Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ինչպէս նաեւ ծիսական ու քարոզչական կեանքին կարեւորագոյն բաժինը կը հանդիսանայ պահեցողութեամբ ու ծոմապահութեամբ ամրապնդել հաւատացեալին հոգեկան աշխարհը եւ անոնց ընդմէջէն զարկ տալ անոր հաւատքի առողջ աճման:
Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը կը հանդիսանայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ամենէն երկար ժամանակաշրջանը ունեցող պահեցողութիւնը, որ այդ իսկ պատճառով նաեւ կը կոչուի Մեծ պահք: Անոր թուականը փոփոխական է եւ կը ճշդուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնին հիման վրայ, ուստի ան կը սկսի Բուն Բարեկենդանի Երկուշաբթի օրէն եւ կ՚երկարի մինչեւ Ս. Յարութեան Աւագ շաբաթը: Աւագ շաբաթը իր կարգին պահքի շաբաթ ըլլալով՝ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը առանց ընդմիջումի կ՚երկարի մէկ շաբաթ եւս: Այսպէսով, Մեծ պահքի ընդհանուր տեւողութիւնը կ՚ըլլայ շուրջ եօթ շաբաթ կամ քառասունութ օր:
Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետները, իրենց իմաստուն դասաւորումով, քառասնօրեայ պահեցողութեան իւրաքանչիւր Կիրակին ձօնած են աստուածաշնչական դրուագի մը: Այսպէս, Բուն Բարեկենդանի Կիրակին՝ դրախտի կեանքին խորհրդանիշ: Արտաքսման Կիրակին՝ մարդու անհնազանդութեան պատճառով դրախտէն դուրս դրուելուն խորհրդանիշ: Անառակի Կիրակին՝ Աստուծոյ տուած կեանքը անվայել կերպով չմսխելու, այլ գիտնալու, թէ Աստուծոյ մօտ է, որ մենք միայն կը գտնենք ուրախութիւն, ապաւէն եւ փրկութիւն: Տնտեսի Կիրակին՝ գիտնալ մեզի տրուած շնորհները լաւապէս օգտագործել Աստուծոյ համակրանքը շահելու համար: Դատաւորի Կիրակին՝ անդադար աղօթելով փրկութիւն ստանալու խորհրդանիշ: Գալստեան Կիրակին՝ Քրիստոս մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու խորհրդանիշ: Ծաղկազարդի Կիրակին՝ Քրիստոսի ներկայութեամբ եւ հաւատքով զօրացած, աստուածատուր շնորհներով մեր կեանքը ծաղկազարդուած դարձնելու խորհրդանիշ:
Պահեցողութեան ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալներ հեռու մնալով կենդանական ուտեստներէ՝ պէտք է զօրացնեն իրենց կամքը եւ ամրապնդեն իրենց հաւատքը: Անոնք պահքի ընթացքին մաքրելով իրենց մեղքերը՝ պատրաստ պէտք է ըլլան Քրիստոսի յարութեամբ մարդուն տրուած փրկութիւնը ստանալու:
Մեծ պահքի ճիշդ կիսուն, Չորեքշաբթի, Հայ Եկեղեցին կը նշէ Միջինքը, որ պահ մը առիթ կու տայ այն հաւատացեալներուն, որոնք պահեցողութիւն չեն ըրած տակաւին, պահք պահելու եւ վերաքննութեան ենթարկելու իրենց հոգեկան աշխարհը:
ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆԴԵԶԵԱՆ