ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
54 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՕԴԱՆԱՒԸ…
Ճեսի Տուփլանթիս աւետարանիչ մըն է, որ հեռատեսիլի իր քարոզներով կը տարածէ Աստուծոյ խօսքը։ Անոր աւետարանչական կեդրոնատեղին կը գտնուի Լուիզիանա նահանգի Տեսթրեհէն քաղաքին մէջ եւ աշխարհով մէկ իր հետեւորդներուն թիւը դիմատետրի (facebook) վրայ կը հասնի աւելի քան 700 հազարի։
Ճեսի Տուփլանթիս ունի երեք օդանաւներ, սակայն վերջերս ան իր հետեւորդներուն դիմած է, որ չորրորդ օդանաւ մըն ալ առնեն իրեն համար, որպէսզի աւելի արագ հասնի իր հաւատացեալներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք։
Այսքանը շատ բարի, սակայն իր ուզած օդանաւը Falcon 7X տիպի օդանաւ մըն է (տես՝ նկարը), որ կ՚արժէ 54 միլիոն տոլար… Այդ օդանաւը ունի 14 աթոռներ եւ լոգանքի (shower) յատուկ սենեակ։
Աւելի՛ն, ան կ՚ուզէ հաւատացնել իր հետեւորդները, թէ Աստուած ուզած է, որ ինք ունենայ չորրորդ օդանաւ մը՝ աւելի ատակութեամբ վարելու իր գործը։ Ան կը պատկանի այն խումբին, որ կը հաւատայ, թէ հարստութիւնը Աստուծոյ բարիքներէն է:
Երբ իրեն կ՚ըսեն, թէ Յիսուս շատ համեստ էր, քանի որ ան ծնաւ ախոռի մը մէջ եւ յետագային Երուսաղէմ մտաւ՝ աւանակի մը վրայ նստած։ Ճեսի Տուփլանթիս ամբարտաւանօրէն կը պատասխանէ, որ եթէ Յիսուս ապրած ըլլար մեր օրերուն, ան վստահաբար պիտի գործածէր օդանաւ մը՝ իր առաքելութիւնը կատարելու…
Ա՛ռ քեզի արդարացուցիչ պատճառ օդանաւ մը եւս աւելցնելու իր աշխարհիկ ինչքերուն վրայ, որուն բացարձակապէս դէմ էր Յիսուս Քրիստոս։ Ան ըսաւ. «Ձգէ՛ ամէն ինչ եւ ետեւէս եկուր»:
Դժբախտաբար սակայն հարստութիւն դիզելու եւ աշխարհիկ ինչքերով շրջապատուելու այս հիւանդութիւնը համատարած է եւ նոյնիսկ վարակած է մեր հայ հոգեւորականները, ափսո՜ս։
ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ՅՈՒՍԱՀԱՏ ՎԻՃԱԿԸ…
Միշիկըն նահանգի Սէյնթ Քլէր քաղաքը ունի 160 հազար բնակիչ, որուն 18 տոկոսը միայն ունի համալսարանական ուսում։ Քաղաքի կառավարական մարդիկ նկատի առած են, որ իրենց բը-նակիչներէն շատեր, որոնք համալսարանական ուսում ստանալու համար կ՚երթան այլուր, չեն վերադառնար տուն։
Յուսահատ այս վիճակէն՝ զանոնք քաջալերելու համար, որ վերադառնան իրենց ծննդավայրը, հետեւեալ ազդու քայլը ի գործ դրած են անոնք։ Հիմա թոյլ տուէք օրինակներով բացատրեմ։
Էրըն Սքինըր (տես՝ նկարը) Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքը գացած էր ուսանելու։ Ան իր chiropractic-ի վկայականը առնելէ ետք վերադարձաւ իր ծննդավայրը, որովհետեւ Սէյնթ Քլէր քաղաքի պատկան մարմինները իրեն խոստացան 15 հազար տոլար վճարել, որպէսզի իր պարտքերը փակէ։
Քայլա Փարզինսքի եւս օգտուեցաւ նիւթական օժանդակութեան նոյն աղբիւրէն, երբ վերադարձաւ իր ծննդավայրը։ Ան իր ստացած 10 հազար տոլարը պիտի գործածէ բնակարանի մը սեփականատէրը դառնալու։
Գիտենք, որ մարդիկ միշտ ցանկացած են բնակութիւն հաստատել մեծ քաղաքներու մէջ, որովհետեւ այդ տեղերու ընկերային-մշակութային կեանքը շատ աւելի ճոխ է եւ ընտրանքի կարելիութիւնը կայ հոն։ Մինչդեռ փոքր քաղաքները շատ աւելի մեկուսացած են եւ ինքնամփոփ։
Ուստի գէշ գաղափար մը չէ, որ փոքր քաղաքներու պետական իշխանութիւնները մը-տածեն եւ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերեն իրենց համալը-սարանական ուսման համար ուրիշ տեղ գացած բնակիչները տուն վերադարձնելու համար։ Այսպէսով, թէ՛ քաղաքը կ՚օգտուի եւ թէ ալ քաղաքացին, ինչպէս ամերիկեան ասացուածքը կ՚ըսէ. «It՚s a win-win situation»:
Արդեօք Հայաստանն ալ կը մտածէ՞ նմանօրինակ քայլ մը առնել միլիոններու հասնող իր քաղաքացիները ներգրաւելու եւ վերադարձնելու Մայր Հայրենիք…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան