ԻՐԱԿԱՆ ՏՈՒԺԱԾԸ
Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան այս փուլին արդէն առանցքային դարձած է «Մկրտչական» հիւանդանոցի սպանդը։ Կազզէի այս հիւանդանոցը, որու տարածքին սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ 99 տարիով վարձակալութեան տրուած է, ընդամէնը վայրկեաններու մէջ հրոյ ճարակ դարձաւ։ Զոհերու մէջ կային անթիւ-անհամար երեխաներ, անչափահասներ, մեծաւ մասամբ բուժման կամ նոյնիսկ հիւանդանոցը՝ որպէս թաքստոց օգտագործած անզէն, անպաշտպան պաղեստինցիներ։ Զոհերու թիւը մինչեւ այս պահը յստակ ու վերջնական չէ, բայց կը հաշուըւի հարիւրներով։ Ահաւոր տխուր ու ցնցիչ էին դրուագները ահասարսուռ սպանդէն ետք։ Անմարդկային վիճակ, բժիշկներու պակաս, պիտանի դեղերու կամ նոյնիսկ նաւթի պակաս. բան մը, որ աւելիով կը ծանրացնէ ստեղծուած դրութիւնը։ Ըստ «Ալ Ճազիրա»ի, բժիշկներ ստիպուած առանց թմրեցնելու վիրաբուժութիւններ կտարած են, որպէսզի կարողանան առաւելագոյն թիւով վիրաւորեալ փրկել։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ էր Կազզէի շրջանի կառավարութեան առողջապահութեան նախարարին մամլոյ ասուլիսը։ Ան կը համարուի «Համաս»ի մերձաւոր մը։ Նախարարը յայտնեց, որ իրենք լսած էին, թէ Իսրայէլ սպառնացած է որոշ հիւանդանոցներու դէմ ու պահանջած՝ անոնց արագօրէն դատարկուիլը։ Նախարարը նաեւ պատմեց, որ «Մկրտչական-ալ ահլիյէ» հիւանդանոցի պատասխանատուները լուրջ ընկալած են այդ սպառալիքը ու կապուած հիւանդանոցի խորհուրդի պատկան մարմիններուն հետ, որոնք կը գտնուին Անգլիոյ մէջ՝ անոնց նկատառման յանձնելով իրենց մտահոգութիւնները ու հետզհետէ թէժացող իրադարձութիւնները։ Ի պատասխան իրենց ըսուած է, որ այդպիսի սպառնալիքները պիտի մնան լոկ խօսք։ Սակայն, ի վերջոյ պատահեցաւ անսպասելին ու տեղի ունեցաւ պատերազմական ոճիր մը։
Դէպքէն անմիջապէս ետք «Համաս»ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէ մեղադրեց Իսրայէլը ու յայտարարեց, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ։ Ինչպէս շատ շատերը, Հանիյէ եւս մեղադրեց Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ անձնաւորուած վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահույով, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու յայտարարեց, որ իրենք որեւէ առընչութիւն չունին պատահածին հետ։ Ան ըսաւ. «Կազզէի հիւանդանոցին վրայ յարձակած են բարբարոս ահաբեկիչները, ո՛չ թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը: Անոնք, որոնք դաժանաբար սպաննած են մեր երեխաները, կը սպաննեն նաեւ իրենց իսկ երեխաները»։ Իսրայէլի մէկէ աւելի պաշտօնեաներ ալ հաւաստիացուցին, թէ դէպքը կը կրէ Պաղեստինի «Ճիհատ իսլամի» շարժումին ձեռագիրը՝ այդպիսով ալ փորձելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերէն թօթափել։
Միւս կողմէ, այս դէպքը, համացանցի միջոցներու արագութիւնն ու լրատուութեան վայրկենական տարածումը բողոքի ալիք մը ստեղծեցին արաբական եւ իսլամական տասնեակ երկիրներու մէջ։ Սա արաբական ուշացած արթնացում մըն էր, որ խորքային լռութեան մատնուած էր երկար ամիսներէ ի վեր։ Ի վերջոյ Կազզէ նոր պաշարուած չէր ու եթէ Իսրայէլի կողմէ այդ պաշարումը չըլլար, ապա Կազզէի վիճակը շատ աւելի բարւոք ըլլալու կողքին տարբեր ալ պիտի ըլլար։
Ի վերջոյ հնչեց այն հարցումը, թէ ո՞ւր էին արաբները այսքան ժամանակէ ի վեր, ի՞նչ պատճառներով Կազզէն լքուած էր իր ճակատագրին եւ այսօր ինչո՞ւ այսքան ուշացած են արաբական պետութիւններու ղեկավարները՝ յստակ դատապարտումներէն անդին գործնական նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու։
Այս արիւնալի հակամարտութիւնը հանգեցնելու հիմնական դերը միշտ ալ ստանձնած է Եգիպտոսը, որ այս փուլին կարծէք յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ։ Եթէ հաշուի նստինք Կազզէի մէջ «Համաս»ի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք Իսրայէլի հետ պատահած մեծ ու փոքր ընդհարումներուն հետ, ապա պարտաւոր ենք յիշեցնել, որ բոլոր փուլերուն ալ կրակը դադրեցնելու հիմնական եւ գլխաւոր նախաձեռնութիւնը Գահիրէին վիճակած է։ Այսօր այդ դերը կա՛մ չկայ, կամ ալ Գահիրէ որոշ վերապահութիւններ ունի «Համաս»ի նկատմամբ։ Այդ ծայրայեղ շարժման Գահիրէին ականջ չտալու դրոյթները յառաջացուցած են որոշում մը, որ կը նախատեսէ բացառել Եգիպտոսի կողմէ որեւէ միջամտութիւն՝ մինչեւ իրեն խնդրանքի մը ներկայացումը։
Այս բոլորին դիմաց աւելի քան ակներեւ է, որ «Համաս» ունի այլ նախասիրութիւններ ու դաշնակիցներ։ Ելմտական եւ այլ հիմնարար գործօններու բերումով «Համաս» ականջ կու տայ ո՛չ թէ սիւննի աշխարհի պապաներուն, այլ Քաթարին եւ ի մասնաւորի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թեհրան յառաջ կը տանի իր խաղը։ Ան «Համաս»էն շատ առաջ արաբական աշխարհին մէջ տեղաւորած է մի քանի կարեւոր կազմակերպութիւններ, որոնց թագն ու պսակը Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ն է։ Անշուշտ, «Հիզպուլլահ»ի կողքին կան՝ Իրաքի «Հաշտի շապի»ն, Եմէնի «Հուսիներ»ը, նաեւ աւելի նօսր ազդեցութեամբ փոքր հրոսակախումբեր։
Այսպէսով կը յստականայ, որ Պաղեստինը Իրանի քաղաքական ուղղութեան սիրտը դարձուցած գաղափարական գիծը յառաջ կը տարուի միայն մէկ ուղղութեամբ ու այդ մէկն է՝ Իսրայէլի գոյութեան վերջ տալու քաղաքական ուղեգիծը։
Բնականաբար, այստեղ կը ծագի մեծ հարցումներ, որոնք ունին գոյութենական իմաստներ։ Ինչքանո՞վ, ի՞նչ ծաւալներով եւ ի՞նչ գործնական մօտեցումներով այս քաղաքական գիծը կը փորձէ անվտանգ ու բարւոք վիճակ մը ստեղծել՝ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք ստիպուած են գոյակցիլ Իսրայէլի հետ։ Եւ արդեօք այս քաղաքական գիծը միայն իր շահերու հիմքով գործելով զոհ չի՞ դարձներ, օրինակ, Կազզէի անզէն ժողովուրդը, որ այսօր պարզապէս գերին է «Համաս»ի ընտրանքներուն։
Նման պարագաներով, անշուշտ, շատ մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ, եթէ ամէն ինչ թողնելով այս մօտեցումը դատապարտելու կամ արդարացնելու գործին անցնիլը, որովհետեւ ի վերջոյ այս խնդիրներուն վերջնական վճիռը Կազզէի ժողովուրդին կողմէ պիտի տրուի։ Ան մինչեւ հիմա հլու եւ հնազանդ կը հետեւի «Համաս»ի ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն։
Ոչ ոք այցելած է Կազզէ եւ, անշուշտ, անկարելի է գիտնալ, թէ ի՞նչ դրոյթներով կը գործէ «Համաս»ի կառավարութիւն-իշխանութիւնը։ Հետեւաբար, շատ դժուար է հասկնալ, թէ մինչեւ այս պատերազմը ի՞նչ տեղի ունեցած է այնտեղ ու այսօր ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
Գալով Իսրայէլին, որուն համար «Համաս»ի գրոհը մեծ հարուած մըն էր ու ձեւով մը կասկածի տակ առաւ անոր հզօրութեան ընդհանուր պատկերը, աւելի քան յստակ է, որ վերջնահաշուարկ-ահազանգի ժամը հնչած է իր պարագային։
Այլ խօսքով, ինչ որ 1982 թուականին Իսրայէլ Լիբանանի մէջ կատարեց Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութեան հետ, այսօր պարտաւորուած է նոյնը ընել Կազզէի պարագային։ Այսինքն, ինչ-ինչ միջոցներով, ցամաքային ներխուժումով կամ զանգուածային քանդման հրթիռներով Կազզէն գետնի հաւասարեցնել (հեռու չէ այդ կէտը) ու ստիպել, որ «Համաս»ի զինեալները հեռանան այդ շրջաններէն։ Այլ հարց է, որ Թել Աւիւ պիտի կարողանա՞յ այս նպատակին հասնիլ, բայց եւ այնպէս, «Համաս»ի ենթարկուած հարուածները, անոր վարկազրկումն ու առհասարակ ստեղծուած գորշ տեսարանը պիտի փոխեն քաղաքական ամբողջ խորապատկերը։ «Համաս»ը առաջուանը պիտի չըլլայ ու անոր դիմաց ալ Իսրայէլ արագօրէն պիտի ձերբազատուի Նեթանիյահուէն ու անոր կառավարութեան գորշ արծիւներէն։ Այս փոփոխութիւնները պիտի ամրագրեն, որ Կազզէի պատերազմը աւարտի ոչ ոքի արդիւնքով, հաւասարութեամբ։ Երկու կողմերը, անշուշտ, պարտուած դուրս պիտի գան՝ բացի անկէ, որ Իսրայէլ պիտի փորձէ ստեղծուած կացութիւնը առաւելագոյնս իր օգտին տանիլ, աշխարհին ու արաբներուն ներկայանալ, որ ինք ի վերջոյ պատրաստ է երկխօսութեան։ Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի ներքին խոհանոցին, ապա այդ պարագային ալ յստակ է, որ արաբական նախաձեռնութիւնը դարձեալ ոտքի կրնայ կանգնիլ ու խօսիլ «երկու պետութեանց լուծում»ի խօսոյթով՝ միայն այն պարագային, եթէ տկարացած «Համաս»ը ընդունի գործակցիլ Պաղեստինի ինքնավարութեան գործող կառավարութեան հետ։ Այս վերջնոյն առաջնորդը՝ Մահմուտ Ապպասն ալ, իր հերթին, պարտաւոր է հաշուի նստիլ ստեղծուած պատկերին հետ եւ, անշուշտ, դուռ մը բանալ այն անուններուն առջեւ, որոնք պատրաստ են զինք փոխարինելու եւ աւելի մեծ ներուժ ունին, համարաբական նեցուկ կը վայելեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան