ԱԿՆԱՐԿ - 21 - Ո՛Չ ՈՔ ԻՐ ՏԵՂՆ Է

Օրերս համացանցի վրայ աչքիս զարկաւ պատմուածք մը, որ ուզեցի մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ ու ապա այդ պատմուածքին լոյսին տակ քիչ մը մտմտալ բովանդակութեան մասին՝ մեր այսօրուան իրականութեան լոյսին տակ:

Այսպէս.

- Անտառի մը մէջ նապաստակի պաշտօնի թափուր տեղ կար, որով յայտարարութիւն տարածուած է այդ մասին: Այդ յայտարարութեան բացի անգործ արջէ մը ո՛չ ոք մօտեցաւ ու հետաքրքրուեցաւ: Արջը ընդունուեցաւ եւ նապաստակի պաշտօնին նշանակուեցաւ:

Որոշ ժամանակ մը ետք արջը նկատեց, թէ նապաստակ մը արջի պաշտօնին նշանակուած է ու վարձատրութիւն կը ստանայ իր զբաղեցուցած պաշտօնին համաձայն, իսկ ինք՝ նապաստակի վարձատրութիւն կը ստանայ:

Արջը բողոք ներկայացուց տնօրէնութեան, որ իր կարգին բողոքը ընդհանուր բաժինի փոխանցեց: Ընձառիւծներէ բաղկացած ժողով մը կազմուեցաւ՝ ուսումնասիրելու համար բողոքը: Արջն ու նապաստակը դատավարութեան հրաւիրուեցան:

Յանձնախումբը նապաստակէն պահանջեց, որ իր անձը հաստատող փաստաթուղթերը ներկայացնէ: Բոլոր փաստաթուղթերը կը հաստատէին, թէ նապաստակը արջ է:

Ապա, յանձնախումբը նոյն բանը արջէն պահանջեց: Բոլոր փաստաթուղթերը կը հաստատէին, թէ արջը նապաստակ է:

Յանձնախումբը որոշեց ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կատարել, քանի որ յստակ փաստերով ու տուեալներով նապաստակը արջ էր, իսկ արջը՝ նապաստակ:

Արջը չբողոքարկեց ու չհակառակեցաւ յանձնախումբի որոշումին:

Երբ հարցուցին անոր, թէ ինչո՞ւ համաձայնեցաւ տրուած որոշումին, ան պատասխանեց.

-Ինչպէ՞ս հակառակիմ ընձառիւծներու յանձնախումբի որոշումին, երբ իրականութեան մէջ բոլորն ալ էշեր են, սակայն իրենց փաստաթուղթերը կը հաստատեն, թէ իրենք ընձառիւծներ են:

Հետաքրքրական, ուսուցողական, միաժամանակ մեր ներկան նկարագրող պատմուածք մըն է:

Պահ մը նայինք մենք մեզի եւ մեր չորսդին: Հարց տանք մենք մեզի.

-Այսօր քանի՞ հոգի իր տեղն է, այլ խօսքով՝ քանի՞ հոգի իր առաքելութեան, իր կոչումին համապատասխան ընթացքի մէջ է:

Ամենէն բարձր պաշտօններէն սկսած մինչեւ ամենէն փոքր պաշտօններ զբաղեցնող մարդոց մեծամասնութիւնը, իրենց զբաղեցուցած պաշտօններուն գլուխ անցած են ժողովրդական յայտնի արտայայտութեամբ՝ ԽԾԲ-ի մը միջոցով կամ միջամտութեամբ:

ԽԾԲ

Խ = Խնամի:

Ծ = Ծանօթ:

Բ = Բարեկամ:

Պահ մը միայն եթէ ուշադրութեամբ մեր չորս կողմը քննենք, ապա պիտի համոզուինք վերը ըսուածին, թէ պաշտօն զբաղեցնողներուն մեծամասնութիւնը այդ տրամաբանութեամբ յայտնուած է պաշտօնի մը գլուխին, ուսուցիչ-տնօրէնէն սկսած, անցնելով բժիշկ-բուժքոյրի, խմբագիր-լարագրողի, հոգեւորական-հոգեբանի, փաստաբան-իրաւաբանի, նախարար-քաղաքապետի, եւ շարքը կարելի է երկարել:

Արդի՞ւնքը…

Մտէք որեւէ մէկ դպրոց, որեւէ մէկ հիւանդանոց, որեւէ մէկ եկեղեցի, որեւէ մէկ պետական կառոյց, որեւէ մէկ հաստատութիւն, որեւէ մէկ կուսակցութիւն, որեւէ մէկ խմբագրութիւն… առանց ԽԾԲ-ի, եւ ականատես պիտի դառնաք տգիտութեան եւ անկրթութեան այնպիսի երեւոյթներու ու դէպքերու, որոնք ամօթէն բացի ո՛չինչ կու տան մեզի որպէս ազգ, ժողովուրդ ու պետութիւն:

Ընթերցողը յանկարծ կարծիք չկազմէ, թէ յոռետեսութեան ակնոցներ դրած եմ… ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆները միշտ ալ յարգելի են. սակայն, դժբախտաբար, այդ բացառութիւնները մեր օրերուն լոյս աչքով՝ ցերեկ ժամանակ՝ ՄՈՄԻ լոյսով պէտք է փնտռենք ու գտնենք: Այդ բացառութիւններուն դիմաց մեր գլուխները միշտ կը խոնարհին ու դրուատիքի խօսքերը անպակաս կը մնան իրենց հասցէին, որ հակառակ ներկայի այլանդակուած ու այլասերուած իրականութեան, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց սկզբունքներուն, կառչիլ նախնիներէն իրենց ժառանգ մնացած արժէքներուն եւ շարունակել հոսանքին հակառակ թիավարել, հաւատալով մեր վաղուան լուսաւոր ապագային:

Այս բացառութիւնները հակառակ են այն իրողութեան, որ էշ մը յայտնուի բարձր պաշտօնի մը ու ղեկավարէ ժողովուրդ մը, հաւաքականութիւն մը, որովհետեւ իրենք լաւապէս կը գիտակցին, թէ էշ մը ի՛նք կարիքն ունի ղեկավարման, ո՜ւր մնաց թէ ինք ղեկավար դառնայ…

Աւարտենք մեր գրութիւնը արաբերէնէ հայացնելով հետեւեալ ամփոփ գրութիւնը, որ՝ «Էշը կրնա՞յ հաստատութեան մը նախագահ ըլլալ» խորագիրը կը կրէ.

- Դժբախտաբար, պատմութեան ընթացքին նմանատիպ բազմաթիւ դէպքեր պատահած են, այդ պատճառով ուսեալի մը ամենէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է՝ զգուշացնել մարդիկը էշի մը նախագահութեան դիրքին հասնելու վտանգէն:

Երբ էշ մը նախագահ կը դառնայ, բոլոր չափանիշները կը խախտուին, հաշուեկշիռները կը շրջուին, գեղեցիկը՝ տգեղ, լաւը՝ վատ կը դառնան, ու մարդոց ճաշակն ու սովորութիւնները անկում կ՚ապրին:

Երբ էշը նախագահ դառնայ, զռոցը գեղեցիկ երգի կը վերածուի, իսկ թռչուններուն դայլայլը՝ ամենէն տգեղ ձայնի, ինչպէս նաեւ պլպլուները իրենց ձայնը կ՚իջեցնեն, որպէսզի յանկարծ էշը չլսէ…:

Էշը երբ նախագահ դառնայ, պիտի տեսնես արաբական զտարիւն ձիերու ցեղատեսակները իրենց տեսակը կը փոխեն, ու էշը կը համարձակի իր ձայնը բարձրացնել արաբական զտարիւն ձիուն վրայ, ամուլ ջորին կը փափաքի սիկիլեցի ազնուական մատակ ձիուն հետ ամուսնանալ, այս բոլորով հանդերձ արաբական ձին իր բարձրութեան վրայ կը մնայ, իսկ էշը՝ է՛շ կը մնայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 յունիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023