ՈՒԶԵ՞Լ, ԹԷ՝ ՉՈՒԶԵԼ...

«Վասնզի Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ» Ղուկաս 13:31

«Քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» Ղուկաս 13:34
«...Եւ դուք չուզեցիք» Ղուկաս 13:34

Ղուկասի աւետարանի տասներորդ գը-լխուն մէջ՝ կը հանդիպինք այն վարկածին, երբ Քրիստոս կը ճամբորդէր դէպի Երուսաղէմ։ Եւ երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ուխտագնացութի՞ւն։ Առաքելութի՞ւն։ Եւ հոն՝ նոյն այդ ճամբորդութեան ընթացքին եւ նոյնինքն հատուածին 31-35 համարներուն մէջէն կը հանդիպինք երեք անգամ օգտագործուած «ուզել» բառին եւ տարբեր պարունակ-մարտահրաւէրներու դիմաց։ Առաջինը՝ երբ Փարիսեցիները կու գան Քրիստոսի եւ նոյնինքն իր ճամբորդութեան առաքելութեան ընթացքին՝ զզգուշացնելով Քրիստոսի թէ՝ «Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ...»։ Բայց կար Քրիստոսի վճռակամ կեցուածքը՝ «գացէք այդ աղուէսին ըսէք թէ ես դեւեր եւ բժշկութիւններ կը կատարեմ...» (Ղուկաս 31:32)։ Ի՞նչ խօսք՝ Քրիստոս իր առաքելութեան հրամայականին դիմաց՝ ան երբեք պիտի չզիչէր Հերովդէսի «ուզածին» եւ ձգելով՝ իմմա դասալիք ըլլալով՝ հեռանար իր առաքելութենէն։ Իսկ Քրիստոսի առաքելութի՞ւնը։ Կը բացատրուի հատուածին երկրորդ «ուզելու» գործածութեան մէջէն։ «Ով Երուսաղէմ… քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» (Ղուկաս 13:34)։ Բայց չուշացաւ երեւի Քրիստոսի յուսախաբութի՞ւնը…։ Յուսահատութի՞ւնը…։ Եւ այս կու գայ երրորդ «(չ)ուզելու» մէջէն…։

«…Եւ դուք չուզեցիք» (Ղուկաս 13:34)։ Եթէ Քրիստոս ուզեց, բայց անոնք, իմմա Երուսաղէմ, չուզեց։

Եւ հոս կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել եւ բացատրել հատուածին մէջ գործածուած «ուզել» բառին բնագիրէն թարգմանուած հայերէնի հոմանիշը, բայց նաեւ ընկերալեզուաբանական ու մշակութային պարունակային բացատրութիւնը։

«Ուզել» բառին յունարէն բնագիր-արմատը կու գայ «թելօ» (Thelo): Թելօ բառին մէջ հայերէն բացատրութիւնը կրնայ ընդգրկել ուզել, փափաքիլ ու տակաւին ցանկալ։ Բայց նաեւ պատրաստ ըլլալ, ու տակաւին վճռակամ, երթալու յառաջ եւ իրականացնելու համար նպատակ։

Եւ այս պարունակին եւ անոր բացատրութեան մէջէն է, որ պէտք է տեսնել, թէ ինչպէս Հերովդէս «ուզեց» (թելօ) սպաննել Յիսուսը...։ Բայց Յիսուս եղաւ վճռակամ՝ քանի «կ՚ուզէր» իրականացնել այն՝ որուն համար աշխարհ եկած էր, եւ այս, «բժշկութիւններ» ընելու համար։ Եւ եթէ Քրիստոս ուզեց «բուժել», բայց կար նաեւ դիմադրութիւնը։ «Չուզելու» այն՝ որ Քրիստոս կ՚ուզէր ընել։

Իսկ չուզելը՞...։ Ան հասաւ մինչեւ այն վարկածին, ուր Քրիստոս ըսաւ. «ալ զիս պիտի չտեսնէք» (Ղուկաս 31:35)։ Եւ այդ չտեսնելը պիտի իրականանար խաչելութեանը մէջէն։ Բայց հոն չմնաց ու չաւարտեցաւ…։ Այլ խաչելութենէն եւ մահուընէ ետք եկաւ յարութիւնը, ուր Քրիստոս շնորհեց մարդուն եւ աշխարհին Նոր Կեանքը, ուր կրցանք ըսել. «Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ Այսինքն՝ Նոր Կեանքի գիտակցութեան մէջէն՝ եթէ կ՚ուզենք՝ «Տէրոջը անունովը» կրնանք ապրիլ։

Քրիստոս՝ իր ճամբորդութիւնը-ուխտագնացութիւնը-առաքելութիւնը Երուսաղէմի՝ իմմա աշխարհի մէջ՝ աւարտեց…։ Եթէ աշխարհ եկաւ եւ, իր «ուզելով», եւ ապրեցաւ ու չարչարուեցաւ եւ մահացաւ խաչին վրայ, դարձեալ իր «ուզելով» ու իր յարութեամբը մեզի շնորհեց Նոր Կեանք ու տակաւին իր «ուզելու» պատրաստակամութեամբը։

Եւ ընտրանքը մերն է։ Ուզե՞լ, թէ՝ չուզել։

Աշխարհ այսօր՝ տակաւին չէ սպառած անհատնում «Հերովդէսներէ», որոնք «կ՚ուզեն» սպաննել հաւատքին իրականութիւնը եւ հասկացողութիւնը մեր ազգային եւ ընդհանրական կեանքերուն մէջէն։ Եւ անոնք՝ «Հերովդէսները» ամենայն վճռակամութեամբ կը միտին իրականացնել իրենց նպատակները։ Բայց այդ բոլորին դիմաց՝ Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի հասկացողութիւնը տակաւին առկայ է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ դարձած։ Ան տակաւին ի զօրու է եւ ուժական։ Քրիստոսի յարութեամբ շնորհուած Նոր Կեանքը տակաւին կ՚ուզէ ու կրնայ ժողվել մարդկութիւնը եւ նոյն ուժականութեամբ։

Եթէ աշխարհ պիտի շարունակէ կառչիլ իր «չուզելու» տրամադրութիւններուն մէջէն՝ յար եւ նման Երուսաղէմի…։ Եւ թէ Հերովդէսներ պիտի շարունակեն ուզել մեռցնել Քրիստոսի հաւատքը եւ ուր մարդկային «տուներ՝ իմմա կեանքերը՝ աւերակ ընելով (Ղուկաս 13:34)...։ Եւ երեւի մխտեն մեզ, որպէսզի մենք՝ մեր հաւատքէն «ելլենք եւ երթանք» (Ղուկաս 13:31), իմմա հեռանա՞նք ու փախչի՞նք…։ Երկչոտութեան հոգիով եւ անկէ մղուա՞ծ…։

Ներկայ օրերու այս բոլոր «թոհուբոհին» մէջէն ընտրանքը մերն է ։

Ուզե՞լ, թէ՝ չուզել։ Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութիւնը։

Այն կեանքը՝ որ կը մնայ «Օրհնեալ»։ Եւ որ կը դառնայ Արժէք։ Եւ որ կը շարունակուի անկախ բոլոր սպառնալիքներէ։

Օրհնեալ՝ ուր մարդկային «տուներ» կը շինուին եւ ոչ թէ կը քանդուին։ Եւ այս անկախ բոլոր դժուարութիւններու եւ մեր կեանքերու մէջ դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։

Օրհնեալ՝ ուր մարդկային «կեանքեր» ունին ապահովութիւն, անկախ բոլոր անորոշութիւններէ եւ սպառնալիքներէ։ Հոս՝ երկրի վրայ, բայց նաեւ անդին…։ Ֆիզիքական կեանքէն դէպի յաւիտենականութիւն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։

Եւ այս յարութիւնն է եւ անոր շնորհած նոր կեանքն է, որ պիտանի է։ Եւ որ երբեք չի հիննար։ Ու տակաւին կը մնայ զօրաւոր։

Ուզե՞լ, թէ՝ չուզել։ Կ՚ուզե՞նք, թէ՝ չենք ուզեր…։

Քրիստոսի շնորհած Օրհնեալ կեանքը…։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019