞ ես, հիմա հիւանդանոցէն կը խօսիմ հետդ, Ռուսաստան հասայ, ծանր-ծանր պայուսակները փոխադրեցի ու սուր ցաւ մը մեխի պէս մխրճուխեցաւ կողս, շտապ օգնութիւն կանչեցինք, հիւանդանոց հասայ ու քննութիւններէն ետք յայտնուեցաւ, որ յղի էի ու վիժում ունեցած եմ, երանի ըսածներուդ կարեւորութիւն տայի ու զգոյշ ըլլայի: Որոշեցի յետ այսու բաժակիս նայիլ չտալ...»,- ես ալ զարմացած մտիկ կ՚ընէի ըսածները ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս բացատրէի այս պատահածը, թերեւս անիկա կարելի է համարել նշմար մը, որ իմ միջոցաւ փոխանցուեցաւ դրացուհիիս, կանխագուշակութիւն մը, ի՞նչ գիտնամ:
Հալէպահայ բարեկամներէս մէկը՝ Տիկին Շողերը կը մտաբերէ.
-Ես ալ որոշած եմ բաժակիս նայիլ չտալ, անոր մոլին էի ժամանակին, բայց տարիներ առաջ, երբ պզտիկ տղուս մանկապարտէզի հանդէսն էր ու պատրաստութիւններ կը տեսնէի, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ ու դրացուհիս եկաւ բանով մը օժանդակելու եւ թեթեւցնելու աշխատանքս, մինչ տղաս դպրոցն էր վերջին ընդհանուր փորձի համար, իսկ մեր բնակարանը շատ մօտ էր դպրոցին, կը յիշէ՞ք, չէ՞: Սուրճ խմեցինք ու բաժակիս նայելու առիթ չկար, արդէն դպրոցէն տղաս բերելու ժամը մօտ էր, բայց եւ այնպէս ստիպեցի, որ գոնէ մատնահետքիս գծագրութիւնը միայն մեկնաբանէ, ու. «Մանկական դէմք մը կը տեսնեմ, որուն բերնին մէկ կողմէն բան մը կը հոսի, լաւ չէ, Շողիկ, բայց մի հաւատար ճանըմ»,- ըսաւ ու բաժակը հակառակ դարձնելով պահեց իբրեւ թէ գծուածը այս ձեւով չ՚իրականանար եղեր. հազիւ դուրս ելած էր, առձեռն հեռաձայնս զանգեց ու օտար թիւ մըն էր.- «Տիկի՛ն Շողեր, կը ներէք անհանգստացնելուս, ես ձեր զաւկին ուսուցչուհին եմ, կանուխ աւարտեցինք փորձը ու ձեր զաւակը՝ Յակոբիկը բակը խաղացած միջոցին ինկաւ ու...»,- ես արդէն փողոց հասած էի ու ուսուցչուհիին խօսքին շարունակութիւնը չէի լսեր, մեքենայական շարժումներով, բնազդով կ՚առաջնորդուէի եւ արդէն իսկ հասած էի դպրոցի դարպասին դէմ ու ի՞նչ տեսնեմ` տղաս կզակէն վիրաւորուած, արմուկէն կապուած կապը փաթթուած է վիզին ու թեւը շարժելու անկարող է, միւս ձեռքով ալ ուսուցչուհիին ձեռքը բռնած է, որ դեռ հետս կը խօսի, բայց լռեց ու տղաս յանձնեց ինծի. «անցած ըլլայ»ով մը ողջունելով: Հարկաւ ոչ մէկը մեղադրեցի, ոչ ալ մէկու մը հետ խօսեցայ, չեմ ալ յիշեր ի՞նչ ըրի այդ պահուն, տնային հագուստներով, խելակորոյս հասայ տուն, դրացիիս խօսքերը կը կրկնուէին միայն մտքիս մէջ: Շատ դժուար պահ մըն էր, յիշելն իսկ կը սարսռացնէ ամբողջ մարմինս:
Հազիւ թէ որոշած էի բաժակս դարձնել, բայց աս պատահարները լսելէ ետք հրաժարեցայ, չըլլա՞յ որ բացասական դէպքի մը մասին մարգարէանան բաժակս մեկնաբանելով․ թող գալիք վայրկեանները, պահերը, օրերն ու տարիները ապրինք ճակատագրին տնօրինումով, վայելենք ներկան ու պայծառատեսութիւնն ու յոյսը թող ըլլան մեր առաջնորդները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ