ԽՈՀԵՐ՝ ՄԻՏՔԷ ՄԸ

Դիմատետրը կը թերթէի, երբ համակարգիչիս պաստառին վրայ յայտնուեցաւ հայրենի գրող՝ Վարդգէս Պետրոսեանէն միտք մը, որ կ՚ըսէր՝ «Ամենակարեւոր բաները մեզ չսովորեցրեցին: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կսովորէինք, յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը… Երբ կեանքում մենք անընդհատ բաժանուելու էինք՝ մեր մտերիմներից, մեր յոյսերից, մեր ապրած տարիներից… Սովորեցինք հին ու նոր ժամանակների պատմութիւններ, որ ի՞նչ… Եւ ոչ ոք չսովորեցրեց՝ ինչպէս հասկանալ կողքինի տխրութիւնը, ինչպէս լսել լռութիւնը, ինչպէս տառապել… արժանապատուութեամբ», որքան իմաստնութիւն կայ այս տողերուն մէջ. բոլորս անցած ենք կեանքի այս ուղիէն, սորված ենք այբուբենը, թուաբանութիւնը, պատմութիւնը..., որոնցմով կը գոյատեւենք որպէս շնչաւորներ: Կ՚օգտագործենք այբուբենը հաղորդակցութեան համար, միայն լեզու երբեմն՝ նիւթեղէն հաղորդակցութիւն, կ՚օգտագործենք թուաբանական անհրաժեշտ գիտելիքները մեր ամէնօրեայ գնումներուն ընթացքին եւ այլուր, դարձեալ միայն նիւթեղէն հաղորդակցութիւն, կը յիշենք երբեմն դէպքեր պատմութենէն, կը պրպտենք մեր գիտելիքները թարմացնել ջանալով:

Կը յուսանք, կ՚երազենք, կը ցանկանք, կը ձգտինք մեր կեանքի ընթացքին, բայց անոնցմէ ո՞ր մէկը կը մնայ կենդանի, ո՞ր մէկը կը բռնէ իրականութեան ուղին, կ՚իրականանայ...:

Պահ մը հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ տասնեակէ մը աւելի տարիներու կրթական մշակի պաշտօնիս ընթացքին ի՞նչ ջամբած եմ մատղաշ սերունդին, բան մը կարողացա՞ծ եմ դրոշմել աշակերտներուս յիշողութեան մէջ, գիտելիքին ու ծրագրին կողքին ի՞նչ տուած եմ: Կը յիշեմ, երբ դասարան մտած մէկ պահուս, հարցումով մը դիմեցի աշակերտներուս, ապա պատասխանել փափաքողներէն մէկուն՝ «Հրամէ՛, աղուորս», երբ ըսի, ան պատասխանելէ առաջ՝ «Ե՞ս եմ աղուորը, օրիորդ» ըսաւ: Նախադասութիւն մըն է, որ շատ բան կը պարունակէ՝ վախ, սոսկում, ընկճուածութիւն, չսիրուածի մտայնութիւն, որուն մէջ տունն ալ մեծ դերակատարութիւն ունի անշուշտ, ուրկէ երբեք չէ լսած թերեւս նման արտայայտութիւն, կամ սխալի մը սպրդելուն հետեւանքով լսելիք բարկութեան ակնկալումէն ալ գոյացած կրնայ ըլլալ, պատճառները շատ են:

Սակայն իրօք գիտե՞նք, կը հասկնա՞նք լռութեան լեզուն, կը հասկնա՞նք տխրութիւնը եթէ մեզի չի վերաբերիր՝ «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ», կ՚ըսէ ժողովրդական ասացուածքը. ջանքեր կը գործադրենք հարկաւ տառապեալը սփոփելու եւ զայն հեռացնելու այդ վիճակէն, սակայն կը յաջողի՞նք. թերեւս, եթէ անհատը իր մաշկին վրայ զգացած ըլլայ դէմինին ցաւը, կորուստը, բաժանումը, որ անկարելի է: Ոչ մէկը միւսին կը նմանի, տիեզերքի կախարդանքներէն մէկն ալ այս է:

Բարեկամ մը կը պատմէր, թէ մենութիւնը սպառած, լլկած էր զինք, թէ սկսած էր գանգատիլ ի՛ր իսկ Արարիչէն: Անպատասխան գանգատները տարակոյսներ արթնցուցած էին իր մէջ, երկար տառապանքին ու խաչին ծանրութենէն կքած ան պահ մը ինկած էր կասկածանքի յորձանքին մէջ, կը կասկածէր Անոր գոյութենէն...: Ու ահա կեանքի ութսուն տարիներու փորձառութիւնը մարմնաւորող ծերունիի մը՝ «Մինակութիւնը միայն Աստուծոյ կը վայելէ, լաւ որ եկար, պապի՛կ», ըսած էր ու ապտակի նման սթափեցնող պատասխան մը ստացած՝ «Ինք մինակ չէ որ, Ինք միշտ մեզի հետ է»:

Պատասխան մը, որ շատ հեռուները տարած էր զինք, ուր վայելած էր գոյութիւնն Անոր կեանքի լաւ օրերուն..., նշան մըն էր կարծես պապիկին միջոցաւ թելադրուած: Ընկալեց ան նշանին իմաստը եւ երկար մտորումէ ետք մէկիկ-մէկիկ վերցուց «ինչու»ներուն պարոյկները եւ անոնց փոխարինեց համակերպումն ու նորութեան մը որոնումը, մենութիւնը լեցնելու զբաղում մը գտնելու մարմաջը թերեւս, գիտելիքի մը մասին տեղեկութեան մը պրպտումը, իր ներսը տարիներէ ի վեր մրափող ձգտումի մը արթնութիւնը նաեւ, եւ մանաւանդ հաւատքը՝ յաղթահարել կարենալու:

Կը շարունակէ գրագէտը՝ «Թողեցին, որ այդ ամէնը սովորենք… ինքնակրթութեամբ...», «ինքնակրթութիւն», այո, կեանքի դպրոցը դասախօսներ չունի:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018