ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ՝ ԽՕՍՔԷՆ ՈՒ ԻՏԷԱԼԷՆ ԱՆԴԻՆ

Հայկական Զարթօնք, մշակութային եւ քաղաքական վերածնունդ, ստրկատիրական վիճակէ դուրս գալու ինքնավարութեան պայքար, հուսկ յետոյ անկախ պետութիւն կերտելու կամք ու իրագործումներ՝ ահա թէ ինչպիսի պատմական եղելոյթներու գումարն է Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան արարումը, հանրապետութիւն՝ որ ունեցաւ նուազ քան երեք տարուան կեանք, սակայն հաստատեց այնպիսի ամուր հիմք, որուն վրայ կոթողուեցաւ 1991-ին վերանկախացած Հայաստանը։ Արարող սերուդնը ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ արարեց, չտարուեցաւ անհատներ լուսարձակաւորելու մոլուցքով։

Ինքնապաշտպանութեան կռիւներ, ֆետայական շարժում, կամաւորական գունդեր, Սարդարապատ եւ զուգահեռ ճակատամարտեր, որոնցմէ ծնունդ առաւ վիրաւոր հանրապետութիւնը, շուտով ընդարձակեց իր սահմանները, աւելի ուշ ներշնչման աղբիւր դառնալու համար 20-րդ դարու վերջերուն վերարծարծուած Արցախեան պահանջատիրութեան ու ազատամարտին, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցին լուսաւոր ու արիւնոտ էջեր, հայութեան բերին անկախ պետականութեան վերահաստատումը եւ, անդրանիկ հանրապետութեան օրինակին հետեւողութեամբ՝ հայապատկան հողերու ազատագրում, ստալինեան անարդար որոշումներու սրբագրութեան երթի մեկնարկ։

Բուռ մը հայրենիք, անոր սահմաններուն մէջ ապրող բուռ մը ժողովուրդն ու աշխարհացրիւ հայութիւնը օր աւուր կ՚ապրին հպարտութեան առիթներ, սակայն նաեւ կը տատանին տագնապեցնող վիճակներու միջեւ, աննահանջ յոյսով, որ ներքին, շրջանային ու միջազգային ազդակները բերեն լաւ հովեր, չէզոքացնեն բացասական փոթորիկներու ազդեցութիւնները, ներքին ու արտաքին կարողականութիւնները լարուին ի խնդիր հայրենիքի բարելաւման ու ընդարձակման, ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի պատգամի իրականացման։

***

28 տարի առաջ, երբ Հայաստանի ժողովուրդը բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան վերականգնումին, գիտէր նաեւ, որ ինք կը ժառանգէ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն իրականացած արժէքներն ու պատգամները, որոնք այլապէս կաթիլ-կաթիլ գոյառած էին նախորդ տասնամեակներուն ու դարերուն. եւ ատիկա թափ տուաւ պահանջատիրական ու արդարատենչութեան գործին։ Այդ արժէքները իրողապէս, եթէ ոչ՝ յականէ անուանէ, պահպանուած էին խորհրդային տարիներուն, այլապէս, չէինք ունենար Արցախեան Շարժում ու չէինք հասներ վերանկախացումի…։ Այսօր, երեք տասնամեակ ետք, դարձեալ հպարտանալու պատճառներ ունինք, անկախ անկէ, թէ իրագործումները իշխանական ո՞ր «հոսանք»ին օրերուն տեղի ունեցած են։ Երկրի մը կեանքը անխուսափելի շարունակականութիւն է, հոգ չէ թէ որոշ շրջանի մը իրականացած զարգացումն ու յառաջխաղացքը կրնան դանդաղիլ, կրնան արձանագրուիլ անբաղձալի եղելոյթներ, ինչպէս եղաւ խորհրդային տարիներուն՝ որոշ գետիններու վրայ, սակայն բա-րեբախտաբար՝ ոչ բոլոր կալուածներուն մէջ…։ Այլ խօսքով, Հայաս-տանի անկախութիւնը հիմնադրողներն ու անկախ պետականութիւնը վերականգնողները արդար պահաջներ ունին մեզմէ, գալիքներէն, եւ այդ ակնկալիքները չեն կապուած մէկ անձի, մէկ կուսակցութեան, կուսակցապետի կամ խմբաւորումի։ Հարցը ազատ, անկախ եւ արդար պետականութեան ամրացման առաջադրանքն է. իսկ թէ իշխանաւոր մը կամ վարչակարգ մը որքանո՞վ կը մարմնաւորէ այդ առաջադրանքը՝ կախեալ է անոր իրագործումներէն։ Այլապէս, պէտք չէ մոռնալ, որ Ստալին մը, Իտի Ամին Տատա մը, Ռապըրթ Մուկապէ մը եւ նմաններ ալ իշխանաւոր էին…

***

Մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ ի վեր, Հայաստան կ՚ապրի յետ-վերանկախացումի նորագոյն փուլը, որ սկիզբ առաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» եւ երկիրը նետեց դրական ու նուազ դրական զարգացումներու յորձանքի մը մէջ։

Անկախութեան տօնին առիթով, շատ պիտի խօսուի մասնաւորաբար այս նորագոյն ժամանակաշրջանին մասին, ինչ որ արդար է եւ բնական, որովհետեւ մարդս առաւելաբար կը տարուի իր ապրած անմիջական ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններով, իսկ իշխանութեան ղեկին գտնուողը հակամէտ է գովաբանելու իր իրագործումները, լուսանցքայնացնելու անցեալի այս կամ այն փուլը. սա կը ստեղծէ համապատասխան հակադարձութիւններ, իսկ տեղեկատուութեան-քարոզչական մեքենաները պատրաստ են ջուր բերելու հակադիր ջաղացքներուն…։

Կարելի՞ է բացարձակ առարկայականութեամբ դիտարկել ու գնահատել նորագոյն փուլը, երբ մէկ կողմէ արդարօրէն յառաջ կը մղուի այն տեսակէտը, թէ նոր իշխանութիւնը տակաւին բաւարար ժամանակ չէ ունեցած հունի մէջ դնելու բարեշրջական ծրագիրները, իսկ միւս կողմէ կը մատնանշուի, որ անցած ժամանակամիջոցը պէտք էր բաւարար ըլլար լուծում բերելու գոնէ կարգ մը անմիջական հարցերու, մինչդեռ սպասուած տեղաշարժերը կը մնան սահմանափակ, իսկական բարեշրջումներ ալ… կը նսեմացուին, կը խլացուին քաղաքականացուած քարոզչութեան փոթորիկին մէջ։

Ըստ կարելւոյն՝ առարկայականութիւնը կը թելադրէ, որ պահ մը մեր աչքերը հեռացնենք օր աւուր զարգացող բանավէճերէն, եւ կարգ մը իրականութիւններ տեսնենք իրենց պարզագոյն եւ բնական բովանդակութեան մէջ, իրենց դրական ու բացասական երեսներով։

***

«Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը ճամբայ ելաւ յստակ յանձնառութեամբ մը, նպատակ դնելով բարեկարգել երկրին տիրապետող անարդար ընթացքը, հետեւանք՝ մենաշնորհներու եւ չարաշահումի։ Գաղտնիք չէր, եւ սա բազմիցս բարձրաձայնուած է, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, եւ ո՛չ միայն երկրորդ ու երրորդ նախագահներու օրերուն, մենաշնորհներ, պաշտօնի չարաշահումներ, կաշառակերութիւն, անարդար որոշումներ եւ կիրարկումներ բացակայութիւն չարձանագրեցին հայրենիքի կեանքէն։ Իրականութիւններէն մէկն էր փոքր թիւով անհատներու եւ որոշ ընտանիքնե-րու անարդար հարստացումը (այսօր մոռցուած են այն նախարարներն ու պետական այրերը, որոնք հարստութիւն կուտակեցին եւ օր մըն ալ իրենց շունչը առին օտար երկինքներու տակ), ժողովուրդի մեծամասնութեան աղքատացումը, տնտեսական ու մշակութային նահանջներ, արտագաղթ։ Այդպէս էր, որովհետեւ խորհրդայիններու ստեղծած դրութիւնը դիմակափոխուած էր եւ ստացած՝ օրինակի համար՝ «ազատ տնտեսութիւն» անունը. սա գործնական թարգմանութեան արժանացաւ, երբ իշխանաւորներն ու անոնց անմիջական շրջապատը ազատ զգացին… սեփական գրպանները ուռեցնելու։ Ժողովուրդը 2018-ի շարժումին մէջ առողջ զգացումով մը տեսաւ փրկութեան լաստ մը եւ զօրակցեցաւ անոր. ճամբայ ելաւ վերջին մէկուկէս տարուան պատմութիւնը։

Այսօր, իրողական ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ մեր հայրենիքը, որուն ուղղուած են համայն հայութեան աչքերն ու ակնկալութիւնները։ Եթէ մասնակի փորձով որոշ իրականութիւններ դիտենք քարոզչականին եւ զգացականին տուրք չտալու մօտեցումով, կրնանք աւելի յստակ պատկերացում ունենալ։

«Իմ քայլը» խմբակը երբ իշխանութեան հասաւ, կատարեց յայտարարութիւններ, տուաւ խոստումներ, արձակեց մեղադրանքներ ու ըրաւ ախտաճանաչումներ, որոնց հիման վրայ գործի լծուեցաւ նոր խմբակով։ Բնական պէտք է նկատել, որ իր նախորդը իշխանութենէ հեռացնող խմբակ մը երբ ձեռք կը բերէ երկրի մը ղեկը, կ՚աշխատի իր ծրագիրներուն իրականացման ատակ նկատած մարդիկը մտցնելու աշխատանքի տարբեր ոլորտներու դաշտերը, իսկ եթէ ատակները բաւարար չեն, կը դիմէ վստահելիներ տեղաւորելու քայլին։ Եւ ահա, նոր իշխանութիւնը իր այդ «բնական իրաւունք»ն ու ձեռք բերած հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ, կազմեց նախ՝ համախոհական կառավարութիւն մը, իսկ քիչ ետք՝ վարչակազմ մը՝ որ ըստ իր պատկերացումին, աւելի՛ լաւ պիտի կիրարկէր իր առաջադրանքները։ Յաջորդ կարեւոր հանգրուանը եղաւ նոր խորհրդարանի ընտրութիւնը. իշխանաւոր խմբակը ապահովեց աթոռներուն գեր-բացարձակ մեծամասնութիւնը, խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն շարքին դասեց իր երէկի անմիջական գործակիցները եւ իրեն յարողներ, իսկ խորհրդարանէն դուրս մնացին այլ ընդդիմադիրներ ու համախոհներ։ Ստեղծուած վիճակին մէջ, դռները բացուեցան հակադրութիւններու եւ հակաճառութիւններու դիմաց. վերջերս աւելի յաճախ կը խօսուի իշխանաւոր խումբին ու անոր համակիր ընդդիմադրութեան մէջ ծագող ճեղքերու մասին. այս բոլորը բնական երեւոյթներ են ինքզինք ժողովրդավար նկատող երկիրներու մէջ, պայմանաւ որ չեն քօղարկեր որոշ հատուածի մը կամ ղեկավարի մը… մենատիրական դիտաւորութիւնները։

Այսօրուան իրողական պատկերը սեղմ գիծերով կը ներկայանայ հետեւեալ ընդհանուր գիծերով. կայ խմբաւորում մը, որ ընտրութեանց ճամբով մեծամասնութիւն է, իրեն կը վերապահէ, ինչպէս պիտի ըլլար որեւէ տեղ՝ իշխանութեան բոլոր թեւերուն տիրապետութիւնն ու հակակշռումը։ Որեւէ օրէնքի որդեգրման համար, անիկա պէտք չունի համակիր կամ ոչ-համակիր ընդդիմադիրներու քուէին։ Խորհրդարանէն ու գործադիրէն ետք, դատական-իրաւական թեւին վրայ հակակշիռ հաստատելու ճիգը բացայայտ է։ Նոյն միտումը ակներեւ է նաեւ այլ մարզերու մէջ, ըլլա՛յ տեղական վարչամեքենաներու, ըլլա՛յ կրթական համակարգի եւ այլ ոլորտներու, մինչեւ իսկ Արցախի պարագային։

Խորհրդարանէն դուրս կանգնած կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները եւս կը ներկայացնեն երկու գլխաւոր հոսանք. անոնք՝ որոնք համակիր են իշխանութեան եւ պատրաստ են զօրակցելու-ծափահարելու անոր բոլոր քայլերը, իսկ երկրորդ հոսանքը մեղմ կամ սուր քննադատութիւններով կը դիտէ իշխանաւոր խմբակին իւրաքանչիւր քայլը։ Միջին գիծ մը, բանականութեան ու հաւասարակշռութեան կոչերով հրապարակ եկողները կը մատնուին խլութեան ու լուսանցքայնացման, որքան ալ որ անոնք բարձրաձայնեն ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ամրակայման հրամայականը, կարողականութեանց միջեւ համերաշխ գոյակցութիւն ու մրցակցութիւն ստեղծելու հրաւէրները։

***

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» աւելի քան մէկուկէս տարի ետք, յետադարձ ակնարկ մը՝ այսօր դիտողը կը դնէ աւելի՛ ամուր խարիսխի վրայ, երբ ան կ՚ըսէ, թէ պէտք է գտնուէր, պէ՛տք է գտնուի ձեւ մը, որ հայրենիքի կեանքին ու զարգացման նախանձախնդիր ուժեր գործնապէս մասնակցութիւն ունենան երկրի կեանքին մէջ, մանաւանդ, որ հայրենիքն ու անոր սեւեռող հայութիւնը կը դիմագրաւեն ներքին, շրջանային ու միջազգային սուր մարտահրաւէրներ (անոնց մանրամասնութեանց մէջ մտնելը շատ պիտի ընդարձակէ այս ակնարկին հորիզոնը). ձեռքերու, ուղեղներու եւ կարողականութեանց աւելի լայն ներգրաւումը՝ այս մարտահրաւէրներուն դիմագրաւումին մէջ, պիտի ընդարձակէ պատասխանատուութիւն կրողներուն խարիսխն ու միջոցները, երկիրը դուրս պիտի բերէ այն կէս-ամլացնող հակադրութիւններէն ու բանավէճերէն, որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, ամէն քայլի ու նախաձեռնութեան մէջ կը տեսնեն քաղաքական մասնակի շահեր, դիտաւորութիւններ ու հակառակորդը մերժելու տրամադրութիւն. այս ակնարկութիւնը չ՚երթար միայն իշխանաւոր խմբակին, այլ նոյնքան մըն ալ՝ խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական խմբաւորումներու։ Բիւզանդական վէճի նիւթ կը դառնան մինչեւ իսկ այնպիսի հարցեր, ուր տարրական բանականութիւնը կրնայ արագ եւ դիւրին լուծումներ բերել։

Իշխանութիւնն ու անոր կողքին կանգնողներ կը հաւաստեն, որ իրենք քայլ առ քայլ յառաջ կը տանին արդարութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ փտածութեան հետքերը դարմանելու իրենց ծրագիրները, պարբերաբար կը հրապարակեն փաստեր, վիճակագրութիւններ ու վկայութիւններ, իսկ հակադիր ճակատը կը պնդէ, որ խօսքը, խոստումներն ու ներկայացուող փաստարկները լիովին համապատասխան չեն իրականութեան, նահանջն ու անկումը կը շարունակուին, նոյնքան մըն ալ արտագաղթը։ Հակաճառութիւններէն բարձրացող աղմուկը այնքան տիրական է հրապարակին վրայ, որ իշխանութեան արձանագրած յառաջաքայլերը կը կորսուին անոր ազդեցութեան տակ։ Օրինակ, ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ այն իրականութեան, որ Հայաստանի դրամը վերիվայրումներու չ՚ենթարկուիր, ինչ որ ինքնին «ջերմաչափ»-ցուցանիշ է, կամ կարելի եղաւ որոշ չափով դէմ կանգնիլ Հայաստանը հակաիրանեան կառքին լծելու փորձին։ Ընդդիմադիրներուն յառաջ քշած հիմնաւորումներէն մէկն ալ այն է, որ կարելի չէ անտեսել անցեալ տասնամեակներու իրագործումներն ու արձանագրուած յառաջընթացը, մինչեւ իսկ եթէ իշխանութիւնը արդարօրէն կ՚աշխատի հաշուետուութեան բերել չարաշահողներու փոքրաթիւ «փաղանգ» մը, որովհետեւ այլապէս, եթէ դէպքերու բնական զարգացումը անիւը այնպէս մը թաւալէ, որ մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային նորեր գան իշխանութեան, անոնք ալ պէտք չէ ունենան այսօրուան դրական զարգացումները արհամարհելու եւ անիւի գիւտը նորովի կատարողի յաւակնութեան «խաղաքարտը»։ Այլ խօսքով, այդ փոքր փաղանգին պատանդ կը դառնան թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ զայն քննադատողները։

***

Ո՛չ ոք կրնայ կամ պէտք է աչք փակէ այն բեւեռացումին վրայ, որ ստեղծուած է մեր հայրենիքին մէջ։ Սա ցաւալի իրականութիւն մըն է, առիթ չի տար պահուըտելու մեր մատներուն ետին։ Այս ճշմարտութեան ուղղակի աչքերուն նայիլը չի նշանակեր իշխանութեան համակիր կամ հակադիր դիրք ունենալ, այլ կը նշանակէ նախանձախնդիր ըլլալ պետութեան հզօրացման ու անվտանգութեան։ Բեւեռացումը ունի բազմաթիւ պատճառներ, սակայն ո՛չ մէկ արդարացում, որքան ալ որ ինքնարդարացումի դիմէ այս կամ այն կողմը։ Հայրենիք ու ժողովուրդ կարելի չէ յառաջ տանիլ, կառավարել ու զարգացնել այսպիսի սուր բեւեռացումի ճամբով, ոչ ալ անոր պատասխանատուութիւնը միշտ դիմացի կողմին վերագրելով։ Հայրենիքն ու պետութիւնը կը մարմնաւորուին բոլորով՝ իշխանաւոր, ընդդիմադիր թէ կրաւորական չէզոքութիւն պահող։

Բեւեռացումին մէջ իրենց բաժինները ունին թէ՛ իշխանաւոր խմբակը, թէ՛ զայն քննադատողները։ Նպաստաւոր չէին իշխանութեան բարձրացուցած՝ «սեւի-ճերմակի», «յեղափոխականի-հակայեղափոխականի» եւ այլօրինակ բնութագրումները։ Ինչպէս որ անցեալի որոշ փուլերուն կային լեւոնական-հակալեւոնական, քոչարեանական-հակաքոչարեանական, սերժական-հակասերժական «արեւելումներ», նոր «դարաշրջան»ն ալ ուրուագծեց փաշինեանական-հակափաշինեանական հոսանքներ, տարածում գտաւ սփիւռքի մէջ ալ, անկախ իւրաքանչիւրին բարձրացուցած ճիշդ կամ անճիշդ դրօշակներէն։ Բեւեռացումի խաղասեղանին կը դրուին մինչեւ իսկ Արցախն ու պաշտպանական ուժերը…։ Քննարկումը եւ հակաճառութիւնը կը զարգանան ո՛չ թէ անպայման տուեալ հարցը իր էութեան մէջ քննարկելու, դրականն ու բացասականը իրարմէ անջատելու, ի հարկին չոր գիտութեան եզրակացութիւններուն ականջ տալու, եւ ըստ այնմ եզրակացութիւններու հասնելու տրամաբանութեամբ, այլ՝ այնպէս մը որ իշխանութիւնը կամ ընդդիմադիր կողմը ինչպիսի՞ քաղաքական շահեր կրնար ապահովել հարցին քննարկման ստացած ընթացքէն։ Որոշ հարց մը յանկարծ կը դառնայ հրատապ, քիչ ետք այլ հարց մը կու գայ գրաւելու անոր տեղը, առանց որ առաջինը լուծում-դարման գտած ըլլայ։ Անցեալի իշխանաւորներուն ուղղուած քննադատութիւնները երբեմն կը հասնին հոն, ուր անոնք կը նկատուին աւելի վատ, քան… ազէրին։ Նման արտայայտութիւններու կարելի է հանդիպիլ նաեւ ընդդիմադիր-այլախոհ բեւեռներու մօտ։ Համացանցային բեմերը անհակակշիռ ու անհակակշռելի կերպով փոխարինած են պաշտօնական բեմերը, զանոնք ենթարկած են իրենց մականին (այսօրուան աշխարհը այսպէս է-ն արդարացնող չէ). խօսքի ազատութեան իրաւունքը այնպիսի չարաշահութեան կ՚ենթարկուի, որ… ամէն մարդ կը դառնայ քաղաքական մասնագէտ մեկնաբան, ոստիկան, դատաւոր, նախարար կամ հակա-նախարար (կարծիք ունենալը մեղք չէ, սակայն ուրիշին կարծիքը ոտնակոխելը ուրիշ բան է). մինչեւ իսկ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններէ հարցազրոյց վարողներ այս բեմը կ՚իջեցնեն տղմուտ վիհերու մէջ, զրոյցի հրաւիրուողի մը հանդէպ կը դրսեւորեն բանավիճողի ու դատապարտողի մօտեցում, մինչդեռ մամուլի տարրական սկզբունքներէն մէկն ալ այն է, որ հարցազրոյց վարողը առաւելաբար հայց տուող է եւ հարցեր արծարծող…։ Տակաւին, իշխանութեան ջերմ ջատագով մը ատեն մը ետք կ՚երեւի սուր քննադատի դիրքերու վրայ, սուր քննադատութիւններով հանդէս եկող «պատուհան» մը կը մեղմացմէ իր դիրքը. կը ստեղծուին նոր մեկնաբանութիւններ, ի յայտ բերելով, որ շահակցական հաշիւները վերադասաւորումներու ենթակուած են…։ Այս բոլորին մէջ, կրկնենք, իմաստնանալու, ազնիւ պայքար մղելու եւ հակամարտութենէ դէպի տրամաբանական մրցակցութիւն, գործակցութիւն անցնելու, ժողովրդային զանգուածներուն կարծիքը ի՛սկապէս հաշիւի առնելու կոչերը կը խլանան, նման կոչեր ընողներն ալ կը դասուին… իտէալապաշտներու եւ իրականութիւններ չտեսնողի փաղանգին։

***

Յիշեալ վիճակը կարելի է հիմնաւորել բազմաթիւ օրինակներով, բաւականանանք մէկ քանին թուելով։

Իշխանութեան առաջին քայլերու օրերուն, բանակռիւի ու չափազանցեալ հակադրութիւններու հող ծառայեց «կուտակային»ի օրինագիծը, հիմա՝ արդէն մոռցուած։ Զուգահեռաբար, ծնունդ առին ու իրենց զարգացումները ապրեցան, կը շարունակեն ապրիլ Ռոպերթ Քոչարեանի, Մանուէլ Գրիգորեանի ու նման «նախկիններ»ու վերաբերող դատական հարցեր, որոնք առատ ատաղձ տրամադրեցին արդար ու անարդար մեկնաբանութիւններու, հակաճառութիւններու։ Փաստօրէն, քաղաքական կեանքին արձագանգող լրատու աղբիւրներուն մէջ ամէն օր «նախկիններ» ա՛յնքան տեղ կը գրաւեն, որքան չեն գրաւեր ժողովուրդը տագնապեցնող ու անլոյծ մնացող էական հարցեր։ Մեր նպատակը դատաւորի դեր խաղալ չէ, սակայն չենք կրնար չմտահոգուիլ այն մեկնաբանութիւններով, ըստ որոնց դատական, հանքերու եւ մինչեւ իսկ աղբերու հարցերը կրնան Հայաստանի դռները բանալ… արտաքին միջամտութիւններու առջեւ։ Կարծէք թէ չենք կրցած հասնիլ մենք մեզ կառավարելու, մեր հարցերը մեր ածուին սահմաններուն մէջ մեր միտքին ուժով տնօրինելու ունակութեան…

Իրենց բովանդակութենէն շատ անդին գացող քաղաքական բանավէճի նիւթ ծառայեցին դատա-իրաւական համակարգի բարեկարգման առաջադրանքը։ Ամրան ամիսներուն, յանկարծ հրատապ հարց դարձաւ Սեւանի ջուրերուն ապականումի հարցը, յետոյ լուսանցք քշուեցաւ եւ կեդրոնական հրապարակը գրաւեց Ամուլսարի բանավէճը։ Մինչդեռ լուսանցքայնացուած են կամ մոռացութեան տրուած՝ Թեղուտի, Զանգեզուրի եւ այլ հանքավայրերու շուրջ անցեալի բանավէճերն ու փակել-բաց պահելու տեսակէտները։ Միայն հպանցիկ ակնարկութիւն կը կատարուի ի՛սկապէս շահեկան այն հարցին, թէ երկրին բնական հարստութիւններէն ձեռք բերուած շահերուն որքա՞նը կը հասնի երկիրին ու ժողովուրդին։ Մոռցուած են էական այն սկզբուքները, թէ երկրի մը բնական հարստութեանց տէրը՝ նոյնինքն երկիրն է ու ժողովուրդը. անոնք չեն կրնար ու պէտք չէ շահարկման դրուին այնպէս մը՝ որ շահուն մեծ բաժինը երթայ փոքրամասնութեան մը կամ որոշ ընկերութեան մը (նա՛եւ Հայաստանի պարագային՝ առաւելաբար օտար ընկերութիւններու) գրպանները. եւ հոս արդէն գլուխը կը ցցէ Գաղափարին բացակայութիւնը։ (Ամուլսարի պարագան հաւանաբար այլապէս ոմանց կը յուշէ «երջանկայիշատակ» Նայիրիտին ու հիւլէական կայանին շուրջ 30 տարի առաջ պայթած բանավէճերն ու անոնց տնտեսական-քաղաքական հետքերը…)։

Թուարկումը շարունակելով, նշենք, որ քաղաքականացումի առատ նիւթ դարձան Երեւանի աղբերուն, Օփերայի վարիչին, պետական համալսարանի այս կամ այն բաժանմունքի տնօրէնին, մարզային կառոյցներու, ուսումնական հաստատութեանց պատասխանատուներու, անտառահատումի օրինականութեան-ապօրինութեան, որսորդներու, ինքնաշարժներու երթեւկի կանոնաւորման եւ այլ «մասնակի-տեղայնական հարցեր»։ Քաղաքական բանավէճերուն մէջ իրենց իւրայատուկ տեղերը եւ վերիվայրումները ապրեցան կիներու դէմ բռնարարքներու կանխարգիլման միջազգային համաձայնագիրը եւ անոր ետին քօղարկուած՝ իրական ու ենթադրեալ ընկերային հարցերը, կաթողիկոսն ու մասամբ նորին։ Չխնայուեցան Արցախն ու անվտանգութեան կառոյցները…։

***

Հասնինք ԲՈՒՆ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ։ Շուրջ 30 տարի առաջ իր անկախութիւնը վերանուաճած Հայաստանը չունի՞ իսկական մարտահրաւէրներ, որոնք լուծումներու եւ դարմանումի կը սպասեն, մինչ իշխանութիւնն ու հակադիրները առաւելաբար տարուած են չքաղաքականացուելի՛քն ալ քաղաքականացնելու տենդով։ Ի վերջոյ, ունինք ափ մը հայրենիք եւ բուռ մը ժողովուրդ, որոնք արժանի են ասկէ շա՛տ աւելի լաւին։

Դիւրին է եւ խուսափողական՝ ըսել որ այսօրուան աշխարհը իտէլական տեղ մը չէ, ամէն երկրի մէջ այս է վիճակը, մինչեւ իսկ կառավարութիւններ կ՚երկփեղկուին, կը լուծարուին, նոր համաձայնութիւններ (քոալիսոն) մարմին կ՚առնեն ամենէն կոճատ ձեւերով։ Կարելի է հազար ու մէկ «արդարացուցիչ» օրինակներ յառաջ քշել, թէ՝ եւորպական երկիրներու մէջ գաղթականներու ողբերգութիւնները կամ Եւրոպական Միութենէն Անգլիոյ դուրս գալու հարցերը կառավարական տագնապներու պատճառ կ՚ըլլան, այլ երկիրներու մէջ ալ հանքային պաշարներու օգտագործման-շահարկման ու քարիւղի տեղափոխութեան միջոցներու մասին «պատերազմներ» տեղի կ՚ունենան, Ամազոնի անտառներուն հրդեհներն իսկ կը քաղաքականացուին։ Կ՚ընդունինք. քաղաքականացումը մեր դարու խորագիրներէն մէկն է, կարծէք թէ Արիստոտելը իր ատենին այս մտածելակերպով ըսած ըլլար, թէ «մարդը քաղաքական կենդանի-արարած է»…։ Սակայն տրամաբանութիւնը տեղ մը պէտք է իր խօսքը ըսէ, սահմանազանցումին անդրադառնալու ազդակ ըլլայ։

Այո՛, երբ կան հակադրութիւններ՝ անոնց միջեւ բախումէն պէտք է նաեւ դրական բան դուրս գայ, հակաճառութիւններն ու մրցակցութիւնները պէտք է նաեւ բարիք բաշխեն մարդոց. որովհետեւ որեւէ կուսակցութիւն կամ կառավարական խմբակցութիւն կը կազմուի, պէ՛տք է կազմուի ՅՍՏԱԿ ԾՐԱԳԻՐՈՎ ու ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՎ, հիմնական հասցէ ունենալով երկրին ու ժողովուրդին բարօրութիւնը, յառաջդիմութիւնը։ Յաճախ ականատես կ՚ըլլանք ֆութպոլի մրցումներու, ուր հզօր դասուած խումբ մը շատ լաւ խաղարկութիւն կ՚ունենայ, կը տիրապետէ դաշտին եւ կը հմայէ մարզասէր զանգուածը, սակայն ի վերջոյ կէտ մը կամ երկու կը ստանայ բերդէն ներս եւ պարտուած կը հեռանայ դաշտէն։ Հայրենիքն ու քաղաքական գործը ֆութպոլ չեն, սակայն զոյգ դաշտերուն մէջ խաղացողներու յաջողութեան մէջ տեղ մը հասարակաց գիծեր, նմանութիւններ կարելի է տեսնել (ի մտի չունինք «ֆութպոլային քաղաքականութիւնը»)։

Դրական իրագործումները ողջունելի են միշտ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ պետական պատասխանատուներու՝ իշխանաւորներու ամենէն տարրական ՊԱՐ-ՏԱԿԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆՆ է ատիկա, եւ անոր համար մէկը բարենիշ պէտք չէ ակնկալէ։ Նոր իրագործումները աւելի՛ արդիւնաւոր ու աշխոյժ եղած են, երբ նախորդին կողմէ հաստատուած հիմները եղած են տոկուն։ Իշխանութիւն մը աւելի՛ յաջողութիւն արձանագրած է, երբ գտած է ձեւերը մինչեւ իսկ ամենէն սուր կերպով իրեն հակադրուողներուն հետ գործակցութեան ձեւեր. նման ուղիներ քաղաքական բառարանին մէջ մտած են «համակեցութիւն» (cohabitation) անունով (խօսքը կը վերաբերի կուսակցութեանց ու խմբաւորումներու, եւ ոչ թէ անհատներու)։ Այլ խօսքով, քաղաքական կեանքին մէջ պէտք է վերականգնել ԳԱՂԱՓԱՐին կարեւորութիւնն ու արժէքը, գաղափարական մրցակցութիւնը. այս ընելու համար, կարեւոր դեր վերապահուած է Միտքի մարդոց՝ մտաւորականութեան, որ վերջին տարիներուն կը մնայ գլխաւոր բացական, նաեւ մամուլին, որ կը գտնուին «չորրորդ իշխանութիւն» ըլլալու առաքելութիւնը վերականգնելու հրամայականին դիմաց, իրենք զիրենք ձերբազատելով իշխանութեան պաշտպանի կամ դատափետողի վարքագիծէն։

Քաղաքականացումի այս ոչ-արդիւնաւոր վիճակին մէջ, ալ ի՜նչ խօսք՝ մշակութային ինքնուրոյնութեան, լեզուի պահպանման-մաքրազտման եւ նոր սերունդներու առողջ դաստիարակութեան նման «մանր հարցեր»ու մասին։ Այդ ոլորտներուն մէջ ալ յառաջխաղացքի փորձեր կը մնան յաճախ «բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկ»ին ազդեցութեան տակ։

***

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրները եւ անկախութեան վերահաստատումը իրականացնողները արդար սպասումներ ունին այսօրուան ու վաղուան բոլոր սերունդներէն՝ իշխանաւորէն ու ընդդիմադիրէն՝ հաւասարապէս։ Հանրապետութիւնը արարողներէն շատեր, ինչպէս Արցախի անկախութիւնը կերտողներն ու անոնց աւանդը պահպանողները իրենց կեանքո՛վ քուէարկեցին այս սպասումներուն տակ։ Այդ աւանդներուն եւ սպասումներուն գործնապէս ընդառաջելով է որ կ՚իրականանայ իսկական յեղափոխութիւնը եւ ճամբայ կ՚ելլէ իսկական բարեշրջումը, կը կիրարկուին ընկերային արդարութիւնը եւ երկրի հարստութեանց ու կարողականութեանց համաչափ բաշխումը, որքան ալ որ խոչընդոտող ըլլան ներքին, շրջանային ու միջազգային գործօնները։ Բոլորս միասնաբար, ներառեալ սփիւռքը, կը գտնուինք ազնիւ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման. ձերբազատիլ անցեալին պատանդը մնալու «տրամաբանութենէն», մինչեւ իսկ համայնավար իշխանութիւններուն անբաղձալի ժառանգութեանց պատանդը մնալու վիճակէն, այլ միասնաբար տեղափոխուինք կարելի գործակցութեան, ազնիւ մրցակցութեան դաշտը, երաշխաւորելով բոլորին համար ցանկալի՝ բարեշրջական երթին շարունակութիւնը եւ յաջողութիւնը, հայկական պետականութեան, անոր անվտանգութեան ամրապնդումն ու զարգացումը։ Նման մտածում մեզ չի դներ արտերկրային երազանքներու դաշտին մէջ, այլ հրաւէր է իսկական հայրենակերտումի զարթօնքի։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019