ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ինչպէս աւելի վաղ ալ գրած եմ, այսօր եւս կու գամ շեշտել, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ներքաղաքական խմորումներուն եւ պայքարներուն վերաբերեալ միշտ ալ փորձած եմ վերապահ ըլլալ։ Վերապահ ըլլալ այն իմաստով, որ կողմ մը չբռնել եւ փորձել, այո փորձել, այս սիւնակի ընթերցողներուս ամէն գնով ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը, յաճախ ալ առիթ տալով հակոտնեայ տեսակէտներու, նաեւ բեմ տրամադրել այսօրուան իշխանութիւններուն կողմ կամ դէմ եղող տարբեր տեսակի ու տարբեր մակարդակի ձայներու։

Անկախ ամէն ինչէ, ու հակառակ, որ այսօրուան զրուցակիցիս՝ յայտնի լրագրող Վահան Իշխանեանի ոչ բոլոր կարծիքներուն համաձայն եմ, ինծի համար աւելի քան որեւէ ատեն խոցելի է, մարդիկը, գրողները, լրագրողները եւ նոյնիսկ հասարակական կարծիք ձեւաւորողները պիտակաւորելու փորձերը։ Այլ խօսքով՝ ըսել կ՚ուզեմ, որ այսօրուան իշխանութիւններուն սխալները մատնանշողը ոչ անպայման հակայեղափոխական պէտք է համարուի, կամ ըսենք անցեալի իշխանութիւններուն ժխտական կողմերը լոյսին բերողն ալ անընդունելի է, որ սեպուի՝ «նիկոլական»։

Այս մօտեցումները կը հաւատամ, որ պէտք է մեր ետին ըլլան, եւ այսօր առկայ խնդիրները պէտք է դիտուին աւելի խորքային շեշտադրումներով։ Անշուշտ, վիճարկումներէն ու փաստերու գրանցումէն աւելի հիմնարար ակնկալութիւն մըն է, որ այսօրուան իշխանութիւնները յաջողին (գոնէ այս տողերը գրողին համար), որովհետեւ եթէ անոնք ձախողին, Հայաստանն ու հայութիւնը մեծ հոգելքում մը պիտի ապրին, այլ խօսք, որ այսօրուան իշխանաւորներն ալ վստահելով անցեալին՝ չվերադառնալու ու անցեալը ամէն գնով մերժելու ժողովրդային մեծ տրամադրութեան պէտք չէ «քայլ ընեն» սխալներ կուտակելու ճանապարհով ու մեզ բոլորս տանին քաղաքական անորոշութեան եւ համընդհանուր քաոսին գիրկը։

Ամէն պարագայի տեսնենք, թէ մասնաւորապէս իշխանական թեւին մօտ առկայ իրավիճակին եւ յառաջիկայ ապրիլին տեղի ունենալիք հանրաքուէին վերաբերեալ ինչպիսի մօտեցումներ ունի հայրենի լայնանուն ճանաչում ձեռք ձգած լրագրողը։

Ահաւասիկ, Վահան Իշխանեանի հետ իմ հարացազրոյցը։

-Պրն. Իշխանեան ընկերային ցանցի ձեր գրառումներէն պարզ կը դառնայ, որ կտրականապէս դէմ էք յառաջիկայ ապրիլին կայացուելիք Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին։ Ի՞նչ են պատճառները դէմ ըլլալուն։

-Իրաւական պետութեան յենասիւնը անկախ դատարանն է, այն բանէն յետոյ երբ Սահմանդրական դատարանը (ՍԴ) վարչապատի կամքով չշարժեցաւ եւ Ռոպերթ Քոչարեանին դիմումը՝ պարզելու համար անոր դէմ յարուցուած յօդուածներու սահմանդրականութիւնը, ուղարկեց խորհդատուական կարծիքի Վենետիկի յանձնաժողով եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ), վարչապետը փողոցի ամբոխով եւ պետական մարմիններու հալածանք սկսաւ ՍԴ-ի դատաւորներու նկատմամբ. մի քանի անգամ ամբոխը շրջափակեց ՍԴ-ի շէնքը, քաշքշեցին դատաւոր Ալվինա Կիւլիւմեանը, բայց ամենածանր հարուածները հասան ՍԴ-ի նախագահ Հրայր Թովմասեանին՝ Ազգային ժողովը դիմեց ՍԴ-ին, որպէսզի զայն հեռացնեն, չստացուեցաւ՝ ՍԴ-ն մերժեց, ընտանիքի անդամներու նկատմամբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնով (ԱԱԾ) ահաբեկչութեան սկսան՝ աղջիկներն եւ հիւանդ ու ծեր հայրը կանչեցին ԱԱԾ հարցաքննութեան, ահաբեկչական յարձակում եղաւ Թովմասեանի քրոջ՝ լրագրող Անժելա Թովմասեանի «Հայելի» մամուլի ակումբի վրայ՝ հաւկիթ նետեցին փակ դրան վրայ, ապա Հրայր Թովմասեանի ՍԴ-ի նախագահ դառնալու հետ կապուած քրէական գործ յարուցեցին Հայաստանի լաւագոյն բժիշկներէն մէկուն՝ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Պապաեանի դէմ, ապա անոր դէմ քրէական գործ յարուցեցին, որու անունը ես կը դնեմ «գրպանը նօտարական գրասենեակ գցել», ինչո՞ւ, քանի որ դերասան Սերկէյ Դանիէլեան կ՚ըսէր՝ եթէ ելք չկայ Թովմասեանը հեռացնելու, անոր գրպանը թմրանիւթ դրէք, ձերբակալեցէք։ Հանրային հեռուստատեսութիւնը խախտելով եւ անմեղութեան կանխավարկածը ՍԴ-ի դատաւորի նկատմամբ քրէական գործը գաղտնութեան մէջ պահելու օրէնքի պահանջը, լուրերով հաղորդում մը ըրաւ Թովմասեանի գլխուն սարքուած գործի մանրամասնութիւններով։ Ի հարկէ, ուշադիր հեռուստադիտողը կը տեսնէր, որ ոչ մէկ յանցանք կարողացած են «փակցնել»։ Եւ այս բոլորի զուգահեռ՝ երկրի օրէնսդիր իշխանութեան ղեկավարներն ու վարչապետը մշտապէս ելոյթներով կոպիտ արտայայտութիւններով կը պահանջէին, որ Թովմասեան հեռացուի։ Հայաստանի ՍԴ-ի նախագահն ու միւս վեց դատաւորները ահա ահաբեկչութեան տակ են ինն ամիսէ ի վեր, բայց անոնք կը դիմանան, նոյնիսկ օրինական կաշառք առաջարկեցին՝ օրէնք հանեցին, որպէսզի եթէ դատաւորները հեռանան, իրենց աշխատավարձի չափ կենսաթոշակ ստանան։ Պարզուեցաւ, որ զանոնք չեն կրնար հեռացնել ո՛չ ահաբեկելով, ո՛չ ճնշելով, ոչ ալ կաշառքով, հետեւաբար «Իմ քայլը» գնաց հակասահմանադրական այս հանրաքուէին։ Պարզ չէ՞, որ հակասահմանադրական է՝ խախտած են Սահմանադրութեան պահանջը չուղարկելով նախագիծը ՍԴ-ի հաստատման։ Արդէն հանրաքուէի մասին սահմանադրական օրէնքը, ըստ որու տեղամասին մէջ պէտք է կախուած ըլլայ հանրաքուէի դրուած իրաւական աքթի նախագիծը՝ Սահմանադրութեան համապատասխանող ճանաչելու վերաբերեալ ՍԴ-ի որոշումը։ Կարելի չէ, քանի որ չկայ այդ որոշումը։ Բացի այդ, հանրաքուէով փոփոխութիւն կը մտցնեն Սահմանդրութեան անցումային դրոյթներուն մէջ, որոնք վաղուց անցումը ըրած են՝ այսինքն 2018-ին, երբ անցումային դրոյթները կատարուած են, այնտեղ յետադարձ փոփոխութիւն կ՚ընեն։ Իսկ միայն այն հանգամանքը, որ հանրաքուէի դրուած օրինագիծը չեն ուղարկած Վենետիկի յանձնաժողովի փորձաքննութեան, արդէն ցոյց կու տայ, որ հակաիրաւական է, քանի Վենետիկի յանձնաժողովը կը հետեւի, որպէսզի Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու օրէնսդրութիւնները համապատասխանեն իրաւական պետութեան չափանիշներուն։

Բացի այս բոլորէն, նաեւ աշխատանքային իրաւունքը կը տրորուի, ՍԴ-ի դատաւորները ազնիւ, բարեխիղճ աշխատող մասնագէտներ են, որոնք ոչ մէկ խախտում ըրած են եւ անարդար է զանոնք հեռացնել միայն այն պատճառով, որ վարչապետի սրտով չեն։ Կարծես Հին Հռոմի «կլատիաթէօրներու» մարտին՝ ամբոխը ըսէ այո, հեռացնեն դատաւորները։

Ահա՛, կ՚աւրեն իրաւական պետութիւնը, կ՚աւրեն, որպէսզի ՍԴ-ը որպէս անկախ մարմին վերանայ ու դառնայ վարչապետի կամակատար։ Մնացեալ պատճառաբանութիւնները, թէ զանոնք նախկին իշխանութիւնները նշանակած են, եւ այլն, փուճ խօսքեր են՝ արդարացնելու համար անկախ դատաւորներէ ազատուելու նպատակը։

Ինչո՞ւ փաստաբանները առաջին հերթին անհանգստացան ՍԴ-ի դատաւորները հեռացնելու հանրաքուէէն եւ աւելի քան 130 փաստաբաններ կոչ ուղղեցին երկրի նախագահին՝ «ձեռնպահ մնալ այս հակասահմանադրական գործընթացի մասնակցութենէ եւ հանրաքուէի նշանակումէ»։

Քանի որ «Այո» արդիւնքի պարագային, փաստաբանական գործունէութիւնը կը սկսի արդիւնաւէտութիւնը կորսնցնել. եթէ անկախ դատարանը վերանայ՝ դատարանին մէջ փաստաբանը կը մնայ իր պաշտպանեալի հետ, ընդդէմ դատախազին միաւորուած դատաւորի, փաստաբանի միակ յոյսը կը մնայ ԵՄԻԱ-ն, ուր մինչեւ գործը քննուի, արդէն 5-6 տարի կ՚անցնի։

Փաստաբանները ամենազգայունն են անկախ դատարանի եւ ուրեմն, իրաւական պետութեան աւերման նկատմամբ։

-Շատեր կ՚ըսեն, որ յառաջիկայ հանրաքուէն ուղղակի կարիք մըն է ներկայ իշխանութիւններուն համար, իսկ ուրիշներ կը համարեն, որ ան հակաօրինական քայլ մըն է։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

-Հակասահմանադրական, հակաօրինական, հակաիրաւական, հակաժողովրդավարական, քանի որ ժամանակակից ժողովրդավարութեան էութիւնը իրաւական պետութիւնն է, ոչ թէ մեծամասնութեան պարտադրանքը, որ, պատմութենէն գիտենք, թէ ինչ ոճիրներու կը յանգեցնէ։ Մէկ խօսքով՝ մարդու իրաւունքը աւելի բարձր է քան ժողովուրդի կամքը։ Բայց կը տեսնենք, թէ ժողովուրդի կամքը կը համապատասխանէ՞ իրաւական պետութեան գաղափարին, թէ՞ ոչ։

-Կան մարդիկ, որոնք մինչեւ հիմա ալ կը հաւատան, թէ հանրաքուէն ի չիք պիտի դառնայ ՍԴ-ի 7 անդամներու հրաժարականին պատճառով։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով։

-Չեմ գիտեր, ապագան ցոյց պիտի տայ։ Բայց համոզուած եմ, որ գոնէ երեք դատաւոր հրաժարական չէ տուած։

-Շուտով պիտի լրանայ Հայաստանի մէջ եղած իշխանափոխութեան, կամ ինչպէս շատեր կ՚ըսեն թաւշեայ յեղափոխութեան երկրորդ տարին։ Այս երկու տարիներուն ընթացքին ի՞նչ փոխուեցաւ Հայաստանի մէջ. դրական տեղաշարժ կա՞յ։

-Յեղափոխութիւնը ինչո՞ւ եղաւ, ինչո՞ւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկան եւ ստիպեցին իշխանութեան հեռանալ։ Այն՝ որ Սերժ Սարգսեան նախագահի պաշտօնէն կ՚ուզէր տեղափոխուիլ վարչապետի պաշտօնին, պատրուակն էր, իրական պատճառը տնտեսական վիճակն էր, աղքատութիւնը, արտագաղթը, անյուսութիւնը։ Նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու բերնին մէջ, թէեւ երկու բառէն մէկը «ժողովուրդ»ն է, այսուհանդերձ, շատ աւելի հակաժողովրդական են, քան նախկինները։ Օրինակ՝ Հայաստանի մէջ կը գործէր յառաջդիմական եկամտահարկը, այսինքն՝ մարդ որքան բարձր աշխատավարձ կը ստանար, այնքան աւելի հարկ կու տար։ Փաշինեան այս մէկը վերցուց եւ մտցուց համահարթ եկամտահարկը, այսինքն՝ բարձր աշխատավարձ ստացողներու հարկերը նուազեցուց, իսկ ցած ստացողներունը՝ ձգեց նոյնը։ Գումարած այն, որ մշտապէս մեծ գործատէրերուն հարկային արտօնութիւններ կու տան, ցոյց կու տայ իշխանութեան գաղափարախօսութիւնը, որ կը պաշտպանէ մեծ ու միջին դասակարգի շահերը։ Իսկ աղքատներուն ալ վարչապետը կ՚ըսէ՝ աղքատութիւնը ձեր գլոուխներուն մէջ է, մենք ընելիք չունինք, գացէք ձեր հարցերը լուծեցէք։ Նաեւ աւելի ազատական քաղաքակնութիւն կը վարեն քան նախկինները՝ կ՚ապապետականացնեն ինչ որ հնարաւոր է, բանակի սնունդը, նոյնիսկ ծերերու ու մանուկներու խնամքը կ՚ապապետականացնեն, կարեկցանքն ու հոգատարութիւնը հաստատութեան կը վերածեն։ Նախորդները կը մեղադրէին պիւտճէն թալանելու մէջ, իսկ նորերը իրենց աշխատավարձները կրկնակի կը բարձրացնեն, միլիոնաւոր տոլարներու պարգեւավճարներ կու տան, պիւտճէի հաշուին շքեղ կեանք կը վարեն։ Ինչպէս գիտէք, վարչապետի կնոջ միայն դիմայարդարման եւ վարսայարդարման համար ծախսուած էր 40 հազար տոլար, կարծես ըսեն՝ քանի որ մենք օրինական ենք, պիւտճէն ինչպէս ուզենք կը ծախսենք։ Իսկ այն՝ որ վարչապետը իր քաղաքական հակառակորդները ահաբեկչութեան կ՚ենթարկէ, կոպիտ սպառնալիքները՝ թէ փողոց կը փռէ, կ՚իրագործէ. մի քանի օր առաջ ոստիկանները իր ընդդիմախօսները բառին բուն իմաստով փողոց փռեցին ու ձեռնաշղթաներով տարին ոստիկանութիւն։ Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի պղտոր մթնոլորտ մը, որու պայմաններուն ներքեւ տնտեսական աշխուժութիւնը կը նուազի. օրինակ՝ թուեր էին հրապարակել, որ 2019-ին դրամատնային փոխանցումերով Հայաստանէն 20 տոկոսով աւելի գումար տարուած է, քան նախորդ տարին։ Ուրեմն, կը բացառուին ներդրումները, որոնք այդքան անհրաժեշտ են Հայաստանի համար, եւ որոնց սակաւութեան պատճառով կը մեղադրէին նաեւ նախորդ իշխանութիւնները։ Եթէ դրական բան մը պէտք է ըսել, ապա այդ մէկը կրնայ ըլլալ հասարակութեան քաղաքական փորձառութիւնը, որմէ գրեթէ զրկուած էր երեսուն տարիներուն։ Բայց Հայաստանը վտանգաւոր տարածքաշրջանի մէջ է, պատերազմական վիճակի մէջ է եւ հասարակական փորձառութիւնները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ։

-2018 թուականին տեղի ունեցած ընտրութիւնները եկան հաստատելու, որ այսօրուան իշխանութիւնները կը վայելեն Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը. այսօր նոյնն է՞ իրադրութիւնը. ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։

-Բազմաթիւ պետական ծառայողներ կրճատման ենթարկուած են, կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, կը կրճատուին ծննդատուներն ու տարբեր բժշկական հիմնարկներ, գիւղացիները կը բողոքեն պարտադրելու դէմ մասնաւոր սպանդանոցներ, որոնք կը բարձրացնեն իրենց գիները, ամէն շաբաթ տարբեր բնագաւառներու մարդիկ ցոյցեր կ՚ընեն այս կամ այն փոփոխութեան դէմ։ Ընկերային հարցախոյզներուն ծանօթ չեմ, բայց վստահ եմ, որ իշխանութեան վարկանիշը որոշ չափով անկում ապրած է։ Վստահաբար, տարի մը վերջ ա՛լ աւելի կ՚ըլլայ անկումը։

-Այսօրուան իշխանութիւնները այլընտրանք ունի՞ն եւ ընդդիմադիր ճակատ ձեւաւորելու հնարաւորութիւններ կա՞ն։

-Այս պահուն ընդդիմադիր շրջանակները, կը կարծեմ, խմորումներու մէջ են, կը սպասեն, որպէսզի իշխանութեան վարկանիշը մինչեւ այնտեղ իյնայ, ուր անոնց գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դառնայ։ Բայց հանրաքուէն արագացուց ընդդիմադիրներու համախմբուիլը, անոնք կը հասկնան, որ եթէ «այո»ն յաղթէ, իրենց գործունէութեան ասպարէզն ալ կը նուազի, աւելի երեւելի կը դառնան ընդդիմադիրներու նկատմամբ ճնշումները։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ տպագիր եւ համացանցային մամուլի վիճակը։ Մամուլը ազա՞տ է այսօր։

-Մի քանի օրինակով նկարագրեմ վիճակը. «Հրապարակ» թերթը հրապարակած էր, որ տարածքային կառավարման նախարար Սուրէն Պապիկեան 2006-ին դատապարտուած է ազատազրկման եւ մէկ տարի բանտարկուած է, իսկ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հարցաքննութիւն բացած է՝ պարզելու համար, թէ «Հրապարակ»ը ուրկէ՞ ստացած է տեղեկութիւնը։ Այսինքն, իշխանութեան մտածելակերպն է՝ թերթը յանցանք կը գործէ, եթէ հասարակութիւնը տեղեակ կը պահէ, որ իր երկրի առանցքային պաշտօնեաներէն մէկը նախապէս յանցանք գործած եւ դատապարտուած է։

Կամ այն՝ որ 5-րդ ալիքի սեփականատէր Արմէն Թաւադեան բանտարկուած է շինծու յանցանքով, ուրեմն, միայն անոր համար, որ իր եթերը իշխանութիւնը քննադատող հաղորդումներ հեռարձակած է։

Կամ «Ժողովուրդ» թերթի դէմ հալածանքները այն բանի համար, որ մարտի 1-ի գործով մի քանի հարցաքննութիւն հրապարակած էր։

Ասոնք միայն «ծաղիկներ»ն են, եթէ հանրաքուէին «Այո՛»ն յաղթէ, կը սկսին բիրտօրէն թերթերու սեփականատէրերու վրայ հարցաքննութիւններ սարքել, լրագրողները փողոց փռել ու կալանաւորել։ Դատարա՞ն դիմել, ոչինչ արդիւնք կու տայ, դատարանը լրիւ կ՚անցնի «Իմ քայլ»ի ձեռքը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020