Եւրոպայի Թագուհիները Աւելի Շատ Պատերազմներ Շղթայազերծած Են, Քան՝ Թագաւորները
Երկիրներ կառավարող, իշխանութեան վրայ գտնուող կիներուն մասին տարածուած ենթադրութիւն մը կայ, թէ ղեկավարող կիները իրենց պաշտօնակից այրերէն աւելի հակուած են դիւանագիտական մօտեցումներու, որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ աւելի խաղաղ աշխարհ մը: Բայց որքանո՞վ ասիկա ճշմարտութիւն է: Կան մասնագէտներ, որոնք հակառակին ապացոյցները ունին:
*
Վերջին վեց դարերուն Եւրոպայի մէջ թագուհիներու կառավարման տարիներու տուեալները ուսումնասիրելով, քաղաքական գիտութիւններու երկու մասնագէտներ՝ Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօսներ Օրէյնտիլլա Տիւփ եւ Ս. Փ. Հարիշ, բացայայտած են, որ հարցը ենթադրուածէն շատ աւելի բարդ է: Հարիշ ուսումնասիրած է եւրոպացի 28 թագուհիներու տիրապետութիւնը 1480-1913 թուականներուն եւ գտած է, որ երբ թագուհին եղած է երկիրը ղեկավարողը, պատերազմներու 27 առ հարիւր յաւելում արձանագրուած է՝ բաղդատած թագաւորի մը տիրապետութեան:
«Մարդիկ այն նախապաշարումը ունին, թէ այն պետութիւնները, որոնց ղեկավարները կիներ են, աւելի նուազ հակամարտութիւններու մէջ կ՚ըլլան», կը գրէ Տիկին Օ. Տիւփ, որուն ուսումնասիրութիւնը այլ պատմութիւն մը կը թելադրէ:
Տիւփ եւ Հաշ կը խորհին, որ թագուհիները աւելի ռազմական քաղաքականութեան կը մասնակցին աշխատանքի բաժանումով, որ կը պատահի, երբ թագուհի մը (մանաւանդ՝ ամուսնացած թագուհի մը) կը տիրապետէ: Թագուհիները կը տնօրինեն արտաքին քաղաքականութիւնը եւ պատերազմի քաղաքականութիւնները, որոնք յաճախ կարեւոր են երկիր գումարներ բերելու, մինչ ամուսինները կը տնօրինեն պետութիւնը (տուրքերը, դատական հարցերը եւ այլն): Ըստ ուսումնասիրութեան հեղինակներուն, թագուհիներու տիրապետութեան ժամանակ աշխատանքի աւելի մեծ բաժանումները առիթ ընձեռած են թագուհիներուն՝ հետապնդելու աւելի յարձակողապաշտ պատերազմական քաղաքականութիւններ: Միւս կողմէ՝ թագաւորները հակում չունին թագուհիներուն նման աշխատանքային բաժանումներու մասնակցելու: Թագաւորները ընդհանրապէս զինուորական եւ պետական պարտականութիւնները բաժնեկցած են մօտիկ խորհրդականներու, բայց ոչ՝ թագուհիներու հետ: Եւ այս «անհամաչափութիւնը» կրնայ նպաստած ըլլալ, որ թագուհիները ապաւինին այր կողակիցներու, իսկ թագաւորները՝ կին կողակիցներու, եւ ասիկա զօրացուցած է թագուհիին տիրապետութեան յարաբերական կարողութիւնը՝ դիւրացնելով աւելի մեծ մասնակցութիւնը պատերազմական գործողութիւններու:
Ըստ ուսումնասիրողներուն, թագաւորները իրենց կիները չեն նշանակեր որպէս զինուորական հարցերու խորհրդատու, սակայն երկիրը կառավարող թագուհիներ իրենց ամուսինները բանակի պատասխանատու կը նշանակեն: Օրինակ, Փորթուգալի Տոնա Մարիա Բ. թագուհին, երբ 1836-ին ամուսնացաւ Օգոստոս Ֆրանսիս Անթոնի իշխանին հետ, ամուսնութեան համաձայնագիրը ճշդած էր, որ իշխանը բանակի ընդհանուր հրամանատար պիտի ըլլայ:
Երբ թագուհիներուն ամուսինները կը տնօրինեն պետութեան գործերը, երկրին յաջողութիւնը ուժեղ կ՚ըլլայ: Հեղինակները կը մատնանշեն Ֆրանսիս Սթեֆանը, որ վերականգնեց Աւստրիոյ տնտեսական համակարգը, մինչ իր կինը՝ երկիրը կառավարող Մարիա Թերեզա թագուհին, կանխիկ գումարները գործածեց հզօրացնելու համար բանակը: «Կողակիցի աջակցութիւն», այլ խօսքով՝ յաղթանակ. յաղթանակ՝ այս արքայական զոյգերուն, առիթ ընձեռելով թագուհիներուն ոչ միայն աւելի ներդրում ունենալու, այլեւ աւելի յաջող ըլլալու, քան՝ իրենց ազնուական ամուսինները, որոնք առանձին գործած են (ժամանակակից զոյգեր, նկատի առէ՛ք): Ատիկա չի նշանակեր, որ թագուհին եւ թագաւորը միշտ համաձայն եղած են: Վաւերական տուեալներ կը նշեն, որ իրականութեան մէջ թագուհիները եւ թագաւորները յաճախ տարակարծիք եղած են, եւ շարք մը թագուհիներ դէպի պատերազմի դաշտ արշաւած են առանց իրենց ամուսիններուն հաւանութեան: Եւ քանի մը թագաւորներ շատ գոհ չէին «թագաւոր-կցորդ» ըլլալով՝ վիճելով իրենց կիներուն հետ տիտղոսի շուրջը: Թագուհիներուն ամուսնական կարգավիճակը տարբերութիւն ըրած է այստեղ: Որովհետեւ, ըստ հեղինակներուն, «ամուսնացած միապետներու միջեւ, թագուհիները աւելի հաւանական է, որ մասնակցին որպէս յարձակողներ, քան՝ թագաւորները»:
Եթէ թագուհի մը առանձին էր (այս ուսումնասիրութեան մէջի թագուհիներէն 13-ին պարագային), աւելի հաւանական է, որ յարձակումի պիտի ենթարկուէր, բաղդատած՝ այն ժամանակներուն, երբ թագաւորը եղած տիրապետողը, թերեւս այն պատճառով, որ թագուհիին երկիրը արտաքին աշխարհին համար կը նկատուի որպէս աւելի խոցելի, եւ այդպէսով աւելի դիւրին կը դառնայ այդ երկրին վրայ յարձակիլը: Բայց ուսումնասիրողները կը շեշտեն, որ թագուհիներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին պատերազմներու բազմացումը չի նշանակեր, որ կին ղեկավարներու կողմէ փորձ մըն է ցոյց տալու իրենց ուժը: Եթէ այդպէս ըլլար, թագուհիներու տիրապետութեան առաջին իսկ տարիներուն պատերազմներ կը հրահրուէին, մինչ, ըստ տուեալներու եւ ուսումնասիրողներու մեկնաբանութեան, թագուհիները յաւելեալ պատերազմներ շղթայազերծելու փափաք չեն ունեցած: Բայց այստեղ կան քանի մը աւելի համապատասխան ընդհանրութիւններ՝ թագուհիի տիրապետութեան առընչուող. թագուհիները պատերազմի նախարարներ չեն օգտագործած թագաւորներուն չափ, փոխարէնը՝ իրենց ամուսիններուն յանձնած են բարձրաստիճան այլ պաշտօններ: Թագուհիները յաճախ իրենք զիրենք ամբողջ սրտով նետած են քաղաքականութիւն ճշդող մեքենային մէջ:
1482 թուականի Յունիսին, Իզապելլա թագուհին իր պատերազմական խորհուրդին հետ, երբ կը ծրագրէր Կրանատայի դէմ յարձակումը, երկունքի, ծննդաբերութեան ցաւեր ունեցաւ: Ծանր 36 ժամեր ետք իր ծննդաբերած երկուորեակներէն միայն մէկը ապրեցաւ, եւ քանի մը օր ետք իր բանակին զինուորները վերադարձան արիւնլուայ եւ պարտուած: Բայց 31-ամեայ թագուհին ապացուցեց, որ նոյնքան պինդ է պատերազմին, որքան ծննդաբերութեան ցաւերուն մէջ: Շուրջ տասնամեակ մը ետք Իզապելլա մուրերու տիրապետութենէն ազատագրեց Կրանատան՝ միաւորելով Սպանիան եւ նախաձեռնելով պատմութեան առաջին բարձրացող գերտէրութեան:
Այս օրերուն Իզապելլա աւելի նուազ ծանօթ է իր պատերազմական յաղթանակներուն համար, քան Քրիստափոր Քոլոմպոսի վճարելուն՝ ովկիանոսային ճամբորդութիւններու համար: Ասիկա թերեւս անոր համար, որ մենք թագուհիները պատերազմներ շղթայազերծողներ չենք նկատեր:
Բայց, ըստ երեւոյթին, այդպիսին են:
Արդարեւ, 1480-1913 թուականներուն, Եւրոպայի թագուհիները 27 առ հարիւրով աւելի պատերազմներ մղած են, քան թագաւորները: Եւ Իզապելլայի նման, թագուհիները իրենց տիրապետութեան ընթացքին աւելի տարածքներ գրաւած են:
Բայց ինչո՞ւ: Ասոր մեծ մասը կու գայ թագուհիի տնօրինումի ոճէն, որ արմատական տարբերութիւն ունի թագաւորականէն: Առաջին ուղեցոյցը կու գայ այն փաստէն, որ Եւրոպայի բոլոր միապետներուն մէջ ամուսնացած թագուհիները ամենէն ռազմասէրներն են՝ շղթայազերծելով աւելի պատերազմներ, քան՝ չամուսնացած թագուհիները եւ բոլոր տեսակի թագաւորները: Ասիկա կրնայ ըլլալ անոր համար, որ շնորհիւ սեռային կազմաւորման՝ կին միապետները ամուսնական դաշինքներէն կը միտին աւելի շատ օգտուիլ, քան՝ թագաւորները: Ամուսնացած թագուհիները թագաւորներէն աւելի պատերազմներ շղթայազերծած են իրենց դաշնակիցներուն՝ յաճախ իրենց ամուսիններուն երկիրներուն կողքին: Եւ թագուհիները միշտ իրենց ամուսինները իշխանութեան օգնական դարձուցած են, բան մը, որ թագաւորները չեն ըրած իրենց կիներուն:
Առանձին թագուհիներու այդ օրերու իգական սեռի պատկանելիութիւնը նոյնիսկ Իզապելլայի նման հզօր միապետները դուրս կը մղէր զինուորական աշխարհէն: Թէեւ Իզապելլա ծրագրեց ռազմական արշաւներ եւ զրահապատ զգեստներ հագած՝ երբեմն անձամբ առաջնորդեց իր ուժերը, սակայն իսկապէս Ֆերտինանտն էր, որ այդ ուժերը առաջնորդեց պատերազմի: Քանի արքայական այրերը պաշտօններ կը ստանձնէին իրենց հայրենիքի բանակին մէջ եւ փորձառութիւնը ունէին անձնակազմի գործերուն, թագուհին յաճախ շահեցաւ ամուսին մը եւ վստահելի աջակից մը առաջնորդելի իր ամենէն կարեւոր կառոյցը՝ բանակը: Պարտականութիւններու այսպիսի բաժնեկցութիւնը երբեմն թագուհիին իշխանութիւնը աւելի ազդու դարձուց:
Կարգ մը թագուհիներու համար այս համագործակցութիւնը պաշտօնական էր: Իգական ղեկավարման 34 օրինակներէն 16-ին պարագային, թագուհի մը եւ իր ամուսինը միասնաբար իշխած են, ինչպէս Իզապելլան եւ Ֆերտինանտը ըրին Լէոն եւ Կասթիյի վրայ, իսկ Սիւզանը եւ Շարլը՝ Պուրպոնի դքսութեան մէջ, 1505-ին եւ 1521-ին: Նոյնիսկ առանց այս բացայայտ ձեւականութեան ալ, ամուսինի մը առաւելութիւնը օգտակար էր: Նկատի առէ՛ք Ալպերթ իշխանը, որ ծառայեց որպէս Վիքթորիա թագուհիին ամենէն մօտիկ խոր-հըրդականը եւ խորապէս ազդեց Բրիտանիոյ գաղութները կառավարելու թագուհիին աշխատանքին վրայ:
Աւելի՛ն. յատկապէս առաջին օրերուն դժուար պիտի ըլլար թագուհիին համար գտնել վստահելի մարդիկ: Ընտանիքի անդամներուն մասին սովորաբար կարելի չէր խօսիլ (այդ օրերուն երբեք չէիք գիտնար, թէ ձեր ազգականներէն, հարազատներէն ո՛վ դաւադրաբար կը ծրագրէր արիւնալի տապալումը): Ինչ կը վերաբերի ամուսիններուն, պետութիւններուն մեծ մասը անոնց կ՚արգիլէր յաջորդելու իրենց կիներուն, բացի եթէ անոնք արդէն համամիապետ հռչակուած էին: Քանի որ իրարու միջեւ մրցակցութիւն չկար, թագուհիներն ու իրենց ամուսինները կրնային զերծ մնալ դաւերէ եւ իրարու կը վստահէին: Ասիկա յաճախ աւելի մեծ կայունութիւն կու տար թագուհիի տիրապետութեան, միաժամանակ աւելի ընդարձակ դաշինքներն ու համագործակցական իշխանութիւնը կ՚ընդարձակէին թագուհիին կարողութիւնը՝ պատերազմ կազմակերպելու եւ դրամական միջոցներ հայթայթելու:
Եւ 1500-ական թուականներէն սկսեալ ատիկա սկսաւ աւելի եւ աւելի բռնատիրական կռուան դառնալ: Զէնքերու ճարտարագիտութեան արագ աճը այլ գործօններ կը ստեղծէին, բանակը աւելի մեծ նուաճումներու (յաղթանակ, փառք, դրամ) առաջնորդելու խորհրդանշանին կողքին:
1550-1780 թուականներուն Աւստրիոյ զինեալ ուժերը 28 անգամ աճեցան:
Կեդրոնացեալ պետութիւնները, որոնք կրնային բազմաթիւ տուրքեր հաւաքել եւ տիրապետել ու տնօրինել շահու աղբիւրները, լաւագոյն դիրքի վրայ կը գտնուէին պատերազմ շղթայազերծելու համար: Սակայն, երբ կիները իրենց տիրապետութիւնը այրերէն տարբեր ձեւով կազմակերպած են, այլ երկիրներու վրայ յարձակելու համար անհրաժեշտ դրամական եկամուտները եւ դաշինքները հզօրացած են:
Ինչպէս որ պատահած է, թագուհիներու առաջնորդած պատերազմներու շնորհիւ տարածքներ կարելի եղած է շահիլ: Թէեւ, ըստ ուսումնասիրութեան հեղինակներուն, աւելի ընդարձակ աշխարհաքաղաքական քաղաքականութիւնները (եւ ոչ միայն պատերազմները) նոյնպէս պատասխանատու են այս շահերուն:
Բայց նկատի առնելով իրենց ամուսիններուն հետ տիրապետած թագուհիներուն թիւը, ինչպէ՞ս կը գիտնանք, որ ամուսինը չէ որոշումներ տուողը: Ասիկա ստուգելու համար ուսումնասիրողները քննած են «մենակատար թագուհիներ», կիներ, որոնք կա՛մ ամուսնացած չեն, կա՛մ ալ ամուսինները բարձր պաշտօններ եւ տիտղոսներ չեն ունեցած: Պարզուած է, որ այդպիսի թագուհիները նոյնքան ռազմատենչ են, որքան՝ խումբին միւս անդամները:
Չամուսնացած թագուհիները, սակայն, աւելի յաճախ յարձակումի ենթարկուած են, քան՝ այլ տեսակի իշխողներ: Ասիկա կրնայ կապ ունենալ գոյութիւն ունեցող այն ենթադրութեան հետ, որ կիներու իշխանութիւնը, միապետութիւնը կրնայ տկար ըլլալ:
Փրուսիոյ Ֆրետերիք Բ. թագաւորը, օրինակ, յայտարարած էր՝ «Ոչ մէկ կնոջ պէտք է արտօնուի իշխանութեան գալ»: Եւ երբ Մարիա Թերեզա նստաւ Աւստրիոյ գահին վրայ, Ֆրետերիք Բ. անմիջապէս խլեց կտոր մը անոր երկրէն (թագուհին բուռն կերպով կռուեցաւ, բայց չկրցաւ ազատագրել):
Նոյնիսկ երբ այլեւս այդ օրերու իշխող միապետութիւնները հեռաւոր անցեալին կը պատկանին, ուսումնասիրողներուն նկարագրութիւնը կրնայ այժմէական ըլլալ այսօր: Հեղինակները կը նշեն, որ կանացի ղեկավարութիւնը ի յայտ կու գայ հոն, ուր կառոյցները թոյլ են. այնպէս որ, ընտանիքները «դերակատար կ՚ըլլան՝ լուծելու ղեկավարումը որու վստահելու մարտահը-րաւէրը». նկարագրութիւն մը՝ գերդաստանական տռամայի, որ այնքան ալ օտար չի հնչեր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետեւողներուն համար:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան