«ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐԸ» ՕՓԵՐԱՆ
Կաեթանօ Տոնիզեթթիի «Մարտիրոսները» հայերուս համար ունի յատուկ նշանակութիւն, քանի որ օփերայի գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ, հռոմէական տիրապետութեան շրջանին, ուր քրիստոնէութիւնը գաղտնօրէն բաւական տարածուած էր։ «Մարտիրոսները» կը բնութագրէ Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներուն հալածանքն ու նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ նորածին այդ կրօնքը, որուն գաղափարախօսութիւնը Հռոմի շահերուն խոտոր կը համեմատէր՝ արմատախիլ ընելու Հռոմէական կայսրութեան որդագրած քաղաքականութիւնը։
«Մարտիրոսները» Տոնիզեթթիի «Պողիկտոս» (Poliuto) օփերայի վերամշակուած տաբերակն է, զոր ան գրած էր իտալերէնով Նափոլիի մէջ, ուր գրաքննութիւնը արգիլած էր անոր բեմադրութիւնը։
Տոնիզեթթին երբ Փարիզ հաստատուեցաւ, «Պողիկտոս»ը հիմնովին վերամշակեց, բնագիրը փոխեց ֆրանսերէնի եւ անոր տուաւ «Մարտիրոսները» (Les Martyres) խորագիրը։ Բացի լեզուական փոփոխութենէն՝ հեղինակը նոր նիւթ աւելցուց բնագրին վրայ օփերան ֆրանսական մտայնութեան ու ճաշակին պատշաճեցնելու նպատակով։ Այդ առաջադրութենէն մղուած՝ Տոնիզեթթին ընդարձակեց նաեւ նուագախումբին ծաւալը, յաւելեալ ասերգներ կամ երաժշտազրոյցներ (repitatives) գրեց եւ ստեղծեց պալէի բաժին մը, որ 1840-ականներուն շքեղ օփերաներու փարիզեան բեմադրութիւններուն պարտադիր մէկ մասը կը կազմէր։
Այս յօդուածը նպատակ չունի հանգամանօրէն ներկայացնելու Տոնիզեթթին եւ իր ստեղծագործութիւնները, այլ պարզապէս անդրադառնալու վերջին երկու տարիներուն «Մարտիրոսները» օփերային արձանագրած աննախընթաց յաջողութեան. յաջողութիւն՝ որուն մէջ կարեւոր դեր ունեցան հայ ազգային երեք բարերարներ, յանձինս Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ եւ այժմու լիազօր դեսպան Արմէն Սարգիսեանի, Վաչէ Մանուկեանի եւ Հայկ Տիտիզեանի, որոնց հովանաւորութեամբ՝ 4 Նոյեմբեր 2014-ին Օփերա Ռարան (Opera Rara) Արքայական Ֆեսթիվալ համերգասրահին մէջ (Royal Festival Hall) ներկայացուց «Մարտիրոսները» օփերայի համերգային տարբերակը, մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ Orchestra of the Age of Enlightenment-ի, զոր ղեկավարեց անուանի խմբավար Սըր Մարք Էլտըր։
Գլխաւոր դերերը կատարեցին Ճոյս Էլ Խուրի (Pauline), Տէյվիտ Քեմփսթըր (Severe) եւ Մայքըլ Սփայրս (Michael Spyres-Polyeucte)։
Հովանաւորելով «Մարտիրոսները» օփերայի բեմադրութիւնը՝ վստահ եմ մեր բարերար հայրենակիցներուն նպատակը եղած է միջազգային երաժշտական շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, որ Հայաստան եղած է քրիստոնէութեան բնօրրաններէն մէկը եւ հայ ժողովուրդը ապրած է եւ իր մշակութային արժէքները ստեղծած՝ հիմնուելով քրիստոնէական սկզբունքներու եւ արժէքներու վրայ։
Երաժշտական այս բացառիկ երեկոն արժանացաւ բոլոր քննադատներու անվերապահ գնահատանքին եւ աննախնթաց արձագանգ գտաւ միջազգային մամուլի եւ լրատուական գործակալութիւններու հաղորդումներուն մէջ։
Լոնտոնի մէջ արձանագրած իր յաջողութենէն յետոյ՝ Օփերա Ռարան Տոնիզեթթի «Մարտիրոսները» բեմադրեց կարգ մը այլ հռչակաւոր դահլիճներու մէջ եւս, իսկ 2015-ին՝ հրապարակեց անոր ձայնագրութիւնը (CD)։
Տեղին է նշել, որ իտալական դասական օփերայի այս հիանալի նմոյշին կրճատուած տարբերակը, «Պողիկտոս» անուամբ, Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնը ներկայացուցած է Տիգրան Լեւոնեանի բեմադրութեամբ 2001-ին՝ քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակի առիթով։
Այս տարի Տոնիզեթթիի «Մարտիրոսները» արձանագրեց յաղթանակ մը եւս, երբ 15 Մայիս 2016-ին, Լոնտոնի մէջ կայացած Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութան ընթացքին անոր ձայնասկաւառակը (CD) արժանացաւ առաջին մրցանակի։
Ուրախութեամբ նշենք նաեւ որ անուանի երգիչ Գեղամ Գրիգորեանի դուստրը, օփերայի երգչուհի Յասմիկ Գրիգորեան, նոյն մրցանակաբաշխութեան ընթացքին շահեցաւ «երիտասարդ կին երգչուհի» բաժնի առաջնութիւնը։
ԿԱԵԹԱՆՕ ՏՈՆԻԶԵԹԹԻ
Իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Կաեթանօ Տոնիզեթթի (Gaetano Donizetti) ծնած է Պերկամօ, 29 Նոյեմբեր 1797-ին եւ մահացած՝ 8 Ապրիլ 1848-ին, նոյն քաղաքին մէջ։ Գերմանացի յօրինող Սիմոն Մայր Կաեթանոն փոքր տարիքէն կ՚առնէ իր հովանիին ներքոյ ձրիաբար ընդունելով զայն իր իսկ հիմնած երաժշտական դպրոցը, ուր ան կը ստանայ մանրակրկիտ ուսում, յատկապէս բազմաձայն երաժշտական երկեր յօրինելու բարդ արուեստի բնագաւառէն ներս։ Դարձեալ Սիմոն Մայրի ջանքերով՝ Կաեթանոն կ՚ընդունուի Փոլոնիայի Ակադեմեան, ուր դեռ հազիւ տասնինն տարեկան՝ ան կը գրէ իր առաջին մէկ-արարնոց օփերան։ Իր կեանքի ստեղծագործական տարիներուն Տոնիզեթթին կը գրէ շուրջ եօթանասուն օփերա։ 1822-ին Սան Քարլօ թատրոնի հրաւէրով Տոնիզեթթի կը տեղափոխուի Նափոլի, ուր կ՚ապրի մինչեւ Յունուար 1844-ը։ Քսաներկու տարիներու ընթացքին Նափոլիի Սան Քարլօ թատրոնը կը բեմադրէ Տոնիզեթթիէն յիսունմէկ օփերա։ 1840-էն սկսեալ ան իր ստեղծագործական եւ բեմադրական աշխատանքները կը կատարէ Նափոլիի, Փարիզի, Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ։ Բացի իր գործերէն՝ Տոնիզեթթին կը բեմադրէ նաեւ ուրիշ յօրինողներու օփերաները։ 1843-էն սկսեալ ծանր հիւանդութիւնը պատճառ կը դառնայ որ Տոնիզեթթին սահմանափակէ իր գործունէութիւնը։ 1846-ին զինք կը տեղափոխեն մտային հիւանդներու յատուկ հաստատութիւն մը, ուրկէ 1847-ի աւարտին՝ բարեկամները Տոնիզեթթին կը տեղափոխեն Պերկամօ, ուր եւ կը վախճանի 1848 թուականի Ապրիլին։
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ
Հարթակ
- 11/22/2024