ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ԳՐԵՐ ՈՏԱՆԱՒՈՐՈՎ 

Պատմութիւնը մի՛ գրեր ոտանաւորով, 
Քանի զայն յօրինողը զէնքն է
Եւ յօրինողը տենդի դող չ՚ունենար, 
Երբ կոչէ իր զոհերը, 
Ան չի լսեր կիթառին մեղեդին:

Պատմութիւնը մեր մարմիններուն վրայ 
Արձանագրուած զէնքերուն օրագրութիւնն է. 
«Հանճարեղ խելացին է ուժեղը»: 
Պատմութիւնը զգայնութիւն չունի, 
Որպէսզի կարօտ զգանք մեր սկիզբներուն, 
Ոչ ալ մտադրութիւն, 
Որ իմանանք գալիքն ու անցածը... 
Երկաթուղիներուն վրայ հանգստարաններ չէ ան, 
Ուր թաղենք մեռելները եւ տեսնենք թէ հոն 
Ի՞նչ բերաւ ժամանակը մեր գլխուն 
Եւ մենք ի՞նչ ըրինք ժամանակին: 

Կարծես մենք իրմէ ենք եւ իրմէ դուրս: 
Ան ոչ տրամաբանական է կամ ինքնայայտ, 
Որպէսզի ոչնչացնենք երջանիկ պահերէն 
Մնացած մեր ցնորքը, 
Ոչ ալ յերիւրածոյ, 
Որ ընդունինք կեցութիւնը յարութեան դռներուն սեմին: 
Ան մեր մէջն ու դուրսն է... 
Եւ խելառ կրկնութիւն մը 
Պարսատիկէն մինչեւ հիւլէական ռումբը: 

Կը ստեղծէ մեզ 
Եւ կը ստեղծենք զայն աննպատակ... 
Արդեօք պատմութիւնը չէ՞ ծնած ինչպէս որ կ՚ուզենք, 
Քանի մարդ արարածը գոյութիւն չունի:

Փիլիսոփաներ, արուեստագէտներ անցան հոնկէ...
Եւ բանաստեղծները մանուշակներու օրագիրներ արձանագրեցին... 
Ապա անցան հոնկէ... 
Չքաւորները հաւատացին՝ դրախտային լուրերուն 
Եւ սպասեցին հոն...
Աստուածներ եկան բնութիւնը ազատագրելու 
Մեր աստուածութիւններէն 
Եւ անցան հոնկէ. 
Իսկ պատմութիւնը առիթ չունի խորհրդածելու, 
Պատմութիւնը չունի հայելի, չունի յստակ դէմք. 
Ան անիրական գոյութիւն մըն է 
Կամ աներեւակայելի երեւակայութիւն մը:
 
Ուստի 
Մի՛ գրեր զայն, 
Մի՛ գրեր զայն ոտանաւորով: 

ԿԸ ՄՈՌՑՈՒԻՍ, ԿԱՐԾԵՍ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉԵՍ ՈՒՆԵՑԱԾ

Կը մոռցուիս, կարծես գոյութիւն չես ունեցած:
Կը մոռցուիս թռչունի մը սատակին պէս,
Լքուած եկեղեցիի մը պէս կը մոռցուիս,
Անցողական սիրոյ մը 
Եւ գիշերային վարդի մը պէս... 
Կը մոռցուիս:

Ես ճանապարհին կը պատկանիմ... 
Հոն, ուր քայլերը իմիններէս առաջ էին, 
Անոր, որուն տեսիլքները ծածկեցին իմիններս. 
Հոն, ուր իր խօսքը ինքնաբերաբար արտասանեց, 
Որպէսզի պատմութեան մաս կազմէ 
Կամ լուսաւորէ իրմէ ետք եկողը՝
Մեղեդային հետք մը... եւ նախազգացում:
Կը մոռցուիս, կարծես գոյութիւն չես ունեցած՝
Անձ մը, ոչ իսկ գրութիւն մը...
կը մոռցուիս:

Կը քալեմ տեսողութեանս հետեւելով, 
Թերեւս պատմութեան անձնական 
Մանրամասնութիւն մը կարենամ հաղորդել,
Քանի բառերը կը շփոթեն զիս, 
Ես կը շփոթեմ զանոնք. 
Ես անոնց ձեւն եմ, 
Անոնք՝ ակնյայտ ազատութիւն, 
Բայց ըսուեցաւ, ինչ որ պիտի ըսէի:

Զիս կ՚առաջնորդէ անցեալ դարձած գալիք մը,
Ես արձագանգին թագաւորն եմ,
Որ լուսանցքներէն բացի գահ չունի, 
Իսկ ուղիս ոճն է:
Թերեւս նախնիները բանի մը նկարագրութիւնը մոռցած ըլլան, 
Հոն կը շարժեմ յիշողութիւն մը եւ զգացում մը:

Կը մոռցուիս, կարծես գոյութիւն չես ունեցած՝
Լուր մը, ոչ իսկ հետք մը... կը մոռցուիս:

Ես ճանապարհին կը պատկանիմ... 
Հոն, ուր քայլերը իմ քայլերուս կը միանան, 
Անոր, որ պիտի հետեւի տեսիլքներուս, 
Որ պիտի ասմունքէ ոտանաւոր մը 
Աքսորի այգիները գովաբանող, 
Իր տան դիմաց, 
Երէկուան պաշտամունքէն ազատ,  
Իմ կոչումներէս ու լեզուէս ազատ... 

Եւ պիտի վկայէ,
Թէ ես ողջ եմ
Ու ազատ,
Երբ մոռցուիմ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021