ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

Արցախի վզին դրուած օղակը ժամ առ ժամ կը սեղմուի։ Կայ սովամահութեան վտանգ եւ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, ապա չի բացառուիր, որ Արցախէն աւելի ծանր լուրեր հասնին։ Բոլորի աչքերուն առջեւ Արցախը թէ՛ իր եւ թէ հայ ժողովուրդի փոխարէն գործուած մեծ ու փոքր սխալներու խաչը շալկած կը քալէ…

Ի դէպ, շաբաթավերջին ուշադրութիւնս գրաւեց Արցախէն լրագրող Մարութ Վանեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումը։ Առանց շատախօսութեան (շատերուն նման) ան կարճ գրած էր Ստեփանակերտի մէջ կիրակի օրուան խորհուրդին մասին։ Տեղադրած էր կարճ տեսանիւթ մը՝ Ստեփանակերտի Աստուածամօր մայր տաճարէն, ուր կը տեսնուէին քիչ թիւով հաւատացեալներ, որոնք կը մասնակցէին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Այդ տեսանիւթին զուգահեռ՝ Արցախի մարմինները լուր կը տարածէին՝ յայտնելով, որ այս օրերուն Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկային մէջ մսամթերքի յաւելեալ քանակ պիտի ըլլայ ու մարդիկ պիտի կարողանան օգտուիլ այդ բարիքներէն։

Ի վերջոյ, հակառակ ծայրայեղ ծանր վիճակին ու այդ կապակցութեամբ բոլորի ողն ու ծուծին մէջ մտած յոռետեսութեան, Արցախ կը շարունակէ դիմադրել ու շատ լաւ կը հասկնայ, որ այսօր ամենէն առաջնայինը պաշարման օղակին դէմ պայքար տանիլն է՝ մինչեւ, որ օղակ մը քակուի, բան մը փոխուի, նոր իրավիճակ մը գոյանայ ու Արցախի բնակիչները դարձեալ առաջուան նման շունչ մը քաշեն. քաղաքի ծանր հիւանդները հասնին Երեւան բուժում ստանալու համար, իրարմէ բաժնուած ընտանիքները վերամիանան, դպրոցները բանան իրենց դռները եւ ամէն բան կամաց-կամաց վերադառնայ անցեալի ընդհանուր իրավիճակին։ Անշուշտ, սա շատ լաւատես պատկեր մըն է եւ զայն կը նկարագրեն շատ-շատեր, որոնք սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերուն նստած՝ կը գրեն, կը խօսին, կը բարձրաձայնեն, նաեւ «կը պայքարին» յանուն Արցախի։

Այդ պայքարելու պատմութիւնը մէկդի դնելով՝ արագ շեղումով մը անդրադառնանք անցեալ շաբաթ Արցախի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան դիմումով եւ վերջին օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր։

Հիմա շատեր այստեղ «աչք ծակող» բան մը գտնելու փորձով՝ պիտի խօսին երկու կէտի մասին։ Նա՛խ, անոնք պիտի ըսեն, թէ վարչապետ Փաշինեան արդէն յայտնած է, որ կը ճանչնայ Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը)՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Հետեւաբար, ՄԱԿ-ին դիմելու քայլը աւելորդ ու երեսպաշտական էր։ Իսկ ուրիշներ պիտի բողոքեն՝ ըսելով, որ Արցախի հարցով խնդրելու հարց չկայ։ Կայ պահանջ ու Հայաստանը՝ իբրեւ պահանջատէր, աւագ եղբայրը (կամ մայրը լաւագոյն պարագային) Արցախին, միջազգային հանրութենէն պէտք է ամէն գնով պահանջէ զայն ազատել Ատրպէյճանի ճիրաններէն։

Այժմ այս թեզերու հետամուտները եթէ նոյնիսկ իրաւունք ունին, ապա պէտք է անպայման հաշուի առնեն առկայ դրութիւնը, ճիշդ քարերով կշռեն Հայաստանի եւ Արցախի վիճակները ու յետոյ միայն ունենան կշռադատուած ելոյթներ. բան մը, որ, դժբախտաբար, չի բխիր աժան հայրենասիրութեան ջատագովներու շահերէն։

Բաց աստի, արդէն յստակ դարձած է, որ Արցախի այսօրուան վիճակի գլխաւոր պատասխանատուն՝ Ռուսաստան երբեք պատրաստ չէ ռիսքի մատնելու իր շահերը, կամ առաւել ու նուազ չափով սխալ բառ մը գործածելու եւ խանգարելու Ատրպէյճանի հետ իր սիրալիր յարաբերութիւնները։ Այս մօտեցումը սեղանի վրայ դնելէ առաջ, անշուշտ, հարկ է չմոռնալ, որ 2020 թուականին կնքուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրով (եւ ի՜նչ համաձայնագիր...) Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ կը գտնուի Ռուսաստանի վերահսկողութեան տակ։ Հետեւաբար, յատկապէ՛ս մարդասիրական պատճառներով պէտք է մնայ բաց ու այնտեղ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը պէտք է հանդիսանան Ռուսաստանի խաղաղապահները, որոնք տեղ մըն ալ շփոթի մատնուած են ներկայիս։ Թերեւս գիտեն, թէ ինչո՛ւ ժամանած են Հարաւային Կովկասի այդ հատուածը, բայց անկէ անդին՝ չեն գիտեր, թէ ինչո՛ւ այսօր կը մասնակցին Արցախի պաշարման։ Ռուս «խաղաղապահներ»ը թերեւս նոյնիսկ այս հարցումը չեն տար իրենց վերադասին, բայց շատ լաւ կը գիտակցին, թէ պատմութեան առջեւ պիտի համարուին գլխաւոր մեղսակիցներ, եթէ Արցախի բնակիչներուն բան մը պատահի կամ Արցախի վիճակը աւելիով ծանրանայ՝ խաղաղ բնակչութիւնը դնելով շատ սուր ընտրանքներու առջեւ։

Այս բոլորը կան, սակայն, այստեղ կան երկու հիմնական պարագաներ։ Անոնցմէ մին կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդի շփոթահար վիճակին, իսկ երկրորդը ռուսական կողմի անհասկնալի մօտեցումն է, ինչ որ տեղ մըն ալ շատ հեշտութեամբ կարելի է համարել հակահայ ու մանաւանդ՝ հակաարցախ։

Այս երկու ընթացքներուն մէջ տեղ մը նաեւ կը խցկուին Արցախի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ աճող հունտերը, որոնք չունին փրկութեան լաստ մը ըլլալու ներուժը։ Չունին այդ ներուժը, որովհետեւ որեւէ ճգնաժամի պարագային ներքին խլրտումները, ատելութիւնը, իրարու դէմ «ծաղկած» քէնն ու մերժողականութիւնը աւելիով կրնան ծանրացնել կացութիւնը։

Ի դէպ, քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք Արցախի դէպքերու ետին կը տեսնեն միայն ու միայն Ռուսաստանը։

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ սկիզբ առած արշաւը, որուն հիմնական ու մշտական հովանաւորն է՝ Մոսկուայէն օդապարիկով Ստեփանակերտ հասած Ռուբէն Վարդանեանը, կը յուշէ ներքին քաղաքական նոր փուլի մը մասին։ Տակաւին սկզբնակէտին վկայ է այս փուլը ու, մեծ հաշուով, շատերուն համար յստակ չէ, թէ ի՞նչ ելք պիտի ունենան յառաջիկայ իրադարձութիւնները։ Մէկ կողմէ Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահին ընտրութիւնը, յառաջիկայ օրերուն սպասուած լարումները, ներքին անհասկացութիւնները, իսկ միւս կողմէ Սամուէլ Պապայեանի հնչեցուցած թեզերը, Պաքուի հետ ամէն գնով երկխօսութեան երթալու առաջարկները եւ նոյնիսկ Պապայեան-Յարութիւնեան նոր դաշինքի մը կնքուիլը։ Այս բոլորը հաւանական կը դարձնեն, որ Արցախ մտնէ քաղաքական մեծ լարումի մը փուլը, որու աւարտին շատ աւելի պիտի յստականայ, թէ ի՛նչ բեմագրութիւններ կրնան ակնկալուիլ։

Հաշուի առնելով վերը նշուած անունները՝ պէտք է նաեւ կշռին վրայ դնել այն վարկածը, թէ Ռուբէն Վարդանեան առանց ռուսերու կանաչ լոյսին կամ նոյնիսկ առանց անոնց թելադրութիւններուն՝ խաղը չի տաքցներ։ Այս առումով ալ բոլորի յիշողութեան մէջ է, թէ ինչպէս տակաւին երէկ Յակոբավանքի մատոյցներէն Արայիկ Յարութիւնեանին դէմ թոյն թափած Ռուբէն Վարդանեան կերպով մը հլու-հնազանդ հեռացած էր պետական նախարարի իր առաքելութիւն-պաշտօնէն։ Կա՛մ Ռուբէն Վարդանեան ունի նոր վստահեցումներ՝ խաղը անգամ մը եւս իր ձեռքին առնելու համար եւ կամ ալ կը փորձէ իր վերջին բախտը՝ ստանձնելու համար ամբողջական իշխանութիւնը։ Այս բոլորը, անշուշտ, կը կատարուին կամ կրնան կատարուիլ ի վնաս Արցախի հերոսական ժողովուրդին, որ այսօր շատ դժուար պայմաններու մէջ է։ Ճի՛շդ է, չէ կորսնցուցած իր հաւատքն ու սէրը Արցախին հանդէպ, բայց լուրջ կասկածներ ունի, թէ Ռուսաստան իսկապէս այս անգամ եւս պիտի կարողանայ փրկել Արցախը։

Անշուշտ, բնականաբար կայ նաեւ Երեւանի ընդհանուր դերն ու պաշտօնական կեցուածքը, որ ի տարբերութիւն Արցախի մեծաթիւ գործիչներուն՝ սկսած է ընկալել, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրապէս կը մսի այն, որ կը փորձէ Ռուսաստանի վերմակով ծածկուիլ։ Ու թերեւս այս պարունակով ալ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշ չափով ու ծայրայեղ հանգամանքներու տակ սկսած են հասկնալ, թէ անկարելի է միջազգային հանրութիւն կոչուած ախբարիկ-քոյրերուն դէմ խաղի դուրս գալ՝ ինչպէս, որ տարիներ առաջ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը կ՚ըսէր, թէ «իմ դէմ խաղ չկայ»։

Քաղաքական այս պատկերին վրայ յստակ է, որ Հայաստան ամէն գնով ընդառաջ գնաց եւ Արցախի անունը հնչեցուց ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնէն՝ տեղ մըն ալ հասկնալով, անշուշտ, որ արդէն շատ ուշ է այս ամէն ինչին համար։

Վերջին գրաւն ու վերջին փրկութեան լաստը Արցախի ժողովուրդի կամքն է ու ան է, որ պիտի վճռէ իր ապագան։ Դուրսի աղմուկը, աժան եւ սին յորդորներն ու մանաւանդ՝ Երեւանի մէջ Արցախի տագնապին ազդեցութեամբ ներքին իրավիճակ մը պայմանաւորելու բոլոր տեսակի փորձերը անիմաստ են։ Անոնք մաս կը կազմեն «բարձրախօսային հայրենասիրութեան» վտանգաւոր տեսակին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2023