ԱՐՑԱԽ ԶԱՐԿ ԿՈՒ ՏԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

Արցախը կը տարբերակէ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները եւ զարկ կու տայ ձեռնարկներու զբօսաշրջութեան զարգացման:

Այս մասին «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցին նշած է Արցախի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:

«Իմ կարծիքով՝ հարցը պէտք է դիտարկել երկու հարթութեան վրայ: Առաջին հերթին հարկ է ընդգծել, որ հարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ամէն պարագայի, հետաքրքրական իրադարձութիւններ ու միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան: Երկրորդ հարցը կը կայանայ անոր մէջ, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է այդ իրադարձութիւնները իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնել եւ ինչքանով անոնք հետա-քըրքրական պիտի ըլլան զբօսաշրջիկներու համար: Այսօր կրնանք ըսել, որ Արցախի մէջ կը նկատուի իրադարձային զբօսաշրջութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճ, առաւել եւս, որ կայ նպատակ՝ այդ ուղղութիւնը աւելի կազմակերպուած ներկայացնելու», ըսած է Արտակ Գրիգորեան:

Այս տարուան ընթացքին արդէն քանի մը խոշոր զբօսաշրջային ձեռնարկներ իրականացուած են: Զբօսաշրջային եղանակին սկիզբը Արցախի մէջ կը համընկնի երկրէն ներս մայիսեան տօներու մեկնարկին հետ, որոնց ընթացքին տարբեր համերգներ, ցուցահանդէսներ ու մշակութային այլ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին: Անոնց մասնակից կ՚ըլլան նաեւ զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն ու արտերկրէն:

Բացի այդ, վերջերս Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ կազմակերպուած «ԱրցախէյրՖէսթ» օդային փառատօնը եւս աշխուժութիւն բերաւ Արցախի մշակութային օրացոյցին մէջ, եւ ծրագիրին հանդէպ հետաքըրք-րութիւնը կը յուշէ, որ նշուած փառատօնը ամենամեայ կոչուելու մեծ հաւանականութիւն ունի: Յստակ միջոցառումներու համար զբօսաշրջիկներու հոսքը ի հարկէ առկայ է, բայց քանի որ իրադարձային զբօսաշրջութիւնը Արցախի մէջ համեմատաբար նոր երեւոյթ է, ըստ Արտակ Գրիգորեանի, դեռ վաղ է խօսիլ փափաքելի հոսքի մասին:

Յառաջիկային եւս քանի մը նման միջոցառումներ նախատեսուած են:

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԳԻՆԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Յառաջիկայ Սեպտեմբերի երրորդ Շաբաթ օրը Արցախի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ կ՚իրականացուի «Արցախեան գինի»ի ամենամեայ փառատօնը, որու ընթացքին կը ներկայացուին արցախեան գինեգործներու արտադրանքը: Փառատօնի բաղադրիչ մաս կազմող մշակութային ծրագիրը կը ներառէ երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռական աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ: Բացի գինիի տօնավաճառէն, Տող գիւղի եւ մօտակայ համայնքներու բնակիչներու մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի նաեւ Արցախեան բարիքներու տօնավաճառ:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Անկախութեան օրը (Սեպտեմբեր 2) կը համարուի առաւել հանդիսաւոր տօներէն մէկը: Տօնական ձեռնարկներ կ՚իրականաց-ւին երկրի ողջ տարածքին: Ամէն տարի Սեպտեմբերի 2-ին Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի կ՚ունենան կալա-համերգներ, որոնց կը մասնակցին տեղական երգիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Տօնը կ՚աւարտի հրավառութեամբ:

«ՏՆՋՐԷ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Տնջրէ» միջազգային դասական երաժըշ-տական փառատօնը ամրան ընթացքին կը մէկտեղէ յայտնի եւ երիտասարդ երաժիշտներ Արցախէն եւ ամբողջ աշխարհէն: Փառատօնին ընթացքին, յայտնի երաժիշտներ Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆինլանտայէն, Հոլանտայէն եւ այլ երկիրներէ կը կազմակերպեն վարպետութեան դասեր՝ դաշնամուրի, ջութակի եւ քլարինէթի Արցախի բնակիչներուն եւ հիւրերու համար: Համերգները կ՚իրականացուին Ստեփանակերտի եւ մարզային կեդրոններու մէջ, փառատօնին ընթացքին:

ԲԵՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակի օրը կը նշուի իբրեւ Գիւղատնտեսութեան օր: Ամէն տարի բերքի փառատօն կը կազմակերպուի, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Աւելի քան 200 վաճառողներ, Արցախի բոլոր շրջաններէն, կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը՝ տօնավաճառ այցելող հազարաւոր յաճախորդներուն:

«Արցախի Տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուող փառատօններու եւ նման այլ միջոցառումներու մասին իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով, ի հարկէ, կը տարուան ընթացքին շուկայագիտութեան աշխատանքներ, որոնց ծիրէն ներս աշխատանք կը տարուի թէ՛ լրատուադաշտի, թէ՛ զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ: Մասնաւորապէս զբօսաշրջային ընկերութիւնները՝ տարուան սկիզբը՝ արդէն տեղեկացուած կ՚ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող մեծ միջոցառումներու մասին: Օրինակ՝ Արցախեան Գինիի փառատօնը, որ ամենամեայ ձեռնարկ է եւ ունի յստակ ժամկէտ՝ Սեպտեմբերի երրորդ Շաբաթ օրը, արդէն զբօսաշրջային ընկերութիւններու օրացոյցին վրայ է», ըսած է Արտակ Գրիգորեան:

Ներքին զբօսաշրջութեան համար եւս առկայ են բոլոր պայմանները, սակայն անոնք ոչ թէ զբօսաշրջական ճամբորդութիւններ են, այլ աւելի շատ՝ պտոյտներ, հաշուի առնելով Արցախի տարածքին չափերը եւ բնակիչներու՝ այցելութեան վայրին մէջ հազուադէպ գիշերակացի կազմակերպման հանգամանքը:

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017