ԵՐԲ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ…
Մուրացկանները շատ հին ժամանակներէն գոյութիւն ունեցած են բոլոր երկիրներուն մէջ: Եթէ սկիզբը մուրացկանութիւնը անհատական բնոյթ ունէր, այժմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ անիկա ձեւով մը կազմակերպուած է եւ՝ արհեստավարժ մակարդակի հասած, անտեսելով բարոյական բոլոր չափանիշները: «Պի.Պի.Սի.» յօդուածով մը մասամբ անդրադարձած է այս երեւոյթին՝ ներկայացնելով դէպք մը: Նիւթին ընթերցումը մեր մէջ այլ միտք մըն ալ կ՚արթնցնէ: Գիտական միտքի զարգացումով եւ գործնապաշտ կեանքի պայմաններուն մէջ պարզ է, որ մարդիկ ընդհանրապէս կը հաւատան, երբ շօշափելի իրականութեան դիմաց ըլլան: Սակայն որքան փափաքելի պիտի ըլլար, որ անհատներ հաւատային նոյնիսկ իրենց չտեսած դրական բանին եւ ուժը ունենային այդ բանին ձգտելու: Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած փոքր տղայ մը, որուն քոյրը կը հաւատայ, որ պիտի գտնէ զայն:
*
ՏՂԱՆ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԵՑԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՆԻԿԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈՅՐ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆԻՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ԸԼԼԱՅ
Սամուէլ Ապտելրահիմ չի յիշեր առեւանգուած օրը՝ հիւսիսային Նիկերիոյ Քանօ քաղաքին մէջ գտնուող իր ընտանիքին տունէն, երբ տակաւին 7 տարեկան էր:
Սամուէլ թէեւ կու գար բազմանդամ ընտանիքէ մը (հայրը 17 զաւակներ ունէր չորս կիներէ), այդ օր իր մանկապահուհիին հետ առանձին էր:
Ընտանիքին ըսուած էր, որ Սամուէլ հեծանիւ քշելու գացած էր:
Անոնք զինք պիտի չտեսնէին վեց տարի:
ՓՆՏՌՏՈՒՔ
«Մենք ամէն բան ըրինք զինք գտնելու համար», կը յիշէ Սամուէլի մեծ քոյրը՝ Ֆիրտուզի Օքեզի, որ առեւանգման ատեն 21 տարեկան էր եւ տեղեակ չէր պահուած եղբօրը անհետացումէն:
Սամուէլ միշտ կը վազէր հեռաձայնին պատասխանելու, երբ քոյրը համալսարանէն տուն կը հեռաձայնէր եւ կը խօսէր հետը: Բայց երբ տան այլ անդամներ սկսան պատասխանել իր հեռաձայններուն, Ֆիրտուզի սկսաւ կասկածիլ, որ սխալ բան մը կայ:
Օր մը, իր դասերէն ետք, Ֆիրտուզի անակնկալ տուն վերադարձաւ, եւ իր հայրը, որ ճարտարապետ եւ պանդոկատէր մըն է, ստիպուած եղաւ յայտնել սրտաճմլիկ իրականութիւնը. իր նախասիրած եղբայրը ամիսէ մը ի վեր անհետացած էր:
«Հայրս նախ ձերբակալել տուաւ մանկապարտիզպանուհին սակայն հարցաքննութենէ ետք զայն ազատ արձակեցին», կ՚ըսէ Ֆիրտուզի:
Անոնք նոյնպէս փորձեցին կարելի եղածին չափ տեղեկութիւնը պահել մօրմէն, որ ամուսնալուծուած էր Սամուէլի հօրմէն: Ամէն անգամ, որ ան տարբեր քաղաքէ մը կը հեռաձայնէր եւ կ՚ուզէր Սամուէլին հետ խօսիլ, իրենք տարբեր պատրուակներ կը հնարէին:
Ի վերջոյ հօրեղբօր մը պարտականութիւն յանձնեցին մօրը ըսելու ճշմարտութիւնը:
Ոստիկանութեան լայնածաւալ հետախուզութենէն բացի, ընտանիքը Սամուէլի մասին տեղեկութիւններ հրապարակեց թերթերու մէջ եւ մարդիկ վարձեց, որպէսզի փողոցներուն մէջ փնտռտուք կատարեն: Անոնք ստուգեցին փոսեր, խրամներ՝ ենթադրելով, որ կրնայ կռիւի մը կամ արկածի մը զոհ գացած ըլլալ: Նոյնիսկ խորհրդակցեցան իսլամ հոգեւորականներու հետ, որոնք մալամ կը կոչուին:
Ժամանակի ընթացքին հայրը ընտանիքին ըսաւ, որ այլեւս անոնք պէտք է ընդունին, որ Սամուէլ մահացած է. անոնք, ըրած էին, այն ինչ որ կրնային:
ՃԻՉԸ
Ֆիրտուզի վճռեց հետապնդել հարցը: Համալսարանական իր թեզը նուիրեց անհետացած եղբօրը եւ շրջանաւարտ ըլլալէ տարի մը ետք, ուղղուեցաւ հարաւ՝ Լակոս, աշխատանք փնտռելու:
Ֆիրտուզի կրօնափոխ եղաւ՝ քրիստոնէութիւնը ընդունելով եւ սկսաւ եկեղեցի յաճախել՝ Յաղթականներու տաճար, Նիկերիոյ ամենէն մեծ եկեղեցիներէն մէկը Օկուն նահանգին մէջ:
Ամէն դեկտեմբերին եկեղեցին ամբողջ աշխարհէն իր անդամներու հնգօրեայ հաւաք կը կազմակերպէ:
Ձեռնարկին ընթացքին, որ կը կոչուի Շիլոհ, հետաքրքրուած անդամներուն կը յատկացուին անվճար տաղաւարներ՝ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ իրենց ապրանքները ցուցադրելու եւ ներկայացնելու իրենց ծառայութիւնները:
Ֆիրտուզի դեկտեմբեր 2000-ին տակաւին աշխատանք չէր գտած, ուրեմն դիմեց տաղաւարի մը համար՝ վաճառելու իր մօր ձեռագործները: Երբ կը սպասէր ատաղձագործին, որպէսզի գայ եւ կազմէ տաղաւարը, հանգչելու համար նստաւ աթոռի մը վրայ եւ աչքերը փակեց: Այն ատեն է, որ լսեց մուրացկանի մը ձայնը, որ Աստուծոյ անունով քանի մը դահեկան կը խնդրէր:
Ֆիրտուզի բացաւ աչքերը եւ տեսաւ մուրացկանը, որ ձեռքը ամուր յենած էր նիհար փոքր տղու մը ձախ ուսին վրայ:
Ֆիրտուզի ճչաց: Տղան, որ մուրացկանին ուղեցոյցն էր, իր կորսուած եղբայրն էր:
ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ
Այժմ 30-ամեայ Սամուէլ չի կրնար յիշել, թէ զինք ինչպէս գողցած են իր ընտանիքէն:
«Ես միայն շոգեկառքի ուղեւորութիւնը կը յիշեմ»:
Զինք տարած են մէկ թեւ ունեցող կնոջ մը մօտ, որ կ՚ապրէր Լակոսի արուարձաններուն մէջ, մեծամասնութեամբ՝ անկարող մուրացկաններով բնակուած շրջան մը:
Կինը զինք օրական 500 նայրայի (5 տոլար) վարձու կու տար կոյր մուրացկաններու:
Նիկերիոյ մէջ սովորական երեւոյթներ են այր եւ կին կոյր մուրացկանները, որոնք փոքր տղոց եւ աղջիկներու առաջնորդութեամբ կը շրջագային յատկապէս խիտ բնակչութիւն ունեցող եւ խճողուած փողոցներու մէջ, ուր կը մօտենան ինքնաշարժներուն, եկեղեցիներուն եւ մզկիթներուն:
Այդ կնոջ հետ միայն Սամուէլը բնակած է՝ քնանալով անոր խրճիթի խսիրին վրայ:
Տարիներու ընթացքին շուրջ հինգ տղաք եկած են բնակելու բակին մէջ գտնուող այլ կիներու խրճիթներուն մէջ: Այդ տղոցմէ իւրաքանչիւրը վարձու տրուեցաւ կոյր մուրացկանի մը:
Սամուէլ կը կասկածի, որ այդ ժամանակամիջոցին իրեն բան մը ըրած են, կամ բան մը խմցուցած են, որովհետեւ բնաւ չի յիշեր ընտանիքին մասին մտածած ըլլալ, կամ՝ խորհիլ, թէ ի՛նչ պատահած է իրենց:
«Վստահ չեմ, որ ես այն ատեն զգացումներ ունէի: Պարզապէս՝ զոմպի մը, որ գիտէ, թէ պէտք է արթննայ եւ առաջնորդէ մուրացկան մը: Դրամ շահի, ուտէ եւ քնանայ: Նոյն ընթացքը՝ յաջորդ օրը», կ՚ըսէ Սամուէլ:
ՍՏՐՈՒԿԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԸ
Զանազան մուրացկաններ զինք վարձած են շաբթուան մը կամ ամսուան մը համար: Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին Սամուէլ եւ մուրացկանը պառկած են հանրային զանազան վայրերու մէջ:
Եթէ մուրացկան մը գոհ մնար իրեն հետ աշխատելէ, զինք կրկին կը վարձէր:
«Ես ստրուկի մը նման էի: Չէի կրնար ըսել, որ կ՚ուզեմ մեկնիլ: Չէի կրնար այլ բան ընել: Պէտք էր միշտ ներկայ ըլլայի», կ՚ըսէ Սամուէլ:
Քանի որ միշտ տեղէ տեղ շրջագայած է, քիչ ընկերներ ունեցած է՝ միայն պարբերաբար խաղալով այլ մուրացկաններու երեխաներուն հետ, որոնց հանդիպած է երեկոները:
Երբեմն մարդիկ իրենց ուտելիք կու տային, երբ մուրալու կ՚երթային: Այլապէս իրենք կը դեգերէին ճաշարաններու մօտ եւ կ՚ուտէին աւելցուքները կամ աղբաման նետուած ուտելիքները:
«Ես միշտ անօթի էի: Օրուան ընթացքին, երբ կ՚աշխատինք, գրեթէ չենք նստիր ուտելու», կը յիշէ Սամուէլ:
«Ես չեմ զգացած, որ մուրացկանները գէշ էին: Անոնք կ՚արթննան, կը մուրան, այնպէս՝ ինչպէս մարդիկ կ՚արթննան եւ աշխատանքի կ՚երթան», կ՚աւելցնէ ան:
Ամէն օր Սամուէլ քալած է Լակոսի մէկ ծայրէն միւսը՝ մուրացկանի մը աջ ձեռքը իր ուսին:
Երբեմն անոնք գացած են դրացի նահանգներ, կամ սահմանը անցնելով՝ հասած են Պենին:
Մուրացկանները, երբ կը լսէին, որ հաւաք կայ տեղ մը, ուր մարդիկ կրնան ողորմութիւն տալ իրենց, Սամուէլին կ՚ըսէին, որ զիրենք հանրակառքով հոն կը տանէր:
«Կային ժամանակներ, երբ այնքան յոգնած կ՚ըլլայի, որ կը շրջանցէի մարդիկը, բայց կոյրերուն մանաւանդ լսողութիւնը շատ սուր է, այնպէս որ, մարդոց ձայնը կը լսէին եւ ուսս սեղմելով՝ կ՚ըսէին, որ հոն մարդիկ կան, ինչո՞ւ անոնցմէ կը հեռանամ»:
«Անոնք կը փորձէին, որքան կրնան, շատ դրամ շահիլ»:
«Հրաշքը»
2000 թուականին զինք վարձած մուրացկան մը լսած էր Յաղթողներու տաճարի յայտագիրի մասին, ուր հանդիպեցան իր քրոջը:
Սկիզբը Ֆիրտուզի շատ ցնցուած էր՝ դպնալու համար իր եղբօրը, որ տակաւին կը յիշէ քրոջը ճիչը:
«Ես գետին ինկայ», կ՚ըսէ Ֆիրտուզի:
Սամուէլ հիւծած կը թուէր, անոր աջ ուսը զգալիօրէն ծռած էր, եւ ան կարծես թէ համր էր, ոչ մէկ բառ կ՚ըսէր:
Այս երեւոյթին ի տես՝ Ֆիրտուզի սկսաւ հեկեկալ:
Սամուէլ կ՚ըսէ. «Որոշ ժամանակ առաւ, բայց ես գիտցայ, որ ան մէկն է, որ ես կը ճանչնամ»:
Շուտով բազմութիւն մը կը հաւաքուի, եւ խառնաշփոթ կը ստեղծուի: Եկեղեցւոյ պատասխանատուները կու գան: Անոնք կը հասկնան Ֆիրտուզիի բացառիկ ուրախութեան պատճառը եւ կ՚որոշեն, որ ատիկա «հրաշք» է, որ ներկաներուն հետ պէտք է բաժնեկցիլ:
Անոնք Սամուէլը կը տանին անկիւն մը, կը լոգցնեն, նոր հագուստներ կու տան եւ շուտով կը հանեն զայն 50 հազար աթոռ ունեցող մեծ սրահին բեմին վրայ, ուր բարձրախօսը կու տան Ֆիրտուզիի:
Արցունքները աչքերուն՝ ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս գտած է վեց տարի առաջ անհետացած եղբայրը:
Ֆիրտուզի կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս բոլոր ներկաները ցատկած են իրենց աթոռներէն՝ գոհաբանութեան եւ օրհնութեան բացագանչութիւններով:
Ապա եկեղեցւոյ հիմնադիրը բռնած է Սամուէլը եւ աղօթած՝ անոր համար:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ