ՄՏՄՏՈ՞ՒՔ, ԹԷ ԵՐԱԶ

Ու ա­հա ե­րազս.-

Սա՞րդ ես, ի՛նչ ես,
չէ՛, մտմտուքն է,
որ ոս­տայ­նով պա­տած է. 
սար­դի ալ կը նմա­նի հա՛,
ու պա­տեց զիս,
ոտ­քերս, ձեռ­քերս
կա­պեց ան­մի­ջա­պէս.
-Օգ­նու­թի՜ւն,
չէ, չէ ե­րազ է,
մի՛ վախ­նար:
Ա­հա հոս ա­պա­թարց մը, 
հոն ստո­րա­կէտ մը,
կախ­ման կէտ մը.
-Ծօ՛, հո՞ս ալ կա­խուեր ես:

Ու ոս­տայ­նին մէջ կը տապլտ­կիմ,
ոտ­քերս, ձեռ­քերս ա­զա­տել կ՚ու­զեմ...:
Ա­ռաս­տա­ղէն կա­խուած լոյ­սին փշու­րը
հա­սաւ ա­հա,
հա­սաւ, աչ­քիս շատ մօտ է,
մէ­ջը պիտ մխուի.
-Ի՞նչ ը­նեմ,
կողմ­նո­րո­շուէ՜,
աչ­քե­րուս ծայ­րով չորս դին բան մը կ՚ո­րո­նեմ:

Ա­հա հե­ռա­ձայնս հա­սաւ օգ­նու­թեան,
բայց ինչ­պէ՞ս բռնեմ,
տղուս պատ­կե­րը կ՚ար­տա­ցո­լայ ա­նոր պաս­տա­ռին վրայ,
նա­մակ կը գրէ.
«Մա՛մ, ի՞նչ ու­նիս, խօ­սէ՛, հի՛­մա»:
Ե­րա՞զս ալ կը զգայ,
բայց ինչ­պէ՞ս պա­տաս­խա­նեմ,
կը պո­ռամ բարձ­րա­ձայն,
բայց ե­րա­զը կը լսե՞ն:

Ա­հա տա­ռե­րը կը թռին շուրջս.
Աչ­քե­րով հա­ւա­քեմ ու «ա­զա­տու­թի՛ւն» գրեմ,
թե­րեւս մէ­կը կար­դայ,
բո­լոր տա­ռե­րը գլխա­գիր են.
է՛, ա­ւե­լի լաւ,
մէկ «այբ» կայ միայն,
իւ­րա­քան­չիւր տա­ռէն մէկ գլխա­գիր,
միայն «Ա­ՂՕԹՔ» կրնամ գրել:

Յոգ­նե­ցայ այս կե­ցուած­քէն,
շար­ժիլ կ՚ու­զեմ
ա­զա­տիլ
թող վերջ գտնէ այս ե­րա­զը,
չէ՞ որ կարճ են ե­րազ­նե­րը
կամ ալ մէ­կը թող բարձս ցնցէ.
այդ­պէս կ՚ը­նէի երբ ա­մու­սինս խռկար:
Արթն­նա՛մ, գրեմ տղուս, թող միտ­քը
հանգս­տա­նայ,
մէ­կը չի՞ լսեր,
թե­րեւս ալ կը զա­ռան­ցեմ,
կը քրտնիմ,
հի­մա վստահ բարձս թաց է...:
                    ***
«Մա՛մ, մա՛մ, ի՞նչ ու­նիս, արթն­ցի՛ր»,
տղուս ձայնն է, բարձս կը շար­ժէ.     
-Չէ՛, բարձ շար­ժող մը ու­նիմ ե­ղեր,-
իւֆ, վեր­ջա­պէս, պի­տի արթն­նամ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017