ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

Հիմա արձաններու ժամանակն է...

Անցեալին կը պատկանի գործելու ժամանակը, իսկ հիմա հասած է ժամանակը արձաններու, որոնք կը բուսնին ամէնուրեք։

Արձաններ ներշնչումի համար, արձաններ ուխտի համար, արձաններ փառահեղ անցեալը յիշելու համար եւ արձաններ՝ մերթ որբ ու դէպքերուն հետ առընչութիւն չունեցող անցորդներուն համար։

Նախապէս կը գրէին մեր ընկերները՝ «Անցորդը եւ իր ճամբան...», հիմա արդէն մենք է, որ կը գրենք՝ «Արձանը եւ իր ճամբան...»։

Լաւագոյն պարագային ֆրանսախօս հայուհի մը, խափշիկ օտարական մը, կիսովի թրքախառն հայերէնով շարականասաց մը մեր արձանները պիտի պահեն։ Պիտի լուան ամէն շաբաթ օր, կիրակի վարդեր ու ծաղիկներ պիտի բերեն եւ սպասեն գալիք ուխտագնացութեան օրերուն, որպէսզի հիւրերը գան եւ պատկեր մը քաշուին։

Եւ իրօք, ինչքան ազդեցիկ է Յակոբ Պարոնեանին շունչը մեր մէջ. կ՚ապրինք հարիւրամեակ մը յետոյ, սակայն ան կը շարունակէ մեր օձիքներէն բռնել ու մեզ հաշտեցնել այն յոռի բարքերուն, որոնք ոչ մէկ առթիւ հեռացան մեզմէ...։

Հասնիլ արձանին մօտ, ածիլւած երեսներով, նոր ակնոցներով, նոր փողկապներով եւ կապելայի տեղ երիզուած լաթ մը նետել մեր սեղմիրանին, որպէսզի մարդիկ զատորոշուին միւսներէն։ Միւսները չես գիտեր ինչո՞ւ, լուռ են ու տխուր, քիչ մը զարմացած են, բայց տեղ մըն ալ յանձնուած։

Կեցցե՜ն մեր արձանները, որոնք դարի՜ւ-դարի՜ւ մեր հետ կ՚աճին. մեր հետ կամ թերեւս մեզմէ առաջ ալ ծնած են ու վստահօրէն մեզմէ ետք ալ դեռ պիտի ապրին...։

Ի դէպ, հարցնողաց համար ծախսատար չեն արձանները, սուրճ չեն ուզեր, ճաշ ու բրդուճ չեն ուզեր, անձրեւի օրերուն հովանոց չեն ուզեր ու չեն տրտնջար մեզի նման, թէ՝ «ա՜խ այսօր այս ինչ տաք օդ ըրաւ...»։

Մեզի հետ են սովորաբար, բայց անկար, անխօս են ու պղծումի կամ գրոհի մը պարագային շուտով կը յանձնուին, նոյնիսկ իրենց տեղերը կ՚ուզեն փոխել, կ՚ուզեն քար դառնալ, բայց մեզի նման քարսիրտ չեն։

Երգը կը յուշէ՝ «Քար էք դարձել, կրանիթ, բայց մենք չունենք քարէ սիրտ...»։

Հիմա ո՞վ է, որ քարէ սիրտ չունի,- մե՞նք, թէ՞ կրանիթեայ արձանները, որոնք ամէն տեղ են ու տակաւին ամէն օր պիտի աճին։

Բարերար մը, թաղական մը, վարչային մը, օրհնութիւն կարդացող տէրտէր մը՝ բոլորն ալ կը սիրեն հեզ ու բարի արձանները։

Արձաններու լեզուն սիրելի է, որովհետեւ վաղուց արդէն կտրուած է այդ լեզուն, ու անոնք՝ այդ արձանները, վաղուց մտած են «մենք քար կտրած ենք, երանի քարերը լեզուն ունենան, որպէսզի աղաղակեն» վիճակին մէջ։

Այս բոլորէն բացի՝ արձանները ժամանակավրէպ չեն, անոնք պիտի ապրին այնքան ժամանակ, որ մեր ազգի հիւանդ մարմինը պիտի խօսի ու բարբառէ ախտերուն լեզուով։

Անցեալ մը վերյիշելով, եղած սխալները ճիշդի տեղ ծախելով, պատմութեան ընթացքին կատարուած անընդունելի վրիպումները եւ սխալ հաշուարկները ճիշդ տեղ ներկայացնելու մոլագար մօտեցումով ու երէկուան կեղծ նկրտումները այսօրուան տխուր իրականութեան մէջ խառնելու տեսիլքով։

Ի դէպ, արձանները տեսիլք ալ չունին, խորքին մէջ տեսելիքն ու տեսլականը իրենք են, որովհետեւ մեր ջոջերէն շատեր (անոնք, որոնց գրպաններուն մէջ ոսկին ծնծղայի պէս կը զրնգայ) ամբողջ կեանք մը կ՚երազեն ու կը սպասեն, որ իրենց բարերարութիւնը մարմնաւորող արձանը վեր բարձրանայ ու յետոյ իրենք ալ մեռնին ու թաղուին այդ արձանին մօտերը, որպէսզի տարիներ անց յիշուին ու յիշատակուին՝ որպէս «անմահ բարերար ընկ. Ջոջ Վշտունի»։

Այդպէս եղած է միշտ, այդպէս սիրած ենք ապրիլ միշտ ու մահ մը մոռնալով եւ ուրանալով, որ նոյն արձաններու տէրերը՝ որոնք իրենց կեանքով մեզի օրինակ դարձած են, մերժած են արձանի վերածուելու գաղափարը։

Արձանները կը խօսին վերջակէտերու մասին ու այս առումով մեր օրերուն ոտքի ելած առնուազն երեք արձաններու հերոսները իրենց ողջ էութեամբ պայքարած են մեռնելու գաղափարին դէմ։ Պայքարած են գործով, պայքարած են խօսքով, պայքարած են էութեամբ եւ պայքարած են մանաւանդ նուիրումով։

Ի վերջոյ, անոնք պարկերու մէջ դրուելիք հին հագուստներ չեն, որ մէկ կողմը նետես ու մոռնաս... այլ ամէն օր մեզի հետ եղող, մեզի հետ ապրող, մեզի ապրիլ սորվեցնող կերպարներ են։

Իսկ մենք, անոնց արձանները ոտքի հանելով ու հանգիստ շունչ մը քաշեցինք ըսելով՝ կ՚ուզենք «ծալել» անոնց դերը, ինչպէս որ մեր մամաները մեր շապիկներն ու շապկընկերները կը ծալէին ու կը հառաչէի՜ն, որ «սա լուացքն ալ վերջացուցինք»։

Արձանները լուացքի դեր կը կատարեն երեւի, բայց նոյնիսկ մեր լուացքները քիչ են ու մեր լուացքի մեքենաները իրենց վերջին շունչը կը հեւան։

Նոյնիսկ մենք, որ թերի ենք մեր գործերուն մէջ, մոռցած ենք լուացքի մեքենաներուն դերը ու մոռցած ենք, որ հագուստները լուալէ առաջ՝ նախ մեր հոգին է, որ պէտք է լուանք։ Ու նախքան արձաններուն մօտ արձանի պէս կենալը, նկարուիլը, ասոր անոր նկարներ ղրկելը, կը հաւատամ, նախ պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ է մեր ուզածը եւ դէպի ո՛ւր կը տանին մեզ մեր այս քայլերը, որոնք արդէն երկար տարիներ մեզ պահած են նոյն ցեխերուն մէջ ու կերպով մըն ալ մեզ ստիպած, որ իրական գաղափարին հաւատալու փոխարէն՝ հաւատանք իրական արձաններուն, որոնք ո՛չ խօսիլ գիտեն, ո՛չ տալ գիտեն, ո՛չ ալ ըսելիք ունին։

Կանգուն են, որ վաղը լրահոսին մէջ կարդանք, թէ «սա ինչ տեղը սա ինչ արձանը պղծեր են...», իսկ մենք ճարահատեալ դարձեալ նոր արձան մը ոտքի հանելու նայինք ու այս պատմութիւնն ու շարադրութիւնը վերէն վար վերսկսինք։

Արձանները խուսափելու առիթներ են ու փախուստ՝ մեր ինքնութենէն, որուն ամբողջ վառ գաղափարը մեռելներուն վեր ելլելու մէջ է։

Իսկ մենք, մահը գործով փարատելու փոխարէն, արձան ու արձաններ կը կանգնենք։

Վախս մեծ է, որ ազգը սիրելու տեղ յանկարծ օր մը արթննանք ու արձանները սիրենք, քարը սիրենք, ու մենք ալ դարձեալ կռապաշտ դառնանք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024