ԱՐՏՕՆԱԳԻՐ
Պաշտօնական ամէն գործառնութիւն արտօնագիր պէտք է ունենայ. ամէն հաւաքականութիւն, միութիւն, եւ այլն, արտօնագիրի դրութիւն ունին, ծնունդ, պսակ, թաղում՝ արտօնագիր: Երկրէ երկիր ճամբորդութիւն՝, օ՜, ինչեր եւ արտօնագիր: Աջ դարձիր՝ արտօնագիր, ձախ դարձիր՝ նոյնպէս. վերջապէս քիչ մը շարժէ՝ արտօնագիր: Հսկողութեան ենթակայ է ամէն ոք: Անօրինականները ազատ են, կը խիզախին, լաւ գիտնալով թէ ո՛ւր կը տանի իրենց ճամբան, կամ ո՛ւր կրնայ տանիլ տրամաբանօրէն: Դատ դատավարութի՞ւն. իրաւո՞ւնք, անշուշտ գոյութիւն ունին. բայց վերջին հաշուով՝ իրաւունքը զօրաւորինն է: Տեսէք կենդանական աշխարհը. մեծ ուսուցիչ է բնութիւնը. մարդկային հրթիռակոծումներու, աւերներու դէմ ունի հրաբուխ, երկրաշարժ, ցունամի. առանց արտօնագիրի ի՛նքն է որոշողը…
Իսկ… սա ֆէյսպուքի (facebook) արձանագրութիւններն ալ ունենային, ինչե՜ր, ինչե՜ր պիտի խնայուէին: Պիտի չկարդայինք Մեսրոպի տառերով թրքերէն հայհոյանք. էգի մը հայհոյանքը՝ անգլերէնով. հայհոյանք մը՝ որ ինք գործադրելու համար կա՛մ արուեստական միջոցի պէտք պիտի ունենայ, կամ պիտի մնայ բառային սահմաններու մէջ, երկու պարագային ալ վարկաբեկիչ: Գծանկարներ, երգիծանկարներ… ուֆֆ լաբիւրինդոս հոսքը կ՚ընթանայ առանց արտօնագիրի:
Արտօնագիրներ ինքնաշարժներու տեսակներ վարելու, ծովէն, օդէն, ցամաքէն… ասոնք կը ստանանք պահանջուած պայմանները լրացնելով. ուրեմն՝ կախեալ ենք օրինաւորապէս: Օրէնք է:
Կախեալ ենք. կեանքն իսկ կախեալութիւն է ի բացառեալ լեզուէն, որու տէրը հաշուետու է նախ ինքն իրեն, երբ պարագան ֆէյսպուքի (facebook) հետ է. ի հարկէ այն էջին մէջ կ՚ունենայ համամիտներ եւ հակադարձողներ, բայց գրուածը կը մնայ գամուած գրողի ճակատին:
Նկարներու մերկապարանոց, երբեմն գեղագիտական տեսանկիւնէ յաջող, բայց երբեմն ալ՝ գռեհիկ:
Այս ամէնը կ՚անցնին առանց արտօնագիրի:
Եւ եկուր դիմացիր. մակարդակի հարց է, ու այդ ալ կախեալ է այլ ազդակներէ… ուրեմն փակէ պահ մը, հանդարտէ, ու նայէ «փայլուն կողմը» անկասկած, թէ կայ. կարելի չէ նոյն ջուրով ամէնքը լուալ: Նոյն զէնքով կարելի է դրական մը տեսնել, ինչպէս նաեւ՝ ժխտական:
Մաղթենք լաւագոյնին:
Ամէն ոք ի՛նքն է, որ ինքզինք կ՚արժեւորէ:
«Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է մարմինն ալ սանձել»։
Ընդհանրական Թուղթ
ՅԱԿՈԲՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ (9:2)
Արդեօք կա՞յ վկայագիր «կատարեալ մարդ» եղած ըլլալու:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան