ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ ԵՒՍ ՓՐԿԵԼ
-Բարեւ Ենովք, ես Հայաստան կ՚իջնեմ: Յուսամ հոն կը հանդիպինք: Բաւական տուներ գտած եմ, ցոյց կու տամ քեզի. իմ տանս մօտ են, ընդարձակ տարածութիւններ ունին, կառոյցը փլատակ է, աւելի լաւ, գոնէ դուն կը նորոգես ուզածիդ պէս, OK՞:
Հրճուանքը ակնյայտ էր Գէորգին աչքերուն փայլքէն հեռաձայնային այս զրոյցի պահուն, անձ մը եւս համոզած էր հայրենիքէն բնակարան գնելու, իր բարեկամներէն՝ Ենովքը, որ եւրոպական քանի մը երկիրներու մէջ բնակարան ունէր արդէն, ինչո՞ւ չունենար նաեւ հայրենիքի մէջ, ու կամաց-կամաց քանի մը բարեկամ ալ եթէ կարողանար համոզել, իր գնած տան հայրենի այդ աւանը կը շէննար, բայց հայրենիքը շէնցնելէն աւելին էր իր խորհածը. վաթսունի մօտեցած իր տարիքին ընթացքին անցած էր Գամիշլիէն Լոս Անճելըս, ապրած էր հոն, մաքառած կեանքի բազում դժուարութեանց դէմ, օտար միջավայրին ընտելացումը երբեք դիւրին չէր եղած իրեն համար, պահ մը մտածած էր հայրենիք հաստատուելուն մասին, այցելած էր ատենին հայրենիքը, փորձած էր հոն ապրիլ, սակայն ապրուստի դժուարութեանց դիմանալը հնարաւոր էր, այո՛, բայց միայն ապրուստ՝ առանց ապագայի, առանց զաւակներուն լաւ ապագայ մը կարենալ հոգալու, ուստի որոշած էր գաղթել Լոս Անճելըս, բայց միշտ ալ մտքին մէջ պատկեր մը կար գծուած, նպատակ մը, հեռանկար մը, որ միմիայն կը միտի սերունդ մը փրկելու գաղափարին:
-Աղջիկս, վաղը երբ ամուսնանաս, զաւակներդ ամրան ես եւ մայրդ մեզի հետ կը բերենք հոս, դուք կ՚երթաք ուր որ ուզէք, ապա կը վերադառնաք, մի քանի օր ալ հոս կ՚անցնէք ու կը շարունակէք ձեր ուղին դէպի տուն:
Այսպէս ըսած էր Գէորգ հանդարտօրէն իր աղջկան հետ խօսած պահուն: Միտքը հանգիստ է Գէորգին, քանի իր երեք դուստրերը հայ երիտասարդներու հետ որոշած են շարունակել իրենց կեանքի ուղին: Առաջին ու մեծ մտահոգութիւնը յաղթահարած է ան, իր դաստիարակութեան արգասիքը կը տեսնէ, անքուն ու մտահոգ գիշերներուն, հազարումէկ հարցման նշաններու շարաններուն, որոնք կը գոյանային երբ դուստրերէն մէկը ընկերովի տեղ մը կ՚երթար. փախուստ չկայ օտարներու հետ հաղորդակցումէն, փախուստը, մէկուսացումը հիւանդագին վիճակներու արդիւնք կու տան, Գէորգ միշտ փորձած է հանդարտութեամբ դիմել, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի աղջիկներէն մէկուն, երբեք իր ներսի փոթորիկը չէ յայտնած անոնց, միշտ ալ համաձայնած է անոնց ծրագիրներուն, պտոյտներուն, «...զգո՛յշ»ը կցելով իր համամտութիւնը հաստատող արտայայտութիւններուն ետին, աղջիկներն ալ սորված էին ու միշտ ժպիտով կը միանային հօր «...զգո՛յշ»ին:
-Բայց, պա՛պ, առանց ձագուկի մենք ինչպէ՞ս երթանք, չենք ալ ուզեր միայն Հայաստանի մէջ անցնել մեր ամառնային արձակուրդները,- կատակով պատասխանած էր անդրանիկ զաւակը, որուն պսակի պատրաստութիւնները կարգի կը դրուին արդէն:
-Նախ, առաջ Աստուած, պսակենք ձեզ, ապա կը խորհինք այդ մասին, պսակդ ալ Հայրենիքի մէջ որոշած ենք ընել: Թոռնիկս տեսնեմ, յետոյ կը խօսինք: Բայց միթէ լաւ առաջարկ չէ՞ ըրածս, ո՞վ պիտի հոգայ ձագուկը ձեր ճամբորդութեանց ընթացքին. աւելին ըսեմ, դուք կը կարողանաք այսպիսով ամէն տարի մեղրալուսնի երթալ: Աւելի լաւ չէ՞:
Գէորգ իր մտադրութենէն խուսափողը չէ, հեռանկարը գծել սկսած է արդէն, տարին մէկ-երկու ամիս երբ թոռնիկը բերէ հայրենիք, մանկան մէջ պիտի կարողանայ ցանել հայրենիք, հայ կոչուած հունտ մը, որ պիտի զարգանայ, աճի, մանկան հայրենիքի օդին ու ջուրին հետ հաղորդակցումով, հայերէն հնչիւններ լսելով, իր պապիկին պարտէզի հաւերուն ետեւէն վազվզելով, ծաղիկները քաղելով, քանդելով ցանքը, գնդակը կամ պուպրիկը ձեռքին խաղալով... ի վերջոյ մանուկ մարմնին հետ մանուկ յիշատակներ հիւսելով անոր ենթագիտակցութեան մէջ, որպէսզի ան իմանայ իր ո՞ր ազգին պատկանած ըլլալը, իր նախահայրերուն ո՞ր լեզուով հաղորդակցիլը:
Գէորգ իր բարեկամներէն մէկուն հետ զրոյցի մը պահուն յայտնած էր, թէ կարող է ինք ալ ամէն տարի երթալ եւրոպաներ, այլ երկիրներ ամառնային արձակուրդը անցնելու, բայց ունի պարտաւորութիւն մը, պարտք մը իր ճիտին, եւ այդ պարտքը միայն այս ձեւով կարելի է հատուցանել. հակառակ պարագային, շատերու թոռներուն նման իր թոռներն ալ ապագային պիտի հաղորդակցին անգլերէնով ու օր մը, տեղ մը, թերեւս, պիտի յիշեն իրենց նախահայրերուն հայ ըլլալը: Բայց ինք կը հաւատայ իր հեռանկարին, իր ջանքերուն, իր ճիգերուն, որոնք պիտի ծառայեն իր կարգին սերունդ մը եւս կարենալ փրկելու:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ