Ե­ղիա Տէ­միր­ճի­պա­շեան. Հայ­կեան Տա­ղան­դին Մե­ծար­ժէք Խեն­թը, Որ Ինք­նաս­պա­նու­թեամբ Հե­ռա­ցաւ Մեր Աշ­խար­հէն

Հայ գրականութիւնը եւս ունի իր կիսախելագար կամ նոյնիսկ խելագար քանի մը մեծութիւնները, որոնց շարքին մեծատաղանդ խենթի փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորող ամենէն ցայտուն դէմքն է Եղիա Տէմիրճիպաշեան (1851-1908)։

109 տարի առաջ, Յուլիս 19-ին, ինքնասպանութեամբ մեր աշխարհէն հեռացաւ արձակագրի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի եւ խմբագիրի, արուեստագէտի եւ փիլիսոփայի տաղանդաշատ այս միաձուլումը, որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան անունը խորհրդանիշ դարձուց արտակարգ գեղեցկութեամբ ու արուես-տով գրուած՝ սիրտ ու միտք խռովող խորագոյն, յաճախ դժուար ընկալուող ու հասկցուող ապրումներու, պատկերներու եւ մտածումներու։

Մեծն Օշական, իր ընկալեալ անողոքութեամբ, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «հեքիաթ»ը իր առասպելական զարդերէն եւ արժէքներէն մերկացնելով հանդերձ, իր կարգին չկրցաւ լրիւ թօթափել առինքնող հմայքը Եղիա Տէմիրճիպաշեան տաղանդին։ Թէեւ գրեց, որ «տեղ մը ըսած եմ, թէ արեւմտահայ գրականութիւնը երկու կէս խենթեր եւ մէկ վաւերական յիմար ունի։ Դժբախտութիւն է, որ այս վերջին որակումը ստիպուած ըլլամ գործածել, տալու համար ամբողջական գաղափար մարդէ մը, որ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արուեստագէտներուն շնորհը նկատ-ւող բացառիկ խառնուածք մը յայտնաբերեց արուեստի։

Ցաւը այն է, որ այդ խառնուածքը չհասաւ իրեն որակին արժանաւոր աշխարհի մը մէջէն ինքզինքը ընդմիշտ մեր հիացումին եւ յարգանքին պարտադրելու»… այսուհանդերձ՝ Յակոբ Օշական նաեւ խոստովանեցաւ, որ «սկիզբէն ի վեր հրապարակի պահանջը եղած է հատընտիր Եղիա մը։ Այսպէս կազմուած հատորը պիտի համախմբէր իր մէջ թերեւս ամէնէն lyrique այն քանի մը էջերը, որոնք արեւմտահայ գրականութեան մէջ երբ եւ իցէ գրուած ըլլան։ Այնքան իրաւ բանաստեղծ մը կար այս յիմարին ետին։ Դարձեալ հոն է, որ մեզի պիտի տրուէր երջանկութիւնը՝ կարդալու անհաւասարելի դաշնաւորութեամբ էջեր, ուր կը շփոթես ապրումն ու երազը, իրականութիւնն ու քմայքը, սիրտը եւ միտքը, նիւթն ու հոգին, տարօրէն հաշտ, սրտառուչ խառնուրդի մը մէջ, որուն ըլլար խնայուած տաժանքը փիլիսոփայական դաժան հմտութեան, գրական թեթեւ sophism-ին»։

Այդ «Հատընտիր»ին դեռ արժանացած չէ հայ գրականութեան մեծատաղանդ այս խենթը։ Իսկ մեր սերունդները, աշակերտական գրասեղաններէն իրենց յիշողութեան եւ ներաշխարհին մէջ յատուկ տեղ մը վերապահելով հանդերձ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, արդէն գերնիւթապաշտ մեր կեանքի սպառիչ հեւքին մէջ հազիւ թէ շունչն ու ժամանակը գտնեն ըմբոշխնելու հմայական տիեզերքը իրաւ այս բանաստեղծին։

Եղիա Տէմիրճիպաշեան ծնած էր Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասը, 1851-ի Մայիս 8-ին։ Նախնական ուսումը ստացաւ Յովհաննէս Պատուելիի դպրոցին, ապա ժամանակի լաւագոյններէն համարուող Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Թովմաս Թերզեանին եւ Մատաթիա Գարագաշեանին, որոնցմէ մխիթարեան-գրաբարեան հիանալի գիտելիքներ ամբարեց։ Դպրոցական տարիներուն կողք-կողքի նստաւ Մինաս Չերազի հետ, որուն ազգային-քաղաքական գաղափարակիցը մնաց մինչեւ վերջ։ Մտերիմ դասընկեր ունեցաւ նաեւ ապագայ մեծանուն մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանը։

Հանրագիտական նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքին մէջ առաջին գլխաւոր դարձակէտը արձանագրուեցաւ 1866-ին, երբ ան ընդունուեցաւ Խասգիւղի նորաբաց՝ Նուպար փաշայի հիմնած Շահնազարեան վարժարանը, որ սերնդակերտումի մեծ ներդրում ունեցաւ 19-րդ դարավերջի հայ իրականութեան մէջ։ Ուսանելուն զուգահեռ՝ պատանի Եղիան եղաւ նաեւ օգնական ուսուցիչ կրտսեր դասարաններուն մէջ։ Մոլի ընթերցասէր էր։

1870-ին Տէմիրճիպաշեան Օսմանեան պետութեան Բարձր դրան տպագրութեան դիւանի (գրաքննութեան) անդամ էր. կը կարդար հոն ուղարկուող ամբողջ մամուլը։ Երկար չդիմացաւ այդ պաշտօնին վրայ։ Այնուհետեւ ստանձնեց Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան վարչական ժողովի քարտուղարի պաշտօնը, որմէ նոյնպէս շուտով հրաժարեցաւ։ Պետական-դիւանական այս պաշտօնները միշտ բաց մնացին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի առջեւ, որ նախ լաւապէս կը տիրապետէր օսմաներէնի եւ ֆը-րանսերէնի, ապա՝ լայն ընդհանուր զարգացում ունէր։

1874-ին սիրահարուեցաւ օրիորդի մը, որ սակայն նախընտրեց ամուսնանալ հարուստ պաշտօնեայի մը հետ։ Յուսահատութենէն՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան առաջին փորձը կատարեց ինքնասպանութեան, նետուելով ծով։ Սակայն ջուրին պաղութեան չդիմանալով՝ ցամաք դուրս եկաւ…

Նոյն տարին մեկնեցաւ Ֆրանսա՝ Մարսէյլի Առեւտը-րական բարձրագոյն վարժարանին մէջ ուսանելու համար, բայց փոխարէնը՝ սկսաւ հրատարակել «Le Littaeraire et Financier de Marseille» շաբաթաթերթի քանի մը համարներ, Արեւմուտքին հայութիւնը ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու ձգտումով։ Այս շրջանին լծուեցաւ նաեւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման՝ դրապաշտ (positivist) փիլիսոփաներուն, յատկապէս Էմիլ Լիտրէի ուղղութեան յարելով։ Նոյնպէս մօտէն ծանօթացաւ Ֆրանսայի ականաւոր գրող-գործիչներու, յատկապէս Վիքթոր Հիւկոյի այցելուներէն դառնալով։

1876-ին վերադարձաւ Պոլիս։ Անդամակցեցաւ կրթական նախարարութեան թարգմանութեանց դիւանին։ Մասնակցեցաւ նաեւ աշխարհաբարի ազատ գործածութեան համար մղուող պայքարին, բայց պահպանողական մամուլը փակ գտաւ իր առջեւ։ Մամուլի էջերուն տեղ չգտնելով՝ սկսաւ գրքոյկներ հրատարակել։ Առաջինը «Դամբարան»ն է (1879)։ 1880-ին «Մասիս» թերթը աշխատակցելու հրաւէր ուղղեց իրեն։

Հակառակ հանրային գործունէութենէ հեռու մնալու իր որոշումին, նաեւ թաղական ընտրուեցաւ Պէշիկթաշի թաղամասէն, իսկ 1880-ին ազգային երեսփոխան ընտրուեցաւ Սթենիա-Նորագիւղ միացեալ թաղերէն։

Բայց Տէմիրճիպաշեանի առողջական վիճակը անյոյս էր։ Թերթերէ ստացած չնչին պատուեգինով կը փորձէր պահպանել իր գոյութիւնը։

Ապրուստի վիճակը որոշ չափով բարելաւուեցաւ, երբ դասեր տալու հրաւէրներ ստացաւ. տեսուչ նշանակուեցաւ Բերայի վարժարաններուն եւ փիլիսոփայութեան դասախօս կարգուեցաւ Հայկական կրթարանին մէջ։

1882-ին բանախօսելու հրաւէրներ ստացաւ կրթական տարեվերջի բոլոր հանդէսներուն։ Արդէն իր ժամանակի բարձրարժէք մտաւորականի համբաւին տիրացած էր։

1883-ի Յունուարէն մինչեւ 1889-ը լոյս ընծայեց «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» հանդէսը, որուն նիւթերը ի՛նք կը գրէր, բացառութեամբ իր կատարած, թարգմանութիւններուն։ 1884-ին, Գրիգոր Զօհրապի առաջարկով՝ Եղիային յանձնուեցաւ Ասիական ընկերութեան պաշտօնաթերթ «Երկրագունտ» գրական եւ գիտական հանդէսը։ Հոս եւս լոյս ընծայեց տարբեր մարզերու վերաբերեալ իր մասնագիտական գրուածքները։ 1886-1887-ի միջեւ, քանի մը ամիս, Տէմիրճիպաշեան խմբագրեց նաեւ Արեւելեան տնտեսագիտական միութեան «Տնտես» հանդէսը, իսկ 1889-ին լոյս ընծայեց իր «Դար» անունով հանդէսը (միայն մէկ համար)։ Եղիա ոչ միայն կը խմբագրէր, այլեւ քանի մը անգամ կը սրբագրէր նշեալ հանդէսներու նիւթերը։ Մասնաւորապէս «Շարժում» թերթին ողջ աշխատանքը իր վրայ կեդրոնացած էր. ոչ միայն խմբագիր ու հեղինակ էր, այլեւ մատակարար, բեռնակիր, ցրուիչ։ Այդ շրջանին Տէմիրճիպաշեան աշխատեցաւ նաեւ ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի մը կազմութեան վրայ, որ հրատարակուեցաւ քանի մը անգամ (1886-ին, 1894-ին, 1896-ին եւ, յետմահու, 1930-ին)։

1890-ի Յուլիս 31-ին կորսնցուց մայրը եւ լրիւ մինակ մնաց։ Տարիներ առաջ արդէն կորսնցուցած էր հայրը։ Մինչեւ 1893-ը Տէմիրճիպաշեան շարունակեց դասաւանդել փիլիսոփայութիւն, փիլիսոփայութեան պատմութիւն, պատմութեան փիլիսոփայութիւն, հին ու նոր գրականութիւններու պատմութիւն, մանկավարժութիւն, գեղագիտութիւն, հոգեբանութիւն։

Կենսագիրները կ՚ընդգծեն, որ 1893-ը ճգնաժամային եղաւ անոր կեանքին մէջ։ Ժամանակաւորապէս դադրեցաւ գրելէ։ Իսկ նոյն տարուան Մայիսին, իր ծնըն-դեան տարեդարձին առիթով, ինքնասպանութեան երկրորդ անյաջող փորձը կատարեց։ Այս անգամ զինք փրկեց մակոյկավար Պետոն, որ եղբայրն էր ծանօթ գրող Սուրէն Պարթեւեանի։ 1893-ի աշնան Տէմիրճիպաշեան տեղափոխուեցաւ Խասգիւղի իրենց սեփական տունը եւ սկսաւ դարձեալ գրել՝ տպագրուելով յատկապէս «Ծաղիկ» հանդէսի էջերուն։

1895-ի ձմրան Բերայի մէջ ծանօթացաւ հունգարուհի Էլէն Նիսընի, որ դարձաւ Եղիայի հետագայ կեանքի ուղեկիցը։ Հունգարուհիի տան մէջ երկու տարի բնակելէ ետք, Տէմիրճիպաշեան մեկնեցաւ Ժընեւ, ապա՝ Վիեննա։ Ճամբորդութիւնը թէեւ չօգնեց իր ապաքինումին, սակայն ան վերսկսաւ հանդէս գալ մամուլով։ Չորս տարուան իր լռութիւնը խախտելու եկաւ «Բիւզանդիոն» թերթի էջերուն լոյս տեսած «Մեր Փոսֆորը»։

1901-ին հիւանդութիւնը արագօրէն սրեցաւ։ Եղիան փոխադրեցին Ազգային հիւանդանոց, ուր մնաց մօտ մէկ տարի։ Զինք մեծագոյն հոգատարութեամբ կը խնամէր Էլէն Նիսընը։ Հիւանդանոցէն տուն վերադարձէն ետք միշտ գամուած մնաց անկողնին։ Եւ 1908-ի Յուլիս 19-ին, Էլէն Նիսընի կարճատեւ բացակայութեան ժամանակ, լարելով վերջին ուժերը, Եղիա Տէմիրճիպաշեան ինքնասպանութեամբ վերջ տուաւ իր կեանքին։

Հայ գրականութեան մեծատաղանդ խենթին մահ-ւան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական այս էջը կ՚արժէ փակել հայ լեզուին նուիրուած եւ Տէմիրճիպաշեանական իւրայատուկ ոճով գրուած հետեւեալ ներբողականով.

«Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազատ շրջիլ, հոգին այնքան ազատ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ. փայլակին բեկեալ, այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն, որ լեզուն կարող է պատկերացնել. ո՞ր լեզուն է՝ ոյր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կ՚անցնին գոռալով ու գալարելով, եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր օվկեանին անդնդախոր կը հասնին»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017