ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ, ԷԼԻ՛

Կիրակի է: Գործերս դասաւորած աղօթք լսելու մարմաջս յագեցնելու կ՚երթամ մօտակայ Ս. Խաչ եկեղեցին: Եկեղեցիներ կան, որոնց մէջ հանգստութիւն մը կը պարուրէ քեզ, խորհուրդի մը գոյութիւնը նկատելի կ՚ըլլայ անոնց մէջ: Թէեւ այս եկեղեցին նորակառոյց է, որմերը, սիւները տակաւին չեն յագեցած մոմի ու խունկի բոյրով, սակայն հարազատ կը թուի ինծի, շարականները՝ հոգեթով ու խռովայոյզ:

Քուր ճան, արի մի հատ գիրք վերցրու էլի, վաճառում եմ գրքերս, փող չունեմ: Ի՞նչ կը լինի եթէ մի հատ «Հայոց Պատմութիւն» վերցնես: Եօթհարիւր դրամի եմ վաճառում, ընդամէնը՝ եօթհարիւր դրամի:

Մարդ մը, ձեռքին բռնած գիրքերով լի տոպրակ մը, կը կանգնեցնէ զիս եկեղեցւոյ հանդիպակաց մայթին վրայ, ապա կը շարունակէ, երբ կը նկատէ անտարբերութիւնս.

Արի, քուրօ՛ ճան, հինգհարիւր դրամի էլ կը տամ: Արի, մի հատ վերցրու, էլի՛. հացի փող չունեմ:

«Հացի փող» եղեր: Հացի՞, թէ արախի: Այնպիսի գարշանք մը կը բուրէ իրմէ, որ կարծես օղիի տակառին տակը պառկած ըլլայ, գիշերը այնպիսով լուսցուցած ըլլայ կամ առտու կանուխ արթնցած ու ջուրի տեղ օղի խմած ըլլայ թերեւս: «Հացի փող» եղեր: Դեռ վաթսունը չթեւակոխած այս մարդը մկանները աշխատանքով յոգնեցնելու փոխարէն, կը թուլցնէ, կը թմրեցնէ օղիի ազդեցութեամբ: Եւ ի՞նչ, տան գրադարանի գիրքերը բերեր կը ծախէ օղի գնելու, մոլութեան կանչը խլացնելու: Տակաւին կ՚ուզէ, որ օգնեմ ու գնեմ գիրքերը: Չի՞ նկատեր միթէ իր իսկ գարշահոտութիւնը, որ մեթրեր անդին կը հրէ իրեն մօտեցող ոտքերը, չի՞ նկատեր միթէ որ կարելի չէ այս ձեւով հաւատացնել, որ ինք հացի կարօտ է...: Աստուած հասնի: Ո՛վ գիտէ ինչ պատճառներով բռնած է այս ուղին: Բայց միթէ պատճառնե՞ր կան օղի խմելու: Հոս ամէն առիթի, տօնի, առաջին սեղան բերուածը օղին է: Ծնունդները առանց անոր կարելի չ՚ըլլար որ անցնին, նոյնիսկ մահացողնեերուն ծնունդները կը նշուին մեծ շուքով, բաժակ մըն ալ օղի լուսահոգիին պարապ աթոռին դէմը դնելով: Ի՜նչ սովորութիւն:

Գնա՛, աշխատէ՛ ու հացի փողդ վաստկէ, կ՚ըսեմ ես ինծի եկեղեցի հասնելու ճամբուս ընթացքին:

Ս. Պատարագի արարողութիւնը սկսած է արդէն, լեցուն է եկեղեցին: Ուրախալի երեւոյթ: Մանաւանդ մանուկներ, պատանիներ իրենց ծնողներուն հետ եկած են: «Հաւատամք»ը կը լսուի, շա՜տ խորհրդաւոր: Կը սիրեմ հոս սովորութիւնը հաւատացեալներուն, երբ այս աղօթքին ընթացքին ծնկաչոք խորանին մօտ կը բազմին ու Բարձրեալը կը փառաբանեն:

Հոն, հազիւ հինգ-վեց տարեկան մանչուկ մը, հայրը կը կապկէ: Կը քսուի ան հօրը, կը դիտէ, կ՚ընդօրինակէ անոր շարժումները, աղօթող շրթունքներուն շարժումներն իսկ կը փորձէ նոյնացնել. չի գիտեր ան աղօթքը, սակայն որքան երեւելի է ձագուկին ձգտումը հօրը նմանելու, նմանելու այն արարածին որմէ ծնունդ առած է, ընելու այն ինչ որ հայրը կ՚ընէ, շարժելու իրեն պէս: Որքան երեւելի է ձագուկին սէրը հօրը նկատմամբ, հօրմէն սորված ամէն ինչին վրայ ահա կ՚աւելնան նորերը, նոր ու բարի սովորութիւն մը կը ցանուի ձագուկին մէջ, կ՚աճի:

Կը յիշեմ լուսահոգի մեծ մայրս, որ ամէն տարի Եագուպիէ կը քաշքշէր զիս, Ս. Աննայի ուխտագնացութեան, անպայման գիշեր մը, եկեղեցւոյ մէջ կը քնանայինք: Կ՚ենթարկուէի մեծ մօրս, չէի գիտեր ինչու, չէի հասկնար իր մրմնջած աղօթքները, բայց ամէն ամառ կը սպասէի այդ ուխտագնացութեան՝ մանկութեան մեծ մօրս հետ, ապա ընտանիքիս, ու սովորութիւնը կը փոխանցուէր այսպիսով: Որքան հզօր էր Ս. Աննան, նոյնիսկ մուսուլմանները հաւատք ունէին իր հրաշագործ զօրութեան: Ամէն տարի կը տեսնէինք անպայման մի քանի մուսուլմաններ, որոնք եկեղեցւոյ դուրսի ու ներսի պատերը կը համբուրէին, կը խնդրէին Ս. Աննայէն ու իրենց հաւատքին համեմատ կը տրուէր իրենց, խնդրողներուն մէջ կային նաեւ սուրբին շնորհակալութիւն յայտնողներ, որոնցմէ, կը յիշեմ, մէկը զաւակ մը ունեցած էր ի պատասխան խնդրանքին:

Որքա՜ն մեծ է մեր պատասխանատուութիւնը մեր ձագուկներուն նկատմամբ: Որքան ուշադիր պէտք է ըլլանք ազնիւ ու առաքինի զաւակներ դաստիարակելու համար, որքան գիտակից մեր արարքներուն, որոնք կ՚ընդօրինակուին ձագուկներուն աչքերով: Լուսանկարչական գործիքի նման անոնք կը նկարեն ամէն ինչ ու կը պահեն իրենց յիշողութեան մէջ, պէտք եղած պահուն՝ գալիքին, զանոնք օգտագործելու համար:

Ոտքի են հայր ու որդի, խորանին շատ մօտ, սպիտակ վերնաշապիկ մըն ալ հագած է անմեղ հրեշտակը ու յարած հօրը. յոգնած ըլլալու է, բայց չ՚ուզեր նստիլ, ոտքի մնալ կ՚ուզէ հօրը կողքին: Ահա կը խաչակնքէ ձագուկը, գլխուն առատ ու սեւ մազերուն իր եռամիասնութիւնը խորհրդանշող մատիկներով, աչքին ծայրէն միշտ հայրը դիտելով, որ յանկարծ սխալ շարժում մը ըրած չըլլայ:

-Երբ ենք հաղորդուելու:

Կողքս կեցած պատանեկիկը անհամբերութեամբ կը հարցնէ: Առանձին եկած ըլլալու է:

-Շատ չմնաց, մի քանի րոպէ համբերես՝ կը հաղորդուիս:

Ահա ուրիշ յուսադրիչ երեւոյթ մը: Ազգ ենք, ժողովուրդ ենք, էլի՛, ամէն տեսակ մարդոցմով՝ գինովը, հաւատացեալը...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018