Հայաստանի Մէջ Ալ Կարելի Է Աշխատիլ Եւ Ապրիլ
Զրոյց՝ արտագաղթը Հայաստանի մէջ խոչընդոտելու, Հայաստանի մէջ մնալու եւ աշխատելու հնարաւորութեան մասին: Հանդիպման հերոսը Գայիանէ Դաւթեանն է: Գայիանէն կ՚աշխատի սպասարկման ոլորտին մէջ եւ կը սիրէ իր աշխատանքը: Ան ամէն առաւօտ կանուխ ժպտուն դէմքով ներկայ է հոն՝ իր աշխատանքի վայրին մէջ, Երեւանի Ամիրեան փողոցի կից «Մոն քաֆէ» սրճարանին մէջ, իր բնակած Աբովեան քաղաքէն 40 վայրկեան տեւողութեամբ ամէնօրեայ ճամբորդութենէ ետք, ճիշդ ժամուն գործի հասած: Անոր օրինակով կը փորձենք ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ալ աշխատասիրութեամբ կարելի է գործել եւ բաւականաչափ վաստկիլ լաւ ապրելու համար:
Գեղադէմ Գայիանէի հետ մտերմիկ զրոյցիս հիմնական նպատակն է խոչընդոտել արատագաղթը եւ խրախուսել հայրենադարձութիւնը: Գայիանէի օրինակը թող ոգեշնչում ըլլայ բոլոր այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ՚ապրին հայրենիքէն հեռու եւ կ՚երկմտին վերադառնա՞լ, թէ ոչ:
«Ես քսանհինգ տարեկան եմ, կ՚ապրիմ Աբովեան քաղաք, մասնագիտութեամբ լրագրող եմ, բայց մասնագիտութեամբս չեմ աշխատիր, պարզապէս որոշ ժամանակ մը փորձաշրջան անցած եմ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ: Բայց յետոյ հասկցայ, որ լրագրութիւնը զիս այնքան ալ չի գրաւեր, եւ քանի որ գումարի կարիք ունէի՝ փորձեցի աշխատանք գտնել սպասարկաման ոլորտին մէջ:
«Ցաւօք սրտի, Աբովեան քաղաք աշխատանք գտնելը քիչ մը դժուար էր, այդ էր պատճառը, որ ընկերներուս միջոցով տեղեկացայ, որ Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ գտնուող «Մոն քաֆէ» սրճարանը մատուցողի կարիք ունի եւ արդէն մօտ երկու տարիէ ի վեր կ՚աշխատիմ այստեղ: Մինչ այդ աշխատած եմ նաեւ այլ հաստատութիւններու մէջ: Սպասարկման ոլորտի մէջ առանձին փորձաշրջանէ մը չեմ անցած, փորձս ձեւաւորուած է աշխատասիրութեան եւ տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ: Ժամանակի ընթացքին սկսած եմ սիրել այս աշխատանքը: Ինծի համար հաճոյք է յաճախորդներուն ժպիտով մօտենալը եւ տեսնել անոնց փոխադարձ ժպիտները: Ճիշդ է, բացառութիւններ կամ ժպիտս սխալ թարգմանողներ միշտ ալ կ՚ըլլան, բայց այս աշխատանքին մէջ սորված եմ տարբեր բնաւորութեամբ եւ դաստիարակութեամբ մարդոց հետ գործ ունենալ: Կարեւոր չէ՝ ինչ աշխատանքով փող կը վաստկիս, կարեւորը աշխատանքդ սիրելն է եւ հպարտ ըլլալ, որ կրնաս ու ունակ ես աշխատելու: Այս աշխատանքով ես կրնամ վաստկիլ այնքան, որքան ինծի բաւարար է Հայաստանի մէջ ինքնուրոյն ապրելու համար»:
Նոյն սրճարանին մէջ Գայիանէն ունի նաեւ իր գործակից ընկերուհին՝ Անոյշը: Նոյնքան ազնիւ եւ ժպտերես Անոյշը 26-ամեայ երիտասարդուհի մըն է, մայր՝ երկու զաւակներու եւ Եոկայի ուսանող: Ան մասնակի ժամով կ՚աշխատի նոյն վայրին մէջ հոգալու համար իր ուսման ծախսերը: Անոյշը յոյս ունի շուտով աւարտել եւ ունենալ Եոկայի իր սեփական դպրոցը՝ սոյն մշակոյթը ծանօթացնելու համար իր ազգակիցերուն:
Օրինակելի հայուհիներ, որոնք յոյս ներշնչեցին ինծի ի տես Հայրենիքի ապագան կերտող՝ քաղցր ժպիտով ամէն դժուարութիւն դիմակալող այս երիտասարդուհիներուն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան