ԵԿԷՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻՆՔ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ 2018 ՄԱՅԻՍԻՆ, ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ՈԳԻՈՎ

Վստահ եմ թէ այս կոչ-վերնագիրը զարմանք չի պատճառեր եւ անակնկալ մը չէ հայ կեանքի առօրեայ բանավէճերուն հետեւող ընթերցողներուն համար, ըլլան անոնք Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:

Այս յօդուածը տրամաբանական շարունակութիւնն է «Պայքար» Յուլիս 9-ի թիւին մէջ երեւցած յօդուածիս, որ կը կրէր «1918-2018, Հայոց պետականութեան վերահաստատման տարիւրամեակը նշենք առանց հատուածականութեան փորձութեան ենթարկուելու» վերնագիրը:

Արդարեւ այն օրէն ի վեր, երբ Հայաստանի պետական շրջանակները ծանուցեցին, թէ յառաջիկայ տարի, 2018-ին պիտի նշուի 1918-ի Մայիսեան օրերու հարիւրամեակը, Հայաստանի եւ մանաւանդ Սփիւռքի հայ մամուլին մէջ սկսան երեւիլ շեշտուած հատուածականութիւն արտայայտող յօդուածներ եւ առաջարկներ: Որոշ է թէ անոնք սկսան ՀՅԴ-ի ենթակայ մամուլէն եւ անխուսափելիօրէն, անոնց հակադարձող ելոյթներ երեւցան եւ կը շարունակեն երեւիլ բնականաբար, ոչ կուսակցական, ինչպէս օրինակ, «Առաւօտ» եւ նաեւ «Պայքար», կուսակցական ռամկավար մամուլին մէջ:

Մասնաւորապէս, Սփիւռքի դաշնակցական մամուլին մէջ երեւցող իրերայաջորդ յօդուածներէն ակնյայտ է, թէ անոնք շեշտուած կերպով կը միտին վերադառնալ 1918 Մայիս 28-էն ետք, աւելի քան 70 տարիներ շարունակ, իրենց տարած միահեծան դաշնակցականակեդրոն քաղաքականութեան: Արդարեւ ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին, ՀՅԴ-ն նոյնիսկ անտեսելով իր իսկ աղբիւրներուն մէջ, ժամանակին արձանագրուած պատմական տուեալները, բացայայտօրէն այլամերժ գործելակերպ մը որդեգրեց, առաջին Հանրապետութիւնը ամբողջովին իւրացնելով իբրեւ ՀՅԴ-ի առանձին իրագործումը: Դժբախտաբար դաշնակցականները նոյնիսկ Ա. Հանրապետութիւնը եւ եռագոյն դրօշակը դարձուցին նշանաբան այն պայքարին որ անընդհատ կերպով տարին այդ օրերուն, ընդդէմ ամէն անձի հաստատութեան կամ ձեռնարկի, որ կը կատարուէր յօգուտ Հայաստանի, Ս. Էջմիածնի եւ Հայաստանանիստ մշակութային, գրական կամ գիտական որեւէ նախաձեռնութեան:

Այսօր դժբախտաբար, դաշնակցական մամուլը կը վերադառնայ այդ նոյն ինքնակեդրոն հոգեբանութեան առանց անդրադառնալու, թէ ներկայ ժամանակներուն այդ կեցուածքը աւելի քան երբեք, այլեւս բոլորովին անընդունելի է: Այս գործելակերպին արտայայտութիւններէն մէկն է, այս օրերուն իրենց տարած ջանքը, 1918 Մայիսեան օրերու իրենց գործիչներէն ոմանք ներկայացնելով որպէս անառարկելի համահայկական հերոսներ, հասնելու համար մինչեւ հոն, ուր շեշտուած մամլարշաւով մը առաջ կը քշեն այն գաղափարը, թէ անոնցմէ մէկին կամ երկուքին արձանները պէտք է 2018-ին կանգնեցուին Երեւանի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ:

2018-ի Մայիսին նշուելիք հարիւրամեակի նախօրէին, անհրաժեշտ է որ ՀՅԴ-ն անդրադառնայ, թէ պէտք է հրաժարի, անցեալին ազգային մեծ տագնապներու առաջնորդած իր ինքնակեդրոն եւ այլամերժ կեցուածքէն, որպէսզի հարիւրամեակը դառնայ իսկական համահայկական տօնակատարութեան առիթ՝ նուիրուած վեց դարեր ետք, հայոց պետականութեան վերահաստատման եւ որպէս այդ ամբողջ հայութիւնը հպարտացնող իրողութեան տօնակատարութիւն:

Անվիճելիօրէն հարիւր տարիներէ ի վեր շարունակուող այս պետականութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ Սարդարապատի համահայկական մասնակցութեամբ իրագործուած յաղթական հերոսամարտը, որուն յաջորդեցին առանց ընդմիջումի Առաջին, Երկրորդ եւ այսօրուան Երրորդ Հանրապետութիւնները: Այս երեք շրջաններուն ընթացքին կատարուեցան եւ այսօր կը կատարուին յայտնի եւ քոնքրէթ իրագործումներ եւ սակայն նաեւ իւրաքանչիւրին տեւողութեան ընթացքին թոյլ տրուեցան եւ այսօր կը տրուին բացասական անհերքելի ազգավնաս բացթողումներ, որոնց նաեւ հաշուետու են օրուան պատասխանատուները:

Անգամ մը եւս, պէտք է տալ զկայսերն կայսեր, եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ:

Միտքերը աւելի եւս բիւրեղացնելու համար, վերջին բաժնին մէջ պիտի թուարկեմ շարք մը հանգրուանային հաստատումներ, որոնք հիմնուած են պատմական վաւերական տուեալներու վրայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նիւթ դառնալ մանրամասն փաստարկումներով հաստատուած մէկ կամ աւելի յօդուածներու: Այստեղ սակայն անոնց յաջորդական եզրակացութիւնները կարելի չափով ամփոփուած ձեւով կը ներկայացնեմ, որպէսզի անոնք ծառայեն հիմք այս կենսական հարցին շարունակուող բանավէճին:

Ա) Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջաւորութեան զուգադիպող, 1918-ի Մայիսեան օրերը եւ յատկապէս Մայիսի վերջին տասը օրերուն իրերայաջորդ ցնցիչ պատահարները, Հայաստանի համար բացառաբար խառն շրջան մը եղած են անկասկած: Մէկ օրը միւսէն ետք, նոյնիսկ մէկ ժամը միւսէն ետք զիրար հակասող եւ աննախատեսելի զարգացումներով լեցուն օրեր եղած են անոնք: Այդ օրերուն հայ հաւաքականութեան ղեկավարի դերին մէջ գտնուող անձ կամ կազմակերպութիւն ոչ մէկ կերպ պատրաստ կամ կարող էր իր ազատ կամքով եւ հայոց գերագոյն շահերուն վրայ հիմնուելով միայն շարժելու, մինչ երկիրը շրջապատուած էր թշնամիներով եւ ենթակայ էր անոնց կողմէ պարտադրուող արտաքին ճնշիչ պայմաններու: Պարզ խօսքով, իրականութիւնը այն է, թէ մինչեւ Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութիւնը, այսինքն 11 Նոյեմբեր 1918-ը նոյնինքն Թուրքիան է որ կը պարտադրէր Անդրկովկասի երեք երկիրներուն եւ յատկապէս Հայաստանին առնելիք քաղաքական որոշումները: Յայտնի է ուրեմն, թէ մասնաւորապէս Մայիս 28-ի օրերուն, Թուրքիան է որ հակակշիռը ունէր քաղաքական կացութեան եւ Թուրքիան է որ Հայաստանին կը պարտադրէր իր պայմանները, որոնց կարգին էր նաեւ անկախութիւն հռչակելու պարտադրանքը:

Բ) Այս մղձաւանջային կացութեան մէջ, Մայիսեան այդ օրերուն թուրք կանոնաւոր բանակը կը յառաջանար Կովկասի ճակատին վրայ դէպի Երեւան վերջնականօրէն գրաւելու ծրագրով ամբողջ Հայաստանը: Ահա մահու կենաց ճգնաժամային այդ հանգրուանին է որ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական աննախընթաց եւ անկիւնադարձային հայկական մեծ իրագործում մը: Ամբողջ հայութիւնը անխտիր, գիւղացի, մտաւորական, հոգեւորական, կուսակցական եւ ոչ կուսակցական, պատասխանելով Էջմիածնայ ղօղանջներով արձակուած զօրակոչին, հրաշքի համազօր եւ հերոսական կամքով ոտքի կանգնեցաւ բանակին դէմ եւ անհաւատալիօրէն պարտութեան մատնեց զայն Սարդարապատի ճակատամարտին: Դէպի անկախութիւն առաջնորդող անկիւնադարձային այս դէպքը ընդունուած է նշել Մայիսի 25-ին որպէս Սարդարապատի համահայկական յաղթական հերոսամարտ:

Գ) Սարդարապատին յաջորդող օրերը տակաւին շատ ծանր եւ մղձաւանջային օրեր էին հայութեան համար: Հայաստանի մէկ փոքր բեկորը ժամանակաւոր կերպով փրկուած էր Թուրքիոյ ճիրաններէն, սակայն Հայաստան ո՛չ բանակ ունէր, ո՛չ նիւթական միջոց, ո՛չ պետական կառոյց, մէկ խօսքով ո՛չ մէկ ազդակ ունէր, որպէսզի յաւակնէր, թէ կրնար անկախ պետութիւն դառնալ: Այդ պայմաններուն մէջ Հայաստանի ճակատագրին պատասխանատու մնացած բոլոր հոսանքները, անոնք ըլլան ՀՅԴ, ՍԴՀ, կամ տակաւին ՌԱԿ-ը չստեղծուած սակայն անոր մաս կազմելիք ժողովրդականներ, Ռամկավարներ եւ այլն, բոլորն ալ կ՚ուզէին ամէն գնով ոտքի պահել Անդրկովկասեան Սէյմը, որուն մաս կը կազմէր Հայաստանը, նստատեղի ունենալով Թիֆլիզը: Ոչ մէկը կը ցանկար անկախութիւն հռչակել:

Դ) Սակայն Մայիսի 26-ին վրացիներու միակողմանի որոշումով լուծուեցաւ Սէյմը: Ատրպէյճան յաջորդ օրն իսկ նոյնպէս հռչակեց իր անկախութիւնը: Հայերը մնացած էին առանձին եւ կը գտնուէին թրքական ճնշման տակ: Յաջորդ օրերուն եւ նոյնիսկ ժամերուն ընթացքին, թէեւ այլընտրանք չկար, սակայն հայկական բոլոր հոսանքներուն մէջ, ներառեալ ՀՅԴ-ն անկախութեան հռչակման համաձայն եւ հակառակներ կային, մասնաւորելով ՀՅԴ-ն, օրինակ՝ Աւետիս Ահարոնեան դէմ էր մինչ Սիմոն Վրացեան թեր էր, պարզապէս որովհետեւ այս վերջինը կ՚ըսէր թէ՝ «այլ ելք չկար Հայաստանի համար»:

Ե) Ի վերջոյ, 28-29-30 Մայիսի վերջին օրերուն երկար տատամսումներէն ետք Հայաստան ստիպողաբար հռչակեց իր անկախութիւնը, ոչ որպէս ցնծութեան եւ տօնակատարութեան արժանի դէպք: Բացայայտ են այս մասին նոյնինքն Սիմոն Վրացեանի կողմէ կատարուած արձանագրութիւնները:

Զ) Այնուամենայնիւ Մայիս 28 թուականը որոշուեցաւ նկատել անկախութեան հռչակման օր: Այսպիսով Հայաստան օրինաւորապէս կը դառնար պետութիւն: Հետեւաբար մեր պատմութեան համար նշուելու արժանի օր մըն է անկասկած Մայիս 28-ը: Սակայն միանգամ ընդմիշտ որոշ է, թէ Մայիս 28-ը ոչ մէկ կողմի կամ կուսակցութեան կողմէ վաստակուած թուական մըն է: Սիմոն Վրացեանի կրկնակի խօսքերով անկախութիւնը պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ:

Է) Այդ օրերուն, ոչ միայն ՀՅԴ-ն այլ ամբողջ հայութիւնը, իր ունեցած սահմանափակ եւ խեղճ միջոցներով, զօրավիգ կանգնեցաւ նորանկախ Առաջին Հանրապետութեան: Դժբախտաբար յաջորդող երկու տարիներուն սակայն, ՀՅԴ-ն հետեւողական կերպով պետական կառոյցները սեփականացնելու գործին լծուեցաւ, տարբեր միջոցներով միւս քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչները դուրս ձգելով այդ կառոյցներէն: Հակառակ այս այլամերժ գործելակերպին, ամբողջ հայութիւնը իր օգնութեան ձեռքը երկարեց երկրին: Ալեքսանդր Խատիսեան երբ Գահիրէ մեկնեցաւ, իր հանգանակութիւնը կազմակերպուեցաւ Ռամկավարներու եւ ՀԲԸՄ-ի ամբողջական գործակցութեամբ: Նոյնպէս Ռամկավարները յաջողեցան յատուկ դրամահաւաքով միջոցներ ստեղծել այդ օրերուն, Հայաստանի դիւրաբեկ հանրապետութեան համար ռազմական օդանաւեր գնելու...:

Ը) 1918-ի յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին, պարտուած Թուրքիան կրկին ոտքի կանգնեցաւ եւ ձեռնարկեց Հայաստանը ամբողջութեամբ գրաւելու իր անփոփոխելի ծրագրին: Ահա այս միջոցին է որ Հայ Համայնավարներու առաջնորդութեամբ, Հայաստան, 1920 Նոյեմբերի 29-ին դարձաւ Խորհրդային Հանրապետութիւն, եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութիւնը:

Թ) Յաջորդող 70 տարիներու ընթացքին, Խորհրդային իրաւակարգի տակ, Հայաստան ապահով սահմաններու վիճակէն օգտուելով, ինքզինք արագօրէն կազմակերպեց եւ անվիճելիօրէն, աննախընթաց յառաջդիմութեան եօթ տասնամեակներ բոլորեց պետականութեան վայել բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, գիտութեան, մշակոյթի, գրականութեան, մէկ խօսքով երկրի մը վայել բոլոր բնագաւառներուն մէջ, Հայաստան ապրեցաւ ստեղծագործման եւ հզօրացման աննախադէպ տարիներ: Սակայն նոյն ժամանակ, եւ անխուսափելիօրէն, ան ենթարկուեցաւ համայնավար կարգերու յատուկ ամէն տեսակի կոպտութեանց եւ խժդժութեանց:

Ժ) Ի վերջոյ 1991-ին, միջազգային աննախատեսելի զարգացումներու հետեւանքով եւ հայ ժողովուրդի ուժերէն շատ աւելի վեր քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով, Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ եւ այդպէսով, անգամ մը եւս իրմէ անկախ պարագաներու հետեւանքով, Հայաստան հռչակեց իր նոր անկախութիւնը: Այսպիսով 21 Սեպտեմբեր 1991-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը:

Վերջին հարիւր տարիներու մեր պատմութեան այս արագ ուրուագիծը ցոյց կու տայ, թէ մինչ 1918 Մայիս 25-ին, հայ ժողովուրդը ինք իր միջոցներով եւ միացեալ ուժերով իրագործեց. անկիւնադարձային եւ յաղթական Սարդարապատի հերոսամարտը, ինչպէս եւ յաջորդական երեք հանգրուանները, Մայիս 28-ր, Նոյեմբեր 29-ր եւ Սեպտեմբեր 21-ով նշանաբանուած անկախութիւնները եւ համապատասխան հանրապետութիւնները, ի վերջոյ, հայ բանակներու յաղթանակներով ձեռք բերուած իրադարձութիւններ չեն: Այս վերջիննրէն միայն Նոյեմբեր 29-ին է որ հայ զինուորները իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերած են նոր կարգեր հաստատելու համար:

Հարիւրամեակը բաւականաչափ երկար շրջան մըն է, որպէսզի կարենանք որպէս թանկագին իրականութիւն գնահատել եւ արժեւորել այսօր մեր ձեռք ունեցած անկախութիւնը: Մաղթենք համահայկական եւ միացեալ ոյժերու մասնակցութեամբ այսօրուայ Երրորդ Հանրապետութիւնը ըլլայ յարատեւ յաջողութիւններով յատկանշուած երկար տարիներու շրջան մը:

Եզրակացնելէ առաջ անդրադառնանք նաեւ հարիւրամեակի առիթով ՀՅԴ-ի կողմէ շղթայազերծուած մամլոյ արշաւի արծարծուած միւս նիւթին: Պատմութեան նժարին վրայ, հարիւրամեակի մը կարճ ժամանակամիջոցին վերջաւորութեան, այս կամ այն անձնաւորութիւնը որպէս համահայկական անվիճելի հերոս կը ջանան ներկայացնել անոնք եւ կը ջանան մէկուն կամ միւսին արձանը զետեղել, Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ:

Այս պայքարը եւս, մեր օրերու մթնոլորտը խանգարելու միտող նիւթ մըն է: Եթէ իրենք կ՚առաջարկեն Արամ Մանուկեանը կամ Դրօն, անոնց չափ եւ անոնցմէ աւելի համահայկական յարգանք կը վայելէ եւ հետեւաբար արժանի է այդ պատիւին Զօրավար Անդրանիկ Օզանեան: Վստահաբար այս անգամ դաշնակցութիւնը սաստիկ կերպով պիտի վիճի եւ ընդդիմանայ այս վերջին առաջարկին...:

Եկէք ուրեմն, եթէ անհրաժեշտ է արձան կանգնեցնել, առաջարկենք, որպէս անվիճելի նշանաբան հայ հզօր պետականութեան, Մեծն Տիգրանը...

Ուրեմն որպէս եզրակացութիւն կը վերադառնամ փոքր յաւելումով մը՝ այսօրուան յօդուածիս վերնագրին՝ «Եկէք համաձայնինք, չսեփականացնելու այս պատմական առիթը, որպէսզի 2018 Մայիսին, Հայոց Պետականութեան հարիւրամեակը նշուի համահայկական եւ համերաշխ ոգիով»:

Տօնենք 2018 Մայիսին՝ հարիւր տարի շարունակական հայ պետականութեան գոյութեան տօնը, նուիրագործուած 1918 Մայիսի 25-ի, Սարդարապատի համահայկական յաղթական հերոսամարտով:

Անհրաժեշտ է ամէն կերպով խուսափիլ հատուածականութեան առաջնորդող ամէն նախաձեռնութենէ:

ՏՔԹ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Մոնթրէալ

«Պայքար», Պոսթոն

ՏՔԹ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Համաշխարհային չափանիշով գիտնական եւ համալսարանի դասախօս, որ զուգահեռաբար ստանձնած է ղեկավար դերեր ազգային գլխաւոր կազմակերպութիւններէն ներս:

Ելեկտրագիտութեան գծով University of Pennsylvania համալսարանէն իր տոքտորան ստանալէ ետք, ան 1965-ին հաստատուած է Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը: Յաջորդող տարիներուն, կէս դար տեւողութեան ընթացքին գիտական բեղուն իր ասպարէզին կողքին, իբրեւ փրոֆեսէօր ծանօթ Mc Gill համալսարանին մէջ, եւ իբրեւ գիտնական եւ գիւտարար հեղինակ բազմաթիւ հրատարակութեանց եւ patent-ներու, Տքթ. Արշաւիր Կէօնճեան ունեցած է ազգային-կուսակցական գործունէութեան եւ ղեկավարութեան արտակարգօրէն հարուստ եզակի գործունէութիւն մը, թէ՛ ի նպաստ գանատահայութեան եւ թէ ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ, եւ Սփիւռք-Հայրենիք կապերը հաստատ եւ առողջ հունի մէջ պահելու ուղիով:

Տքթ. Կէօնճեան հիմնադիր եւ առաջին Թեմական խորհուրդի ատենապետը եղած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմին: Ան հիմնած է Գանատաի առաջին հայ դպրոցը, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանը եւ սիրայօժար կերպով քառասուն տարիներ վարած է անոր նախագահ եւ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը:

Ան հանդիսացած է հանգուցեալ մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի ամենամօտ գործակիցներէն մէկը, գրեթէ քառասուն տարիներ շարունակ, երեսուն տարիներ որպէս անդամ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական գարչութեան, ութ տարիներ ալ որպէս ՀԲԸՄ-ի փոխ-նախագահ:

Տքթ. Կէօնճեան, ի վերջոյ եւ յատկապէս, ամենէն աշխոյժ եւ հեղինակաւոր ղեկավարներէն մէկը կը նկատւի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ), որուն Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած է աւելի քան քսան տարիներ 1975-էն մինչեւ 1995 եւ եղած է Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տասը տարիներ, յատկապէս Հայաստանի անկախացման առաջին շրջանին բարդ զարգացումներուն ընթացքին: Այժմ Տքթ. Ա. Կէօնճեան որպէս երէց խորհրդական անդամ է ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդին:

Ան ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան հիմնադիր անդամներէն մէկն է եւ անոր փոխ-ատենապետը: Ան հիմնադիրներէն մէկն է Հայաստանի «Ազգ» թերթին, ինչպէս նաեւ Գանատայի «Ապագայ» շաբաթաթերթին:

Որպէս ճանաչում իր ծառայութեանց եւ բերած բացառիկ նպաստին,ան կոչուած է ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան վաստակաւոր (Emeritus) անդամ եւ Գանատահայոց Թեմական խորհուրդի պատուոյ ատենապետ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017