ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ «17 ՄԱՅԻՍ»Ի ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ

6 Յու­նիս 1982 թուա­կա­նին Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շում կ­­՚ըն­դու­նէր լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րա­զ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսիլ Լի­բա­նա­նի դէմ: Իս­րա­յէ­լի նպա­տա­կը մէկն էր, մա­հա­ցու հա­րուած տալ Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի ղե­կա­վա­րած ՊԱԿ-ին (Պա­ղես­տի­նի ա­զա­տագ­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն), որ սկսած էր դառ­նալ Իս­րա­յէ­լի հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րը վտան­գող զի­նուո­րա­կան ուժ:

Ըն­թացք ա­ռած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ կ­­՚եր­կա­րէին մին­չեւ 1985-ը: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը կը հաս­նէր մին­չեւ Պէյ­րութ եւ Լի­բա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը կ՚ան­ցը­նէր պա­շար­ման տակ: Այս բո­լո­րին հա­մըն­թաց սկիզբ կ­­՚առ­նէր  լի­բա­նան-իս­րա­յէ­լեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու փուլ մը, որ «կը պսա­կուէ­ր» 1983 թուա­կա­նին կնքուած «17 Մա­յի­ս»ի դաշ­նագ­րով: Այդ դաշ­նա­գրի նա­խոր­դող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Լի­բա­նա­նը կը ներ­կա­յա­ցնէր քրիս­տո­նեայ նա­խա­գահ Ա­մին Ժը­մա­յէլ, իսկ իս­րա­յէ­լեան կող­մի գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր վար­չա­պետ՝ Մե­նա­հին Պե­կին: 1982-ի պա­տե­րազ­մով, որ յայտ­նի կը դառ­նար «Պէյ­րու­թի ներ­խու­ժու­մ» ա­նուա­նու­մով՝ Իս­րա­յէլ կը հաս­նէր իր գլխա­ւոր նպա­տա­կին, որն էր վտա­րել ՊԱԿ-ի զի­նեալ­նե­րը Լի­բա­նա­նէն եւ ստեղ­ծել ա­պա­հո­վա­կան-քա­ղա­քա­կան նոր ի­րա­վի­ճակ մը, ո­ր պի­տի պսա­կուէր Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ ղե­կա­վա­րու­թեան հետ նոր դա­շինք մը կնքե­լով:

Այս­տեղ պէտք է նշել, որ Լի­բա­նա­նի մա­րո­նի հա­մայն­քի մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նորդ­ներ հա­սած էին այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ երկ­րին մէջ ի­րա­վի­ճա­կի փո­փո­խու­թեան եւ պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ ներ­կա­յու­թեան վերջ տա­լու հա­մար կա­րե­ւոր էր ար­տա­քին ա­ջակ­ցու­թեան մը յե­նուլ: Ա­ւե­լի վաղ նոյն քրիս­տո­նեայ ու­ժե­րը կը դի­մէին Սու­րիոյ զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թեան, ո­րուն հիմ­քով Սու­րիոյ նա­խա­գահ Հա­ֆըզ Է­սատ 1976 թուա­կա­նին իր խօ­սած ճա­ռով ման­րա­մաս­նօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէր այն հան­գա­մանք­նե­րը, ո­րոնց պատ­ճա­ռով սու­րիա­կան «զսպի­չ» (ա­րա­բե­րէ­նով՝ րա­տըհ) ու­ժե­րը մուտք կը գոր­ծէին Լի­բա­նան եւ վե­րահս­կո­ղու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւն կ­­՚ի­րա­կա­նաց­նէին եր­կու­քի բաժ­նուած Պէյ­րու­թի սահ­մա­նա­յին գի­ծե­րուն վրայ:

«Ռէալ փո­լի­թի­ք­»ի կա­նոն­նե­րուն հի­մամբ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նա­յին շա­հե­րու տրա­մա­բա­նու­թեամբ գոր­ծող սու­րիա­կան ու­ժե­րը չէին գո­հաց­ներ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ կող­մե­րուն պա­հան­ջը:

Սու­րիա, որ որ­պէս «դէ­տ» մուտք կը գոր­ծէր Պէյ­րութ, նպա­տակ չէր դրած զի­նուո­րա­կան քայ­լե­րով «ճնշե­լ» պա­ղես­տի­նեան եւ ա­նոնց շուրջ հա­ւա­քուած իս­լա­մա­կան ու­ժե­րը, այլ Սու­րիոյ հա­մար հիմ­նա­կան նպա­տակ դար­ձած էր պահ­պա­նել Լի­բա­նա­նի մէջ առ­կայ «սթա­թիւ­քօ»ն: Ու այդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կա­րե­լի ե­ղած չա­փով եւ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ օ­գուտ­ներ քա­ղել բաղ­դատ­մամբ Սու­րիոյ ա­ւե­լի ա­զա­տա­կան դրու­թեան մը մէջ ե­ղող Լի­բա­նա­նէն:

Սու­րիա­կան այս մօ­տե­ցու­մին դի­մաց եւ Լի­բա­նա­նի 8-րդ նա­խա­գահ Պե­շիր Ժը­մա­յէ­լի սպան­ու­թե­նէն (1982) ետք, քա­ղա­քա­կան նոր ի­րա­վի­ճակ կը ստեղծուէր ու ա­նոր յա­ջոր­դած 9-րդ նա­խա­գա­հը (Պե­շի­րի ա­ւագ եղ­բայ­րը) իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով կ­­՚ըն­դու­նէր քա­ղա­քա­կան նոր մօ­տե­ցում­ներ, ո­րոնց մէջ ա­մե­նէն էա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն կը դառ­նար ձեռք մեկ­նել Պէյ­րութ ներ­խու­ժած Իս­րա­յէ­լին՝ հա­ւա­տա­լով, որ այդ կեր­պով Ժը­մա­յէլ պի­տի կա­րո­ղա­նայ ամ­րաց­նել իր իշ­խա­նու­թիւ­նը: Ու այս մօ­տե­ցու­մով էր նաեւ, որ պա­ղես­տի­նեան զի­նուո­րա­կան մի­լի­սի ան­դամ­նե­րուն (շուրջ 8 հա­զար) Պէյ­րու­թէն դէ­պի Թու­նուզ հե­ռա­ցու­մէն ետք, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թիւ­նը լի­բա­նան­ցի նա­խա­գա­հի ա­կան­ջին «կը փսփսա­ր», որ իր իշ­խա­նու­թեան ամ­րաց­ման հա­մար ան բա­րե­կա­մու­թեան ձեռք պէտք է եր­կա­րէր պաշ­տօ­նա­կան Թել Ա­ւի­ւին:

Ու այդ­տեղ էր նաեւ, որ Ժը­մա­յէլ «պատ­մա­կան սխա­լ» մը գոր­ծե­լով բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան կը նստէր իս­րա­յէ­լեան կող­մին հետ: 1982-ի Դեկ­տեմ­բե­րին սկիզբ ա­ռած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուէին Լի­բա­նա­նի Խալ­տէ շրջա­նի «Լի­պա­նոն պի­չ» ծո­վե­զե­րեայ զբօ­սա­վայ­րին, ինչ­պէս նաեւ Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նին մօտ հիմ­նուած «Քա­րեաթ շմո­նա» բնա­կեց­ման վայ­րին մէջ: Ե­րե­սուն­վեց նիս­տե­րէ ետք եր­կու կող­մե­րը կը հաս­նէին հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ Լի­բա­նան-Իս­րա­յէլ ցարդ միակ ու «որ­բ» մնա­ցած դա­շին­քը կը կնքուէր 17 Մա­յիս 1983-ին: Հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան եր­կու կող­մե­րը կը ներ­կա­յաց­նէին. լի­բա­նա­նեան կող­մէն՝ դես­պան Ան­թուան Ֆաթ­թալ, իսկ իս­րա­յէ­լեան կող­մէն՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն՝ Տէյ­վիտ Քըմ­հի: Հիմ­նա­կան եօթ կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցող հա­մա­ձայ­նագ­րի ամ­բողջ հիմ­քը ու­նէր մէկ ա­ռանցք. պահ­պա­նել Իս­րա­յէ­լի Լի­բա­նա­նի հետ հիւ­սի­սա­յին ողջ եր­կայն­քը ու հպա­տա­կաց­նել Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան ո­րո­շու­մը։ Հա­մա­ձայ­նագ­րի կնքու­մէն օ­րեր ետք Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին արուար­ձան­նե­րուն մէջ սկիզբ կ՚առ­նեն բո­ղո­քի բազ­մա­մարդ հա­ւաք­ներ, ո­րոնց պատ­ճա­ռով նա­խա­գահ Ա­մին Ժը­մա­յէլ բա­նա­կէն կը պա­հան­ջէ զսպել եւ իր սաղ­մին մէջ խեղ­դել ըն­թացք ա­ռած բո­ղո­քի ա­լի­քը: Սա­կայն ի զուր: Դժգո­հու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէր ու մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի ա­րեւմ­տեան հա­տուա­ծի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ բո­ղո­քի ա­ւե­լի­քը կը սաստ­կա­նար:

Բա­նա­կը նոյ­նիսկ պա­շար­ման տակ կ՚առ­նէ Պիր Ալ Ա­պըտ շրջա­նի մզկի­թը, որ կը հա­մա­րուէր հա­մա­ձայ­նու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցող շիի հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն կեդ­րո­նա­տե­ղին: Տե­ղի կ՚ու­նե­նան բա­խում­ներ եւ կը գրան­ցուին զո­հեր: Շիի «Ա­մա­լ» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Նե­պիհ Պըր­րի (ներ­կա­յիս երկ­րի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ) կոչ մը հրա­պա­րա­կե­լով եւ բա­նա­կի 6-րդ զօ­րա­սիւ­նի ղե­կա­վա­րու­թեան դի­մե­լով կը պա­հան­ջէ հե­ռու մնալ բա­խում­նե­րէն: Այդ կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով իս­լամ հա­մայն­քի ան­դամ զի­նուոր­նե­րէ բաղ­կա­ցող զօ­րա­սիւ­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ի­րենք կը դադ­րին են­թարկուիլ Եար­զէին (քրիս­տո­նէա­կան շրջան, ուր կը գտնուի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղին) եւ կը քա­շուին ա­րեւմ­տեան Պէյ­րու­թի տար­բեր հա­տուած­նե­րուն մէջ գտնուող ի­րենց զօ­րա­կա­յան­նե­րը:

Այդ ըն­թաց­քին է նաեւ, որ Պէյ­րու­թի բա­ժա­նու­մը կը դառ­նայ ե­րե­ւե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն ու մինչ ա­րեւմ­տեան Պէյ­րու­թը կ­­՚անց­նի իս­լա­մա­կան ու­ժե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ան­դին ա­րե­ւե­լեան Պէյ­րու­թը կը հան­դի­սա­նայ քրիս­տո­նեայ ու­ժե­րու կեդ­րո­նա­տե­ղին:

17 Մա­յի­սի դաշ­նագ­րին տա­պալ­ման գոր­ծըն­թա­ցը կը տե­ւէ ըն­դա­մէ­նը ինն ա­միս եւ այդ շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը կը բնո­րո­շուին որ­պէս հա­մընդ­հա­նուր զայ­րոյ­թի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց գե­րա­գոյն նպա­տա­կը կը հան­դի­սա­նայ տա­պա­լել Լի­բա­նա­նը Իս­րա­յէ­լի են­թա­կա­յու­թեան տակ առ­նող հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

Հա­մա­ձայ­նագ­րի տա­պա­լու­մը կը կա­տա­րուի 1984-ին Փետ­րուա­րին եւ այդ գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւե­լի ուշ կը ճանչ­ցուի որ­պէս «6 Փետ­րուա­րի շար­ժու­մ»:

Երկ­րին մէջ, որ­պէս «ազ­գա­յին ու­ժե­ր» ճանչ­ցուած կող­մե­րուն գլխա­ւոր նե­ցու­կը կը հան­դի­սա­նայ Սու­րիան, ո­րուն նա­խա­գա­հը՝ Հա­ֆըզ Է­սա­տ ըն­դու­նե­լէ ետք հա­մա­ձայ­նագ­րի ընդ­հա­նուր պայ­ման­նե­րը «բա­ցատ­րո­ղ» եր­կու ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ կը յայ­տա­րա­րէ, թէ՝ «այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի չանց­նի, ո­րով­հե­տեւ տե­ղի տա­լու, իշ­խուա­ծու­թեան եւ են­թար­կուա­ծու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մըն է»: Քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով ալ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին ու­նե­ցած մօ­տե­ցում­նե­րը եւ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­րել որ­պէս ազ­դան­շան կամ «կա­նաչ լոյս» ուղ­ղուած այն կող­մե­րուն, ո­րոնք դէմ էին այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ պատ­րաստ էին «սե­ղա­նը շուռ տա­լ­»ով ի­րա­վի­ճակ փո­վել երկ­րին մէջ:

Ե­թէ հար­ցը ա­ւե­լի լայն ա­ռու­մով դի­տենք, ա­պա պէտք է նաեւ նկա­տել, որ Լի­բա­նա­նի մէջ իս­րա­յէ­լա­մէտ ո­րե­ւէ շար­ժում դա­տա­պար­տուած է պար­տու­թեան: Ոչ միայն Լի­բա­նա­նի մէջ գե­րիշ­խող քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լու­մը կրող­նե­րը կը հա­ւա­տան «Իս­րա­յէ­լը, որ­պէս թշնա­մի եր­կի­ր» մօ­տե­ցու­մին, այլ նաեւ Թել Ա­ւիւ Լի­բա­նա­նի հան­դէպ ի գործ դրած վար­մուն­քով եւ զի­նուո­րա­կան լե­զու օգ­տա­գոր­ծե­լով ցոյց տուաւ, որ ի­րեն հա­մար ոչ մէկ նշա­նա­կա­նու­թիւն ու­նի Լի­բա­նա­նի հետ խա­ղա­ղու­թեան հիմ­քեր դնե­լու մօ­տե­ցու­մը:

1985-էն ետք տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րը ցոյց տուին, որ Իս­րա­յէ­լի Լի­բա­նա­նի հան­դէպ ա­ռաջ­նա­յին մօ­տե­ցու­մը այդ եր­կի­րը պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­նե­րէն զրկե­լու ընտ­րան­քը չէր, այլ ա­ւե­լին ու­նե­նա­լու ցան­կա­ցող եւ տկար դիր­քե­րէ խօ­սող հա­րե­ւան մը, ո­րուն գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը կամ ան­կախ եր­կիր ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը յար­գե­լի դրոյթ­ներ չեն:

Ա­հա այս ընդ­հա­նուր տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ է նաեւ, որ կա­րե­լի է ար­դա­րա­ցի հա­մա­րել բո­լոր այն լի­բա­նան­ցի­նե­րուն «17 Մա­յի­ս­»ի դաշ­նագ­րին վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րած բնո­րո­շու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն ան «ա­մօ­թի եւ պար­տու­թեան դաշ­նա­գի­ր» էր:

Ու գաղտ­նիք չէ, որ այդ­պի­սի դաշ­նագ­րե­րը դա­տա­պար­տուած են պատ­մու­թեան մեծ եւ ան­կուշտ աղ­բա­մա­նը նե­տուե­լու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017