ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ

Նախորդ յօդուածներովս նկարագրուած դժուար, անկայուն եւ յաճախ անհեռանկար վիճակ պարզող Հայաստանէն Պոլիս հասած գաղթականներու իրականութեան մէջ կայ բարեբախտաբար կտոր մը լոյս։

Անոր հասնելու համար պիտի նստիս թրամվայ, բարձրանաս բլրակներ, անցնիս Պոլսոյ հնագոյն թաղերէն, հասնիս Չեմպերլիթաշ կամ Պէյազըթ կայարան, իջնես, անցնիս ձախ կողմ ու դէպի ծով տանող զառիվարներէն մէկը բռնես։ Իջնես ճաշարաններու, խաներու, մզկիթի մը, ապա պայուսակներ վաճառող խանութներու կողքով, մինչեւ ձախիդ յայտնուի Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցին։ Հաւանական է, որ մուտքին երկար սպիտակ մազերով ակնոցաւոր տղամարդ ծերունի մը ըլլայ, դիմացը սեղան մը, վրան ալ՝ թրքերէնով Սուրբ գիրք ու այլ կրօնական գրքոյկներ։ Պիտի բարեւես, թերեւս քիչ մը զգուշութեամբ պիտի պատասխանէ բարեւիդ, վրադ որոշ կասկածով նայի, բայց բան չըսէ. «Աստուծոյ տուն» եկած ես ի վերջոյ։ Քանի մը քայլ եւս, ու կը հասնիս տաճարի դրան, որուն վրայ կրնաս կարդալ, եթէ ժամանակ ու հետաքրքրութիւն ունիս՝

«Յայսմ
Հաւատոյ Զմեզ
Ոչ Ոք Կարէ Խախտել
Ի Յիշատակ Սրբոց եւ
Նահատակաց Ազգիս Հայոց»

Քայլ մը եւս ու եկեղեցւոյ նախագաւիթին մէջ ես։ Բայց դեռ լոյսին չհասար։ Կրօնական ճամբորդութիւն մը չէ այս մէկը։ Փոխանակ դէպի խորան քալելու, ականջ դի՛ր վարէն եկող մանուկներու ձայնին, հետեւէ անոր, թեքուէ աջ ու աստիճաններէն իջիր, անցիր բառացիօրէն գետնահարկ, դէպի մութ, բայց դէպի լոյս։ Հասած ես Իսթանպուլի «Հրանդ Տինք» վարժարան։ Այո, հակառակ բոլոր նիւթական, ընկերային, տնտեսական եւ օրինական դժուարութիւններուն, Պոլսոյ նորակազմեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու գաղութը արդէն իսկ հասցուցած է իր վարժարանը ունենալ։ Մէջբերեմ դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանի հետ 2016 թուականին ձայնագրուած հարցազրոյցէս հատուած մը, պատմած ըլլալու համար դպրոցի ստեղծման մասին։

«Հայաստանէն եկած ընտանիքներու մէջ կային դպրոցահասակ երեխաներ, որոնք այդ ժամանակուայ օրէնքներով չէին կրնար որեւէ պոլսահայ դպրոց յաճախել. եւ ծնողները բնականաբար թրքական դպրոց չէին ուզեր տալ, որովհետեւ երեխաները արդէն կը կորսնցնէին լեզուն, կը կորսնցնէին մտածողութիւնը... մայրիկները շատ խնդրած էին պոլսահայ [...] անունով մի անձնաւորութենէ - որ շատ կը շփուէր հայաստանցիներու հետ, կ՚օգնէր ինչով որ կարող էր - խնդրած էին, որ եթէ հնարաւոր է երեխաներուն ձեւով մը կրթութիւն տան։ Ան ալ ըսած էր, որ «եթէ դուք ունիք ոեւէ ուսուցիչ, որ կը կարողանայ կազմակերպել՝ մենք ձեզի տարածք տանք, դուք առէք զայն»։ Ես ալ ուսանած եմ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ եւ բոլոր հայաստանցիներու նման աշխատելու եկած էի. ինծի ըսին, որ կան այսպէս երեխաներ, որոնց կ՚ուզէինք տարրական գիտելիքներ տալ. ես ըսի՝ կը փորձեմ, ո՞ւր է դպրոցը. զիս բերին եկեղեցի, եւ ցոյց տուին, որ այստեղ պիտի ըլլայ. 2003-2004 ուսումնական տարուայ կէսն էր արդէն եւ եօթ աշակերտով սկսանք դպրոցին. ես սկսած եմ. մինչեւ յուլիսի վերջ ծրագիրը աւարտեցաւ. յաջորդ ուսումնական տարիին տասն նոր աշակերտ եկաւ։ Եղանք 17. երկու հերթով սկսանք աշխատիլ. մէկը մինչեւ ժամը տասներկուքը, միւսը՝ տասներկուքէն յետոյ։ Այսպէս, տարուէ տարի հետզհետէ կ՚աւելնար եւ այսօր ունինք մօտ 150 աշակերտ, 15 ուսուցիչ, երկու թեքնիկական աշխատող»։

Այս դպրոցը, որ փրկութիւն մըն է թշուառ պայմաններու մէջ օտարութեան գիրկ ինկած ծնողներու եւ յատկապէս երեխաներու համար, արդէն իսկ հասցուցած է ջամբել ու Հայաստան ճամբել մի քանի աշակերտներ, որոնք Երեւան վերադառնալով կը շարունակեն իրենց կրթական կեանքը։

Դպրոցի կրթական ծրագրի ու աւելիին մասին՝ յաջորդ սիւնակով։

Մինչ այդ, միայն խոնարհիլ կարելի է այն ծնողներուն, այն ուսուցիչներուն, եւ իրենց պոլսահայ բարեկամներուն առջեւ, որոնց հաւատքը ի կրթութիւն, ինչպէս պիտի ըսէր եկեղեցւոյ մուտքին փորաքրուած ասքը, ոչինչ ու «Ոչ ոք կրնայ խախտել» փաստօրէն։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2019