ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

«Ազատ նիւթ: Ձեր նախընտրած նիւթի մասին գրեցէք», ըսաւ մեր հայերէնի ուսուցիչը՝ Մ. Իշխան:

Դիւրին չեղաւ նիւթ մը ընտրելը: Այդ օր այն փորձառութիւնը ունեցայ, որ գրութեան մը ամենադժուար մասը հետաքրքրական նիւթի մը ընտրութիւնն է:

Մնացածը հեշտ է:

Երկա՜ր մտածեցի յարմար նիւթի մը մասին:

«Մեծ մայրիկս»:

Մեծ մայրս տեսնելու բախտին չեմ արժանացած: Մեր թաղի մամիկներէն մէկը որպէս տիպար առնելով՝ սկսայ գրել քանի մը բառ միայն:

«Շատ բարի կին մըն էր մեծ մայրիկս»: Աւելի չկրցայ շարունակել:

Զգացի, որ տափակ, «քլիշէ» դարձած նախադասութիւն մըն է: Ամէն աշակերտ գրեթէ միշտ նոյն նախադասութիւններով կը ներկայացնէ իր մեծ մայրը:

«Ծովեզերք»:

«Պայծառ օր մըն էր: Ձկնորսութեան եղէգ  եւ կողով մը շալկած, ուղղուեցայ ծովեզերք՝ ձուկ որսալու»:

Բնաւ ձկնորսութիւն չեմ ըրած: Չէի գիտեր՝ ի՛նչ գրել նիւթի մը մասին, որմէ գաղափար իսկ չունիմ: Այդ մէկն ալ պատռեցի ու թափեցի:

Քանի մը էջ մրոտեցի ու պատռեցի, եւ Երկուշաբթի առաւօտ դասարան մտայ ծոյլ աշակերտի մը նման, որ կը թերանայ իր տան պարտականութիւնը կատարելու մէջ:

Այդ տեսակ աշակերտներէն չէի, մանաւանդ հայերէնի շարադրութիւններս գրեթէ միշտ գնահատուած էին ուսուցիչներուս կողմէ:

Քանի մը օր ետք, երբ Մ. Իշխան սրբագրուած շարադրութիւնները կը վերադարձնէր, զարմանքով նկատեց, որ իրեն ոչինչ յանձնած էի:

«Անհանգի՞ստ էիր, որ չկրցար քանի մը էջ գրել» հարցուց մտերմաբար:

«Ո՛չ, պարո՛ն, ազատ նիւթ ըլլալն էր պատճառը: Շատ մտածեցի եւ յարմար նիւթ մը չկրցայ ընտրել»:

Պարոն Մուշեղ շուտ կը ջղայնանար: Քանի մը վայրկեան առաջ հանդարտ թուացող անձը չէր: Երբ ճաղատը կարմրէր ու ձայնը դողալու սկսէր, գիտէինք գալիքը:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխը, ամէն վայրկեան գրելիք նիւթ մըն է, եւ դուն չկրցա՞ր անոնցմէ մէկը ընտրել», գրեթէ պոռալով սկսաւ խօսիլ հետս:

«Մէյ մը սա պատուհանէն դուրս դիտէ եւ ըսէ, թէ ի՛նչ կը տեսնես», ըսաւ քիչ մը հանդարտելէ ետք:

Մօտեցայ պատուհանին եւ դիտեցի դպրոցին բակը:

«Քանի մը թռչուններ դիմացի արմաւենիին վրայի պտուղները կը կտցահարեն: Անդին աշակերտ մը հանգիստ նստած է ծառի մը տակ: Հաւանաբար ուսուցիչը զինք դասարանէն դուրս դրած է, եւ ինք փոխանակ նեղուելու, հանգի՜ստ նստած՝ թռչունները դիտելով երջանիկ է: Քիչ մը անդին…»:

Տարիներ անցած են այդ թուականէն եւ անկարելի է, որ յիշեմ այդ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին տեսածներուս մասին պատմածներս: Առանց  կանգ առնելու՝ ճարտասանի մը նման կը շարէի: Բերանացի շարադրութիւն մըն էր:

Կանգ առի: Տեսածներս ու ըսելիքնե՞րս վերջացած էին, թէ՞ բաւարար նկատեցի, չեմ յիշեր:

Պարոն Մուշեղ հանդարտած էր:

«Հիանալի շարադրութիւն մըն էր պատմածդ, որ դուն առանց գրի առնելու յանձնեցիր ինծի», եւ այդ բերանացի շարադրութեանս բաւական բարձր նիշ մը շնորհեց:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

Ուղեղիս մէջ դրոշմուած է սիրելի ուսուցչիս այդ նախադասութիւնը, զոր տարիներ, շա՜տ երկար տարիներ ետք սկսայ գործադրել, երբ հայկական թերթերու մէջ սկսայ յօդուածներ ստորագրել:

***

Կորուստներ կան, որոնք նիւթականով կարելի չէ ետ բերել:

Սկսելով հարազատի մը կորուստէն՝ միչեւ հայրենիքի եւ ծննդավայրի կորուստները, իսկ Լիբանանի պատերազմի պատճառով ունեցած նիւթական մեծ կորուստներուս մասին նոյնիսկ չեմ ուզեր մտածել: Այդ էջը շատոնց փակած եմ:

Քանի մը շաբաթ առաջ ունեցայ վերը յիշուածներէն բոլորովին տարբեր տեսակի կորուստ մը:

Բաւական թիւով տակաւին չհրատարակուած յօդուածներ, որոնց մէկ մասը՝ ամբողջացած, իսկ ուրիշներ տակաւին վերատեսութեան ենթարկուելիք, համակարգիչիս խանգարումին պատճառով բոլորը կորսնցուցի: Երկար ամիսներու աշխատանքս անվերադարձ կորած էր:

Քանի մը օր անտրամադիր էի: Պիտի կարենա՞մ վերյիշել այդ գրութիւններս, որպէսզի վերարտադրեմ:

«Մուսա» ըսուածը երբեմն անյարմար ժամանակին կը ներկայանայ: Գործէն վերադարձիս, խճողուած մայրուղիին վրայ, ինքնաշարժիս մէջ յանկարծ հետաքրքրական նիւթ մը կամ կարեւոր դէպք մը կը յիշեմ, որ կրնայ յաջող յօդուածի մը վերածուիլ. կամ՝ իրիկունները անկողին մտնելէս ետք, նախքան քունի անցնիլս, շատ կը պատահի, որ յիշեմ դէպքեր, մանկութեան, պատանեկութեան կամ նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ պատահած յուշեր, սակայն կը «ծուլանամ» անկողնէն ելլելով՝ գրի առնել: Յաջորդ առաւօտ կանուխ գործի պէտք է հասնիմ: Երբեմն կը բաւարարուիմ քանի մը նոթեր առնելով բայց «մուսաներուս» շնորհած  նիւթերը, որոնք գրի չեն առնուած, քանի մը ժամ ետք արդէն մոռցուած են:

«Երկաթը տաք տաք կը ծեծեն» կ՚ըսէ հայկական առածը: Հասկնալի է, սակայն իմ պարագայիս, յաճախ պատեհութիւնը չեմ ունենար «տաք տաք ծեծելու»:

Կարելի՞ բան է մայրուղիին մէկ կողմը կանգ առնելով՝ յիշածներս գրի առնել, իսկ երբ ոստիկանը ներկայանայ ու յիշեցնէ, որ հոն կանգ առնելը արգիլուած է, կրնա՞մ իրեն հասկցնել՝ «քիչ մը համբերէ, մուսաներս եկած են, օգտուիմ առիթէն» …

***

Սովորութիւն դարձուցած ենք աշխարհի չորս կողմը ցիր ու ցան դասընկերներով իրարու հետ ե-նամակի միջոցով կապի մէջ մտնել եւ մեր նամակագրութեան ժամանակ յաճախ իրարու կը յիշեցնենք մեր դպրոցական նստարաններու վրայ տեղի ունեցած դէպքեր, որոնք լոկ յիշատակներ չեն: Անցեալին պատահած դէպքեր յիշելով ու գրի առնելով է, որ պատմութիւն կը կերտուի: Ներկայ օրերու աշակերտներուն կենցաղը տարբեր է մեր ժամանակներէն: Ինչո՞ւ նոր սերունդին տեղեակ չպահել մեր անցեալի ապրելակերպը:

Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Մ. Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան եւ Արամ Հայկազ գրի առած չըլլային իրենց որբութեան տարիները:

Արամ Հայկազ իր գրութիւններով մեզ փոխադրեց լեռներէն մինչեւ Նիւ Եորքի իտալացիներով բնակուած թաղերը: Գառնիկ Բանեանի հետ «համտեսեցինք» Այնթուրայի որբանոցի պատառ մը չոր հացը, իսկ մենք, մեր կարգին, պարտաւոր ենք մեր յաջորդող սերունդներուն ծանօթացնել ժամանակին հայերով լեցուն Էշրեֆիէի թաղամասը, Պուրճ Համուտը, քաղաքի շրջանը, ուր կը բնակէր մեր մտաւորականներուն, գրագէտներուն, ազգային գործիչներուն մեծ մասը: Քանի մը տասնամեակներ առաջ մատի վրայ հայ հաշուող Լոս Անճելըսը, որ այսօր դարձած է սփիւռքի ամենամեծ գաղութներէն մին:

Կար ժամանակ, երբ գրելը վերապահուած էր միայն յայտնի գրագէտներուն: Սիրողական գրողներուն այդ առիթը չէր ընծայուեր:

Այսօր հայ օրաթերթերը իրենց էջերը լայն բացած են հաւասարապէս բոլորին:

Խտրութիւն չեն դներ յայտնի գրագէտին ու սիրողականին միջեւ, որուն համար ինծի նման սիրողական բոլոր գրողներս երախտապարտ պէտք է ըլլանք պատուարժան խմբագիրներուն:

Լիբանանահայ ծնողքէ Ամերիկա  ծնած օրիորդէ մը ե-նամակ մը ստացայ քանի մը ամիս առաջ:

«Մօրս ստիպումով օրական քանի մը էջ հայերէն կը կարդամ եւ պատահմամբ հանդիպեցայ յօդուածներուդ, որոնք հասկնալու համար բառարան բանալու կարիքը չեմ զգար, ոչ ալ մօրս օգնութեան կը դիմեմ, որպէսզի բացատրէ անհասկնալի նախադասութեան մը իմաստը:

«Հաճոյքով կը կարդամ քու սերունդիդ կենցաղի մասին, որոնք միեւնոյն ժամանակ նաեւ ծնողքիս շրջանի պատմութիւնն է»:

«Պարապ տե՞ղը հայկական դպրոց ղրկեց ծնողքս»,  օր մը ըսաւ բարեկամներէս մէկուն երիտասարդ  տղան, երբ զինք շնորհաւորեցի հայերէն թերթ կարդալուն համար:

Հայ օրաթերթերը լոկ լրատուական աղբիւրներ  չեն: Նաեւ հայոց պատմութեան գիրքեր են: Անցեալի, նաեւ ներկայի կարեւոր դէմքեր վերյիշելու աղբիւրներ:

Յիշատակներ, որոնք լոկ յիշատակներ չեն: Պատահած դէպքեր, որոնք մէկու մը կեանքին մէջ անկիւնադարձեր եղած են: Փոքր մանրամասնութիւններ, որոնք պատմութեան գիրքերու մէջ չեն արձանագրուիր, սակայն կարդալով այդ համեստ գրութիւնները՝ կը վերյիշենք մեր մանկութեան տարիները, մինչեւ պատանեկութիւն կամ աւելի ուշ:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

Սիրելի ուսուցչիս այդ օրուան շարադրութեան ազատ նիւթի ընտրութեան դժուարութեան հանդիպիլս ինծի խթան եղաւ եւ սորվեցայ, որ գրելիք անհատնում նիւթեր ունինք:

Պայման չէ Արամ Հայկազի եւ Մ. Իշխանի նման գրագէտներ ըլլալը: Ամէն մէկս մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ պարտինք ծանօթացնել մեր հին սովորութիւնները, նախապաշարումները: Նիւթեր, որոնք դպրոցական դասագիրքերու մէջ չեն դասաւանդուիր. դասարաններու մէջ չեն խօսուիր:

***

Քանի մը շաբաթ առաջ էր: Ճեմարանի ընկերներէս Գրիգոր Պըլտեան «Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են» հարցազրոյցին մէջ, հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէր ներկայ հայ գրականութիւնը.

«Երիտասարդ գրողներ այժմ քիչ կան եւ զանոնք չենք կրնար գրողներ համարել…

«Այսօր, մարդիկ կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն»:

Նախ՝ բնորոշենք շարադրութիւն բառին իմաստը:

Շարադրութիւն. գոյական:

Միտք մը ընդլայնող գեղագիտական գրութիւն. գրաւոր յօրինում:

Շարադրել. ներգործական բայ:

Գրաւոր ընդլայնել, խմբագրել: («Նայիրի» բառարան)

Գրիգոր Պըլտեան իր «Նշան» հատորին մէջ հիանալի ձեւով ներկայացուցած է Պէյրութի Հայաշէն թաղամասը:

Գրիգոր Զօհրապ, որուն արդարօրէն տրուած է «Նորավէպի իշխան» տիտղոսը, մեզի ծանօթացուցած է Եղեռնէն առաջ պոլսահայ կենցաղը, իսկ անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան՝ նմանապէս երգիծական ձեւով՝ այդ շրջանի հայերու ապրելակերպը, իսկ ներկայ օրերու սիրողական գրողներէն շատեր կը ծանօթացնեն մե՛ր օրերու ապրելակերպը:

Արմէն Գարօ եւ Մալխաս հայ գրագէտներու դարպասէն մուտք չեն գործած, սակայն առաջինին «Ապրուած օրեր»ը, իսկ Մալխասի «Զարթօնք» վէպը այնքա՜ն յափշտակութեամբ կը կարդացուին: (…):

Դէպքեր, որոնք պատմութեան գիրքերու մէջ չեն ներկայացուիր, եւ այդ պա՜րզ հաճելի գրութիւնները հաճոյքով կարդալով է, որ կը դրոշմուին մեր ուղեղներուն մէջ:

Հայկական թերթերու մէջ յօդուածներ ստորագրելու համար Պըլտեանի, Գրիգոր Զօհրապի կամ Յակոբ Պարոնեանի նման յայտնի գրագէտներ ըլլալը պայման չէ:

Յայտնի գրագէտէն մինչեւ սիրողականը՝ իւրաքանչիւրը իր ընթերցողը, իր ոճը ունի:

Կը պատահի, որ կարգ մը սիրողականներու գրութիւններ աւելի կարդացուին, քան՝ մեծահամբաւ հեղինակի մը գործերը:

Ինչ կը վերաբերի «շարադրութիւն» որակումին, որեւէ գրութիւն, ամենանշանաւոր հեղինակէն մինչեւ սիրողականի մը գրութիւնները, բոլորը անխտիր շարադրութիւններ են:

Շարադրութիւնը լոկ դպրոցական պարտականութիւն չէ:

«Շարադրութիւնը գրականութիւն չէ», ինչպէս կ՚ըսէ Պըլտեան, սակայն գրականութիւնը, ինչպէս՝ ոեւէ գրութիւն, ինքնին շարադրութիւն մըն է:

Գրականութիւնը կրնայ օրական չկարդացուիլ (դժբախտաբար), սակայն օրաթերթերու մէջ հրատարակուած յօդուածներ,  որոնք ըստ Ճեմարանական ընկերոջս, լոկ «շարադրութիւններ» են, յաճախ կ՚ունենան բազմաթիւ ընթերցողներ:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2017

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017