ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱ՞Ծ, ԹԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ (Գ.)

Ռուսաստան յաղթա՞ծ… Շատ մը վերլուծաբաններ, որոնք աւելի  ռուսամէտ են կամ հարցերն ու եղելութիւնները կ՚ընկալեն ըստ Ռուսաստանի ղեկավարութեան տեսանկիւններուն, կը համարեն, որ Ռուսաստան յաղթած է կամ նուազագոյնը չէ պարտուած իր ներկայ միջազգային ռազմական, տնտեսական, մշակութային... եւ այլն դիրքերով:

Այս գիծին ջատագովները կը բերեն շատ մը օրինակներ, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը իր ներկայ դրոյթով չէ պարտուած: Կրնանք հոս յիշել անոնցմէ մի քանին յարաբերակցաբար. օրինակ՝ Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք, հակառակ Չեչենիոյ պատերազմին եւ մեծ տնտեսական հարցերուն, Ռուսաստան կրցաւ, այսպէս ըսած, ինքնզինքը գտնել եւ մէջքը շտկելով իր ուրոյն տեղը վաստակիլ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Շատ հաւանական է, որ նոյն ռուսական ղեկավարութիւնը ռուս ժողովուրդին կը ներկայացնէ իր պատմական ու տեղ մըն ալ միակ նուաճումային գործօնը, որ կը կոչուի «հող գրաւել ու մեծցնել սահմանները»: Պէտք է այս կէտին նշել, որ այս հասկացողութիւնը ինչքան ալ ժամանակավրէպ համարուի արդի միջազգային յարաբերութիւններու բովանդակութեամբ, բայց տակաւին շատ մը մեծ ու փոքր երկիրներու համար առանցքային է եւ ապրեցնող:

Նոյն այս պարունակով Ռուսաստան վերջին տասնհինգ տարիներուն մեծցուց իր տարածքը, գրաւելով՝ Աճարիան, Օսեթիան, Խրիմը եւ Ուքրայնայէն մաս մը, որ առաւելաբար բնակեցուած է ռուսերով: Այս բոլորը յաղթանակ համարուելուն հետ, հոս աւելի կարեւոր ու պարծենալի նուաճում մըն ալ կրնայ ներկայացուիլ ռուսական ղեկավարութեան կողմէ. ինչպէս՝ Միջերկրական ծովին մէջ Ռուսաստանի ոտք դնելը՝ շատ երկար ընդմիջումէ ետք: Խօսքը Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստի կողքին ռուսական Հմեմիմ ռազմախարիսխին մասին է, առանց մոռնալու անցեալին սովետական ալ վտիտ ներկայութիւնը Սուրիոյ Միջերկրականի ափին, միեւնոյն ատեն Ռուսաստանի ներկայութեան հաստատումը ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ եւ մէկ-երկու ռազմակայան ստեղծելը այդ երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ռուսական բանակի յայտնուիլը:

Կը կարծենք, որ Ռուսաստանի չպարտուած ըլլալու հանգամանքը կրնայ հանդիսանալ նաեւ (ըստ այս խումբին), որ այն տնտեսական առումով տակաւին յարաբերաբար կայուն է եւ կը դիմագրաւէ ահռելի պատժամիջոցներ եւ ռուսական տնտեսութիւնը չէ փլուզուած ու ան կը դիմակայէ Արեւմուտքի հսկայական մեծ տէրութիւններու տնտեսական յարձակումներուն, միեւնոյն ատեն Ռուսաստան «տնտեսական համադրումներու» կ՚երթայ Թուրքիոյ, Չինաստանի եւ ՊՐԻՔՍ-ի միւս երկիրներուն հետ:

Դիմակայելու, տոկալու եւ տակաւին կամք ու ուժ բանեցնելու բազմապիսի մեծ ու փոքր օրինակներ կրնան բերուիլ Ռուսաստանի ներկայ ռազմական, տնտեսական դիրքին եւ կարողականութեան շուրջ: Ամենամեծ օրինակներէն հոս, ըստ այդ թեւին, Ռուսաստանի ռազմարդիւնաբերութեան չդադարումն է եւ ընդհակառակը անոր նոր շուկաներու մուտքը: Ցայտուն յաղթանակ ու բեկում մը կը համարուի, օրինակ, ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ ռուսական զէնք ծախելը, ինչ որ աննախադէպ էր պատմութեան մէջ:

Մշակութային ու ընկերաբանական առումներով ալ շատեր կը վկայաբերեն՝ Ռուսաստանի Սուրիա մուտք գործելէն ետք այդ երկրին մէջ ռուսական լեզուի վտիտ տարածումն ու սովորումը եւ զայն կը համարեն այսպէս ըսած՝ մշակութային նիշերու շահում:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023