ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵՆԷՍ
1976-ին գաղթեցի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Տարբեր գործերով զբաղելէ ետք որոշեցի վերադառնալ ուսուցչական ասպարէզիս։ Ուրեմն 1984-ին դիմեցի Լոս Անճելըսի Դպրոցական միացեալ ցանցին (Los Angeles Unified School District)՝ որպէս անգլերէն լեզուի դասատու։
Հոս պէտք է նշեմ, որ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը աւարտելով ստացած եմ Մագիստրոս Արուեստից տիտղոս՝ մասնագիտանալով անգլերէն լեզուի ուսուցման։ Իսկ որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցիչ՝ ունէի աւելի քան հինգ տարուան վաստակ, Ամերիկա չհաստատուած։
Վերադառնալով դիմումնագրիս՝ պաշտօնեան ցաւ յայտնեց, որ չեմ կրնար անգլերէն լեզու դասաւանդել, որովհետեւ անգլերէն լեզուի ուսուցման ասպարէզս ընդհատուած էր ութ տարիով (1976-1984): Երբ այլայլումս նկատեց, ան անմիջապէս աւելցուց, որ կանոնական ընդհատումը երեք տարի է միայն։
Յուսահատ՝ թղթածրարս առնելով ուղուեցայ դէպի դուռը, երբ ետ կանչեց զիս եւ հարցուց, թէ ուսողութիւն կրնա՛մ դասաւանդել։ Զարմացած «այո՛» ըսի, բայց աւելցուցի, որ ուսողութիւն երբեք չեմ դասաւանդած։ «Այդ մէկը հոգ չէ»,- ըսաւ եւ անմիջապէս անցաւ զիս որպէս ուսողութեան ուսուցիչ հրաւիրող գործողութեան…
Կռահելով շուարումս՝ պաշտօնեան դիտել տուաւ, որ ուշի-ուշով քննած էր թղթածրարս եւ երեւան հանած, որ ուսողութեան ուսուցման համար յարկ եղած նիւթերը անցուցած էի Հայկազեան գոլէճին մէջ։ Նոր յիշեցի, որ Պսակաւոր արուեստից տիտղոսիս երկրորդ մասնագիտութիւնս (minor) գիտութիւնն էր։ Սակայն իրականութեան մէջ անոնք անգլերէնէ աւելի պէտք ունէին ուսողութեան դասատուներու։
Եւ այսպէս, անգլերէնի մասնագիտութեամբս դարձայ ուսողութեան պայմանաւորեալ ուսուցիչ՝ երկրորդական վարժարանի մը մէջ։ Բայց լիիրաւ ուսուցիչ դառնալու համար, պէտք էր որոշ դասեր առնել որակեալ համալսարանէ մը։ Դասեր, որոնք մենք չէինք առած Պէյրութի մէջ, օրինակ՝ Ամերիկայի պատմութիւնը, թմրեցուցիչներու տեսակներն ու անոնց ազդեցութիւնը աշակերտներուն վրայ, օրէնքի տրամադրութիւնները դասարանի կարգապահութեան մէջ եւ այլն։
Ուրեմն եօթ տարի ուսողութիւն դասաւանդելէ ետք պատեհ առիթը տրուեցաւ ինծի դառնալու օգնական տնօրէն՝ միջնակարգ վարժարանի մը մէջ։ Հոս ալ պէտք էր որոշ դասեր առնել համալսարանէ մը՝ որակուելու որպէս վարչական պատասխանատու։ Այս պաշտօնը 16 տարի վարելէ ետք հանգստեան կոչուեցայ Յունիս 30 2009-ին։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻՍ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ…
1993-ը բախտորոշ տարի մը եղաւ ինծի համար, հետեւեալ պատճառներով։ Նախ եւ առաջ, այդ թուականի Յուլիսին էր, որ ես դարձայ օգնական տնօրէն։ Ապա այդ թուականին էր, որ ես որոշեցի մասնակցիլ ընտրապայքարի մը Փասատինայի Դպրոցական միացեալ ցանցի խնամակալ մարմինի (Board of Education) անդամակցութեան համար։
Այդ շրջանին ես կը բնակէի Փասատինա, թէեւ կ՚աշխատէի Լոս Անճելըսի մէջ։ Այդ տարի, խնամակալ մարմինի հինգ անդամներէն երեքը պէտք էր վերընտրուէին: Ուրեմն թեկնածութիւնս առաջարկեցի երրորդ ընտրաշրջանի աթոռին, որուն կը դիմէին նաեւ ուրիշ երկու թեկնածուներ։
Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը հրաւիրեց բոլոր թեկնածուները, որպէսզի հարցաքննութենէ մը ետք յայտնէ, թէ որո՛ւ կը զօրակցի։ Դժբախտաբար իմ թեկնածութեանս չզօրակցեցաւ, թէեւ ես միամտաբար կը խորհէի, թէ որպէս միակ հայ թեկնածուն՝ անվերապահօրէն պիտի շահէի իրենց զօրակցութիւնը…
Յետագային իմացայ, որ իրենք զօրավիգ կը կանգնին այն թեկնածուին, որ հաւանականութիւն ունի շահելու տուեալ ընտրապայքարը։ Աւելի՛ն, երբ գաղափարի ընկերներէս մին ընտրապայքարի նախօրէին կը հեռաձայնէր շրջանի հայերուն, որ ինծի քուէ տան, սապէս կը պատասխանէին իրեն. «Մեզի հրահանգուեցաւ, որ իրեն քուէ չտանք…»: Կրնա՞ք երեւակայել, որ հայը հայուն նեցուկ չկանգնի օտար այս ափերուն վրայ:
Ես ընտրապայքարը կորսնցուցի, սակայն պարտութենէն աւելի վիրաւորական էր Հայ դատի յանձնախումբին որդեգրած դիրքը: Սա փոռձարութիւն մըն էր, որուն մասնակցած ըլլալուս համար երբեք չեմ զղջացած, ընդհակառակը՝ աւելի բան սորվեցայ Փասատինայի հայ գաղութի որոշ խաւերու մտածելակերպի եւ գործելակերպի խոտոր եղանակին նկատմամբ:
Վերոյիշեալ յուսախաբութիւնս մասամբ մը փարատեցաւ, երբ նոյն տարին Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Նախագահ Լուիզ Մանուկեան Սիմոն առաջարկեց, որ Լոս Անճելըսի Դպրոցական միացեալ ցանցին պատկանող տնօրէններու խումբ մը առաջնորդենք դէպի Հայաստան, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան հայ ժաղովուրդի ակունքներուն եւ Հայաստանի պատմական վայրերուն։
Այդ շրջանին մեծ թիւով Հայաստանէն ներգաղթած աշակերտներ կը յաճախէին Լոս Անճելըսի պետական վարժարանները եւ ձեւով մը սա երախտագիտական զգացումի արտայայտութիւնն էր, որ ՀԲԸՄ-ը կը ցուցաբերէր հանդէպ օտարազգի դաաստիարակներուն, որոնց հոգատարութեան յանձնուած էին մեր հայրենիքի զաւակները։
Պատմական այդ այցելութիւնը խոր տպաւորութիւն թողուց մեր հիւրերուն վրայ, որոնք ականատես դարձան նորանկախ մեր հայրենիքի ջանքերուն՝ դէպի ռամկավարութեան ձգտող աշխատանքին, այդ դժուարին պայմաններուն մէջ։ Մենք հրաւիրուեցանք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի առաջին շրջանաւարտից հանդէսին, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի պետական աւագանին։
Տեսարժան վայրերու կողքին, տնօրէնները այցելեցին նաեւ մի քանի վարժարաններ։ Շատ տպաւորիչ էր անոնց ցուցաբերած կարեկցութիւնը հանդէպ աշակերտութեան, որոնք դպրոցական դժուարին պայմաններու մէջ իրենց կարելին կ՚ընէին լաւագոյն արդիւնքներու տիրանալու համար։ Կարծես անոնք լռելեայն բաղդատութիւն մը կ՚ընէին երկու երկիրներու դպրոցական կեանքին եւ կը զմայլէին Ամերիկայի աշակերտութեան վայելած բազում բարիքներուն վրայ…
Յիշողութեանս մէջ անմոռանալի պիտի մնայ հետեւեալ դրուագը. տնօրէններէն մին ամէն առտու քալելու կ՚երթար, որպէս մարմնամարզանք։ Առաւօտ մը սովորական քայլարշաւէն ետք ան պանդոկ կը վերադառնար բեռնաւորուած «պասքեթպոլ»ի գնդակներով։ Ուրեմն օր մը առաջ երբ վարժարան մը այցելած էինք, ան նկատած էր, որ աշակերտները «պասքեթպոլ» կը խաղային հինցած գնդակներով։ Եւ ահա քեզի օրինակելի ժեսթ մը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ