ՍՈՍԿՈՒՄԻՆ ԺՊԻՏԸ

Այսպէս կոչեց լիբանանահայ լուսանկարիչ Ռոտրիկ Նաճարեանը իր լուսանկարած մանկիկին դէմքը: Լուսանկարը առնուած է Պէյրութի պայթումէն եօթ վայրկեան ետք: Մանկիկին խօսուն դէմքին պատկերը ասուպի պէս տարածուեցաւ եւ առ այսօր կը շարունակուի տարածուիլ աշխարհի չորս դին՝ որպէս դրոշմ ոճիրի մը, որ ո՛չ պատերազմ էր եւ ո՛չ մէկ կանխահաս հետք ունեցող դէպք:

Կը նայիս լուսանկարին
կը տեսնես սարսափի արցունքին
ու
կեանքի ժպիտին շաղախը

արցունքոտ աչքեր
բարի
հրեշտակային
յուսաշող

ահը
սոսկումը տեսած
մահին յաղթած
վերապրումին իմաստին անծանօթ՝
վերապրած

մոխիրներէն
հրդեհէն
հուրէն յառնած...
յուսահատութենէն յոյսին կառչած:

Երկիրը կ՚ուրուագծուի աչքերուդ առջեւ, հիմա, այս սարսափահար ժամանակաշրջանը:

... Ու մանկիկին դէմքին կարմիր կաթիլներուն մէջ կը տեսնես, մահուան պատճառներէն անկախ, մահացութեան այս օրերու աճող թիւը:

Քրտնած մազերուն մէջ կը տեղաւորես մարդոց կրած դժուարութիւններուն եռեակը՝ սով, անգործութիւն, հիւանդութիւն:

Արցունքի սառած կաթիլները եռեակին ժայթքումները կը համարես:

Մազերուն երանգը փոխող փոշին անընդհատ աճող ու երբեմն չյագեցած առօրեայ մտահոգութիւններն ու կարիքները կը սեպես:

Հրեշտակային ժպիտը կը համեմատես յոյսը սպառած, բայց բուժուած հիւանդին ժպիտին հետ:

Կեանքի սիրոյն կ՚ոտնահարուի ամէն ցաւ, տառապանք, արհաւիրք...:

«Մա՛մ, ա՞ս է մահը, ասա՞նկ կը մեռնին, վերջացա՞ւ...», ըսած էր ծանօթի մը մանչուկը պայթումին ակնթարթին, երբ հզօր ճնշումը ձագուկին ոտքը գետնէն կոտրած էր տան մէջ եւ բարձրացուցած զայն այդ պահուն:

Կ՚երեւի մանչուկն ալ այսպէս կը ժպտէր պայթիւնը փարատելէն ետք:

Կորած մանկութեան ժպիտներ...

Այս լուսանկարը եւ բազմապիսի այլք նպաստեցին Պէյրութի վերականգնումին համար աշխարհասփիւռ լիբանանցիներուն եւ այլոց ձեռնարկած հանգանակութիւններուն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020