ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄ
-Բարե՜ւ, Անի: Ինչպէ՞ս ես: Դեռ նոյն տո՞ւնը կը բնակիք:
Սայաթ Նովա պողոտային վրայ անակնկալ հանդիպման մը միջոցին կ՚ըսէ դասընկերս, որ պատերազմի պատճառով հոս փոխադրուողներու փաղանգին կը պատկանի:
Փոխուած են անոր ձայնի ելեւէջները, աչքերէն գոհունակութիւն կը հոսի. երեք տարի առաջ հանդիպած էի իրեն դարձեալ տեղ մը. նոր եկած էր, շա՜տ տխուր էին աչքերը, ստիպողական ժպիտ մըն ալ գոյ էր դէմքին վրայ: Ուրախալի է այսպիսի փոփոխութեան մը ականատեսն ըլլալ:
Մի քանի քայլ անդին՝
-Անի՛, տունդ նոյն տե՞ղն է, կ՚ուզենք հանդիպիլ: Հեռաձայնիդ թիւը կու տա՞ս, առձեռնս նորոգեցի, ջնջուած ըլլալու է:
Օրս անակնկալ հանդիպումներով սկսաւ, ի՛նչ լաւ:
Հարազատներուն ժպիտը ի՛նչ հաճելի է: Ժպիտ: Ե՞րբ կը ժպտի անհատը: Ժպիտը ներքին հանգստութենէն է որ կու գայ, ներքին խաղաղութենէն, ընտելացումէն ալ թերեւս այս պարագային:
Այո՛ ընտելացում: Ընտելացանք մենք՝ հալէպահայերս, ամէն նորութեան. ամէն, ամէն ինչի որ կայ մեզի համար նոր այս միջավայրին մէջ: Բնականաբար ամէն ինչի սկիզբը խորթ կը թուի, երբեմն ալ կը հիասթափեցնէ կը կարծենք, բայց կամայ ակամայ ընտելացումը կը ջնջէ ամէն խորթութիւն, բոլոր յոռի թուացող երեւոյթները տարիներու ընթացքին կը դառնան բնական, այլ երբեմն նախկինէն աւելի ճիշդ ու ընդունելի, ինչպէս օրինակ, կարելի է համեմատականով մը պարզել հայրենիքի մանկութիւնն ու պատանութիւնը մէկ նժարի վրայ, մեր ծննդավայրինը՝ միւսին վրայ տեղաւորելով:
Կը յիշեմ բարեկամի մը վկայութիւնը, որ այս մասին կ՚ակնարկէ: Ան Հալէպ վերադարձած է՝ «Կը կարծէի,- կ՚ըսէ ան,- որ զաւակս բան չէ սորված երեք տարիներու մեր հայրենիք գոյութեան ընթացքին, բայց ահաւասիկ կը շօշափեմ անոր մէջ գիտելիքներու առատութիւնը: Ճիշդ է, որ ուսուցման մեթոտները տարբեր են, բայց աշակերտը ընկալած ու մարսած կու գար դպրոցէն: Բան մը, որ հոն եղած միջոցիս երբեք չէի նկատած: Ուրախ եմ այս առումով»: Խոստովանութիւն մըն էր տեղի ունեցածը, ձեւաւորուած ըմ-բըռնումի մը ճշդումը թերեւս, որ շօշափելի համեմատութենէ մը գոյացած է ահաւասիկ:
Որեւէ երկրի, նոր միջավայրի ընտելացումը անկասկած ժամանակի կը կարօտի. միայն պատերազմն է, որ անակնկալ ու յանկարծակի փոփոխութիւններու դուռ կը բանայ: Ընտելացումէն է որ կը յառաջանայ անկախացում մը նաեւ նախկինի ամէն ինչէն. անկախացում այո՛, երբ, մեր պարագային, կեանք մը կ՚ընթանար միայն մի քանի թաղամասի մէջ, հայապահպանութեան շուքին տակ ծածուկ դարպասում մըն էր մեր եւ աշխարհին միջեւ: Մի քանի թաղամասը ահաւասիկ, հոս հաստատուողներուս համար, վերածուեցաւ քաղաքի մը, երկրի մը, հայրենիքի մը, ոչ նոյնը ինչ որ գիտէինք ու սորվեր էինք: Հայրենիք մը, ուր իւրաքանչիւր քայլափոխի բան մը կը պատմուի բնութեամբ, կոթողներով, յուշարձաններով, շէնքերով, դարաւոր կառոյցներով:
Ականատես կ՚ըլլանք հինէն նորը քալող հայրենիքին քայլերուն. կը ցաւինք, կը շնչենք հայրենիքի մէջ ու ինչու ոչ նաեւ հայրենիքի համար: Հոս իւրաքանչիւր իրադարձութեան, ձեռնարկի, տօնակատարութեան, հանրահաւաքի ներկայ գտնուելով մեր մէջ կը ցանուին նախկինէն աւելի տոկուն հայրենասիրական սերմեր, կը զգանք, որ մենք եւս մասնիկ մըն ենք այս երկրին մէջ, ուր ահաւասիկ մի քանի տարուան մեր տքնանքին հիմը դրած կը սեպենք մենք մեզ: Մեզի հանդէպ «աղբեր»ական նայուածքները վերացած են կամ նօսրացած, եւ հակառակը՝ «Դուք գրագէտ էք խօսում, մենք շատ ենք սիրում ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը աւել տոկուն արմատներ ունի», յաճախ կը լսուին նման վկայութիւններ...:
Անկախացանք, այո՛, այսօրուան այս ժպիտները վկայ: Ընտելացանք նորին ու կը սպասենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման: «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»էն ի վեր տեղի ունեցող դէպքերը՝ կը յուսանք, որ հայրենիքին համար իսկական անկախութեան դուռը կը բանան: Նախկին կապանքները քանդելով նոր ու բարեկարգ հայրենիք մը տեսնելու հաճոյքն ալ կը վայելենք ու այն ատեն է որ իսկական ժպիտները պիտի պարուրեն բոլորս, երբ ամէնուր հնչող խոստումներուն գործադրութիւնը տեղի ունենայ, երբ արձանագրուած նախադասութիւնները ի գործ ածուին: Այն ատեն է որ նաեւ հաւատքը պիտի վերականգնի, հաւատք իշխանութեան հանդէպ, եւ հաւատքն է որ պիտի գծէ նոր հեռանկարներ, նոր ուղիներ:
Ահա դէմս կ՚ելլէ քուէյթահայ ծանօթ երիտասարդ մը, որ հոս կ՚ուսանի, ան կը ծանօթացնէ իր ընկերոջ, ու՝
-Ինչպէ՞ս տեսար, Երեւանը,- կը հարցնեմ:
-Երեւանով հմայուած եմ, թանթի՛կ: Զզուելի է այլեւս կեանքը արաբական երկրի մը մէջ, ուր սեւազգեստ կիներ կը վխտան, ուր ժպիտ գոյութիւն չունի ընդհանրապէս: Հոս մարդիկ շուները կը պտտցնեն, խնամք կը տանին կենդանիներուն, մինչ հոն յաճախ կարելի է տեսնել փողոցի կատուներն ու շուները անխնայ հարուածողներ: Հոս բոլորը հայախօս են: Չեմ կրնար ըսել հարկաւ, որ բոլորը լաւ են, սակայն այս հանգստութիւնն ու ապահովութեան զգացումը հոն չկայ: Այս գեղեցիկ աղջիկները հոն չկան,- աչքին ծայրով հանդիպակաց մայթէն անցնող գեղուհիները զննելով,- Երանի՛ ես ալ կարենայի հոս շարունակել ուսումս:
Կ՚ափսոսայ երիտասարդը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ