ԳՈՅՆ, ՁԵՒ, ՏԱՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմի հերդեհը թէեւ հանգած է, սակայն թէ՛ անոր ծանր հետեւանքները եւ թէ յետպատերազմեան մարտահրաւէրները կը շարունակեն պայմանաւորել ամբողջ ժողովուրդին կեանքը։ Սուրիահայութիւնն ալ անմասն չէ այս բոլորէն, բնականաբար, եւ այս երեւոյթները առօրեային առընթեր ուղղութիւն կու տան նաեւ ազգային կեանքին, ինքնապահպանման խնդիրներու։ Այս բոլորին շուրջ շօշափեցինք սուրիահայ գեղանկարիչ Զաւէն Պարտաքճեանի կարծիքները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Ինչպէս պատահեցաւ, որ Զաւէն Պարտաքճեան ինքզինք գտաւ արուեստի աշխարհին՝ յատկապէս գեղանկարչութեան մէջ:

-Գեղանկարչութիւնը համաշխարհային լեզու մըն է եւ ուրախ եմ, որ անոր միջոցաւ բոլոր ժողովուրդները կրնան հասկնալ զիս եւ կրնամ աշխարհին տալ ինչ որ կը մտածեմ ապագայի մասին: 19 տարեկանիս, յանկարծակիօրէն ինքզինքս գոյներու աշխարհին մէջ գտայ: Գոյնի, ձեւի եւ տարածութեան աշխարհս զարգացաւ, սկսաւ պարունակել բառեր եւ տողեր, որոնք դեռ չեն ըսուած, ձայներ եւ շարժումներ, որոնք դեռ չեն կազմուած: Գոյներու աշխարհս մեծցաւ ու դարձաւ այն անջրպետը, որ կը ներկայացնէ անսահման տարածք եւ արագութիւն ունեցող մարդուն միտքը: Ինծի համար վաղը եղաւ անցեալ: Եւ սկսայ պրպտել այն գալիքը, որ թերեւս դարեր վերջ պիտի գայ:

-Ամբողջ պատերազմի ընթացքին դուք չհեռացաք Հալէպէն եւ պատերազմի ամենադաժան օրերը ապրեցաք։ Այդ պատերազմը ի՞նչ էր ձեզի համար։ Այսօր եթէ մտածէք պատերազմի մասին, ի՞նչ կ՚ըսէք, ի՞նչ փորձառութիւններ ապրեցաք, ի՞նչ կը յիշէք։

-Աշխարհ առանց պատերազմի շրջան գրեթէ չունի: Եւ դժբախտաբար մեր մօտ ալ եղաւ պատերազմ ու մենք ապրեցանք այդ դժուար օրերը: Երբ պատերազմը ընկալես որպէս բնական երեւոյթ, կը շարունակես կեանքդ այնպէս, ինչպէս որ է: Մեծագոյն դժուարութիւններ անցուցի, որովհետեւ զաւակս առեւանգուեցաւ, սակայն Աստուծոյ խնամատարութեամբ տուն վերադարձաւ: Ուրիշ առեւանգուածներ անյայտ կորսուեցան: Տղաս ազատութեան մէջ յայտնուելէն ի վեր երբեք չմտածեց գաղթի մասին եւ մենք ընտանեօք՝ հակառակ մեր դժուարութիւններուն, երբեք չգաղթեցինք: Համոզուած էի, որ քաղաքս լքելով հարցերս չեն լուծուիր, այլ մնալով ու շարունակելով կը լուծուին: Կեանքը այս է, հարթ ճանապարհ մը չէ, այլ քարքարոտ։ Եւ պէտք է քալես քարերը մաքրելով, որպէսզի մաքուր ճանապարհ բանաս քեզմէ վերջ գալիքներուն համար:

-Շատեր կ՚ըսեն, թէ արուեստը դժուարութիւններու, թշուառութեան, աղքատութեան, հիւանդութեան եւ մանաւանդ՝ պատերազմի ժամանակներուն կը ծնի։ Այդ ապրումները կա՞ն ձեր մօտ, արուեստի մէջ նոր շունչ մը կրցա՞ք բերել պատերազմին պատճառած ցաւով: Կամ արդեօք Սուրիոյ մէջ առհասարակ արուեստի միջավայրին մէջ որեւէ կերպով պատերազմը արտայայտուեցա՞ւ կամ դեռ պիտի արտայայտուի՞:

-Կը կարծեմ, թէ արուեստը կը ծնի երբ վայելքներէ հեռու ես եւ երբ դժբախտութիւնները յուսահատութեան չես տանիր: Արուեստը հանգիստ կեանքի մէջ չի ծլիր, պէտք է որոշ վիճակ մը ունենաս, բայց այդ անձնական վիճակով չտարուիս, այլ դարձնես զայն մարդկութեան ընդհանուր մտահոգութիւնը: Ի սկզբանէ միշտ զբաղած եմ մարդկութեան ներքին մտածելաձեւով: Նախկին գործերուս նիւթերը ընտրած էի սրտի զարկերու ելեւէջներէն, երբ մարդ քննութեան կ՚երթայ ու սիրտը կը տրոփէ, ելեւէջներ կ՚ունենայ։ Ես ատոնք կը ներկայացնէի դուրսէն դիտուած, իսկ այժմէական գործերովս ուղղակի արդէն այդ երակին մէջն եմ. կը քալեմ, կը հանդիպիմ լիճի, ժայռի, բլուրներու եւ մտածելով որ հեռուն աւելի լաւ է, կը շարունակեմ:

Սուրիոյ պատերազմը, անշուշտ, շատ ազդեցութիւն գործեց, բայց ես պատահածը չեմ նկարեր: 2017-ի իմ ցուցահանդէսի այցելուները ինծի հարցուցին, թէ ո՞ւր է պատերազմի նկարները։ Անոնց ըսի, թէ աւերակներ, փլատակ տուներ ու դժբախտ մարդիկ փողոցն են, իսկ այստեղ կը ներկայացնեմ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ներաշխարհին ու միտքին մէջ: Ցուցահանդէսիս նպատակն էր ներկայացնել, թէ մարդուն միտքը ինչպէ՛ս ազդուեցաւ պատերազմի աւերներէն: Ըստ իս, պատերազմ ներկայացնել չի նշանակեր նկարներով ցոյց տալ քանդումներ ու աւերներ, այլ՝ մեր միտքին մէջի հարցերը: Գործեր ունէի, զորս կոչած էի «մեր ամենօրեայ մուտքը», որովհետեւ ամէն օր կեանք կը մտնէինք փոթորիկի մը միջով անցնելով: Ունէի գործեր, ուր կը պատկերուէին մեր ապրումները ռմբակոծութեան ժամանակ, կամ մեր յոյսի պոռթկումները, որովհետեւ յոյսի կողքին պոռթկումներ ալ կան երբեմն: Կային գործեր, որոնք կ՚արտացոլէին, թէ ինչպէս մեր արմատներով կառչած ենք Հալէպին: Միեւնոյն ժամանակ կային համաշխարհային մտահոգութիւններով գործեր, թէ ինչպէս ՄԱԿ-ի մէջ որեւէ հարց չի լուծուիր եւ այլն: Ես պատերազմի ընթացքին պատահածներէն անդին կը փնտռեմ ու կը մտածեմ ինչուներու մասին եւ թէ «մարդկութիւն»ը մարդկութեան ո՞ւր պիտի հասցնէ:

-Դուք նաեւ ջատագովն էք հայ-արաբ բարեկամութեան։ Ինչո՞ւ արաբներու հետ բարեկամութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ձեր առօրեային մէջ։ Ինչո՞ւ արաբներուն եւ հայերուն միջեւ բարեկամութեան անխախտ կապ մը կը տեսնէք եւ կը գործէք յանուն այդ բարեկամութիւնը զօրացնելու։

-Սուրիոյ մէջ կ՚ապրէինք համերաշխ եւ որեւէ տեսակի խտրութիւն չէինք զգացած մինչեւ այսօր եւ չենք ալ զգար: Համաշխարհային խաղով մը ուզեցին խտրականութիւն ցանել, բայց արդիւնք չտուաւ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ բոլոր ժողովուրդները իրարու հետ կ՚ապրին եղբայրաբար: Ես, օրինակ՝ ուսանած եմ Հալէպի Պետական համալսարանը եւ այդ շրջանին Հալէպի համալսարաններու բոլոր ճիւղերու արուեստի ընդհանուր պատասխանատուն էի։ Ցուցահանդէս տեղի չէր ունենար առանց իմ յօժարութեան եւ օր մը խտրութիւն չէի տեսած: Ընդհակառակը՝ ես «զարտուղի» յարգանք կը վայելեմ իմ միջավայրիս մէջ, որովհետեւ հայ եմ եւ պարծանք կը զգամ: Հայութիւնը միայն հայութեան մէջ ապրելով չ՚ըլլար, այլեւ համագործակցելով ուրիշ ժողովուրդներու հետ եւ ես այդ մէկը երբեք ձուլում չեմ համարեր: Արաբական թերթեր երբ իմ մասին գրեն, զիս կը յիշեն որպէս՝ «սուրիացի հայ գեղանկարիչ» եւ այդպիսով ես իմ ազգայնութիւնս չեմ կորսնցներ։ Սուրիոյ նախագահն ալ իր ելոյթներով ըսած է, որ Սուրիան բոլոր ազգերու երկիրն է, ուր բոլոր ազգերը կ՚ապրին միասին՝ առանց ձուլուելու իրարու մէջ, միասին ապրելով։ Մենք իրապէս անոր պտուղը կը քաղենք։ Մեր բոլոր համայնքները, բոլոր միութիւնները մասնայատուկ յարգանք կը վայելեն պետական բոլոր խաւերուն կողմէ: Այս բանի վերջին օրինակն է երբ Երեւանէն առաջին թռիչքը պիտի հասնէր Հալէպի օդակայանը, այնտեղ հաւաքուած էին պետական բոլոր ներկայացուցիչները: Մենք պէտք է գիտնանք, թէ ինչպէս պէտք է օգտագործենք ասիկա մեր յառաջատար մշակոյթը ընդհանուրին մէջ յառաջ տանելու, որպէսզի ծիլ տայ ու մեծնայ եւ աւելի լաւ է, որ համագործակցութեամբ այդ ծիլը աճեցնենք։ Ես կը համագործակցիմ անհատական ձեւով, որեւէ միութենական աջակցութիւն չունիմ:

-Սուրիան դաժան օրերէ անցաւ։ Սուրիոյ վէրքը տակաւին չէ սպիացած, բայց, կարծէք յոյսի նշոյլներ ծագած են, որ Սուրիան աւելի պայծառ օրեր պիտի տեսնէ։ Դուք ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով եւ հայկական կտրուածքով ալ ի՞նչ է ապագայի հանդէպ տեսլականը։

-Որեւէ ժամանակ չեմ մտածած աւելի լաւ ըլլալու մասին, փորձած եմ ապրիլ ստեղծուած պայմաններով: Պէտք է «լողանք» ներկայ վիճակին մէջ՝ անկախ անկէ, թէ ինչ է այդ վիճակը։ Առաջ առատ էր ջուրը, կը լողայինք, սկսաւ պակսիլ, շարունակեցինք լողալ, ջուրը պղտորեցաւ լողացինք, հիմա ընդհանրապէս ջուր չկայ, նորէն պիտի լողանք: Ես այս եզրակացութեամբ կառչած եմ Հալէպին եւ մենք ընտանեօք կը գործենք այստեղ առանց յուսահատելու եւ չենք յուսահատիր այնքան ատեն, որ մեր եկեղեցիները կը գործեն մեր հայ ժողովուրդին համար: Պատմութեան մէջ միշտ Հայ Եկեղեցին պահած է հայութիւնը: Մեր միութիւններն ու կեդրոնները տակաւին կը գործեն։ Ճիշդ է, թերեւս առաջուան ուժով չեն գործեր, բայց կան: Մենք ալ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի աջակցինք մեր ազգին, որպէսզի չկորսուինք:

Պատերազմի բերումով ապրուստը դժուարացած է: Երբ կը դիտեմ մարդոց առօրեան, կարծես Աստուծոյ գաղտնիքն է այնտեղ, որեւէ տրամաբանութիւն չի կրնար ընդունիլ, թէ մարդիկ իրենց եկամուտով ինչպէ՛ս կ՚ապրին, բայց եւ այնպէս կը գոյատեւեն: Յոյսը պէտք է մենք ստեղծենք, յոյսը երկիրը չի տար, եթէ ամէն մարդ իր յոյսը ինք ստեղծէ, այդ հաւաքական յոյսը կը դառնայ բոլոր երկրին յոյսը:

Իմ յաջորդ ցուցահանդէսը նուիրուած է Սուրիոյ եւ Հայաստանի բարեկամութեան: Ներկայիս երկու երկիրները գրեթէ նոյն վիճակի մէջ են, համաշխարհային նոյն խաղին մէջն են եւ ինչպէ՞ս դուրս պիտի գանք, չեմ գիտեր: Մենք պէտք ունինք դիւանագէտ, քաղաքագէտ դէմքերու, որոնք գիտեն, թէ ինչպէս մենք ալ ճիշդ ձեւով մտնենք այս համաշխարհային խաղին մէջ: Ես միշտ յոյսով եմ, եռանդուն եւ խանդավառ, որ ես բան մը կրնամ ընել իմ կեանքին մէջ եւ արուեստովս օգտակար դառնալ: Երբ չենք յուսահատիր, կը յաջողինք:

-Շատեր կ՚ըսէին, որ արուեստը կրնայ փոխել աշխարհը, ուրիշներ կը խօսին այն մասին, որ արուեստը բուժիչ է մարդ արարածին համար: Ձեզի համար ո՞րն է իրականը։ Դուք աշխա՞րհը կ՚ուզէք փոխել կամ կ՚ուզէք սփոփուի՞լ արուեստին տուած խաղաղութեան այդ ճանապարհով:

-Արուեստը համաշխարհային լեզու է եւ աշխարհի դէպքերու ազդեցութեամբ արուեստագէտը կը շարժի եւ կ՚ուզէ իր հասկցած ձեւով բացատրել գալիքը, որպէսզի մենք զմեզ օտար չզգանք ապագայ կեանքին մէջ: Մարդու միտքը միշտ «պղպջակներ» պէտք է ունենայ, որպէսզի գիտնայ, թէ ի՛նչ կը մտածէ, ո՛ւր կ՚երթայ եւ ի՛նչ պէտք է ընէ: Անջրպետը մարդուն միտքն է, ուր անսահման կը քալենք մեր ուզած ատեն եւ մեր ուզած վայրերը: Երբեմն յոգնեցուցիչ է անջրպետին մէջ շարժիլը, բայց ես իմ ընդհանուր կեանքս անջրպետի մէջ կ՚անցընեմ, կը քաղեմ չորս կողմս պատահածներէն ու յառաջ կ՚երթամ առանց ապրելու զանոնք:

Ինծի համար արուեստը գեղեցիկ պատկերներ գծել չէ միայն, այլեւ բան մը ըսելու գործիք է եւ այդ բանը չըսուած, չլսուած, չգրուած նորութիւն մը պէտք է ըլլայ: Կրցած եմ իմ աշխատանքովս բաւական տեղ հասնիլ։ Իմ արուեստը զարտուղի ոճ մը ունի, ոչ մէկուն կը նմանիմ եւ ունիմ յատուկ պատգամս, որովհետեւ արուեստը առանց պատգամի կը դադրի գեղանկարչութիւն ըլլալէ եւ կը դառնայ կիրառական արուեստ:

Արուեստի հայկականութիւնը կախեալ է ստեղծողէն. եթէ համաշխարհային դառնայ, կ՚ըսուի, թէ այդ մէկը հայկական է, որովհետեւ արարողը հայ է: Մենք բացառիկ ազգ ենք եւ ունեցած ենք եւ ունինք շատ հռչակաւոր դէմքեր։ Ի վերջոյ մեր ազգը մատուցելու, յօրինելու եւ ստեղծագործելու մեծ կարողութիւններ ունի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2023