Մեծ Ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու Վեր­ջին Փոր­ձը Պրա­զի­լի Մէջ

Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսին, Պրազիլի նախկին նախագահ Լուիզ Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա դատապարտուեցաւ ինն տարուան բանտարկութեան ներկայ աջակողմեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ պետական ընկերութիւններէ կաշառք առնելու յանցանքով:

Այս վճիռին արձակումը անշուշտ քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խաղ մըն էր աջակողմեան կառավարութեան կողմէ, առաջին՝ տկարացնելու համար Լուլայի ղեկավարած Բանուորական կուսակցութիւնը, որպէսզի վերջինս յոյս չունենայ յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն ունենալու եւ իր նախագահական թեկնածուն չնտրուի, իսկ միւս կողմէ՝ փտածութեան հագուստ հագցնելու քարիւղի պետական ընկերութեան, որպէսզի անիկա աւելի արագ սեփականաշնորհուի:

Լուլա, որ ծանօթ է ընկերային արդարութեան արժէքներու պաշտպան ըլլալու իր հանգամանքով, ծաւալուն պայքար մղած է իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին (2003-2011)՝ աղքատութիւնը վերացնելու համար Պրազիլէն: Իր նախագահութեան ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւնները ընդգրկած են պետական մեծագոյն ներդրումները կրթութեան, առողջապահութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ: Ան հսկողութեան ենթարկած է շուկայի գործունէութիւնը:

Այսօր դժբախտաբար Լուլայի ժառանգութիւնը վտանգի մէջ է. ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները կ՚ենթարկուին խստամբերութեան, իսկ պետական ընկերութիւնները սեփականաշնորհման ճամբուն վրայ են:

Բանուորական կուսակցութեան համակիրները, Լուլայի դատապարտման լուրը լսելէ անմիջապէս ետք, հաւաքուեցան կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Լուլային: «Եթէ կը կարծեն, որ այս վճիռով զիս խաղէն դուրս պիտի հանեն, պէտք է գիտնան, որ ես խաղին մէջն եմ», ըսաւ Լուլա իր զօրակիցներուն՝ աւելցնելով. «Այս վայրկեանէս կ՚առաջարկեմ Բանուորական կուսակցութեան, որ զիս նշանակեն նախագահական թեկնածու»: Զօրակիցները գոչեցին՝ «Լուլա նախագահ»:

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Բանուորական կուսակցութիւնը դատապարտեց իշխանութիւններուն որդեգրած քայլը՝ նշելով, որ անիկա «յարձակում մըն է ժողովրդավարութեան վրայ»:

Յայտարարութիւնը Լուլայի դատապարտումը մէկ մասը նկատեց աջակողմեան կառավարութեան վարած նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն՝ նշելով. «Լուլայի դատապարտումը նոր մոլորութիւն մըն է պետական հարուած հասցնող կառավարութեան կողմէ, որ կը փորձէ չեղեալ նկատել ընկերային եւ աշխատաւորական իրաւունքները՝ բարձ-րացնելով թոշակառուներու տարիքը, կրճատելով պետական ծախսերը կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ եւ  սեփականաշնորհելով կարեւոր պետական ձեռնարկութիւնները, ինչպէս՝ պետական դրամատուներն ու քարիւղի ընկերութիւնը»:

Պրազիլեան ներկայ քաղաքական ճըգ-նաժամը սկսաւ 2 Դեկտեմբեր 2015-ին, երբ երկրին Պատգամաւորներու պալատը (աջակողմեան կուսակցութիւններուն աջակցութեամբ) փտածութեամբ ամբաստանեց Բանուորական կուսակցութեան անդամ նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը:

Ակնյայտ է, որ այս պայքարին մէջ, իբրեւ առաջին խումբ, կը ներկայանայ ներկայ աջակողմեան կառավարութեան կազմը՝ իրեն հետ ունենալով միջազգային դրամատուները, քարիւղի ընկերութիւններն ու համաշխարհային մեծ ընկերութիւնները, որոնք անդադար կ՚աշխատին սեփականաշնորհման եւ Բան-ւորական կուսակցութեան ու անոր շըր-ջանային քոյր կուսակցութիւններուն տկարացման նպատակով:

Իսկ երկրորդ խումբը ընկերվարական Բանուորական կուսակցութիւնն է՝ իրեն հետ ունենալով հասարակ աշխատաւորութիւնն ու գիւղացիութիւնը, որոնք կը պայքարին ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկութիւնները պահելու պետութեան ձեռքը՝ ի շահ հանրութեան:

Պրազիլը անշուշտ առաջին եւ վերջին կայարանը չէ մեծ ձեռնարկութիւններուն, Պրազիլի կողքին կայ նաեւ Վենեզուելլան:

Անկասկած պէտք է զօրակցութիւն յայտնել Պրազիլի, Վենեզուելլայի եւ միւս լատինամերիկեան երկիրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ ընկերութիւններու արշաւանքը եւ ժողովրդային լայն շարքերով կը դիմադրեն «ազատ շուկայ»ի վերջին փորձերուն:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017