ՊԷՅՐՈՒԹ-ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Լիբանանի կառավարութեան 9 Օգոստոսի նիստի աւարտին վարչապետ Սաատ Հարիրի լռութեամբ «կ՚արտայայտէր» իր անհանգստութիւնը: Վարչապետ Հարիրիի ղեկավարած կառավարութիւնը, որ ինն ամսուան կեանք ունի, առաջին անգամն էր, որ քննարկման սեղանին կը դնէր Սուրիոյ հետ յարաբերութեան խնդիրը: Խորքին մէջ Դամասկոս-Պէյրութ յարաբերութիւններու «վերաշխուժացման» խնդիրը ջուրի երես կ՚ելլէր այն պահուն, երբ Լիբանանի կառավարութիւնը համաձայնագիր մը կը կնքէր Սուրիայէն ելեկտրականութիւն գնելու վերաբերեալ ու այդ գործարքը կը դառնար քաղաքական թէժ քննարկումներու հիմնական առանցք:

Վերադառնալով Լիբանանի կառավարութեան երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած նիստին՝ ապա յստակ կը դառնար, որ վարչապետը անհանգստացնողը հիմնականին կառավարութեան մէջ այս նիւթին կապակցութեամբ շատ բացայայտ եւ հորիզոնական բաժանումն էր:

Նիստէն ետք ու մինչեւ այս պահը երկրի «քաղաքական ջուրեր»ը չեն հանդարտած: Մինչ վարչապետն ու իր համախոհները «լուռ դժգոհութեամբ» մը կ՚ընդունին «դիմացի կողմ»ին դիրքորոշումը, անդին՝ Սուրիա-Իրան ճամբարին մերձակայ քաղաքական կողմը անակնկալ «պայթում» մը կատարելով կը յայտարարէր. իրենց ճամբարի անդամ երեք նախարարներու դէպի Դամասկոս տալիք այցելութեան մասին:

Ու այդպէս ալ կը կատարուէր: Օգոստոսի 17-ին, նախարարներ Հիւսէյին Հաժ Հասան, Ղազի Զըհայթէր եւ Եուսէֆ Ֆընեանոս կը մեկնէին Դամասկոս: Նախարարներուն մեկնելու առիթը մասնակցիլն էր «Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէս»ին, որ այս տարի տեղի կ՚ունենար աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ: Ու այստեղ բաւական յստակ էր, որ այդ ցուցահանդէսին մասնակցութիւնը պարզապէս պատրուակ էր, կարելի է ըսել «քաղաքական պատրուակ»:

Բաց աստի, ի՛նչ պատճառով Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի մտահոգութիւն կ՚արտայայտէր, յատկապէս, երբ խօսք կ՚երթար Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններու հարցին մասին:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով պէտք է նշել, որ Հարիրի, որպէս քաղաքական ղեկավար կը ներկայացնէ ոչ միայն երկրի սիւննիները, այլ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն ամենայառաջատար ներկայացուցիչն է ու անոր քաղաքական արեւելումներն ու կեցուածքները կը գտնուին արաբական աշխարհի այդ հատուածին անմիջական ազդեցութեան տակ:

Այս կէտին շատ պարզորոշ կերպով կ՚ընդգծուի, որ Լիբանանի կառավարութեան Դամասկոսի ու նախագահ Պեշար Էսատի հանդէպ ունենալիք «ընդհանուր կեցուածքներ»ը պէտք է բխին արաբական աշխարհի ընդհանուր դիրքորոշումներէն: Ցայսօր Լիբանանի համար քննարկութեան առանցք մը չէր Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցը: Ճիշդ է, որ Լիբանանի քաղաքական կողմերուն իւրաքանչիւրը ունէր, եւ ցարդ ալ ունի, իր «ամուր» կեցուածքը՝ կապուած Սուրիոյ եւ անոր իշխանութեանց ու անցնող վեց տարիներուն ալ տարբեր առիթներով ու շնորհիւ «զերծ մնալու» ընդհանուր մօտեցումին, երկիրը կարողացած էր ինքզինք հեռու պահել սուրիական հարուածող հրդեհներէն: Այս ընդհանուր կեցուածքին կապակցութեամբ առաջնային դեր ունէին Միջին Արեւելքի հարցերուն մէջ կարեւոր եւ հիմնարար դերակատարութիւն ունեցող «խաղացողներ»ը. ինչպէս՝ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան: Ու այս մօտեցումին շնորհիւ էր նաեւ, որ հակառակ Սուրիոյ պատերազմի «մեծ ալեկոծումներ»ուն, Լիբանան որպէս երկիր յաջողեցաւ պահպանել իր ներքին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ճիշդ է, որ 2011 թուականէն ասդին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան ահաբեկչական տասնեակ դէպքեր, որոնց զոհ գացին անզէն բնակիչներ ու յաճախ բանակի զինուորներ, բայց եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ երկիրը պահեց իր ապահովութիւնը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ... ԼԻԲԱՆԱՆ

Վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մէջ պատահած զարգացումները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենան ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին վրայ: Բացի անկէ, որ սուրիական բանակը կը յաջողի գետնի վրայ կարեւոր եւ երեւելի յաջողութիւններ արձանագրել, գոյութիւն ունի վարկած մը, ըստ որուն, Սուրիոյ համար կը պատրաստուի քաղաքական լուծումներու ծրար մը, որ ի մօտոյ գործադրութեան պիտի դրուի:

Հոս է նաեւ, որ յստակ պիտի դառնայ, թէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող ուժերը փորձեն ամէն գնով «օրինականութիւն» ապահովել պաշտօնական Դամասկոսին:

Անկախ ամէն բանէ ու անկախ երկրի նախագահին «սպասող» ճակատագրէն՝ յստակ է, որ Արեւմուտքի համար ալ շատ առաջնային դարձած է Սուրիոյ մէջ վստահելի գործընկեր մը ունենալը:

Հոս նոյնիսկ եթէ չխօսինք Պեշար Էսատի կամ անոր շուրջ գտնուող ուժերուն ազդեցիկութեան մասին, ապա բացայայտ ու հիմնաւորեալ փաստ է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կամ այլ կերպ ըսած սուրիական «սիսթեմ»ը ի զօրու պիտի ըլլայ յառաջիկայ փուլին պահպանելու իր դերն ու տեղը այդ երկրին մէջ:

Բացի այս տուեալներէն՝ յստակ կը դառնայ, որ ցայսօր հաւասարակշռութիւններով գոյատեւող Լիբանանին համար նոր փուլ մըն է, որ ընթացք պիտի առնէ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան ընդհանուր կեցուածքը Դամասկոսի նկատմամբ: Լիբանանցիք, որ ամենէն շատ կարիքն ունին Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու, պիտի կարողանան «անտեսել» կամ նոյնիսկ «ոտնակոխ» ընել արաբական ընդհանուր դիրքորոշումները: Ի վերջոյ Լիբանանը Թունուզ կամ Ալճերիա մը չէ, որ «հեռուն» կանգնելով կարողանայ միայն հետեւիլ գործընաթցներուն ու այս առումով եւս Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը յայտնուած է բաւականին բարդ եւ դժուարին ընտրանքներու առջեւ: Լիբանանցիք կամ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը այսուհետեւ չի կրնար «պահուըտիլ» իր կեցուածքներուն ետին: Հարցը միայն ընտրութիւն կամ ընտրանք մը ունենալու մասին չէ, այլ կապ ունի Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութեան ու յատկապէս գաղթականներու նիւթին հետ, որ բաւական մեծ «գլխացաւ» է ամբողջ Լիբանանին համար:

Լիբանանցի սուրիամէտ մէկէ աւելի քաղաքական վերլուծաբաններ յատկապէս գաղթականներու վերաբերեալ խօսելով՝ նկատել տուած են, որ Լիբանան այդ բեռը իր ուսերէն կրնայ վար իջեցնել համագործակցելով Դամասկոսի հետ: Ու այդ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ Լիբանան ապաստանած շուրջ մէկուկէս միլիոն սուրիացիներէն բազմաթիւները վերստին կը վերադառնան իրենց երկիրը:

Նոյնիսկ Էսատի իշխանութեան դէմ կեցուածք ունեցող գործիչները շատ լաւ գիտեն, որ առանց Դամասկոսի «միջամտութեան» Լիբանանի համար անհնար է փախստականներու խնդրին արմատական լուծումներ գտնել։ Բայց յստակ է նաեւ, որ անոնց մեծ մասին ընդհանուր կեցուածքները կը բխին Դամասկոսի դէմ դուրս եկած սիւննի աշխարհի «ակունքներ»էն:

Այս իրավիճակին մէջ յստակ է նաեւ, որ Լիբանան պիտի դառնայ առաջին «տարրալուծարան»ը, ուր քննութեան պիտի դրուին մէկ կողմէ Դամասկոսի դէմ կեցուածք որդեգրած ուժերուն հաւաստիութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ նոր ոճով պիտի արտայայտուին մօտիկ անցեալին Էսատի կերպարին մէջ անընդունելի մէկը տեսնող քաղաքական ուժերուն նոր տեսութիւնները:

Փաստ է, որ այսօր Պէյրութը անգամ մը եւս յայտնուած է բախման ուժերու ճիշդ կեդրոնին ու յստակ է, որ Դամասկոս-Պէյրութ պարանաձգութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ՝ բաւականին նուրբ եւ նոյնիսկ պայթիւնավտանգ վարկածներ. այն իմաստով, որ վերոնշեալ ուժերէն իւրաքանչիւրը պիտի մարտնչի յանուն իր շահերուն:

Այսօրուան դրութեամբ Դամասկոսը պաշտպանող ուժերուն համար ամենէն կարեւոր օրակարգը Սուրիոյ կառավարութեան, հետեւաբար նաեւ Պեշար Էսատի օրինականութեան համար մղուելիք պայքարն է, որուն դիմաց կանգնած են Ռիատն ու իր դաշնակիցները: Ամէն պարագայի յստակ է, որ Պէյրութ կը գտնուի նոր փուլի մը շեմին, որ ընթացք կ՚առնէ, որուն ընթացքին կրնան նոյնիսկ տեղի ունենալ բաւական ձիգ պարանաձգութիւններ:

Անշուշտ այս բոլորը կապ պիտի ունենան սուրիական գետնին վրայ երեւելի յառաջիկայ զարգացումներով եւ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017