ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԸ ԿԸ ՀԱԼԻ

Հայաստանի մէջ անցեալ նոյեմբերին ընթացք առած քաղաքական մեծ պայքարը տարբեր փուլերէ անցաւ, իսկ այսօր բոլորիս համար կայ տեսանելի պատկեր մը, որու հիմնական առանցքն է, անշուշտ, Փաշինեանը իշխանութենէ հեռացնելու նպատակը։

Ճիշդ է, որ շաբաթ օր հրապարակը լեցուցած քաղաքական ուժերէն դուրս կան նաեւ այլ ուժեր, որոնք քիչ թէ շատ կողմնակից են իշխանափոխութեան գաղափարին, բայց եւ այնպէս, այդ ուժերու պարագային ալ ուրոյն դեր մը ստանձնելու որոշումը զիրենք կը տանի նոր տեսակի լուսանցքայնացումի։ Ի դէպ, խօսելով 17 կուսակցութիւններով ընդդիմադիր ճակատի մը կազմուած ըլլալու փաստին մասին՝ պէտք է անպայման արձանագրել, որ մինչեւ շաբաթ օրուայ ցոյցը այդ ուժերը ուրիշ էին, իսկ շաբաթ օրուան ցոյցէն ետք բոլորովին ուրիշ։ Թէեւ ընդդիմութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ նոյնը, սակայն ստեղծուած նոր իրավիճակը եւ շատ հաւանաբար այսօրուընէ սկսեալ նախատեսուած բողոքի ալիքին շարունակութեան ապահովումը զայն պիտի տանի բոլորովին նոր իրականութեան մը։

Այստեղ, հարկաւ, պէտք է հաստատել, որ Հայաստանի հասարկութիւնը առաջուան նման չէ։ Այսինքն, բոլոր անոնք, որոնք «նախկինները, նախկինները» կը բարձրաձայնէին, տեղ մը (ոչ բոլորը անշուշտ բայց եւ այնպէս անոնց կարեւոր մէկ հատուածը) սկսած են համոզուիլ, թէ այս իշխանութիւնները ո՛չ միայն սպառած են, այլ պէտք է «իրենց ջուրի երեսով» երթան։ Այս մօտեցումը ունենալու համար Հայաստանի կացութենէն դժգոհ հասարակութիւնը ունի քանի մը «բանալի» պատճառներ, որոնց ամենաազդեցիկը կանխատեսուած տնտեսական համընդհանուր փլուզումն է, որու մասին օր ու գիշեր կը բարձրաձայնեն երկրի ամենալուրջ տնտեսագէտները։ Ու եթէ այդ վարկածը դառնայ իրականութիւն, ապա անվտանգութեան խնդրին, Արցախի հարցով առկայ մեծ հարցականներու կողքին կը բացուի նոր պատկեր մը, որու ընդհանուր անկիւններուն «հաւաքուած» հասարակութեան շերտերը պիտի դառնան անկասելի եւ իրենց հետ պիտի բերեն բողոքի նոր ալիք մը, որ ի զօրու կրնայ ըլլալ շրջելու գրեթէ ամէն ինչ։

Այստեղ կայ նաեւ ժամանակի գործօնը, որովհետեւ մինչեւ երէկ այդ մէկը իշխանութեան ի նպաստ էր։ Այսինքն ընդհանրացած էր այն համոզումը, որու հիմքին էր «ժողովրդային իմաստութիւն» կոչուած (ան)տրամաբանութիւնը, թէ «Ի՛նչ էլ լինի, Նիկոլը մնալու է...»։ Այսօր, այդ վարկած-դրամագլուխը սկսած է շատ արագ հալիլ։ Ասոր կողքին ալ կայ իշխանութեան եւ յատկապէս անոր «գլուխ»ին կողմէ առաջ քշուած «մանիփիւլաթիւ» թեզը՝ կապուած արտահերթ ընտրութիւնները ամէն ձեւով կանխելու պատուէրին, որ ինքնին մեծ հարուած է նոյնինքն Փաշինեանի՝ առանց այդ ալ ամէն պահ ինկող վարկին։ Այս բոլորը իրար միացնելէ ետք արդէն իսկ պարզ կը դառնայ, որ Փաշինեան կ՚ապրի բաւական սուր ճգնաժամ մը. ճգնաժամ՝ իր քայլերը համակարգելու, երկիրը կառավարելու, բայց մանաւանդ՝ իր «տէրերու»ն կողմէ ամբողջապէս լքուած ըլլալու եւ երկիրը տնտեսական մեծ փոսի մը «առաջնորդելու» առումով։

Վերադառնալով վերջին օրերու զարգացումներուն՝ հարկ է նշել, որ նախքան շաբաթ օրուան մեծ հանրահաւաքը (իմ կարծիքով ընդդիմադիր ուժերու երկրորդ մեծագոյն հանրահաւաքն էր), Փաշինեան կը ձեռնարկէր կարգ մը գործիչներու ձերբակալման «աշխատանքներ»ուն, որոնք կը միտին ընդդիմադիրներուն «բաց նամակ» յղելու եւ ըսելու, որ երկրի իրաւական հիմքերը տակաւին իր ձեռքին մէջ կը գտնուին։ Ճիշդ է, որ անցեալին ալ եղած են նմանատիպ դէպքեր, բայց շաբաթ առաւօտեան ձերբակալութիւններն ու անոնց հետեւած դատական գործընթացները բաւական կը տարբերէին անցեալներէն։

Թէ ի՞նչ ստացաւ ընդդիմութիւնը այս հանրահաւաքէն, այդ մէկը, անշուշտ, աւելի յստակ պիտի երեւի յառաջիկայ օրերուն։ Մենք բոլորս անզէն աչքով ականատես եղանք, որ շնորհիւ հանրահաւաքի հոծ բազմութիւններուն եւ համաժողովրդային կամքի դրսեւորման՝ ջուրը ինկաւ իշխանութեան կողմէ մինչեւ հիմա ժողովուրդին ներկայացուած թեզը, ըստ որու Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը համաժողովրդային չէ։ Թէեւ տակաւին շատ վաղ է ենթադրելու համար, թէ կանխահաս ընտրութեան մը պարագային այժմու իշխանութիւնները՝ «Իմ քայլը»ականները քուէներու ի՞նչ տոկոս պիտի ստանան, բայց հիմա էականը այդ մէկը չէ։

Ըստ էութեան, Փաշինեանի առաջուան պատկերը քայքայուած է եւ սա է, որ ապագայ գործընթացներուն վրայ ուղղակի ազդեցութիւն պիտի գործէ։ Այս հիմքով ալ ինք եւ իր կուսակցութիւնը պիտի լքեն իշխանական աթոռը։

Այս բոլորին առընթեր, հարկ է նաեւ հաշուի առնել միջազգային զան-գըւածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ՝ շաբաթ օրուայ հազարաւորներու հաւաքին մասին տրուած գնահատականները, որոնց բոլորն ալ «բաց» ձեւով կը խօսէին ու տեղ մըն ալ կը նախազգային, որ Հայաստանի մէջ այսօր կան քաղաքական լուրջ ընդդիմադիր շրջանակներ, որոնք ապագային անհրաժեշտ ներուժը կուտակելու պարագային պիտի կարողանան ցանկալի իշխանափոխութիւնը իրականացնել։

Աւարտելով ըսենք, որ յառաջիկայ օրերը շատ կարեւոր են։ Արդարեւ, յայտնի պիտի դառնայ, թէ ընդդիմութիւնը ինչքանո՞վ համակարգուած է, ի՞նչ ներուժ ունի եւ ինչպիսի՞ քաղաքական ճանապարհային քարտէսներ պիտի դնէ սեղանին վրայ։

Տեսնենք։

*

ՀՐԱՆԴ ԲԱԳՐԱՏԵԱՆ. «ԱՅՍՏԵՂ ՀԱՐՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԿԱՄ ՉՈՒՆԵՆԱԼՆ Է»

Հայաստանի՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ զրուցեցինք երկրի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեանի հետ, որ կը գլխաւորէ ընդդիմադիր «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը։ Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Հրանդ Բագրատեան վարչապետի պաշտօն վարած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներուն։ Յաջորդող ժամանակաշրջանին ան միշտ գտնուած է ընդդիմադիր գծի վրայ, սակայն յստակ ճամբարի մը, բեւեռի մը պատկանելիութիւն չէ ունեցած։ Ընթացքին եղած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու՝ Սերժ Սարգսեանի վերընտրուած ընտրութիւններուն ժամանակ։ Թէ՛ իր մասնագիտութիւնը եւ թէ իր փորձառութիւնը ինքնին բաւարար են անուշադրութեան չմատնելու համար իր մօտեցումները։ Աւելի՛ն. վերջին շրջանին նախկին վարչապետը արդէն դարձեալ հրապարակ իջած է աշխոյժ թափով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրանդ Բագրատեանի հետ մեր ունեցած շահեկան հարցազրոյցը։

*

-Արցախի վերջին պատերազմի մասին վերլուծութիւնները կը շարունակուին եւ այս առումով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն միտքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը պատահական չէր։ Եւ աւելի՛ն. ծաւալուեցան խօսակցութիւններ, ըստ որոնց 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը հակաղարաբաղեան շարժում մըն էին։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ եւ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս դրուածքը:

-Ձեզի նախ յիշեցնենք՝ 2018-ին յայտարարութիւններ եղան, որ այդ յեղափոխութիւնը աւելի կարեւոր է՝ քան Ղարաբաղը: Այդ ցոյցերու ընթացքին Արցախի այդ ժամանակուայ նախագահ Բակօ Սահակեանը անուանեցին մարզպետ եւ Հայաստանի մէջ այս բանը դիտարկուեցաւ՝ որպէս Ղարաբաղի նուաստացում: Այդ է պատճառը, որ հիմա այսպիսի խօսակցութիւն յառաջացած է, որ, ըստ էութեան, 2018-ի յեղափոխութիւնը հակաղարաբաղեան յեղափոխութիւն մըն էր: Պատերազմի ընթացքին աւելցաւ նաեւ կարեւոր պատճառ մը, որովհետեւ մենք տեսանք՝ թէ հետեւողականօրէն ինչպէս Արցախը կը յանձնուի: Շատերու մօտ լուրջ կասկած ստեղծուած է, նաեւ ինձ մօտ, թէ այս իշխանութիւնները ենթարկուած են արեւմտեան պլոքին կողմէ մշակուած ծրագրին։ Արեւմուտք ըսելով կը հասկնամ՝ Անգլիա, Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան։ Նպատակն է՝ յանձնել Ղարաբաղը, խնդիրներ չունենալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, նաեւ Հայաստանը պոկել Ռուսաստանէն ու տանիլ դէպի ՆԱԹՕ: Ահա այսպիսի կասկած մը կայ, թէ այդ ծրագիրը աշխատած է եւ այս պատճառով Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնած են Արցախը:

-9 նոյեմբերէն ետք մենք նոր իրավիճակի մը ականատեսը դարձանք եւ ուշագրաւ էր (անշուշտ, ժխտական իմաստով), թէ Հայաստանի ժողովուրդը բաւարար չափով չարձագանգեց պատահածներուն։ Այլ խօսքով՝ պատահածին տրուած հակազդեցութիւնը եւ դէպքերու ողբերգականութիւնը համահունչ չեղան: Ի՞նչ բանի կը վերագրէք այդ մէկը:

-Քանի մը բացատրութիւններ կան: Առաջինը՝ սարսափելի պատերազմ մըն էր եւ ամէն օր երիտասարդներ կը կորսնցնէինք։ Զոհերու թիւը բաւական մեծ էր: Մենք, ի հարկէ, հակառակ կողմէն աւելի շատ զինուոր սպաննած ենք, բայց սա այն դէպքը չէ, որ ես ուրախանամ։ Որովհետեւ մեզի համար մեր կորուստներու թիւը աւելի մեծ կը համարուի։ Որովհետեւ մենք փոքր ազգ ենք, փոքր ժողովուրդ ենք եւ 2.5 միլիոնը մեծ թիւ մը չէ: Իսկ երկրորդը՝ մարդիկ տեսան, թէ պատերազմը որքան սարսափելի է, նաեւ տեսան, թէ որքան սարսափելի կը կառավարուի։ Տեսան, թէ ի՛նչ անշնորհք մարդ մըն է Հայաստանի ղեկավարը, դատարկ եւ կրթութենէ զուրկ, խուճապահար, համակարգէն չհասկցող, բանակը ատող։ Մարդ մը, որ չի լսեր ուրիշի կարծիքը. ա՛յս է մեր վարչապետը: Նաեւ մարդիկ տեսան, որ մենք ունինք անկամ նախագահ մը։ Այս նախագահը պատերազմի ժամանակ երեք անգամ ելոյթ ունեցաւ եւ երեք անգամուն ալ ելոյթի իմաստը այն էր, որ ինք կ՚երաշխաւորէր, թէ Հայաստան կազամուղերն ու նաւթամուղերը պիտի չհարուածէր՝ փոխանակ ճիշդ հակառակը համոզելու, թէ պէտք է հարուածենք: Յատկանշական է, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը օր առաջ կը բացատրէր եւ այդ կէտին վրայ ես իրեն հետ համաձայն եմ, թէ պատերազմի չորրորդ օրը արդէն «Իսքանտար» հրթիռները պէտք է օգտագործուէին եւ տակնուվրայ պէտք է ըլլային հակառակորդի հաղորդակցութեան կէտերն ու նաւթամուղ խողովակաշարերը։ Մարդիկ հասկցան, որ Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութիւնը մեզ կը տանի դէպի պարտութիւն։ Բայց մարդիկ վախցան, որ եթէ փողոց իջնեն ու հանրահաւաքներ ընեն, ապա ա՛լ աւելի մեծ պարտութիւն մը կ՚ըլլայ այս անգամ Հայաստանի դէմ: Հայաստանի ժողովուրդը հիմա տակաւին չի պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ առաջ երթալ Փաշինեանի հետ:

-Երէկուան հանրահաւաքէն վերջ կը կարծէ՞ք, թէ Հայաստան ճակատագրական նոր փուլի մը պիտի մտնէ եւ ի՞նչ հիմքեր կան այսպէս կարծելու համար:

-Ես մասնակցեցայ այդ հանրահաւաքին, անշուշտ, գլխաւորելով «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերէն մին է։ Չեմ կրնար ըսել՝ մեծ կուսակցութիւն մըն ենք, բայց փոքր ալ չենք: Մենք մասնակցեցանք եւ կը հաւատանք, թէ այո՛, նոր փուլ մը պիտի բացուի, որովհետեւ մենք կ՚ուզենք արթնցնել ժողովուրդը։ Ի դէպ, ես յեղափոխութիւն չեմ սիրեր, այլ կը սիրեմ եղափոխութիւն։ Պիտի ըսենք՝ ժողովո՛ւրդ, զարթնի՜ր… Այս կառավարութիւնը պիտի հեռացուի ու դատուի: Մենք արդէն ակնյայտ փաստեր ունինք դաւաճանութեան։ Եւ իրենք ո՛չ թէ Արցախն է, որ կը յանձնեն, այլեւ՝ Հայաստանի տարածքներն ալ կը յանձնեն։ Օրինակ՝ Սիւնիքի պարագային մեր ձեռքը անցաւ յուշագիր մը, որ 18 դեկտեմբերին հողեր տուած են Ատրպէյճանին եւ այն ճանապարհը, որ միշտ պատկանած է Հայաստանին, հիմա դարձած է Ատրպէյճանինը: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, այդ յուշագիրը ստորագրած է Վաղարշակ Յարութիւնեան՝ մեր այսօրուայ պաշտպանութեան նախարարը, որ պատերազմի ժամանակ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականն էր։ Ունի յիմար պատճառաբանութիւն մը, թէ իբր Մոսկուայէն խնդրած են, որ այդպէս ըլլայ սահմանը: Հայաստանի սահմանադրութիւնը կ՚ըսէ, թէ տարածքային ամբողջականութեան գլխաւոր պատասխանատուն Հայաստանի նախագահն է: Իսկ մեր անկամ նախագահը այս ընթացքին իբր թէ կը բուժուէր Լոնտոնի մէջ: Ան ընդհանրապէս տարուան մէջ միայն 65 օր այստեղ է, 300 օր Հայաստան չէ: Ան կը սիրէ ճամբորդել: Եւ այս նախագահը ոչինչ ըրաւ՝ երբոր մեր սահմանները կը տրուէին։ Այնտեղ ինք կրնար ըսել՝ վե՛րջ, ես կը կանգնեցնեմ այս որոշումը, բայց չըրաւ: Սա յայտնաբերուած է ընդամէնը 6-7 օր առաջ: Ամէն ինչ վաճառուած է։ Մենք ժողովուրդին կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի հասկնայ եւ ոտքի կանգնի: Մի՛ ըսէք՝ յոգնեցանք արդէն, մի՛ ըսէք՝ չենք ուզեր նախկինները դարձեալ իշխանութեան գլուխ տեսնել։ Այստեղ ուզելու կամ չուզելու հարց չկայ։ Սա Հայաստանի գոյութիւն ունենալուն կամ չունենալուն հարցն է: Այսօր Սիւնիքի պարագային այնպիսի յիմար զիջումներ ըրած ենք Սիւնիքի մէջ, որ այլեւս հնարաւոր չէ Ղափան ու Մեղրի երթալ՝ առանց ռուսերու ուղեկցութեան։ Եւ կրնայ ըլլալ, որ օր մը ռուսերը չուղեկցին կամ նոյնիսկ իրենց ուղեկցութեամբ, ատրպէյճանցիները իրաւունք ունին քեզ հրաւիրելու իրենց վրանը բացատրութիւն տալու համար եւ դեռ աւելին՝ քեզ տանին Պաքու: Մենք շատ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած ենք՝ Փաշինեանի յիմարութիւններուն եւ ինչպէս շատերը կ՚ըսեն՝ դաւաճանութիւններուն պատճառով:

-Հայաստանի քաղաքական դաշտը շատ բեւեռացած է։ Մենք նկատեցինք հիմնական երկու ճանապարհ բացողներ, որոնք են՝ նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը: Արդեօք ինչո՞ւ առաջին նախագահը, ձեր լաւ ընկերը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը ցարդ չխօսեցաւ: Ի՞նչ է պատճառը ձեր կարծիքով:

-Ես չեմ կրնար նախագահ Տէր-Պետրոսեանի փոխարէն պատասխանել: Բնականաբար, թէ՛ անցեալի մէջ եւ թէ հիմա մենք միշտ շատ լաւ յարաբերութիւներու մէջ գտնուած ենք: Ես կ՚ենթադրեմ, որ տակաւին ինք կը խօսի:

-Մօտաւոր ապագային ի՞նչ պիտի ըլլան ընդդիմութեան յաջորդ քայլերը։ Ընդհանուր ճանապարհային քարտէս մը կա՞յ:

-Բոլոր քաղաքացիները եւ հայերը իրաւունք ունին մասնակցելու Հայաստանի կեանքին: Մենք պիտի ըսենք, որ մեծամասնութիւնը մենք ենք։ Մենք ա՛յս կ՚ուզենք՝ վեր կաց եւ հեռացիր։ Ինչպէս որ եկար 2018-ին, գիտցիր՝ որ օր մըն ալ նոյն ձեւով պիտի հեռանաս եւ մեր ժողովուրդը պիտի հեռացնէ քեզ...: Իսկ ճանապարհային քարտէս մը կայ անշուշտ, բայց, ճիշդ չէ հիմա անոր անդրադառնալ:

-Ի՞նչ կ՚ըսէք սփիւռքի եւ յատկապէս Պոլսոյ մեր ընթերցողներուն:

-Ես կը սիրեմ պոլսահայութիւնը։ Երբեք չեմ մոռնար Պոլսոյ մեր աւելի քան երեսուն եկեղեցիները: Մենք չունինք այնպիսի մշակութային հարուստ ժառանգութիւն՝ Պոլսոյ մէջ գտնուածին նման։ Այնտեղ կը հանգչին մեր հայ մեծերը: Ես գացի Պոլիս, այցելեցի Միսաք Մեծարենցի գերեզմանը եւ ծաղիկ դրի: Պոլսոյ մէջ մենք մշակութային մեծ արժէքներ տուած ենք՝ սկսեալ Բիւզանդական ժամանակաշրջանէն, մինչեւ նոյնիսկ Օսմանեան շրջանը: Դիտմամբ չեմ այցելեր Պոլիս, որովհետեւ տեսակ մը տխրութեան մէջ կ՚իյնամ, երբ երթամ:

Ողջոյններս ձեր թերթի խմբագիր Արա Գօչունեանին, որ իմ լաւ բարեկամս է։ Բարեւներս մեր պոլսահայ բարեկամներուն, մեր խումբին, ողջոյններ կ՚ուղղեմ հոգելոյս Հրանդ Տինքի ընտանիքին: Պոլսոյ համայնքը շատ մօտ է ինծի եւ հոգեհարազատ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021