Ե­ՐԱԺՇ­ՏԱ­ԳԷՏ ԵՒ ՂԵ­ԿԱ­ՎԱՐ ՀԱՅԿ ԻՒ­ԹԻՒ­ՃԵԱՆ ՏԻ­ՐԱ­ՑԱՒ ԴՈԿ­ՏՈ­ՐԱ­ՅԻ ՏԻՏ­ՂՈ­ՍԻՆ

Ան­ցեալ ա­միս նա­մա­կա­տու­փիս մէջ, որ­պէս գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մը, գտայ Բրա­կա­յէն ա­ռա­քուած ծրար մը։ Շու­տով ե­րե­ւան ե­կաւ որ, ե­րաժշ­տա­գէտ Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նի Դոկ­տո­րա­յին (Ph.D.) Ա­ւար­տա­ճա­ռէն օ­րի­նակ մըն էր ա­նու­նիս մա­կագ­րուած։ Գե­ղե­ցիկ եւ տպա­ւո­րիչ գիրք մը՝ հրա­տա­րա­կուած Charles University In Prague, Faculty of Arts-ի կող­մէ։ Ան­հուն եր­ջան­կու­թեամբ կար­դա­ցի զայն։

Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին հեր­թին, այ­սու, կու գամ սրտա­գին շնոր­հա­ւո­րանք­ներս յայտ­նել Պրն. Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նին Դոկ­տո­րա­յի տիտ­ղո­սին տի­րա­նա­լուն հա­մար։

Այս առ­թիւ կա­տա­րուած աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, իր չա­փա­կան տա­րա­ծա­կա­նու­թեամ­բը եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան խո­րու­թեամ­բը յի­րա­ւի ար­ժա­նի է բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քի։

Ա­ւար­տա­ճա­ռին նիւ­թը՝ «The Music of the Armenian Hymnal: the Tntesean corpus» (Հայ Շա­րա­կա­նո­ցին Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, Տնտե­սեա­նի Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը) ինքն ըստ ին­քեան կը թուի ըլ­լալ պարզ եւ հա­մեստ նիւթ մը. սա­կայն, շնոր­հիւ գիտ­նա­կան ե­րա­ժիշ­տի պրպտուն ճի­գե­րուն ու աշ­խա­տանք­նե­րուն դար­ձած է ան 19-րդ դա­րու Հայ ե­րաժշ­տա­գի­տա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րե­ւե­լի ե­րաժշ­տա­գէտ­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը։

19-րդ դա­րը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թին հա­մար ե­ղած է ճա­կա­տագ­րա­յին ու ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, քա­նի որ, միջ­նա­դա­րէն մե­զի հա­սած հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ար­դէն իսկ մի քա­նի հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րէ ի վեր օ­տա­րազ­գի հոր­դա­նե­րու, ա­ւա­զա­կա­խում­բե­րու կող­մէ կա­տա­րուած ար­շա­ւան­քե­րով ու կո­տո­րած­նե­րով քան­դուե­լով մեր վան­քերն ու ե­րաժշ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը, կոր­սուած էր այ­լեւս ե­րաժշ­տու­թեան գի­տա­կան հան­գա­ման­քը ու ա­նոր կա­տա­րու­մը ձգուած էր ե­րաժշ­տա­սէր ան­հատ­նե­րու քմա­հա­ճոյ­քին, ո­րուն պատ­ճա­ռաւ գո­յա­ցած էին եր­գե­ցո­ղու­թեան տար­բե­րակ­ներ։

Ճիշդ այս ե­րե­ւոյ­թին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու մտա­հո­գու­թեամբ Կ. Պոլ­սոյ մէջ, ուր ազ­գա­յին զար­թօն­քի շար­ժում մը կը խմո­րուէր, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւս այ­լեւս ա­ղա­ւա­ղում­նե­րէ փրկե­լու հա­մար մեծ աշ­խա­տանք­ներ տա­րուե­ցան օ­րուան ե­րե­ւե­լի ե­րա­ժիշտ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց գլխա­ւոր ձեռք­բե­րում­նե­րէն մին ե­ղաւ ձայ­նագ­րա­յին դրու­թեան մը ի­րա­գոր­ծու­մը ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ Համ­բար­ձում Լի­մոն­ճեա­նի (1769-1839) կող­մէ, ո­րով հաս­տա­տագ­րուե­ցաւ այ­լեւս ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։

19-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին, պոլ­սե­ցի ե­րաժշ­տա­կան մեծ գոր­ծիչ, հմուտ շա­րա­կա­նա­գէտ եւ տե­սա­բան Ե­ղիա Տնտե­սեան (1834-1881), ո­րու բա­զում գոր­ծե­րուն գլխա­ւո­րը հան­դի­սա­ցաւ, ըստ իր ծա­նօ­թու­թեանց, Շա­րակ­նո­ցին Լի­մոն­ճեա­նա­կան ձայ­նագ­րու­թեամբ գրա­ռու­մը, Դոկտ. Իւ­թիւ­ճեան, գլխա­ւո­րա­բար այս գոր­ծը իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեան ա­ռար­կան, կո­րի­զը դարձ­նե­լով կը սկսի զայն ման­րազն­նին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով պատ­մա­կան յա­տուկ են­թա­խորք մը տա­լով, որ­պէս­զի յատ­կա­պէս ոչ հա­յա­խօս­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի դիւ­րա­հասկ­նա­լի դառ­նայ աշ­խա­տան­քը, զոր անգ­լե­րէ­նով է գրուած, եւ ո­րով ո­րոշ չա­փով, միա­ժա­մա­նակ կը պար­զուի գոր­ծին մե­թո­տա­բա­նու­թիւ­նը։

Ա­պա, անց­նե­լով բուն նիւ­թի մարմ­նին, ներ­կա­յա­ցուած է ան գլխա­ւոր հե­տե­ւեալ վեր­նագ­րե­րով, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կար­գին ներ­կա­յա­ցուած է բա­զում են­թա­վեր­նագ­րե­րով։

Ա­հա գլխա­ւոր վեր­նագ­րե­րը.-

- The Tntesean hymnal in context.

- Characteristic features of Tntesean's Hymnal.

- Tntesean's procedures as professed in Nkaragir ergoc.

- Tntesean's hymnal and the earlier Bovandakutiun nuagac.

- Balancing theory with practice: apparent inconsistencies and the information they embody.

- The reconstruction or completion of items in the Tntesean hymnal.

- Conclusions

Այս­պի­սի նիւ­թե­րով սոյն Ա­ւար­տա­ճա­ռին գիր­քը հայ ե­րաժշ­տու­թեամբ հե­տաքրք­րուո­ղին կու տայ ձայ­նագ­րա­յին ճոխ օ­րի­նակ­նե­րով, սպա­ռիչ կեր­պի ե­րաժշ­տա­վեր­լու­ծա­կան­նե­րով, այլ հե­ղի­նակ­նե­րու հետ բաղ­դա­տա­կան ար­ժե­ւո­րում­նե­րով գնա­հա­տուած, չա­փա­զանց հա­րուստ գի­տե­լիք­նե­րով առլ­ցուն 242 օգ­տա­շատ է­ջեր։

Դոկտ. Իւ­թիւ­ճեան, աշ­խա­տան­քի կար­կի­նը լայն բա­նա­լով տուած է նաեւ գլխա­ւոր նիւ­թին յա­րա­կից ու ա­ռըն­չուող այն­պի­սի նրբին կեր­պով ման­րա­մաս­նուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին, կրնան դառ­նալ այլ ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ա­ռար­կա­ներ։

Ան կա­տա­րե­լով ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն եր­կար ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ ծա­նօ­թա­ցած է իր նիւ­թո­վը զբա­ղող ե­րաժշ­տա­գէտ­նե­րու ու օգ­տա­գոր­ծուած՝ աշ­խար­հի զա­նա­զան ե­րաժշ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու եւ մա­տե­նա­դա­րան­նե­րու աղ­բիւր­ներ։

Մեծ խղճմտան­քով կա­տա­րուած ե­զա­կի աշ­խա­տանք մըն է այս, ո­րով հե­ղի­նա­կը պրպտող հե­տաքրք­րու­թեամբ դի­մած է կա­րե­լի ե­ղած չա­փով տրա­մադ­րե­լի աղ­բիւր­նե­րու. ինչ­պէս անգ­լե­րէ­նով կ՚ը­սենք.- «He left no stone unturned.»։

­Լե­զուի բա­ցար­ձակ մաք­րու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թեամբ, յստա­կու­թեամբ ու ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ մա­տու­ցուած սքան­չե­լի գործ մըն է այս։

Կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ՚ու­զեմ նշել որ, 19-րդ դա­րու հայ ե­րաժշ­տու­թեամբ հե­տաքրք­րուո­ղին հա­մար, այս գոր­ծին ըն­թեր­ցումն ու ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը պէտք է ըլ­լայ։ Նիւթ մը որ, իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի է։

Այս ու­րախ առ­թիւ կրկին ան­գամ շնոր­հա­ւո­րե­լով Պրն. Հայկ Իւ­թիւ­ճեա­նը Դոկ­տո­րա­յի (Ph.D.) տիտ­ղո­սի ար­ժա­նա­լուն, ինչ­պէս նաեւ սոյն բարձ­րա­մա­կար­դակ ե­րաժշ­տա­վեր­լու­ծա­կան գոր­ծին՝ Ա­ւար­տա­ճա­ռին հա­մար կը մաղ­թեմ քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, կամք եւ կո­րով կա­րե­նալ տա­կաւ մա­տու­ցե­լու նոր գոր­ծեր, ո­րով ե­րի­տա­սարդ ե­րաժշ­տա­գէ­տը, կրնայ վստահ ըլ­լալ որ, բա­ժին բե­րած պի­տի ըլ­լայ հայ ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի ան­դաս­տա­նի ծաղ­կու­մին։

Վարձ­կեր­նիդ կա­տար։

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՓԻ­ՏԷ­ՃԵԱՆ

*Գրի­գոր Փի­տէ­ճեան՝ Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի Ա­նուան Պե­տա­կան Կոն­սեր­վա­տո­րիա­յի Պա­տուոյ Փրո­ֆէ­սէօր:

 

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016