ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Հանքարդիւնաբերութիւնը շատ հին մարդկային գործունէութիւն մըն է եւ ան նախապատմական ժամանակաշրջանէն ի վեր առընչուած է տնտեսական ճիւղերուն կամ ինքնին տնտեսութեան հետ: Մարդ արարածին անհատական ու մանաւանդ հաւաքական կերպարի հիմնական դրսեւորումներէն մէկը տնտեսական ոլորտն է եւ այդ տնտեսութեան շարժիչ ուժը։ Տնտեսութիւնը յաւելեալ շահեր ապահովելու գործուղին է՝ թէ՛ բարոյագիտական (ուր սոսկ բարեկեցութեան ապահովումի մարմանջը կրնայ համարուիլ շարժիչ ուժ) եւ թէ նիւթական ու սպառողական աւելացման առումներով։
Հանքարդիւնաբերութեան առաջին ձեւերը որսորդական գործիքներ-իրերն ու տեսականիները ստեղծելու համար եղած պեղումներն են, որոնք իրագործուած են զանազան հաւաքականութիւններու կողմէ։ Ատկէ ետք արդէն սկսած են երկաթի եւ ոսկիի պեղումները, որոնք մարդկային պատմութեան զարգացման համար շարժիչ ուժ հանդիսացած են։ Ետդարձ հայեացքով անկարելի կը թուի պատկերացնել մարդկային յառաջդիմութիւնն ու նոյնիսկ պատմական դէպքերու ընթացքն ու պարունակութիւնը՝ առանց երկաթի եւ ոսկիի առկայութեան: Անոնք հասնելով կայսրութիւններու, ժողովուրդներու, պետութիւններու, հաւաքականութիւններու եւ անհատներու կեանքին՝ գծեցին շատ մը պատմական իրադարձութիւններ եւ թաքուն կամ անթաքոյց շաղեցին բազմաթիւ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու մշակութային ձեւաբանութիւններ: Հանքարդիւնաբերութիւնը ինքնին իր ընդհանուր բացատրութեամբ ու այսպէս ըսած՝ պատմական ու ժողովրդային թէ՛ ըմբռնմամբ եւ թէ ենթակայական կամ առարկայական առաքելութիւններով զանազան ժամանակաշրջաններու աղերսուած է մետաղներու պեղումներուն հետ: Ինքնին մարդկային պատմութեան որակաւորումն ու բաժանումը ստացած է պղինձի ու երկաթի ալ անուանումներ, ինչ որ ակամայօրէն կ՚առաջնորդէ հանքարդիւնաբերական գործունէութեան:
Հանքարդիւնաբերութիւնը մերթ ընդ մերթ կը միացուի քարիւղի եւ կազի պեղումներու հետ: Թէեւ անոր տնտեսական դրսեւորումն ու արդիւնաւորութիւնը միացած են, սակայն, թէ՛ հանքարդիւնաբերութիւնը եւ թէ քարիւղի պեղումը տնտեսական ու դրամի շուկաներուն մէջ իրենց հիմնական եւ որոշիչ տեղը ունին եւ անոնք՝ մանաւանդ ներկայ միջազգային տնտեսութեան զարկերակներէն եւ սնուցիչ աղբիւրներէն են: Հակառակ այս իրողութեան, կան տարբերութիւններ երկուքին միջեւ. կազա-քարիւղապեղումն ու կազա-քարիւղագործումը 20-րդ դարուն յայտնաբերուած բնագաւառներ են, իսկ հանքարդիւնաբերութիւնը շատ աւելի հին է։ Կայ նաեւ ուրիշ տարբերութիւն մը, որ ներկայ դարուն ի յայտ եկաւ բնապահպանական ու ընկերային գիտութիւններու զարգացումով, ինչ որ ցուցանիշային կրնայ համարուիլ՝ երկու առանցքային տնտեսական ճիւղերը հասկնալու համար։ Այդ մէկը քարիւղագործութեան աւելի ապահով ու մաքուր-կենսոլորտային ըլլալն է (չդրժելով քարիւղի եւ կազի բացթողումներու ու առկայծներէ ելած անոնց սպրդումներու պատճառով՝ ծովերու եւ ովկիանոսներու մէջ պատահած երբեմն մեծ չափով աւերուածութիւնները եւ ջուրերու ապականումներն ու թունաւորումը), բայց նկատի առնելով, որ մարդկային հիմնական կեանքն ու բնակեցուածութիւնը ցամաքի վրայ է, միշտ հանքարդիւնաբերութիւնը լուսարձակներու տակ առնուեցաւ ներկայ ժամանակներուն իբրեւ ենթադրեալ կամ հաւաստի ապականում պատճառող կամ բնութեան վնասող տնտեսական գործունէութիւն: Իսկ եթէ դափերով ու մակարդակներով գործունէութիւն կ՚իրականացնէ՝ հանքարդիւնաբերութի՞ւնը թէ կազա-քարիւղագործումը, յստակ կը դառնայ, թէ ներկայիս երկրորդը աւելի մեծ բաժին ունի՝ թէ՛ միջազգային տնտեսութեան շարժը ապահովելու եւ թէ ուժանիւթ հայթայթելու իմաստով, նաեւ միեւնոյն ատեն անոր միջոցաւ ու անոր պեղումին համար կատարուած գործակատարումը աւելի շատ է: Ներկայ միջազգային տնտեսական կառուցուածքին մէջ կայ փաստ մը, որ երկու հիմնական ճիւղերն ալ կը համարուին բնական հարստութիւններու տնտեսագիտութիւն կամ տնտեսավարում։ Իբր այդ, վերոյիշեալ տնտեսական ճիւղերը իրենց բարձրագոյն վերելքին մէջ են եւ իրարու հետ ու զիրար չհակասելով կ՚իրագործեն արդի տնտեսութեան կատարումն ու նպատակները:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•մնացեալը յաջորդիւ