ԾԱՂԻԿ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄԸ ԵՒ ԷՏՈՒԱՐՏ ՃԵՆՆԵՐ

1. ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ

Ամենէն հին ժամանակներուն յայտնի էր, որ ծաղիկը չի՛ կրկնուիր եւ ով որ անգամ մը հիւանդացած է, ան այլեւս չի՛ վարակուիր, կամ եթէ ուղղակի վարակուի ալ, հիւանդութիւնը թեթեւ կ՚անցնի: 

Այս հիման վրայ սովորութիւն կար, երբ տեղ մը ծաղիկ իյնար, ծնողները կը ջանային, որ իրենց երեխաները վարակուին. ատոր համար զանոնք հիւանդներուն քով կը պառկեցնէին, որոնց ծաղիկը թեթեւ եղած է: Երեխաները թեթեւ կերպով կը հիւանդանային եւ այդպիսով ծանր վարակումէն կ՚ազատէին:

Այս հանգամանքը բնականաբար պիտի ներշնչէր մարդոց, դիտմամբ վարակելու երեխաներուն, եւ պատմաբաններու ըսելով, Քրիստոսէ առաջ տակաւին շատ տարիներ առաջ, չինացիներն ու հնդիկները պատուաստին ծանօթ էին: Հնդիկներուն մէջ պրահմիններն էին (հոգեւորական դասը) պատուաստողները: Անոնք թեթեւ կերով երեխաներուն թեւերը կը նշտարէին եւ կտրուածքին ծաղիկի թարախ կը քսէին, որ հիւանդի բշտիկներէն կը վերցնէին: Պատուաստումը յայտնի էր նաեւ յոյներուն եւ հայերուն, եւ մեզմէ մի քանի դար առաջ, ծաղկահատութիւն արդէն թրքական երկիրներու մէջ տարածուած էր, մասնաւորապէս Կ. Պոլսի մէջ: 1717 թուականին, անգլիացիներու դեսպան՝ Մոնթէկիւի կինը այս քաղաքին մէջ իր տղային պատուաստել տուաւ եւ իր հետ չորցած պատուաստանիւթ բերաւ հայրենիք (Անգլիա):

Այս տիկնոջ շնորհիւ ծաղկահատութիւնը անգլիական բարձր դասակարգին մօտ սովորութիւն դարձաւ, նոյնիսկ՝ թագաւորական տան մէջ:

Պատուաստումը Անգլիայէն ուրիշ երկիրներ եւ Ռուսաստան անցաւ: Ռուսաստանի մէջ առաջին պատուաստուողը ինք՝ կայսրուհի Եքաթերինա 2-րդն էր, որ Անգլիայէն մեծ փառքով ու բարձր վարձատրութեամբ բերել տուաւ պատուաստող մը եւ զինք ու թագաժառանգ Փաւլին պատուաստել տուաւ: Պատուաստը վերցուցին աղքատ ընտանիքի մը տղայէն, որուն կայսրուհին ազնուականութիւն պարգեւեց1:

Այսպէս, ուրեմն, անցեալ ժամանակները պատուաստումը մարդէ մարդ կը կատարէին, այսինքն՝ իսկական ծաղիկով հիւանդացածի բշտիկներուն թարախով. անշուշտ, թեթեւ հիւանդները կ՚ընտրէին:

Այս ձեւի պատուաստումը ինքն ըստ ինքեան վտանգաւոր էր: Պատուաստուածները կը ջերմէին, անոնց ամբողջ մարմինը դուրս կու տար, ինչպէս իսկական ծաղիկի ժամանակ եւ 300 պատուաստուածէն մէկը կը մեռնէր: Բացի այդ, յստակ դարձաւ, որ թարախին հետ կարելի էր նաեւ պատրաստել ուրիշ հիւանդութիւններ, օրինակ, սիֆիլիս, եթէ այդ հիւանդը, որուն բշտիկներէն պատուաստ կը վերցնէին, սիֆիլիս ունէր: Եւ բազմաթիւ պատուաստուածներ սիֆիլիսով վարակուած էին: Յետոյ տեսան, որ պատուաստի միջոցով ծաղկախտը աւելի եւս տարածուեցաւ, որովհետեւ այդ պատուաստուածներն ալ իրենց չորս կողմը ծաղիկ կը տարածէին. չէ՞ որ պատուաստուածներն ալ, ինչպէս իսկական հիւանդներ, կրնային ուրիշները վարակել: Եւ, իրապէս, 18-րդ դարուն հիւանդութիւնը սարսափելի ծաւալ ստացաւ եւ այնպիսի աղէտ դարձաւ, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ օրէնքով արգիլուեցաւ այդ ձեւի ծաղկահատութիւնը:

Իսկական անվնաս պատուաստումը մեզմէ մէկ դար առաջ գրանցուեցաւ, Ճենների ջանքով:

2. ԿՈՎԻ ԾԱՂԻԿԸ

Անասնապահները շատոնց նկատած էին, որ կովերուն պտուկներուն վրայ դուրս կու տան տեսակ մը բշտիկներ, որոնք շատ նման են մարդու ծաղիկի բշտիկներուն. նոյնպէս նկատուած էր, որ յաճախ այսպիսի կովեր կթողներու մատներուն վրայ նոյնպէս դուրս կու տան նոյն ձեւի բշտիկներ: Գլխաւորը այն էր, որ ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ ոչինչ կ՚երեւար վարակուածին վրայ. յետոյ վարակուածը ո՛չ կը ջերմէր, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ մէկ հիւանդութեան երեւոյթ կ՚ունենար: Մէկ խօսքով, ասիկա տեսակ մը հիւանդութիւն էր, որ նման էր ծաղիկին եւ այդ նմանութեան պատճառով ալ կովի ծաղիկ կոչուեցաւ: Կովի ծաղիկը իսկականէն կը զանազանուի անով, որ ցանը դուրս կու տայ մի միայն կովի ստինքներուն վրայ:

Բացի ատկէ, մարդիկ նկատած էին եւ այն զարմանալի բանը, որ այն կով կթողները, որոնց ձեռքերուն վրայ դուրս տուած էր կովի ծաղիկը, այլեւս իսկական ծաղիկով չէին վարակուիր: Երբ համաճարակ կ՚իյնար երկրին մէջ եւ չորս կողմը մարդիկ կը հիւանդանային ու կը մեռնէին, այդ վարակուածները առողջ կը մնային:

Բոլորը կը տեսնէին, որ կովէն վարակուողները այլեւս չեն հիւանդանար իսկական ծաղիկով, կը տեսնէին ու կ՚անցնէին, եւ ծաղիկը կը շարունակէր ճարակել մարդկութիւնը: Մէկը միայն կանգ առաւ, լաւ մտածեց ու զննեց իր տեսածն ու լսածը եւ փրկարար միտք մը յղացաւ անոր գլուխին մէջ. միտք մը, որ մարդկութիւնը ծաղկախտի ճիրաններէն պիտի փրկէր:

Ասիկա Էտուարտ Ճեններն էր:

ԷՏՈՒԱՐՏ ՃԵՆՆԵՐ

Էտուարտ Ճենները քահանայի զաւակ էր. ան Անգլիա ծնաւ, Պէրքլէյ փոքրիկ քաղաքին մէջ, 17 մայիս 1749-ին:

Փոքրիկ Էտուարտը կորսնցնելով իր ծնողները շատ փոքր տարիքէն որբ մնաց: Անոր մեծ եղբայրը Էտուարտը ծխական դպրոց տուաւ, ուր 13 տարեկանին ան իր դասընթացքը աւարտեց եւ այդ ժամանակէն որոշեց բժիշկ դառնալ, որովհետեւ չափազանց մեծ սէր ունէր բնական գիտութիւններուն նկատմամբ:

Այդ ժամանակները բժշկութիւն ուսանելու համար, ոեւէ մէկ յայտնի բժիշկի մօտ կ՚աշակերտէին: Ճեններին վիճակուեցաւ աշակերտ դառնալ վիրաբոյժ Լուկլովի մօտ, եւ այդ էր, որ որոշեց անոր ապագայ փառքը:

Օր մը, գեղջկուհի մը կը դիմէ Լուկլովին՝ իր տկարութեան համար խորհուրդ հարցնելու: Վիրաբոյժը կը յայտնէ անոր, թէ ծաղկախտ ունի, եւ կինը, այդ լսելով, կը բացագանչէ. «Անկարելի է, որ ես ծաղիկ ունենամ, ես կովի ծաղիկ հանած եմ»:

Գիւղացի կնոջ այս կտրական բացագանչութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեց պատանիին վրայ: Ան մտածեց. «Յայտնի է, որ կովի ծաղիկով վարակուողները թեթեւ կերպով կը հիւանդանան եւ երբեք չեն մեռնիր: Այս կնոջ բացագանչութիւնն ալ ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդին կարծիքով, ով կովի ծաղիկով հիւանդացած է, ան այլեւս չի վարակուիր իսկական ծաղիկով: Եթէ ժողովուրդին այդ կարծիքը ճիշդ է. ուրեմն՝ եթէ առողջ մարդուն կովի ծաղիկ պատուաստենք, ան այլեւս իսկական ծաղկախտով չի՛ վարակուիր»:

Քսան տարեկան հասակին Էտուարտը Լոնտոն տեղափոխուեցաւ եւ աշակերտ դարձաւ այն ժամանակուան մեծագոյն գիտնական եւ վիրաբոյժ՝ փրոֆ. Ճոն Հընտերի մօտ: Ան իր միտքերը յայտնեց մեծ գիտնական ուսուցիչին եւ անկէ հետեւեալ խօսքերը լսեց, որ իր կեանքի ընթացքին բնաւ չմոռցաւ.

-Դիտեցէ՜ք եւ փորձե՜ր կատարեցէք, ըսաւ Հընտեր, համբերութիւն ունեցէ՛ք, զսպեցէ՛ք դուք ձեզ, ճշդասէր եղէք եւ խստապահանջ՝ դուք ձեր նկատմամբ:

Պարզ գեղջկուհին եւ հանճարեղ գիտնականը, մէկը իր գռեհիկ պարզութեամբ եւ անսասան համոզմունքով, միւսը մեծ խորիմաստ զգուշութեամբ, Էտուարտ Ճենների աչքերը բացին ու քաջալերեցին անոր՝ իր մեծ գործը շարունակելու:

Այդ մարդը հրաժարեցաւ իրեն առաջարկուած մեծ պաշտօններէն, գիւղի մէջ մնաց որպէս գիւղական համեստ բժիշկ, գիւղացիի հետ ապրեցաւ, որպէսզի մօտ ըլլայ իր փայփայած գործին, քանի որ գիւղերուն մէջ միայն կարելի է կովի ծաղիկը ուսումնասիրել եւ փորձեր կատարել: Բժիշկները կը ծաղրէին զինք, կ՚ըսէին, որ ան անասունի հիւանդութիւն պատուաստելով, մարդուն անասուն կը դարձնէ. շատերը կը յարձակէին անոր վրայ, կը հալածէին զինք: Բայց ան անսասան ու յամառ կերպով կը շարունակէր իր աշխատանքը եւ պատուաստի խնդիրը կը մշակէր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 

Վաղարշապատ


1 Թէ ինչքան բարձր կը գնահատուէր ծաղկապատուաստումը, ատիկա ցոյց կու տայ այն հանգամանքը, որ Անգլիայէն հրաւիրուած ծաղիկ կտրողը Եքաթերինա կայսրուհիէն ստացաւ 60.000 ռուբլի վճար, 25.000 տարեկան թոշակ եւ իսկական խորհրդականի տիտղոս:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022