ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ՝ ՀԱՍԱՔԷ

Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծին վրայ գտնուող Հասա­քէ քա­ղա­քը վեր­ջին հինգ օ­րե­րուն պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բե­մը ե­ղաւ: Մինչ տար­բեր վեր­լու­ծա­բան­ներ կը գրեն այն մա­սին, թէ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րը ար­դիւնքն են եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ կու­տա­կուած քիւրտ-ա­րա­բա­կան ա­տե­լու­թեան, ան­դին յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժամ­կէ­տը ան­մեղ չէ:

Գետ­նի վրայ քիւրտ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քին մէջ ծանր մար­տեր ե­ղած են, մէկ կող­մէ քրդա­կան «Ա­սա­յէշ» ա­նու­նով յայտ­նի ջո­կատ­նե­րուն եւ միւս կող­մէ «Տի­ֆահ շաա­պի» ա­նու­նը կրող ա­րա­բա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջեւ: Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը թէ­ժա­նա­յին յատ­կա­պէս անց­եալ Ուր­բաթ ա­ռա­ւօ­տուն, երբ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան օ­դու­ժը ծանր հա­րուած­ներ կը հասց­նէր քրդա­կան զի­նեալ­նե­րու վեց կա­րե­ւոր դիր­քե­րուն: Սու­րիա­կան բա­նա­կի այս «պատ­գամ»էն ետք վրայ կը հաս­նէր ա­մե­րի­կեան կոր­ծա­նիչ­նե­րու դէ­պի շրջան գոր­ծուղ­ղման մա­սին լու­րե­րը: Սպի­տակ տան բան­բեր Մարք Թո­նըր իր կար­գին լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լու պա­հուն կը յայտ­նէր, թէ ա­մե­րի­կեան կոր­ծա­նիչ­նե­րը նպա­տակ ու­նին պահ­պա­նել ոչ միայն քրդա­կան ու­ժե­րու դիր­քե­րը, այլ նաեւ շրջա­նին մերձ գտնուող ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րու խա­րիսխ հան­դի­սա­ցող եր­կու օ­դա­կա­յան­ներ. Ռը­մէյ­լա­նի եւ Այն Ա­րապ՝ Քո­պա­նիի օ­դա­կա­յան­նե­րը:

Մինչ քրդա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի ջո­կատ­ներ մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի Շէյխ Մաքսուտ շրջա­նին մէջ Սու­րիոյ բա­նա­կի կող­քին հան­դէս գա­լով թէժ մար­տեր կը մղեն մահ­մե­տա­կան ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ, ան­դին Հա­սա­քէ­ի մէջ քիւրտ-ա­րա­բա­կան բա­խում­նե­րը կը վե­րա­ծուին Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան բա­նակին դէմ հա­մընդ­հա­նուր «ապըս-տամ­բու­թեան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու:

Ի­րօք, ի՞նչ կը կա­տա­րուի Հա­սա­քէի մէջ: Եւ ո՞վ է օգ­տուո­ղը այս բո­լո­րէն:

Ե­թէ փոր­ձենք ա­րագ դի­տար­կում մը կա­տա­րել, ի յայտ կու գայ, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար «դու­րե­կան»՝ հաճելի չէր Ան­գա­րա-Մոս­կուա, բայց մա­նա­ւանդ Ան­գա­րա-Թեհ­րան նոր շփում­նե­րը: Ու հե­ռա­տես ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ, հասկ­նա­լու հա­մար, որ Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մի այս փու­լին Սպի­տակ տան հա­մար խնդրի լուծ­ման ո­րե­ւէ բե­մագ­րու­թիւն ա­նըն­դու­նե­լի է: Ալ ուր մնաց, երբ ին­քը՝ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը «օրհ­նող» հիմ­նա­կան կող­մը (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) բա­ցա­կայ է այս լու­ծում­նե­րուն ընդ­հա­նուր «ա­ռեւ­տուր»էն:

Ու­րեմն Հա­սա­քէի մէջ ե­ղած մար­տե­րը, ու տա­կա­ւին տա­րա­ծուե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը թի­րախ ու­նին ա­մէն գնով խան­գա­րել՝ Ան­գա­րա-Մոս­կուա-Թեհ­րան նոր ձե­ւա­չա­փե­րով ըն­թա­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Սու­րիոյ քիւր­տե­րը, ե­թէ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ստա­ցած են Մոս­կուա­յի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կը, այ­սօր յստա­կօ­րէն դար­ձած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հիմ­նա­կան խա­ղա­քարտ:

Հա­սա­քէի մար­տե­րուն երկ­րորդ թի­րա­խը բնա­կա­նա­բար Ան­գա­րան է: Թուր­քիոյ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի վեր­ջին օ­րե­րուն ը­րած ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տօ­րէն ան­հան­գիստ կ­­՚ը­նեն Ուա­շինկ­թը­նը: Ի՞նչ կ՚ը­սէ Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տը։ Ան կը խօ­սի յստակ լե­զուով եւ կը շեշ­տէ. «Մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է Սու­րիոյ մաս­նա­տու­մը» յի­շեց­նե­լով, որ «Սու­րիոյ մէջ էթ­նիք ու ցե­ղա­յին հի­մունք­նե­րով ո­րե­ւէ բա­ժան­ման փորձ ա­նըն­դու­նե­լի է»:

Զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ մինչ սու­րիա­կան բա­նա­կը կը հա­րուա­ծէր Հա­սա­քէ­ի Տուար Սապ­պըհ, Մար­շօ եւ «Հայ Ալ Նա­շուա» շրջան­նե­րը, ան­դին դէպ­քե­րու նոյն գի­շե­րը (Ուր­բաթ) բա­նա­կը կը հրա­պա­րա­կէր խիստ ո­ճով խմբագ­րուած հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ՝ «Սու­րիոյ բա­նա­կը պատ­րաստ է ճնշել՝ ինք­նիշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու քրդա­կան ո­րե­ւէ փորձ»:

Ե­ղած ընդ­հա­նուր խա­ղին մէջ կա­րե­ւոր է նկա­տել Դա­մաս­կո­սի կող­մէ Ան­գա­րային ուղ­ղուած «պատ­գամ»ը, ըստ ո­րու Սու­րիոյ մէջ քրդա­կան գոր­ծօ­նի «զսպում»ին, ա­պա նաեւ «կա­ռա­վա­րում»ին հիմ­նա­կան բա­նա­լին կը գտնուի նոյն Դա­մաս­կո­սի կեդ­րո­նա­կան դրու­թեամբ գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան մօտ: Այս­տեղ կը շեշ­տադ­րուի նաեւ, որ Դա­մաս­կոս-Ան­գա­րա առ­կայ տա­րա­կար­ ծու­թեան շիջման հիմ­նա­կան տուեա­լը դար­ձեալ Սու­րիոյ քիւր­տե­րու հարցն է: Քիւր­տերն են միայն, որ կա­րող են մեղ­մել այդ տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը, վե­րա­ծուե­լով եր­կու հա­կադ­րու­թեան մէջ յայտ­նուած եր­կու ու­ժե­րուն հա­մար հան­դիպ­ման կէտ մը ստեղ­ծող «հա­սա­րակ յայ­տա­րար»ի: Այ­սինքն զար­մա­նա­լի թող չթուի, ե­թէ վա­ղը Ան­գա­րա ո­րո­շէ ո­րոշ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը սկսիլ Դա­մաս­կո­սի հետ: Ու այս­տեղ կապ չու­նի, թէ ո՛վ պի­տի ըլ­լայ Դա­մաս­կո­սի «ի­րա­ւա­կան տէր»ը, այլ կա­րե­ւո­րը «քրդա­կան գոր­ծօն»ին մեղմ ը­սած ՝ չէ­զո­քա­ցումն ու թուլա­ցումն է:

Վե­րա­դառ­նա­լով զի­նուորա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ հարկ է նշել, որ անց­նող օ­րե­րուն ըն­թաց­քին հա­կա­մար­տող կող­մե­րը տուած են քսան զոհ, ո­րոնց մէջ քիչ չէ թի­ւը ան­չա­փահաս ե­րա­խա­նե­րու: Ըստ լի­բա­նա­նեան «Ալ Ախ­պար» օ­րա­թեր­թին, քրդա­կան ջոկատ­նե­րը շրջա­նին մէջ իրենց ու­նե­ցած ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար՝ հրոյ ճա­րակ դար­ձու­ցած են 1650 թոն բամ­պա­կի պա­շար, ինչ որ բո­ղո­քի մեծ ա­լիք յա­ռա­ջա­ցու­ցած է շրջա­նի ան­զէն բնակ­չու­թեան մօտ:

Այս բո­լո­րէն ան­դին կան կա­րե­ւոր տուեալ­ներ, ո­րոնք ցոյց կու տան, որ Հա­սա­քէ­ի տագ­նա­պը միայն տե­ղա­կան նեղ բնոյթ չի կրեր: Այս խօս­քին մե­ծա­գոյն ա­պա­ցոյցը քրդա­կան Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Սա­լէհ Մուս­լէ­մի օ­րեր ա­ռաջ տուած այ­ցե­լու­թիւնն է Էր­պիլ, ուր վեր­ջինս շրջա­նի տուեալ զար­գա­ցում­նե­րը քննար­կած է ի­րա­քեան քիւր­տիս­տա­նի ղե­կա­վար Մե­սուտ Պա­ր­զա­նիին հետ: Թէ ի՛նչ հե­տե­ւանք­ներ կրնան ու­նե­նալ այդ շփում­նե­րը յստակ չէ, բայց ե­րե­ւե­լի է, որ շրջա­նի քիւր­տե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մի­տում ու­նի խա­ղին մէջ մտնե­լու «ա­մե­րի­կեան զգես­տնե­րով»: Պարզ ալ չէ, թէ այս մօ­տե­ցու­մը որ­քա­նով կը բխի քիւր­տե­րուն շա­հե­րէն, սա­կայն յստակ է, որ քրդա­կան միաս­նու­թեան ո­րե­ւէ փորձ կտրա­կա­նա­պէս պի­տի մեր­ժուի մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ մէջ: Այդ մօ­տեց­ման դէմ հան­դէս պի­տի գան Ան­գա­րան, Դա­մաս­կո­սը ու նաեւ ա­նոնց սերտ գոր­ծա­կից­նե­րը՝ Մոս­կուան ու Թեհ­րա­նը:

Կա­րե­ւոր է կար­դալ Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի Հա­սա­ք­էի մէջ կռուող «Ա­սա­յէշ» ա­նու­նով յայտ­նի ջո­կատ­նե­րուն մա­սին ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ կը կազ­մէ այս թե­ւին հիմ­նա­կան գաղտ­նա­բա­ռը: Չա­վու­շօղ­լու ա­ռանց վա­րա­նե­լու «Ա­սա­յէշ»ը կը հա­մա­րէր Ան­գա­րա­յի կող­մէ որ­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան տարր հա­մա­րուող ՓՔՔ­-ի մէկ թե­ւը: Ու այս գաղտ­նա­բա­ռը, բնա­կա­նա­բար կրնայ որ­դեգ­րուիլ Թեհ­րա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Էր­տո­ղան-Ռու­հա­նի հան­դիպ­ման շրջա­նակ­նե­րուն մէջ:

Քրդա­կան գոր­ծօ­նին կամ արմատական իս­լա­միստ­նե­րու (Տա­հէշ, Ալ Նուս­րա, Ճայշ Ֆաթհ եւ այլն) «հար­ցե­րը լու­ծե­լու» հա­մար հետզ­հե­տէ հա­սու­նա­ցող նոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փը ան­խա­փան կեր­պով կրնայ Սու­րիոյ ա­րիւ­նա­լի տագ­նա­պը տե­ղա­փո­խել քա­ղա­քա­կան դաշտ: Պայ­մա­նաւ, որ ստեղ­ծուած նոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բխի ան­կեղծ մօ­տե­ցում­նե­րէ: Ի վեր­ջոյ շրջա­նի եր­կիր­նե­րուն եւ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն հա­մար Սու­րիոյ մաս­նա­տու­մը վնա­սա­կար է ոչ միայն Դա­մաս­կո­սի, այլ նաեւ՝ Ան­գա­րա­յի ու Թեհ­րա­նի հա­մար:

Այս փրակ­մա­թիք մօ­տե­ցում­նե­րը եւ շա­հե­րու հան­դիպ­ման վայ­րը ու­րեմն սկիզբ կրնան դառ­նալ նոր փու­լի մը, ո­րուն հիմ­նա­կան խո­րա­գի­րը Սու­րիոյ միաս­նու­թեան պահ­պա­նումն է:

Այս խո­րա­գի­րը ան­շուշտ կրնայ մեր­ժե­լի ըլ­լալ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ ու ա­հա այդ մեր­ժու­մի ա­ռա­ջին նա­խան­շան­նե­րը ջու­րի ե­րես կ­­՚ել­լեն Հա­սա­քէ­ի մէջ:

Մտա­հո­գի­չը Հա­սա­քէ­ի մար­տե­րը չեն միայն, այլ այդ շրջան­նե­րուն մէջ ա­ճող քիւրտ-ա­րաբ ա­տե­լու­թիւ­նը, որ կրնայ մեծ­նալ դառ­նա­լով ի­րա­կան պա­տու­հաս մը ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016