ԼՐՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԳՕՆՈՒԹԻՒՆ
Պեշար Էսատին տապալումը նոր էջ մը բացաւ ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Ի վերջոյ, Սուրիան այն երկիրն ու տարածքն է, ուր իրարու կը բախին երկիրներ, որոնք կ՚առաջնորդուին տարբեր շահերով։ Մինչ այդ, Սուրիան հանգիստ շունչ մը կրնայ քաշել միայն ու միայն այն ժամանակ, երբ այդ շահերը, օտար տէրութեանց շահերը տեղ մը հանդիպին ու խօսին իրարու հետ։
Այսպէս է դրութիւնը ներկայիս ու կարեւորագոյն դրուածքը այն է, որ մինչեւ այսօրուան հասնիլը կա՛մ Էսատի վարչակարգին տապալիլը՝ մարդիկ, լրագրողներ ու վերլուծաբաններ ինչպէ՛ս մեկնաբանեցին Սուրիոյ զարգացումները։
Այս առումով, ինչպէս միշտ, առաջնային պէտք է համարել հայկական շահերը. հայկական շահերը այն դիտանկիւնէն, որուն մէջ կայ Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներու խըն-դիրն ու այսօր անոնց ունեցած կարգավիճակը։
Խորքային առումով այդ մօտեցումը միշտ ալ կը դիւրացնէ լրագրողին գործը եւ զայն հեռու կը պահէ աւելորդ զգայնոտութենէ կամ ծայրայեղական մօտեցումներէ։
Ամէն պարագայի, լրագրողի աչքով պիտի անդրադառնամ Սուրիոյ ներքին պատերազմի տարեգրութեան ու այդ սարսափելի արիւնահեղութեան զանազան փուլերուն։ Բարդ վիճակ է, անշուշտ, մանաւանդ, որ պատերազմը ունէր բազում երեսակներ եւ պատճառներ։ Ի հարկէ, գործը աւելի կը բարդանայ, երբ դիտարկումներու համար հաշուի պէտք է առնել հայ հայրենակիցներու ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Այսպէս, Սուրիոյ կացութիւնը առաւել բարդացաւ, երբ պատերազմը արտադրեց ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), տարբեր անուանումներով՝ ԻԿԻԼ, ՏԱՀԷՇ, որ ո՛չ միայն փոխեց պատերազմի ոճը, ուղղութիւնները եւ ընդհանուր վիճակը, այլ անոր առանցքներուն դրաւ չտեսնուած, անընդունելի, անմարդկային եւ հրէշաւոր ծրագիրներ։
Այդ դէպքերուն հետեւանքով էր, անշուշտ, որ Էսատ եւ իր վարչակարգը դարձան անփոխարինելի ու որեւէ լրագրող, բնականաբար, պիտի նախընտրէր Էսատի վարչակարգին յաղթանակը ու այդ ճամբով ալ Սուրիան պաշարած ահաբեկիչ զինեալներու ոչնչացումը եւ այդ փուլի աւարտը։
Նոյնինքն Էսատ, որ այսօր պատերազմի փորձառութեամբ կը ներկայանայ իր իշխանութեան ու հանրութեան, դրաւ «Պայքար ահաբեկչութեան դէմ» ընդհանուր լոզունգը, իր ընկալումներէն անդին հաւատալով ու հաւատացնելով, որ կը պայքարի Սուրիան փրկել այդ սարսափելի ծրագիրներէն, որոնք, ըստ իրեն, Արեւմուտքի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած էին։ Այդ ծրագիրներու հիմքը եւ ատաղձը, ի մասնաւորի, Սուրիան Իրանէն կտրելն էր, նպատակ ունենալով վերջնականապէս փակել «Հիզ-պուլլահ»ին ռազմական նեցուկ (հրթիռներ, ռազմակառքեր եւ զինամթերք) հասցնելու բոլոր ճանապարհները։
Սա ինչ-որ տեղ իրաւացի էր, սակայն, խնդիրը աւելի խորքային էր, որովհետեւ Պեշար Էսատ ի տարբերութիւն իր հօր՝ Հաֆըզ Էսատին, չկարողացաւ առկայ խաղը լաւ խաղալ։ Այն իմաստով, որ կամաց-կամաց օտարացաւ Արեւմուտքէն ու աւելիով սկսաւ կառչիլ առաջին շրջանին Իրանին ու ապա Ռուսաստանին։
Այստեղ յստակ չէ, թէ Էսատին ստիպեցին այդ ուղղութեամբ երթալ կամ թէ իրավիճակները եղան այնպէս, որ ան իր նախընտրութիւնը եւ հիմնական գրաւը դրաւ միայն ու միայն արեւելեան արեւելումին, հետեւաբար Իրանին եւ Ռուսաստանին վրայ։
Պատերազմի ամենաթէժ փուլին Ռուսաստան մտաւ խաղին մէջ ու շնորհիւ ռուսական նեցուկին, հնարաւոր եղաւ պահել Էսատը իշխանութեան վրայ։ Առ երեւոյթ դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ Սուրիոյ պետութիւնը, կազմակերպուեցաւ բանակը, որ կարողացաւ այն ժամանակ ազատագրել եւ դարձեալ պետութեան ծոցը վերադարձնել Սուրիոյ կարեւորագոյն քաղաքները, որոնց շարքին էր հայաշունչ Հալէպը։
Այդ փուլէն ետք էր, անշուշտ, որ Սուրիան ապրեցաւ եռանդուն նոր շրջան մը, որ զգալի չէր ամբողջ երկրէն ներս, այլ շեշտուած կերպով կ՚երեւէր մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։
Այս բոլորի կողքին, Սուրիոյ իշխանութիւնները չկարողացան լուծել իրենց անվտանգութեան խնդիրները, որոնց թագն ու պսակը Իտլիպն էր, իր ծայրայեղականներով, որոնք աճեցան, զօրացան, նոյնիսկ բարեկարգուեցան ու ահա այսօր անցնելով հակագրոհի ու զինուելով՝ ձեռքերուն մէջ առին Սուրիոյ 80 առ հարիւրը։
Այս կէտին, ի հարկէ, պէտք է անդրադառնալ Էսատի գործած քաղաքական սխալներուն, երբ ան ինչ-ինչ պատճառներով մերժեց ռուսական իրերայաջորդ առաջարկներն ու ծրագիրները, որոնց հիմքը Էրտողան-Էսատ հանդիպում մը կայացնելն էր։
Բաց աստի, քննադատութիւնները շատ տեղին էին, սակայն, բոլոր հայ լրագրողները, որոնք հետեւեցան Սուրիոյ տագնապին, Էսատի մասին խօսելու ժամանակ շատ զգուշաւոր բառերով փորձեցին նկարագրել իրավիճակը, հաշուի առնելով մեր հայրենակիցներուն Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ այլ շրջաններ գտնուիլը...։
Ինչու այս բոլորը գրեցինք, որովհետեւ ինչպէս երէկ, այսօր եւս շատ բարդ է Սուրիոյ մասին ճիշդ դիտարկումներ կատարելը, շատ լուրջ գործ է այդ մէկը, ուր հաշուի պիտի առնես նախ եւ առաջ հայ հայրենակիցներուդ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Ի հարկէ, գրեցինք նաեւ պարզ բառերով բացատրելու ոմանց, որ ընդդիմադիր զինեալներ բառին օգտագործումը նախ եւ առաջ կը բխի հայութեան շահերէն։
Իսկ մեր տեսանկիւնէն, որպէս լրագրող, շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ մէջ։ Խօսքը լրագրութիւն ընելու մասին է, ո՛չ թէ փրկիչի հանդերձանք կրելը կա՛մ երկար բարակ խորհուրդներ տալը...։
Խնդիրը, ի հարկէ, շատ աւելի բարդ է, քան կը պատկերացնենք ու այդ խնդրի հիմքերուն հիմքը սուրիական վէրքին բուժումն է, որ ո՛չ մեր (հայութեան հաւաքական մերը երկար ժամանակէ ի վեր խորտակուած է արդէն), ո՛չ ալ յատկապէս մեր ուժերուն մէջն է։ Սուրիացի ժողովուրդն է խնդրոյ առարկան ու աշխարհն ամբողջ պարտաւոր է յարգել այդ ժողովուրդի որոշումը։
Բայց եւ այնպէս, վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ, ի՞նչ իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ Սուրիոյ մէջ… ճիշդ դիտաւորումներու համար հաշուի պէտք է առնել հայ հայրենակիցներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը։ Ներկայ պահը լրջութիւն ու զգօնութիւն կը պահանջէ։
Միւս կողմէ, դէպքերը եւ զարգացումները շատ արագ ընթանալու միտում ունին ու այս ընթացքով ալ յառաջիկայ օրերը անչափ կարեւոր են սուրիական վիրաւոր եւ այնքան ալ կարեւոր հայրենիքին համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/21/2024
- 12/21/2024